ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Համառօտ մեկնութիւն Յովհաննէսի Աւետարանին
Յովհաննէս Որոտնեցիի աշակերտ՝ Գրիգորի կողմէ,
հին եւ նոր թարգմանութիւններէն հաւաքուած,
համաշունչ աշակերտներու խնդրանքին համաձայն
Օգնէ՛ ինծի, Հոգիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ եւ աւարտին հասցո՛ւր:

ԳԼՈՒԽ Ա.

Խօսք. «Սկիզբէն»:

Լուծում. նախ սկիզբի մասին պիտի ըսուի, որովհետեւ սկիզբները բազմաթիւ են. նախ՝ ինչպէս ժամանակին սկիզբը, որու ժամանակ բոլոր գոյերը եղան: Երկրորդ, աշխարհի սկիզբը՝ երկինք եւ երկիր, ըստ Մովսէսին (Ծն 1.1): Երրորդ, տան հիմքը, նաւուն ողնափայտը եւ կենդանիին սիրտը: Չորրորդ, իմաստութեան, արդարութեան եւ ամէն առաքինութեան երկիւղը: Սակայն այս սկիզբը ո՛չ մէկուն կը կապակցուի, եւ կամ ոեւէ մէկէն կը տեսնուի կամ մարդու հետ կը համեմատուի, այլ Սուրբ Աւետարանիչը՝ Յովհաննէս աբիանոսականներու մոլորութեան դէմ գրեց այս Աւետարանը, յայտնապէս ցոյց տալու համար Քրիստոսի Աստուածութիւնը, զոր անոնք կ՚ուրանային: Եւ, նախ Աւետարանին սկիզբը Քրիստոսի Աստուածութիւնը բնական պատճառով ցոյց կու տայ, ինչքան որ հնարաւոր է մարդու մը համար, եւ ապա Քրիստոսի նոյն Աստուածութիւնը սքանչելիքներով ցոյց կու տայ, մինչեւ Աւետարանին աւարտը:

Դարձեալ, սկիզբը ցոյց կու տայ Հօրմէն յաւիտենական ծնունդը, եւ ապա կը ցուցնէ Անոր մօրմէն ժամանակի մէջ ծնունդը:

Դարձեալ, եթէ աւետարանիչը բարձրերը թռած էր, մարդկեղէն բնութիւնը չէ՛ր կրնար Բանը պարունակել, այդ պատճառով վար իջնելով՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մը» (Յհ 1.6):

Եւ դարձեալ, յաւիտենական ծնունդը ցոյց տալու համար, ան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս յատուկ կերպով կը ծնի, եւ ապա, թէ ինչպէ՞ս կը ներգործէ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ամէն ինչ Անով եղաւ» (Յհ 1.3):

Խօսք. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1):

Մեկնութիւն. Արդ, խօսքին առաջին մասը չորս փոքր մասեր ունի. նախ, ցոյց կու տայ Քրիստոսի յաւիտենական ծնունդը Հօրմէն՝ ըսելով. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը»: Երկրորդ, ցոյց կու տայ անձին զանազանութիւնը, որ Հօր հետ ունի, ըսելով. «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1): Երրորդ, ցոյց կու տայ Հօր եւ Որդիին մէ՛կ էութիւնը՝ ըսելով. «Եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1.1): Չորրորդ, ցոյց կու տայ Հօր եւ Որդիին յաւիտենակցութիւնը՝ ըսելով. «Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.2):

Եւ դարձեալ, առաջին բառը չորս տեսութիւն ունի. նախ, որ կ՚ըսէ. «Սկիզբէն», այսինքն՝ Հօրմէն է, Պատճառէն է, ինչպէս կ՚ըսենք լոյսը արեւէն է: Երկրորդ, իսկ՝ Հայր, Բան՝ Որդին, Է՝ Հոգին Սուրբ: Երրորդ, սկիզբէն, այսինքն ո՛չ թէ ետքը կամ օտարամուտ, այլեւ՝ իսկոյն, արմատէն: Չորրորդ, բնաբանները այս ունին. ոմանք՝ սկիզբէն, եւ ոմանք սկիզբը, եւ երկուքն ալ լաւ կը հասկցուին, որովհետեւ մէկը ցոյց կու տայ, թէ Պատճառէն է, իսկ միւսը՝ Պատճառին մէջ է, քանզի Որդի է՝ Հօրմէն եւ Հօր մէջ է:

Խօսք. «էր»:

Մեկնութիւն. Չորս բան կը նշանակէ. նախ՝ անեղ, երկրորդ՝ անսկիզբ, երրորդ՝ անժամանակ, չորրորդ՝ արարածներէն գերագոյն է:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս Հայրը անսկիզբ է եւ Որդին անսկիզբ է:

Պատասխան.- Հայրը անսկիզբ է, նախ՝ որովհետեւ անեղ է, երկրորդ՝ անպատճառ, երրորդ՝ անծին է: Եւ Որդին անսկիզբ է. նախ՝ որովհետեւ անեղ է, երկրորդ՝ անժամանակ, երրորդ՝ անսկիզբէն անսկիզբ է, նոյնպէս Սուրբ Հոգին, սակայն քննելի է, թէ ինչո՞ւ համար Էր կ՚ըսէ, եւ ո՛չ թէ՝ Է կամ՝ եղաւ:

Պատասխան.- Նախ կ՚ըսենք, թէ երբ անցած բանի մը մասին տարակոյս ըլլայ, առաւելաբար Էր կը դրուի, քան թէ՝ եղաւ, ինչպէս որ կը հարցնես, թէ՝ ի՞նչ էր, նոյնպէս եւ այստեղ իբր թէ մէկը կը հարցնէ, թէ ի՞նչն էր աշխարհի եւ կամ ժամանակի սկիզբէն:

Աւետարանիչը կը պատասխանէ, թէ՝ այն ատեն Բանն էր:

Երկրորդ պատճառ, որովհետեւ այսպէս ըսելով առաւել եւս ցոյց կու տայ Բանին նախքան աշխարհը գոյութիւն ունենալը:

Երրորդ պատճառը կ՚ըսեն վարդապետները. «Որովհետեւ եթէ ըսէր եղաւ, Բանը անցաւոր կը ցուցնէ, եւ եթէ ըսէր՝ է, ցոյց չէր տար Բանին նախքան աշխարհը գոյ ըլլալը, ուստի, միասին ցոյց կու տայ Աստուծոյ Բանին յարատեւութիւնը եւ Անոր աշխարհէն առաջ գոյ ըլլալը, երբ կ՚ըսէ՝ Էր»:

Երկրորդ հարցումը. Ինչո՞ւ չըսաւ աշխարհի կամ յաւիտեաններու սկիզբէն առաջ, կամ ամէն բանէ առաջ, որովհետեւ այդպէս ըսելով աւելիով կը ցուցնէր Բանին յաւիտենականութիւնը:

Պատասխան.- Երկու պատճառի համար այսպէս ըսաւ.

Նախ, երկրորդ գրութեան նման խօսելուն համար, ուր աշխարհի ստեղծման մասին կը ճառէ: Երկրորդ, յիշեցնելու համար, որ Բանին միջոցով ամէն բան եղաւ: Երրորդ, ցոյց տալու համար, թէ նոյն բանին մասին կը գրէ, ինչ որ Մովսէս գրած էր:

Երկրորդ պատճառը, որ այդպէս ըսաւ. նախ, որպէսզի անոր խօսքը աւելի հաճելի ու ընդունելի ըլլար: Երկրորդ, որովհետեւ մեզ ըստ խօսուածի կարգին, յաւիտենականութիւն կը տեղափոխէր: Երրորդ, ըստ յաջորդող խօսքերուն, որ պարզութեամբ կը յաջորդեն, Բանին յաւիտենականութիւնը կ՚երեւի, որովհետեւ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր, պէտք էր ըսել. որովհետեւ Բանը յաւիտեաններէն էր եւ բոլոր ստեղծուածներէն առաջ:

Երրորդ հարցումը, որ ըսաւ «սկիզբէն էր», ինչո՞ւ չըսաւ, աշխարհի, կամ ժամանակի կամ բոլոր եղածներու սկիզբէն:

Պատասխան.- Նախ, որովհետեւ այսպէս ըսելը աւելի համառօտ եւ ընդհանրական ցոյց կու տայ: Երկրորդ, որովհետեւ նոյնի մասին կը խօսի Արարածոց գիրքին մէջ (Ծն 1.1): Երրորդ, Ոսկեբերանը կը պատասխանէ. «Օրինակի համար, եթէ ոեւէ մէկը ծովուն մօտ ըլլայ, եզերքը, եւ տեսնէ քաղաքն ու նաւահանգիստը, իսկ եթէ նաւաստին զինք նաւով ծովուն մէջ տանի, նախորդ տեսութենէն զինք կը հեռացնէ եւ ուրիշ բաներ է, որ կ՚երեւին, բնաւ չի՛ տեսներ, նոյնպէս Աւետարանիչը մեզի բերաւ բոլոր ստեղծուածներէն վերագոյնը եւ ո՛չ թէ եզերքը կանգնեցուց մեզ, այլ՝ սկիզբէն էր ըսելով, Բանին յաւիտենականութիւնը ցոյց տուաւ եւ ո՛չ թէ եզերքային էութիւն մը ծանուցեց մեզի»:

Աստուծոյ բանին մասին

Խօսք. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1):

Մեկնութիւն. Աւետարանի խօսքին յայտնութեան մասին նախ պէտք է իմանալ, թէ ըստ ի՛նչ եղանակի Աստուած Բան կ՚անուանուի: Ամփոփ ձեւով կ՚ըսենք, ձգելով խօսքի երկար քննութիւնը, թէ մարդկային խօսքը երեք կերպ է. առաջին՝ բնական խօսք, երկրորդ՝ ձայնով յառաջած յայտարարող խօսք, երրորդ՝ գրաւոր խօսք:

Առաջին՝ բնականը, որ միտքի յղացումն ու ծնունդն է, եւ այն սիրտի խորհուրդ կը կոչուի եւ մեր հանճարի խօսքը, եւ այն աւելի կը համեմատի աստուածային Բանին անմարմին ծնունդին, քան երկրորդն ու երրորդը, ինչպէս որ յառաջիկային ցոյց պիտի տանք:

Բանին մասին վեց հարցում

Այստեղ վեց հարցում պիտի ըլլայ:

Առաջին.- Ինչո՞ւ Տէր Աստուած չ՚ըսեր, այլ՝ Բան կ՚ըսէ:

Պատասխան.- Չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Աստուած եւ Տէր երեք անձերուն ալ հասարակ է, իսկ Բանը, միայն Որդիին յատուկ է: Երկրորդ, որովհետեւ Բանով մեզ Հօր ճանաչումին կը տանի ըստ իմաստունին, որ պատճառուածներէն ծանօթ կը դառնանք պատճառին: Երրորդ, որովհետեւ բոլոր մարգարէները Աստուծոյ Բան կ՚ըսեն, ինչպէս Մովսէսը. «Աստուած ըսաւ եւ եղաւ» (Հմմտ. Ծն 1.3). Եսային. «Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ» (Ես 8.5). եւ Դաւիթը. «Որովհետեւ Անիկա ըսաւ ու եղաւ» (Սղ 33.9), Երեմիա, Զաքարիա եւ միւսներն ալ: Չորրորդ, որովհետեւ Բանը աւելիով ցոյց կու տայ Որդիին ծնունդը: Այս մէկը ցոյց կու տանք երկու կերպով. նախ այսպէս, որովհետեւ Ան, որ բոլորին նախկին սկիզբն է, պարտ է իմացական բնութիւն ունենայ, ինչպէս բոլոր իմաստասէրներէն կը սահմանուի, ինչ բանին համար կատարեալ կը տեսնէ զինք եւ բոլոր բնութիւնները, իսկ իմացական բնութեան կատարելութիւն է, որովհետեւ իրմէ ծնած խօսք ունի: Եւ որովհետեւ Աստուծոյ համար պատահականութիւն չկայ, այդ պատճառվ Իրմէ ծնած Բանը գոյացութիւն է: Եւ որովհետեւ Աստուծոյ համար զանազան տեսութիւն չկայ, այլ՝ մէ՛կ եւ կա՛տարեալ, այդ պատճառով ալ Իրմէ ծնած Բանն Աստուածը մէ՛կ գոյացութիւն է եւ կատարեալ: Երկրորդ, այսպէս ալ կը ցուցնենք, որովհետեւ Աստուծմէ ծնած Բանը Աստուծոյ Որդի է, որովհետեւ իւրաքանչիւր կենդանի կենդանիէ ելած է, ըստ բնութեան միութեան եւ նմանութեան Անոր Որդի կ՚ըսուի, իսկ Աստուծոյ Բանը այնպէս կ՚ելլէ Աստուծմէ: Ապա, ուրեմն, Աստուծոյ Բանը Աստուծոյ Որդի է: Եւ որպէսզի յայտնի ըլլայ խօսքը, նախ բացայայտնեք, թէ որովհետեւ անկենդան տարրերը մէկը միւսէն կ՚ելլէ, ինչպէս հուրը հուրէն, սակայն որդի չ՚ըսուիր, որովհետեւ կենդանի չեն: Երկրորդ, կենդանի բան չ՚ելլեր կենդանիէ, ինչպէս արհեստը արհեստաւորէն, իրեն որդի չ՚ըսուիր, որովհետեւ պէտք է կենդանի ըլլայ կենդանիէ: Երրորդ, որովհետեւ քրտնածին ոջիլներ կ՚ելլեն մարդէն եւ կենդանի են, սակայն որդիներ չեն ըսուիր, որովհետեւ ըստ բնութեան նման չեն: Այս բոլոր մարդոց կը վերաբերի, որովհետեւ տկար ու անկատար են, այդ պատճառով ալ ծնողն ու ծնածը ըստ անհատի մէկ բնութիւն չեն, այլ՝ ըստ տեսակի միայն: Սակայն, Բան Աստուածը կ՚ելլէ Հօրմէն իբր Կենդանի՝ Կենդանիէն ըստ բնութեան նմանութեան, ո՛չ միայն տեսակաբար, այլեւ՝ անհատաբար միութեամբ, եւ կը համեմատի Ծնողին, որովհետեւ Բանին կատարելութեան կը փափաքի, որովհետեւ իր խօսողին կատարեալ նմանութիւնը ունենայ, այդ պատճառով Աստուծոյ Որդի եւ Բան նոյնն են: Ապա ուրեմն, Աստուծոյ Բանը Աստուծոյ Որդի է, եւ այս բոլորը կը յայտնէ Աւետարանիչը՝ ըսելով. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը»:

Այս առաջին հարցումը բնական խօսքին համար է:

Երկրորդ հարցում.- Ինչպէ՞ս կ՚ըսուի «Բան» Որդին Աստուծոյ:

Պատասխան.- Բազմաթիւ եղանակներով: Նախ, որովհետեւ մեր բնական խօսքը ինքնիրմէ, ոչինչէն կամ դուրսէն չէ, այլ՝ միտքէն է, նոյնպէս Բանը՝ Հօրմէն: Երկրորդ, որովհետեւ մեր խօսքը միտքին ստեղծածը չէ, այլ՝ անոր բնութենէն, նոյնպէս Բանը Հօր բնութենէն, ո՛չ թէ՝ արարած: Եթէ մէկը ըսէ՝ «բանաստեղծը ինչո՞ւ մարդ է», կ՚ըսենք, թէ ստեղծուած խօսքը ուսումով օրինակ չէ խօսքին, այլ՝ բնականը: Երրորդ, ինչպէս խօսքը միտքի ծնունդ է, այդպէս ալ Բանն Աստուածը: Չորրորդ, խօսքին ծնունդը անախտ է, այսպէս ալ Աստուծոյ ծնունդը անախտ է: Հինգերորդ, ոչինչ կայ խօսքին եւ միտքին միջեւ, այլ՝ ինչքան միտքն է, այդքան ալ խօսքն է, այդպէս ալ ոչինչ կայ Բանին եւ ծնողին միջեւ, այլ՝ ինչքան Հայրն է, նոյնքան է Որդին, ինչպէս արեւին ճառագայթը եւ ճրագին լոյսը: Վեցերորդ, խօսքին եւ միտքին բնութիւնը նոյնն է, այդպէս ալ Հօր եւ Որդիին բնութիւնը մէ՛կ է: Եօթներորդ, այլ է միտքը եւ այլ՝ խօսքը, այդպէս ալ Հօր անձն ու Որդիին անձը յատուկ է: Ութերորդ, խօսքը միտքէն անբաժանելի է, այդպէս ալ Բանը Հօրմէն անբաժանելի է: Իններորդ, խօսքը միտքին իմաստութիւնն է, այդպէս ալ Բանը Հօր իմաստութիւնն է: Տասներորդ, խօսքը միտքին զօրութիւնն է, այդպէս ալ «Քրիստոսն է Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը» (Ա.Կր 1.24), ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, ուրեմն յայտնի է, անոնք որոնք Որդին եղած է կ՚ըսեն, անբան, անիմաստ եւ տկար է կ՚ըսեն Հայրը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019