Ա­ՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ Տ.Տ. ՎԱԶ­ԳԷՆ Ա. ԵՒ ԿԻ­ԼԻ­ԿԻՈՅ Տ.Տ. ԽՈ­ՐԷՆ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ­ՆԵ­ՐՈՒ Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՈՂ­ՋԱ­ԳՈՒ­ՐՈՒ­ՄԸ՝ 1963-ԻՆ

«Ե­րու­սա­ղէ­մի ող­ջա­գու­րու­մից ան­ցել է եր­կու տա­րի բայց ոչ մի փո­փո­խու­թիւն չի ու­նե­ցել Ան­թի­լիա­սի ե­կե­ղե­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հին մտայ­նու­թեան եւ գոր­ծե­լա­կեր­պի մէջ»
ՎԱԶ­ԳԷՆ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ Ա­ՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ

«Ե­կած ենք ող­ջա­գու­րուե­լու մեր Մեծ Վե­հա­փառ եղ­բօր հետ եւ միա­սին ծուն­կի գա­լով ա­ղօ­թե­լու վասն ան­սա­սա­նու­թեան եւ ան­շար­ժու­թեան Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ»
ԽՈ­ՐԷՆ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Մեր անմիջական անցեալի եկեղեցական եւ ազգային սերունդի ներկայացուցիչները արձանագրած են Երուսաղէմի պատմական հանդիպումը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Առաջինի եւ Կիլիկիոյ Տ.Տ. Խորէն Առաջինի միջեւ, 1963 հոկտեմբեր 26-ին, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կանխօրօք ծրագրած էր Երուսաղէմ կատարած առաջին այցելութեան աւարտին, յատկապէս եկած ըլլալով Ս. Յարութեան Տաճարի համազգային հանգանակութեան ձեռնարկելու ծրագրով։ Ծորագրած էր նաեւ հրաւիրելու Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսը, որ ընտրուած եւ օծուած էր մայիս ամսուն եւ սակայն Մայր Աթոռէն չէր ստացած հարկ եղած շնորհաւորանքն ու ճանաչումը։ Հայրապետը փափաքած է ողջագուրմամբ կատարել զայն քանի Երուսաղէմ կը գտնուէր, յուսալով որ վերջ կը դնէր Կիլիկիոյ Աթոռի անկանոն ընթացքին, երբ անցնող եօթ տարիներուն գրաւեր էին Մայր Աթոռի մի քանի թեմերը՝ առանց Մայր Աթոռի գիտութեան եւ համաձայնութեան։

Սոյն հանդիպումը յար եւ նման էր անկէ 312 տարիներ առաջ, 1651 թուականին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած Փիլիպպոս Աղբակեցի Ամենայն Հայոց եւ Սիսի Ներսէս Սեբաստացի կաթողիկոսներու հանդիպման եւ ողջագուրումին, երբ փոխադարձ քայլեր առնուեցան Սիսի նախորդ կաթողիկոս Սիմէոն Սեբաստացիի օրով ծագած պառակտումներուն առաջքը առնելու համար։

ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Ըստ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ծրագրին՝ պաշտօնական հրաւէր ուղղուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, որ իսկոյն Երուսաղէմ ժամանեց եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճար, հոկտեմբեր 26-ին ու պատշաճօրէն ընդունուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ։ Նոյն օրը, ժամը երեքին, Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ ողջագուրուեցաւ Խորէն Կաթողիկոսի հետ, ըսելով՝ «Սիրեցեալ եւ շնորհազարդ եղբայր մեր Խորէն, բարի գալուստ կը մաղթեմ այս շատ յուզիչ առաջին իսկ պահուն»։ Մինչդեռ Խորէն Ա. ամիսներ առաջ մայիսին ընտրուած եւ օծում ստացած էր Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Մայր Աթոռը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չէին շնորհաւորած զինք եւ ճանաչում չէին շնորհած իր ընտրութեան՝ անցեալի պառակտիչ երեւոյթներուն հետեւանքով։ Սոյն հանդիպումը զայն կատարելու համար էր եւ Խորէն Կաթողիկոս կը սպասէր այդ ճանաչման մայիս 12-ի իր օծումէն ի վեր։

Առաջին հաշուով հայրապետներու ողջագուրումը գոնէ երկու անմիջական սկզբունքային խնդիրներ պիտի լուծէր միայն. մին շնորհաւորել Խորէն Կաթողիկոսի ընտրութիւնը եւ ճանաչում շնորհել, եւ միւսը՝ բնական յարաբերութիւն վերահաստատել Մայր Աթոռի եւ Կիլիկիոյ Աթոռին միջեւ, յուսալով որ բնական պիտի ընթանային նաեւ յաջորդ քայլերը ու հետզհետէ սրբագրուէին կանոնական խախտումները։ Այդ երկուքէն առաջինը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ուզածն էր, եւ երկրորդը՝ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» պարզապէս, երբ նկատի ունենանք յաջորդող անմիջական նոր խախտումներն ու տրուած խոստումներու դատարկութիւնը։ Զայս կանխելու միտքով Վազգէն Հայրապետ չէր մոռնար շեշտելու եւ յիշեցնելու, որ՝ «յետ այս հանդիսաւոր հանդիպումին» երկու կաթողիկոսները խօսքի պէտք է նստէին եւ աշխատէին, որ անցեալի կնճռոտ խնդիրները իրենց լուծումը գտնէին «ի շինութիւն եւ ի հաստատութիւն մեր եկեղեցւոյ»։

Խորէն Կաթողիկոս մէկ ականջով կը լսէր Հայրապետին խրատը, պատասխանելով, որ «հոն ուր որ Սուրբ Էջմիածինը չէ կրցած հասնիլ, Կիլիկիոյ Աթոռն է հասած, եւ ուր որ Կիլիկիլոյ Աթոռը չէ կրցած հասնիլ, Սուրբ Էջմիածինը հասած է», մոռնալ ձեւացնելով սակայն բարձրագոյն հեղինակութեան եւ արտօնութեան համաձայնութիւն ըսուած տարրական պարտքը։ Նման արագ եւ անյատակ վերլուծում պարզօրէն կ՚արդարացնէր վախճանեալ Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին արդէն իսկ առած քայլերը «մէկ ուղղութեամբ», այսինքն ուր որ Սուրծբ Էջմիածին իբր թէ չէ հասած, Անթիլիաս պատրաստ է միակողմանի եւ կոպտօրէն մուտք գործելու կանոնազանց ճամբով։ Ողջագուրման օրն իսկ նախորդող եօթ տարիներու հետեւողականօրէն կատարուած ահազանգը կը լսուէր արդէն իսկ պատահած եւ պատահելիք ոտնձգութեանց հաշուոյն։

ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԵԼՔԸ

Խորէն Վեհափառի պաշտօնական խօսքերը եւ ծունկի գալով աղօթելու աճապարանքը մէկ ամիս չանցած գլիվայր պիտի շրջէին առաւել կանոնազանցութիւններ յառաջացնելով Կիլիկեան Աթոռին կողմէ, եւ «եղբայրական հասկացողութիւն եւ գործակցութիւն» յայտարարուածը պիտի կորսնցնէին իրենց նշանակութիւնը։ Ասոնց վկան եղան Եկեղեցեաց Համաշխարհային Խորհուրդի երկճիւղ Հայաստանեայց Եկեղեցին, թիւ 1 եւ թիւ 2 տարբերակներով, բաժանեալ եւ առանձին անդամակցութիւնը Ատիս Ապապայի Արեւելեան Միաբնակ եկեղեցիներու խորհրդաժողովին, Եթովպիոյ կայսեր հրաւէրով, ուր երկու հայրապետները Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. հոն ըլլալով հանդերձ ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը պիտի մասնակցէին ժողովին, ամչցնելով Հայ Եկեղեցին ու հայ ազգը, դարձեալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կարծեցեալ համահաւասար դիրքի սնափառ կեցուածքին հետեւանքով յաչս օտարներուն՝ հակառակ Հայլէ Սելասէ կայսեր կանխօրօք տուած հաւաստումին, թէ Մայր Աթոռը պիտի գլխաւորէր Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Չմոռնանք նաեւ «Ողջագուրում»էն անմիջապէս ետք Մարսիլիոյ թեմին գրաւման փորձը, որ իսկոյն ձախողեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կտրուկ եւ վերջնական վճիռով։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Թէ ինչ արդիւնք պիտի տար Երուսաղէմի այդ հանդիսաւոր ողջագուրումը, այդ եւս պիտի հաստատէր անբաղձալի անցեալին հարազատ շարունակութիւնը։ Այդուհանդերձ՝ նախաձեռնուածն ու կատարուածը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ ազնուագոյն եւ անհրաժեշտ լրացուցիչ փորձ մըն էր, որ պատմութիւնը արձանագրեց իբր այդպիսին։ 1965 թուականի տուեալներով Մայր Աթոռէն կը հասնէր արդէն յուսախաբ եղած ըլլալու նշանն ու ապացոյցը, երբ տեղեկագրին մէջ կ՚ըսուէր, թէ՝ «Երուսաղէմի ողջագուրումից անցել է երկու տարի, բայց ոչ մի փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել Անթիլիասի եկեղեցական ղեկավարութեան հին մտայնութեան եւ գործելակերպի մէջ»։ Յուսախաբութեան հիմք ծառայած են յատկապէս 1965 թուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին կանոնագրութեան թիւ 32 եւ 33 յօդուածները, որոնցմով նոր թեմեր կրնային դիմել եւ ընդունուիլ Կիլիկիոյ Աթոռէն, անշուշտ անջատելով զանոնք Մայր Աթոռէն։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018