ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ընեն բարկացող ու երկայնամիտ մարդիկը:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ» (Առ 15.18): Այլ խօսքով, բարկութիւնը վէճի ու խռովութեան կը տանի, մինչ երկայնամտութիւնը՝ խաղաղութեան ու համերաշխութեան:
Հ. Խորհուրդ հարցնելը օգուտ կու տա՞յ, կամ ճի՞շդ է:
Պ. Այսօրուան մարդը, յատկապէս երիտասարդները սնափառութեան քօղը հագած, չեն փափաքիր ո՛չ մէկէն խորհուրդ լսել, նոյնիսկ իրենց ծնողներէն, ըսելով, թէ ներկայ ժամանակները փոխուած են, եւ այն ինչ իրենց ծնողներուն ժամանակով ընդունելի էր, կամ ամօթ էր, հիմա այդպէս չէ, որովհետեւ կեանքի պայմանները փոխուած են, եւ այդպիսով իրենց ականջները ամուր կերպով գոցելով կ՚ապրին իրենց կեանքը:
Կեանքի պայմաններուն փոխուելուն մասին այստեղ պիտի չխօսինք: Մէկ բան պէտք է գիտնալ, սակայն, որ մարդ միշտ ալ կարիքն ունի խորհուրդ լսելու, ուրիշին կարծիքը կամ թելադրութիւնը լսելու, որովհետեւ շատ յաճախ մէկ մարդուն չտեսածը, շուրջը եղող երեք կամ չորս մարդիկը կրնան տեսնել… Առակագիրը խորհուրդ լսելու եւ ընդհանրապէս խորհրդատուներու մասին կը գրէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առ 15.22):
Բայց զգոյշ պէտք է ըլլալ, թէ ո՞րմէ խորհուրդ առնել, որովհետեւ մէկ-երկու համար անդին առակագիրը կը գրէ. «Չար մարդուն խորհուրդները Տիրոջ առջեւ պիղծ են, բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են» (Առ 15.26), հետեւաբար չար մարդոց խորհուրդներէն հեռու պէտք է մնալ, եւ խորհուրդ պէտք է առնել պարկեշտ, առաքինի ու Աստուածավախ մարդոցմէ:
Նոյն գլուխին մէջ մի քանի համար անդին, կը կարդանք. «Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի: Խրատ մերժողը իր հոգին կ՚անարգէ, բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի» (Առ 15.31-32): Յանդիմանութիւն այստեղ, կարելի է ընկալել դարձեալ որպէս խրատ, որովհետեւ սիրողը երբ յանդիմանէ, այդ կ՚ընէ խրատելու համար, ո՛չ թէ վիրաւորելու կամ ցաւցնելու համար: Առակագիրը հետաքրքրական մօտեցում մըն ալ ունի մարդուն՝ իր հոգին անարգելու մասին, երբ խրատի մերժումը առաջին հերթին մարդու հոգիին անարգուելուն կը կապէ, այսինքն՝ մարդ եթէ խրատը մերժէ, առաջին հերթին ինքզինք է որ կը վնասէ, որովհետեւ իր իսկ հոգին կ՚անարգէ իր այդ մերժելովը:
Հ. Մարդ պէ՞տք է իր խօսելուն ու լուռ մնալուն ուշադրութիւն դարձնէ:
Պ. Անշուշտ; Լեզուի սայթաքումներուն մասին մի քանի անգամ անդրադարձած ենք: Առակագիրը կը գրէ. «Մարդ իր բերանին պատասխանովը կ՚ուրախանայ: Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ 15.23): Առակագիրը մարդ իր բերանին պատասխանովը ուրախանալուն համար որպէս պայման կը դնէ ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը, այսինքն՝ մարդ պէտք է գիտնայ ե՛րբ խօսի ու ե՛րբ լռէ, որպէսզի թէ՛ իրեն համար եւ թէ՛ ալ զինք լսողին համար հաճելի ու օգտակար ըլլայ խօսակցութիւնը:
Աւելի նախըտնրելի է, որ մարդ շատ յաճախ աւելի լուռ մնայ, քան խօսի, որովհետեւ շատ անգամ լռութիւնը աւելի՛ խօսուն է, քան ժամերով խօսիլը: Աւելին, լռութիւնը զօրութիւն, իմաստութիւն, ազնուութիւն ու տոկունութիւն է, ինչպէս կ՚ըսէ Շնուտա Գ. Հայրապետը. «Լռութիւնը երբեմն խօսելէն աւելի զօրաւոր է, եւ աւելի օգտակար ու արդիւնաւէտ։ Եւ կամ նուազագոյնը, նուազ վնասակար կ՚ըլլայ։ ...Լռութեան մէջ իմաստութիւն եւ զօրութիւն կայ, ինչպէս նաեւ ազնուութիւն եւ տոկունութիւն»:
Հ. Ո՞ւր կը տանի կեանքի ճամբան մարդուն:
Պ. «Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի, որպէսզի վարի դժոխքէն հեռանայ» (Առ 15.24): Մարդուն համար եւ յատկապէս քրիստոնեայ մարդուն համար կեանքի Ճամբան Տէր Յիսուս Ի՛նքն է, որ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25-26): Եւ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6):
Հ. Առակաց 15.27-ին մէջ կը կարդանք. «Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի»: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:
Պ. Այս համարը կարելի է հասկնալ երեք ձեւերով: Այստեղ տունը կարելի է հասկնալ որպէս եկեղեցի, իշխանութիւն, կամ իւրաքանչիւր մարդու տուն:
Եթէ որպէս եկեղեցի առնենք, ապա խօսքը հոգեւորկաններուն ուղղուած պէտք է հասկնանք, որ հոգեւորականները պէտք չէ իրենք զիրենք ագահութեան գերին դարձնեն, այսինքն՝ յանուն մամոնային իրենք զիրենք ու իրենց առաքելութիւնը անարգեն: Ինչ կը վերաբերի կաշառքին, ապա դարձեալ յանուն նուէրներու կամ յատուկ ակնկալիք մը ունենալով մարդոցմէ, վարուիլ կամ խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս տուեալ մարդուն կամ մարդոց հաճելի է, որպէսզի վերջաւորութեան հասնին իրենց ուզածին:
Եթէ որպէս իշխանութիւն առնենք, ապա խօսքը պաշտօնեաներուն՝ երկրի ղեկավարէն, մինչեւ դատաւորներ, մինչեւ ամենէն փոքր պաշտօնեային ուղղուած պէտք է հասկնանք, այսինքն՝ երկրի ղեկավարները ագահութեան գերին դառնալով պէտք չէ՛ կեղեքեն իրենց ժողովուրդը կաշառակերութեամբ զբաղելով, ընդհակառակը, պէտք է ազնուութեամբ եւ արդարութեամբ վարուին, եւ աշխատին իրենց ժողովուրդի բարօրութեան համար:
Եթէ որպէս իւրաքանչիւր մարդու տուն առնենք, ապա խօսքը տան սիւներուն՝ հօրն ու մօրը ուղղուած պէտք է հասկնանք, որով հայրը կամ մայրը ագահութեամբ տառապելով, պէտք չէ զրկեն իրենց զաւակները, ընդհակառակը պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի իրենց զաւակները առողջ մթնոլորտի մը մէջ հասակ առնեն, յատկապէս հոգեւոր առումով, որովհետեւ եթէ իրենց զաւակները հոգեւոր առումով առողջ կերպով դաստիարակեն, ապա միւս բոլոր ոլորտներուն մէջ կրնան յաջողութեան հասնիլ: Իսկ հոգեւոր առողջ դաստիարակութեան ամենէն զօրաւոր թշնամիներէն մէկը ագահութիւնն է, որով ամէն կերպ պէտք է հեռու մնալ այդ թշնամիէն եւ արդարութեան զէնքով պայքարիլ անոր դէմ:
Հ. Արդարներուն եւ ամբարիշտներուն նկատմամբ ի՞նչ է Տէր Աստուծոյ վերաբերմունքը:
Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ» (Առ 15.29): Այս կարդալով, սակայն, պէտք չէ մտածել, որ Աստուած ընդհանրապէս երես դարձուցած է ամբարիշտներէն, որովհետեւ Եզէկիէլի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու Իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի: Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի: Միթէ Ես ամբարիշտին մեռնիլը կ՚ուզե՞մ, կ՚ըսէ Տէր Եհովան: Չէ՞ որ Ես կ՚ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզ 18.20-23). եւ «Երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարիշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ: Որովհետեւ անիկա արթնցաւ ու իր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի» (Եզ 18.27-28): Միւս կողմէ ալ արդարն ալ ինքզինք ապահով պէտք չէ զգայ, որովհետեւ հպարտութեան ախտը միշտ պատրաստ է մարդուն նուաճելու. արդարներուն մասին, դարձեալ նոյն մարգարէութեան գիրքին մէջ կը կարդանք. «Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարիշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞: Անոր ըրած արդար գործերէն մէկը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի» (Եզ 18.24):
Հ. Ի՞նչ կ՚երթայ փառքին առջեւէն:
Պ. «Փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ» (Առ 15.33):
Ո՜վ մարդ արարած, կ՚ուզե՞ս փառքի տիրանալ, ապա սորվէ խոնարհ ըլլալ, խոնարհէ, ապա փառքի պսակը կը ստանաս, որովհետեւ՝ «ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 44
Վաղարշապատ