ԱԿՆԱՐԿ - 68 - ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՒ ՏԻՊԱՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ

Ձօն՝ Անոյշ Նշանեանին

Յաւերժի ճամբորդ դարձողներու մասին գրելը թէեւ յուզական ներքին դրական ու ժխտական ապրումներ կը պատճառէ, բայց եւ այնպէս հեշտութեամբ կարելի է գրել: Բայց, գրել ողջերու մասին, այն ալ մանկավարժութեան ասպարէզին իր կեանքը նուիրած անձի մը մասին, բաւական ծանր, դժուար եւ պատասխանատուութիւն պահանջող իրողութիւն մըն է:

Այսօր, ինքզինքս այդ պատասխանատուութեան տակ կը դնեմ, որովհետեւ կարելի չէ չգրել, կարելի չէ չգնահատել ու ըստ արժանւոյն արտայայտուիլ Անոյշ Նշանեանի մասին:

Անոյշ Նշանեանը պարզ, համեստ, եռանդով ու կեանքով լեցուն, եւ ամենէն կարեւորը իր գործին ՍԻՐՈՎ նուիրուած ու կառչած անձնաւորութիւն մըն է: Զինք ճանչցայ 2021-ի աշնան, երբ աւագ որդիս՝ Յովակը, դպրոց մուտք գործեց: Առաջին հանդիպումէն իսկ դրական տպաւորութիւն ունեցայ, ինչ բանը անցնող երեք տարիներու ընթացքին ալ աւելի խորացաւ ու հիմնաւորուեցաւ, առաջին հերթին իր մարդ տեսակով, առաւել եւս իր մանկավարժի օրինակելի եւ տիպար վարուելակերպով:

Այսօր, գաղտնիք չէ, որ մանկավարժի մը գործը ահաւոր շատ դժուարացած է, տարբեր պատճառներով: Վարչա-տնտեսական (պէտք եղած նիւթական գնահատական չի՛ տրուիր), ծնողներու անտարբերութիւնը (իրենց զաւակները անկիրթ դարձնելով՝ «եթէ ուսուցիչդ բան ըսէ, չլռես, տակը չմնաս, անպայման պատասխանէ, ան ո՞վ է որ քեզի բան ըսէ»), դպրոցի տնօրէնութեան վերաբերմունքը (դարձեալ գաղտնիք չէ, որ այսօր տնօրէններու մեծամասնութիւնը տնօրէն են պարզապէս անունով, մինչ իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու են տնօրէն ըլլալէ):

Այս բոլորը կարծէք Անոյշ Նշանեանին համար երկրորդական, երրորդական եթէ ոչ տասներորդական են, որովհետեւ իր նուիրումը, իր անձնուրացութիւնը կը խօսին իր իւրայատկութեան, իւրօրինակութեան եւ ինքնատիպութեան մասին: Իր մօտեցումը երեխաներուն նկատմամբ, իր ջերմ եւ եզակի վերաբերմունքը իւրաքանչիւր աշակերտի նկատմամբ շա՜տ բան կը խօսին իր մասին, որով վերը թուարկածս յատկանիշներուն փաստը՝ Նշանեանի՛ իսկ կենդանի գործն է:

Այսօր աշակերտներուն ներաշխարհէն ներս մտնելը, զանոնք հասկնալը շա՜տ դժուար դարձած է, որովհետեւ ամէն օր փոփոխութեան ենթրակուող մեր ընկերութիւնը՝ ամէն օր նոր «նուէր» մը կը բերէ իր հետ, որով աշակերտները դիւրութեամբ կը կլանուին: Եւ եթէ ծնողները զգաստ ու սթափ չըլլան, շատ դիւրութեամբ իրենց զաւակները կուլ կ՚երթան ներկայ ընկերութեան յորձանուտին մէջ: Դժբախտաբար, ներկայիս ծնողներէն շատերը այդ «նուէր»ները որպէս յառաջդիմութիւն կ՚ընկալեն եւ խայծը կուլ տալով, դեռ մանուկ հասակէն իրենց զաւակներուն դեռ եւս խոպան ներաշխարհը անջրդի կը դարձնեն:

Ծնողներուն կողքին ուսուցիչները/մանկավարժները մեծ դեր ու պարտականութիւն ունին: Եթէ մանկավարժներն ալ իրենց տեղը չըլլան, ապա կարելի է ըսել, որ տուեալ սերունդէն որեւէ բան ակնկալել անիմաստ կ՚ըլլայ, քանի որ եթէ սերմը լաւ չէ՛ ցանուած, առաւել եւս լաւ չէ՛ խնամուած ու մշակուած, ապա անիմաստ է առողջ եւ հիւթալի պտուղ սպասելը; Արտաքնապէս պտուղը կրնայ հաճելի թուալ, բայց ներքնապէս փճացած ու անհամ կ՚ըլլայ:

Անոյշ Նշանեանը, արդարեւ այն քիչ մանկավարժներէն է այսօր, որ յաջողած է գտնել բանալին՝ իր աշակերտներուն ներաշխարհէն ներս մտնելու, հասկնալու անոնց ներաշխարհը, ծնողներուն կողմէ շաղ տուած սերմերը գտնելու, խնամելու եւ ըստ արժանւոյն աճեցնելու: Իւրաքանչիւր աշակերտի ներաշխարհէն ներս մտնելով, ան կարողացած է անոնց մէջ կերտել ուսումի ու գիտութեան նկատմամբ սիրոյ զգացումը: Սէր, որ ո՛չ թէ պարտադրանքէ յառաջացած է, այլ՝ անկեղծ զգացումներէ բխած: Սէր, որ ո՛չ թէ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ, այլ՝ երկար տարիներ՝ չըսելու համար ամբողջ կեանք մը ընկերակից պիտի ըլլայ իր աշակերտներուն:

Կարելի է շա՜տ երկար գրել Անոյշ Նշանեանի մասին, այդուհանդերձ չկարենալ արժան եւ իրաւ կերպով արժանին մատուցել անոր նուիրուածութեան, անոր իւրայատուկ տեսակին: Այսքանը գրեցի մէկ նպատակ ունենալով, արժեւորել անոր տիպար ու օրինակելի մանկավարժի, մէկ խօսքով խոստովանելու իր ԻՐԱՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ըլլալու հանգամանքը, որ իր աշակերտները գիտէ կեանքին պատրաստել, անոնց մէջ մարդը կերտել՝ հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորումով, ինչպէս նաեւ գիտէ իր աշակերտներուն մէջ նկարագիր ու վարքագիծ կերտել:

Այս ձօն-գրութիւնը կ՚աւարտեմ երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի դաստիարակութեան մասին տուած սա խօսուն մտածումով, որու մէջ ամենայն վստահութեամբ կարելի է տեսնել Անոյշ Նշանեանը: Սրբազանը կը գրէ.

«Դպրոց, ուսում, կրթութիւն:

Դպրոցը յարկ մըն է պարզապէս, առաւել կամ նուազ ջերմ, ժամանակաւոր հանգամանքով մը կեանքի մէջ: Ուսումը միջոց մըն է միայն, օժանդակ գործիք մըն է մարդուն համար, զէնք մը՝ ինքզինք հաստատելու: Իսկ դպրոցին եւ ուսման նպատակն է՝ կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը: Ինչո՞ւ:

Պարզապէս որովհետեւ կրթութիւնը կամ դաստիարակութիւնն է որ մարդս կեանքին համար կը պատրաստէ: Հիմնական դերը որ ուսումն ու կրթութիւնը պէտք է ունենան՝ մարդուն կերտումն է, մարդուն մտաւոր եւ հոգեւոր կազմաւորումը, մարդուն նկարագիրը, վարքագիծը: Ա՛յս է որ դաստիարակութիւն կը կոչենք»:

Յարգա՜նք եւ երախտագիտութիւն Ձեր վաստակին Սիրելի՛ Ընկեր1 Նշանեան ջան: Ձեր եռանդը, կորովը, համբերութիւնն ու նուիրուածութիւնը անպակաս, որպէսզի նոյն նուիրուածութեամբ եւ եռանդով շարունակէք Ձեր մարդակերտումի առաքելութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 մայիս 2024, Վաղարշապատ


1 Հայաստանի մէջ ուսուցիչներուն ու դասախօսներուն ընկերով կը դիմեն:

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024