ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

Խօսք. «Որովհետեւ այս հացը Աստուծմէ կ՚իջնէ» (տե՛ս Յհ 6.33):

Մեկնութիւն. Այստեղ Իր Մարմինն ու Արիւնը մանանայէն աւելի բարձր կը դնէ՝ վեց կերպով.

Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, եւ Իր մարմինը՝ Աստուծոյ մարմին, ինչպէս կ՚ըսէ. «Այս հացը Աստուծմէ է», իսկ մանանան՝ Աստուծոյ հրամանով նոր գոյացաւ:

Երկրորդ՝ Քրիստոսի մարմինը երկինքէն է Աստուածութեան համար, իսկ մանանան օդէն, ցօղի կամ եղիամի նման իջած:

Երրորդ՝ ճշմարիտ քաղցրութեան համար, որովհետեւ Քրիստոսի մարմինը ճշմարիտ քաղցր եւ ծայրագոյն բարի է, իսկ մանանան՝ այս բարութեան ստուերական նմանութիւնը:

Չորրորդ՝ օգտակարութեան համար, որովհետեւ մանանան մարմնաւոր կեանք կու տար ուտողներուն, իսկ Քրիստոսի մարմինը՝ հոգեւոր եւ յաւիտենական կեանք կու տայ:

Հինգերորդ՝ որովհետեւ Բանն Աստուածը մարմնացեալ կերակուր է բոլոր հաւատացեալներուն համար, իսկ մանանան՝ միայն հրեաներուն տրուեցաւ:

Վեցերորդ՝ մանանան որոշ ժամանակի մը համար էր, իսկ Քրիստոսի մարմինը հաւատացեալներուն համար մշտամնայ կերակուր է. այստեղ՝ հացին խորհուրդով, այնտեղ՝ իմանալի տեսութեամբ, այն է՝ «Հօր սեղանին պիտի նստեցնէ ու պիտի սպասարկէ» (տե՛ս Ղկ 12.37):

Խօսք. «Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը» (Յհ 6.34):

Մեկնութիւն. Երբ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կրնանք հասնիլ հոգեւոր կերակուրին, այժմ կը ցուցնէ, թէ ի՞նչ է այդ կերակուրը:

«Կ՚ըսեն, մի՛շտ տուր մեզի». նախ՝ հրեաները երբ այս հացի բարութեան մասին լսեցին, այդ պատճառով միշտ կը խնդրեն, որպէսզի առանց աշխատելու ուտեն: Երկրորդ՝ ինչպէս սամարացի կինը ըսաւ՝ «Տէ՛ր, տուր մեզի այդ ջուրը, որպէսզի այստեղ չգամ ջուր հանելու» (տե՛ս Յհ 4.15), իսկ հոգեւոր ջուրը չէր իմանար, նոյնպէս ալ ասոնք հոգեւոր հացը չիմացան, այդ պատճառով Քրիստոս ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ է այս հացը:

Խօսք. «Ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35), ինչպէս յայտնի է Մեկնիչիդ մօտ1:

ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Ի՞նչ է Պատարագի էութիւնը:

Պատասխան. Ոմանք՝ Քրիստոսի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ասիկա է մարմինս եւ արիւնս» (հմմտ. Մտ 26.26-27), իսկ ոմանք՝ Հոգին, որ Պատարագին վրայ կ՚իջնէ, կ՚ըսեն թէ Պատարագի էութիւնն է: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կ՚ընդդիմանան ասոր, իսկ ես կ՚ըսեմ, թէ Պատարագին էութիւնը մարմնացեալ Բանն Աստուածն է, եւ Աստուծոյ խօսքով կ՚էանայ Պատարագը, այն, որ կ՚ըսէ. «Ասիկա է մարմինս եւ արիւնս»:

Սակայն Սուրբ Հոգին Պատարագին գործակից է չորս կերպով.

Նախ՝ ինչպէս այնտեղ՝ Սուրբ արգանդին մէջ Փրկիչին մարմինը կազմեց, այդպէս ալ Պատարագին մէջ կը կազմէ:

Երկրորդ՝ ինչպէս երկրի սքանչելիքները Քրիստոս Հոգիով կը ներգործէր, այդպէս ալ մարմինը Սուրբ Հոգիով կը կատարէ:

Երրորդ՝ ինչպէս որ Հոգին Քրիստոսի վրայ իջաւ, այդպէս ալ Հոգին Քրիստոսի մարմինին վրայ կ՚իջնէ:

Չորրորդ՝ ինչպէս որ Վերնատան մէջ Հոգին իջաւ եւ առաքելաները ճշմարտապէս ճանչցան Քրիստոսի Աստուածութիւնը, այդպէս ալ մեր մէջ կ՚իջնէ Սուրբ Հոգին, որպէսզի ճշմարտապէս ճանչնանք, թէ Քրիստոսի մարմին եւ արիւն եղած է, ինչպէս Պատարագի ընթացքին կ՚ըսէ. «Ստուգապէս մարմին եւ արիւն կ՚ընէ Քրիստոսի, որովհետեւ ճշմարիտ մարմին, որովհետեւ ճշմարիտ մարմին եւ արիւն եղաւ Քրիստոսի խօսքով, իսկ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը ճշմարտացնէ ու կը հաստատէ», այդպէս ալ Մեկնիչդ2 կ՚ըսէ, ինչպէս մարմինը աստուածային Բանին միաւորութեամբ երկինքէն իջած է կ՚ըսուի, այդպէս ալ յատուկ հացը Սուրբ Հոգիին իջմամբ Փրկիչին մարմին կ՚իմացուի մեր մօտ աներկբայ հաւատքով, այդ պատճառով պէտք է երեք անգամ խաչակնքել, այսինքն՝ նախ հացին, երկրորդ՝ բաժակին, երրորդ՝ իր դէմքին:

Ասիկա կրկին պատճառի համար. նախ՝ որովհետեւ Սուրբ Հոգին խաչով կ՚իջնէ, որովհետեւ խաչի պարգեւն է: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած էր, որ խաչուեցաւ, նոյնպէս եւ Պատարագը Աստուծոյ մարմինն է, պէտք է, որ խաչով կնքուի մինչեւ Հոգիին իջումը, եւ ատկէ ետք պէտք չկայ խաչականքել Պատարագին, այլ՝ ինքն իրեն եւ ժողովուրդին ու եկեղեցիին բազմաթիւ անգամներ:

Այսքանը այս մասին:

Դարձեալ գիտելի է, թէ հոգեւոր կերակուրը, որ Քրիստոսի մարմինն է, չի փոխուիր մարդու մարմինի ինչպէս մարմնական կերակուրները, այլ՝ միշտ կը մնայ եւ արժանաւոր կերպով ընդունողները դէպի Իրեն փոխարկելով կը քաշէ, ինչպէս սուրբերէն մէկը այլաբանօրէն կ՚ըսէ ի դիմաց աստուածային մարմինին. «Ես քեզի կերակուր եմ, որ զիս դէպի քեզ չես փոխեր, այլ՝ դուն կը փոխուիս դէպի զիս», այդ պատճառով պարտաւոր ենք հոգեւոր կերակուրին հոգ տանիլ, քան՝ մարմնաւորին, ինչպէս հոգին առաւել է քան մարմինը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ վերը՝ հոգեւոր կերակուրներուն համար: Այլեւ գիտելի է, թէ հացը, որ Քրիստոսի մարմին կ՚ըլլայ, հացին գոյացութիւնը կ՚աստուածանայ ու պատահմունքը կը մնայ, որովհետեւ պատահմամբ եւ որակութեամբ կը փոխուի մեր մէջ եւ մեզ դէպի Իրեն կը փոխէ գոյացութեամբ, եւ այսպիսով Աստուած կ՚ըլլանք Աստուծոյ հետ միացած:

Խօսք. «Ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35):

Մեկնութիւն. Հացին ներգործութիւնը մարմինին կենդանութիւնը պահելն է, իսկ Քրիստոս ո՛չ միայն կենդանութիւնը կը պահէ, այլեւ՝ հոգեւոր եւ յաւիտենական կեանք կու տայ: Եւ այս է երրորդ խօսքը՝ որ ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որովհետեւ Անոր մարմինը կեանքի եւ անմահութեան հաց է:

Խօսք. «Ան որ Ինծի կու գայ, պիտի չանօթենայ ու պիտի չծարաւնայ» (Յհ 6.35):

Մեկնութիւն. Գալը հաւատքով եւ սիրով կ՚ըսէ:

Հարցում. Այստեղ ինչպէ՞ս կ՚ըսէ. «Պիտի չանօթենայ եւ պիտի չծարաւնայ», իսկ այլ տեղ մը կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին» (Մտ 5.6):

Պատասխան. Իրարու հակառակ չեն. այնտեղ մարմինի կարօտութեան մասին կ՚ըսէ՝ անօթութիւն եւ ծարաւ, այստեղ հոգիին համար կ՚ըսէ՝ կարօտութիւն ու պակասութիւն չունենալ: Դարձեալ, այնտեղ երանութեան փառքին համար կարօտ ունենալ կ՚ըսէ, որ է՝ տեսութիւն Աստուծոյ, ինչպէս որ Դաւիթը կը ցանկար. «Անձս ծարաւի է Քեզի, Աստուա՛ծ», եւ թէ՝ «ե՞րբ պիտի գամ ու յագենամ Քու փառքիդ երեւումով» (տե՛ս Սղ 42.2), իսկ այստեղ Աստուծոյ շնորհներուն համար կ՚ըսէ, որ ներկայիս Քրիստոսին հաւատացողները չեն անօթենար ու չեն ծարաւնար, ու դարձեալ այս խօսքին տեսութիւնը կը գտնես չորրորդ գլուխին մէջ՝ սամարրացի կնոջ ըսուած: Եւ որովհետեւ հրեաները կրնային Քրիստոսի ըսել. «Մենք Քեզմէ այդ հացը կը խնդրենք, իսկ Դուն պատասխան չես տար, թէ պիտի տա՞ս, թէ՝ ոչ», այդ պատճառով կը պատասխանէ.

Խօսք. «Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար» (Յհ 6.36):

Մեկնութիւն. Նախ այն, որ ըսաւ, թէ՝ Ես եմ կեանքի հացը, եւ զիս կը տեսնէք, որ կենաց հացն եմ՝ ձեր դիմաց ունիք, եւ պատրաստ եմ ձեզի պարգեւելու, իսկ դուք չէք ընդունիր, որովհետեւ չէք հաւատար Ինծի, իսկ այս հացը հաւատքով կը ստացուի: Դարձեալ, որ սկիզբը ըսաւ, ինչպէս յայտնի է մենկիչիդ մօտ3, երբ ցոյց տուաւ, թէ ինչ է այս հոգեւոր կերակուրը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 58

Վաղարշապատ


1 Նանա Մեկնիչը:

2 Նանա:

3 Նանա:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2020