Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Ե.)

- Ի՞նչ է Երախայից Պատարագը եւ ի՞նչու կը կատարուի այս արարողութիւնը։

- Երախայից Պատարագը Հաւատացելոց Պատարագէն առաջ կատարուող Ճաշու արարողութիւնն է։ Այս պաշտամունքին նպատակն է ժողովուրդը վարժեցնել աստուածպաշտութեան եւ դաստիարակել Աստուծոյ խօսքով։ Այս արարողութեան ընթացքին կը կարդացուին հատուածներ Հին եւ Նոր կտակարաններէն եւ կը տրուի յաւուր պատշաճի քարոզ։ Հին աւանդութեան համաձայն քարոզը կը տրուէր Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս ետք եւ «Հաւատամք»էն առաջ։ Ներկայիս առհասարակ քարոզը կը տրուի «Հայր մեր»ի երգեցողութենէն առաջ։

- Ինչո՞ւ այս արարողութիւնը կը կոչուի Երախայից Պատարագ։

- Որովհետեւ այս արարողութիւնը առաջին իսկ դարերէն յատկացուած էր առհասարակ երեխաներու (չմկրտուած նորադարձ հաւատացեալներու), որոնք քրիստոնէական դաստիարակութեան պէտք ունէին։ Այդ անձերը Ճաշու պաշտօնի աւարտին՝ սարկաւագի ազդարարութեամբ Եկեղեցիէն դուրս կ՚ելլէին եւ Գաւիթ երթալով՝ կ՚աղօթէին։

- Ինչո՞ւ Երախայից Պատարագի այս արարողութիւնը Ճաշու պաշտօն կը կոչուի։

- Որովհետեւ այս արարողութիւնը Եկեղեցւոյ առօրեայ ժամակարգութեան եօթը բաժիններուն չորրորդը ըլլալով, առանձին կը կատարուէր նաեւ հասարակ օրերուն՝ Ճաշու ժամուն, եւ անոր լրումին՝ վանքերու միաբանները կը սկսէին ճաշի։

- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը սկսի Երախայից Պատարագը։

- Թափօրէն անմիջապէս ետք, երբ պատարագիչ քահանան Խորան կը բարձրանայ, կը սկսի Երախայից պատարագը՝ սարկաւագին կողմէ քահանային ուղղուած «Օրհնեա՛ Տէր» հրաւէրով. պատարագիչը բարձր ձայնով կը պատասխանէ՝ «Օրհնեալ Թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն» («Օրհնեա՜լ ըլլայ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին թագաւորութիւնը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»)։

Պատարագիչը այս օրհներգութեամբ կը յայտարարէ ու կը հռչակէ երկնքի թագաւորութիւնը, որուն անդամ, հպատակ ու ժառանգորդ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ՝ Ս. Երրորդութեան անունով մկրտուած, պայմանաւ որ ապրի հաւատքով առլցուն առաքինի կեանք մը։

Պատարագիչին այս յայտարարութենէն ետք, դպիրները կը կարդան օրուան յատուկ Ժամամուտ աղօթքը եւ կը խնդրեն Աստուծմէ շնորհք, երկնային խաղաղութիւն եւ զօրութիւն։

- Ժամամուտի աղօթքէն ետք ի՞նչ կը կատարուի։

- Ժամամուտի աղօթքէն յետոյ սարկաւագը ժողովուրդին կ՚առաջարկէ աղօթել խաղաղութեան համար եւ դարձեալ կը հրաւիրէ քահանան՝ օրհնութիւն կարդալու։ Պատարագիչը օրհնութիւն եւ փառք կու տայ Ս. Երրորդութեան եւ ապա Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը բաշխէ ժողովուրդին, ըսելով. «Խաղաղութիւն ամենեցուն» («Խաղաղութի՜ւն բոլորին»)։ Դպիրները ժողովուրդին կողմէ կը պատասխանեն. «Եւ ընդ հոգւոյդ քում» («Նաեւ քու հոգիիդ»)։ Այս միջոցին ժողովուրդը կը խաչակնքէ եւ ապա սարկաւագին «Աստուծոյ երկիրպագեսցուք» («Աստուծոյ երկրպագենք») հրաւէրին վրայ՝ կը խոնարհի Աստուծոյ առջեւ։ Իսկ քահանան բարձրաձայն փառք կու տայ Աստուծոյ եւ կը խնդրէ Անոր ողորմութիւնն ու գթութիւնը՝ աղօթող բազմութեան համար։

- Ինչո՞ւ համար քրիստոնեայ հաւատացեալներ աղօթելու ատեն կը խաչակնքեն։

- Որովհետեւ խաչակնքելով կ՚արտայայտեն իրենց հաւատքն ու դաւանութիւնը Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած փրկագործութեան հանդէպ։ Նոյն ատեն հայցած կ՚ըլլան Տիրոջ օրհնութիւնն ու զօրութիւնը իրենց մտքին, մարմնին եւ հոգիին համար։

- Ինչո՞ւ համար մեր Եկեղեցիներու խորանները արեւելեան կողմը շինուած են եւ հայ հաւատացեալներ աղօթելու ատեն դէպի արեւելք կը դառնան։

- Արեւելքը խորհրդանիշ է Աստուծոյ երկնային գահի լուսեղէն յարկին, որուն համար սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ճանապարհ ըրէք Անոր որ երկինքէ երկինք արեւելքի կողմը կը նստի» (Սղ 68.33)։ Արդարութեան Արեգակը՝ Քրիստոս ծագեցաւ արեւելքէն (երկնքէն) եւ իջաւ երկիր՝ լուսաւորելու համար մեղքի խաւարով պատուած աշխարհը (Հմմտ. Մղ 4.2։ Ղկ 1.78։ Յհ 8.12, 12.46)։ Արեւելքը փոխաբերական հոմանիշ դարձած է երկնքին՝ Աստուծոյ գահին։ Այս իմաստով՝ Յիսուս Իր երկրորդ գալուստն ալ նմանցուց արեւելքէն ելլող ու մինչեւ արեւմուտք երեւցող փայլակին (Հմմտ. Մտ 24.27)։ Արդ, աղօթելու ատեն դէպի արեւելք դառնալը նշանակ է արդարութեան Արեգակին՝ Յիսուս Քրիստոսի դէմ յանդիման կենալու, Անոր լոյսը ըմբոշխնելու եւ ակնդէտ սպասելու Անոր Երկրորդ գալստեան։

- Երախայից Պատարագի ընթացքին երգուող Ճաշու շարականները ի՞նչ բանի նշանակ են։

- Ճաշու շարականները մեծաւ մասամբ ձօնուած են Քրիստոսի մարդեղութեան յիշատակին, կատարուած փրկագործութեան եւ թագաւորութեան, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի անուան ու փառքին համար իրենց կեանքերը նուիրած սուրբերուն։

- Ճաշու շարականի երգեցողութենէն ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։

- Ճաշու շարականի երգեցողութենէն ետք պատարագիչը Աւետարանը կը յանձնէ Սուրբ Սեղանին աջ կողմը սպասարկող սարկաւագին, որ շղարշով կը բռնէ զայն ու վեր բարձրացնելով «Պռօսխումէ» (Յունարէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ մտիկ ըրէք, ուշադրութի՛ւն դարձուցէք) կը գոչէ եւ Սուրբ Սեղանին ետեւէն դառնալով կը վերաբերէ ու համբուրել կու տայ օրուան Ճաշու գիրքը կարդալու համար դասին մէջ սպասող դպիրին։ Իսկ Աւետարանի վերաբերումին ատեն դպիրները կ՚երգեն Երեքսրբեան «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ Հզօր, Սուրբ եւ Անմահ» շարականը։

Հետաքրքրական է գիտնալ, սակայն, որ մեր Եկեղեցիին համար այս երգը քրիստոսաբանական ճշմարիտ դաւանութեան արտայայտութիւն մը նկատուած է, եւ զայն կը գտնենք ո՛չ միայն Պատարագին մէջ, այլ նաեւ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութեանց մէջ, եւ, ինչ որ շատ յատկանշական է, նոյնիսկ կարգ մը եկեղեցական հայրերու կամ ժողովներու դաւանական գրութեանց մէջ, որովհետեւ անով կը դաւանինք Քրիստոսի աստուածութիւնը՝ «հզօր եւ անմահ», եւ միաժամանակ Անոր մարդեղացումը մեզի համար՝ «որ մարմնացար վասն մեր», եւ խաչի վրայ զոհագործումը մեզի համար՝ «որ խաչեցար վասն մեր», եւ կը կնքենք իր ողորմութիւնը խնդրելով:

- Սարկաւագին Ս. Աւետարանը բարձրացնելով վերաբերելը ի՞նչ բանի նշանակ է։

- Սարկաւագին կողմէ Ս. Աւետարանին վերաբերուիլը նշանակն է Աստուծոյ գահին առջեւ կեցող Սերովբէին դէպի Ս. Սեղան երթալուն, այնտեղէն ունելիով կրակի կայծը առնելուն եւ զայն բերելով Եսայի մարգարէի շրթունքներուն դպցնելուն (Հմմտ. Ես 6.6-7)։ Սերովբէին օրինակով սարկաւագը Ս. Սեղանէն կ՚առնէ Աւետարանը եւ համբուրել կու տայ օրուան Ճաշու գիրքը ընթերցող դպիրին, որպէսզի ան սրբուի Աստուծոյ խօսքին զօրութեամբ ու համարձակ ըլլայ Տիրոջ պատգամները հաղորդելու։

Ս. Աւետարանը բռնելու համար գործածուող շղարշը կը խորհրդանշէ Սերովբէի ձեռքի ունելին։ Ինչպէս որ Աստուծոյ Սեղանէն առնուած կրակին կայծին հպումը սրբեց Եսայի մարգարէին շրթները, նոյնպէս ալ Աւետարանին լոյսը կը մաքրէ հաւատացեալները ու կը զօրացնէ անոնց հաւատքը։

Ս. Աւետարանին բարձրացուելով վերաբերուիլը նշանակ է նաեւ Քրիստոսով իրագործուած փրկագործութեան խորհուրդի քարոզութեան ու տարածման։

- Ինչո՞ւ համար ժողովուրդը յոտնկայս կ՚ունկնդրէ Ս. Աւետարանի ընթերցման։

- Յարգելու եւ պատուելու համար զՔրիստոս ու Անոր սուրբ եւ կատարեալ խօսքը։ Որով նախքան Աւետարանի ընթերցումը, դպիրները կ՚երգեն «՛Ալէլուիա, ալէլուիա» եւ օրուան յատուկ ընտրուած համար մը կը սաղմոսեն, որոնց կը յաջորդէ սարկաւագին հրահանգը՝ «Օրթի», որ կը նշանակէ՝ «Ուղի՛ղ կեցէք, ոտքի կանգնեցէք»։ Մինչ ժողովուրդը կը կանգնի, քահանան իր օրհնութիւնը կու տայ, ըսելով՝ «Խաղաղութիւն ամենեցուն» (Խաղաղութիւն բոլորին)։ Դպիրները կը պատասխանեն. «Եւ ընդ Հոգւոյդ քում» (Նաեւ քու հոգիիդ)։ Սարկաւագը նորէն կը ձայնէ. «Երկիւղածութեամբ լուարուք» (Երկիւղածութեամբ մտի՛կ ըրէք)։ Աւետարանը կարդացող սարկաւագը կը յիշէ աւետարանիչին անունը, իսկ դպիրներ կ՚եղանակեն. «Փա՜ռք Քեզի, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը»։ Սարկաւագը նորէն կը ձայնէ «Պռօսխումէ» (Մտիկ ըրէք), իսկ դպիրներն ու ժողովուրդը կը պատասխանեն. «Ասէ Աստուած» (Աստուած է որ կը խօսի), եւ՝ յարգանքով կ՚ունկնդրեն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018