ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ
-Կաթ բերի՞ր, վաղը Համբարձում է, կաթնապուր պիտի եփեմ:
Համբարձման նախօրէին կ՚ըսէր վաթսունն անց Տիկին Աննան իր ամուսինին. մեր դրացին էր Տիկին Աննան, մայրս ու մեծ մայրս իրմէ աւանդաբար ընկալած այս սովորութիւնը հաւատքով կը պահէին: Ըստ աւանդութեան, կը պատմէր Տիկին Աննա՝ Ս. Յարութեան տօնէն մինչեւ Համբարձման տօնը տան մէջ կաթնամթերք չէին բերեր: Կը հաղորդէր, թէ գիւղերուն մէջ կաթը խնայելու նպատակով քառասուն օր կաթնամթերք չէր օգտագործուեր, իսկ քառասուներորդ օրը՝ Համբարձման տօնին, կաթնապուր կ՚եփուէր ու որպէս ուխտ կը բաժնուէր եօթը դուռ, ուրկէ ալ եկած է Համբարձման նաեւ՝ «Կաթնապուրի տօն» անուանումը:
Մենք ասիկա տեղեկանալէն ետք, մեր մօր ու մեծ մօր հետ սկսանք ընդվզիլ.
-Է՛, մա՛մ, մենք գիւղի մէջ չենք ապրիր, որ կաթը խնայենք. մենք չառնենք, ուրիշը պիտի սպառէ կաթնավաճառին կաթը, դուն մտիկ մի՛ ըներ Տիկին Աննային, առանց կաթի ու պանիրի չմնանք,- կ՚ըսէր քոյրս:
-Այո, մա՛մ, իրարու յաջորդող երկու մեծ պահք կ՚ըլլա՞յ, պանիրը, մածունն ու կաթը կը մոռնանք մինչեւ համբարձում,- կը շարունակէր մեծ եղբայրս:
-Շատ մի՛ խօսիք, սատանան թող ձեզ չխաբէ. բերէք այդ ձեր ձեռքերուն աղօթքով կապերը, դնեմ, այրեմ կաթնապուրին կաթսային տակ,- կը շարունակէր մեծ մայրս, թոյլ չտալով որ «սատանայ»ին ենթարկուինք:
Ի՜նչ հաւատք, հաւատք մը, որ գոյացած է ամէն լսուած պատումէ, մարդոց ապրած պայմաններէն ստեղծուած սովորութիւնները կազմած են հաւատքի մասնիկներ, ու կը շարունակուին անոնք առ այսօր:
-Մամի՛, իմ թելս փրթեր, ինկեր է. չեմ գիտեր ե՛րբ, ո՛ւր եւ ինչպէս: Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ,- պզտիկ եղբայրս ափսոսանքով կ՚ըսէր մեծ մօրս:
-Տղա՛ս, ատիկա լաւ բան մըն է, նպատակներդ, փափաքներդ պիտի իրականանան,- կը պատասխանէր:
Ու ասիկա իմանալէն ետք, մենք ամէն տարի, երբեմն դիտմամբ, Խաւարումէն շաբաթ մը երկուք անցնելէն ետք, կը կտրէինք մեր ձեռքի թելերը, որպէսզի մեր ալ փափաքները իրականութեան ուղին բռնէին:
Այո, կը շարունակուին տակաւին այս սովորութիւնները, երբ Խաւարումին Երեւանի որեւէ եկեղեցւոյ արարողութեան ներկայ ըլլաք, հանրութեան մէջ կը նկատէք մի քանի ձեռք, որոնք իւրաքանչիւր աւետարանի ընթերցման հետ իրենց ձեռքի թելերու խուրձին վրայ հանգոյց մը կ՚աւելցնեն ու տեղացիներուն ուշադրութեան առարկան կը դառնան, երբեմն ոմանք բացատրութիւններ կը խնդրեն, կամ նոյնիսկ՝ թել մը, իրենք եւս մասնակցելու ու հաւատքով հանգուցելու թելին վրայ: Հանգոյց մը յոյսի, հանգոյց մը հաւատքի, հանգոյց մը պայծառ գալիքի...:
Համբարձումը կը կոչուի նաեւ «Վիճակի օր», վիճակի երգերով, քառեակներով հարուստ է այս տօնը, որոնցմէ՝ «Մանի ասեմ»ը՝
Մանի ասեմ ու շարեմ.
Ջան, ծաղիկ ջան, ջան,
Լցնեմ տոպրակն ու կարեմ.
Ջան, վիճակ ջան, ջան:
Առնեմ գիւղէ գիւղ ընկնեմ.
Ջան, ծաղիկ ջան, ջան,
Սրտով սիրածին ճարեմ.
Ջան, վիճակ ջան, ջան:
Կը կոչուէր նաեւ «Ճակատագրի տօն», «Ծաղկաքաղի տօն» ու ուխտագնացութիւններ տեղի կ՚ունենային դէպի վանքեր, որոնցմէ յիշենք Արայի լերան ծոցին ծուարած Ծաղկեվանքը, ուր, ըստ աւանդութեան, կը գտնուի Վառվառէ կոյսին գերեզմանը: Վառվառէն քրիստոնէութիւն դաւանած ըլլալուն համար հօրմէն հալածուած է ու ապաստանած Արայի լերան վրայ գտնուող քարայրի մը մէջ, սակայն հայրը հովիւներէն տեղեկացած է իր աղջկան գտնուած վայրը եւ զայն սպաննած: Քրիստոնէութեան նահատակներուն շարքին դասուած Վառվառէն նահատակութենէն առաջ անիծած է հովիւները, որոնք իրենց ոչխարներուն հետ իսկոյն քարացած են: Վառվառէն նաեւ խնդրած է Աստուծմէն ծաղիկի հիւանդութենէ տառապողներուն բժշկութիւնը, որոնք իր անունով բժշկուած են, ահա թէ ուրկէ կու գայ «Ծաղկեվանք»ին կոչումը: Այրը առ այսօր ուխտավայր մըն է ու սուրբին բարեխօսութեամբ չբեր կանայք զաւակ կը ծնին:
Համբարձումը կը կոչուի նաեւ «Ծաղկամօր տօն»: Ծաղկամայրը կճուկին գլխաւոր փունջն է, որ տօնին յաջորդ օրը խորանին կ՚ընծայուի: Ծաղկամօր ծաղիկներուն գլխաւորը գինարբուկն էր: Այս ծաղիկին կոչումը հինէն կու գայ, քանի մը բարբառներու մէջ առկայ է Մուշ՝ գինարբ, Վան՝ գինարբու(կ), Կարին՝ գիներբուկ (Աճառեան 1913, 229), Սասուն՝ կինարբ (Պետոյեան 1954, 136): Կը նկարագրուի որպէս բարակ ու երկար կոթով բոյս մը, դեղին փնջաձեւ ծաղիկներով եւ ուժեղ հոտով, յատկապէս Մշոյ, Սասունի, Վարագի, Կարինի մէջ եւ այլուր (Ամատունի 1912, 133 եւ այլն): Ըստ Աճառեանի (1913, 229)՝ բացի դեղինէն կապտակարմիր տարբերակն ալ գոյութիւն ունի գինարբուկին:
Դեղինին հանդիպած եմ ու անուշ բոյրով հմայուած, արդեօք կապտակարմիրն ալ նոյն զգլխիչ բոյրը ունի՞:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ