ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻՆ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆԸ

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի հայ ժողովուրդին նուիրաբերած վիթխարի ճիգերուն մասին շատ խօսուած է։ Մարդ, որ տէրն է իր խօսքին ու երեք որդիներու կեանքը ի սպաս կը դնէ իր հայրենիքին շեշտակիօրէն արժանի է ամենաբարձր մակարդակի յարգանքի եւ երախտագիտութեան։ Կ՚ըսուի, որ Քաջազնունիի յատկապէս ՀՅԴ-ի նուիրուած յօդուածաշարք-աշխատութիւնը իր մէջ կը պարունակէ բաւականին աչքառու եւ ակնյայտ «սպիտակ բիծեր»։ Այն իմաստով, որ հոն տեղ գտած տեղեկութիւն-վերլուծութիւններէն շատերը արժանահաւատ չեն ու արժանի են լուրջ քննութեան։ Այդ բոլորէն անդին սակայն այս խոշոր մարդը իր ողջ կեանքով, նուիրումով ու առ հայրենիք իր սիրով կարողացած է դառնալ այնպիսի կերպար մը, որուն պետական գործիչի տեսակը դեռ երկար ժամանակ անշեղօրէն պիտի մնայ գալիք սերունդները ներշնչող իրական կերպար։

Քաջազնունի իր ամենէն ծայրայեղ դիտարկումներուն ու նշումներուն մէջ անգամ պետականը վեր կը հանէ կուսակցական մօտեցումներէն ու այդպէսով բարձրանալով կուսակցական գործիչի ու ղեկավարի բնոյթէն կը կերտէ պետական գործիչի ու պետականութեան համար մաքառող առաջնորդի իրական կերպար։

Այսօրուան դրուածքով ալ շատ ակներեւ է, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ նշանակալից դեր ստանձնած գործիչներէն շատ քիչերն են, որ օժտուած են այդ վսեմական արժանիքով։

Ըլլալ կուսակցութեան մը ներկայացուցիչն ու ապա մտնել պետական մեքենականութեան մէջ ու ապա դառնալ մաս մը այդ համակարգէն՝ հեշտ է։ Դժուարինը սակայն պետական գործիչի ընդհանուր յատկանիշները վեր հանելն է։

Այս տեսակէտէ ալ բաւականին առանցքային կերպար է Քաջազնունին, որ ժամանակ մը երկրին վարչապետ դառնալէ ետք մէկդի դնելով ամէն հաշուարկ, 1924 թուականին դուրս գալով իր «աքսոր»էն կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան, այս անգամ ապրելով այդ ժամանակաշրջանի սովետական վարչաձեւին ամբողջ ոխն ու տուայտանքը։

Ոխ բոլոր անոնցմէ, որոնք Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կերտման մէջ իրական դեր վերցուցած ՀՅԴ-ին մէջ կը տեսնէին «իրական» թշնամին։ Ու տուայտանք մարդու մը սիրտին մէջ, որ իր բոլոր «զէնքեր»ը մէկդի նետելով երկիր կը դառնար ու այդ երկրին մէջ փրկութեան ափ կը փնտռէր։

Ամէն պարագայի տակ Քաջազնունի կերպարը այլ կերպ չէր կրնար մտածել, ապրիլ ու գործել։

Ան միայն խօսքի դաւանողը չէր, գործի կրողն էր ու անոր դաստիարակիչ խօսքին ուժականութեան մեծագոյն ապացոյցները դարձան իր երեք նահատակ որդիները։

ԹՐՈՅԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկացի պատմաբան, Սիմոն Ռաքոուէր մրցանակի դափնեկիր Կիլ Թրոյ վերջերս «Daily Beast» պարբերականին մէջ «Հայաստանի առաջին վարչապետի ողբերգութիւնը. չափազանց բորբոքուած եւ այժմ մոռցուած» խորագրով յօդուած մը գրած էր Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի մասին:

«Յուսալով դառնալ Կովկասի Ճորճ Ուաշինկթընը՝ Յովհաննէս Քաջազնունի 100 տարի առաջ օգնեց ստեղծելու Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը, բայց այսօր մոռցուած է…: Հայերէն քիչեր նշեցին Քաջազնունիի 150-ամեակը, ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր ամփոփուած է անոր աճիւնը», գրած էր պատմաբանը:

Պատմաբանը, որ խօսած էր «Մետիամաքս» գործակալութեան՝ պատմած էր, թէ ինչպէս իմացած է Յովհաննէս Քաջազնունիի մասին, ինչու որոշած է գրել անոր մասին, ինչ գիտէ ժամանակակից Հայաստանի եւ հայերու մասին:

-Ինչպէ՞ս իմացաք Յովհաննէս Քաջազնունիի մասին եւ ինչո՞ւ որոշեցիք ուսումնասիրել անոր պատմութիւնը:

-Երեք տարի «Daily Beast»ի համար «Գաղտնի կեանքեր» շաբաթական սիւնակը գրելու ընթացքին՝ ես շատ ժամանակ անցուցած եմ՝ փնտռելով յաճախակի անտեսուած անհատներու մասին հետաքրքիր եւ կարեւոր պատմութիւններ:

Այս տարուան սկզբը, երբ տեսայ, որ 1918 թուականի գարունը նշանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակով, հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ իմ մէջ: Որպէս հրեայ, որպէս ամերիկացի՝ շատոնց կ՚ամչնամ քաղաքականութեան, մասնաւորապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քօղարկման պատճառով:

Դուստրս, որ վերջին քանի մը տարիներուն կ՚ապրի Երուսաղէմի մէջ, հայ սենեկակից ունի, եւ մենք որոշ հայերու հետ ընկերացած ենք: Այդպէսով՝ ես կը մտածէի, որ հետաքրքրաշարժ կ՚ըլլայ ամերիկացիներու հետ կիսուիլ Հայաստանի՝ մէկ դար առաջուայ պատմութեամբ՝ լաւի, վատի եւ տգեղի մասին:

Այնուհետեւ, խորացայ իմ ուսումնասիրութիւններուն մէջ եւ կը կարծէի, որ Յովհաննէս Քաջազնունին պիտի ըլլայ հրաշալի խայծ, իսկական գաղտնի կեանք: Կը կարծէի, որ ան մոռցուած է կամ անյայտ է ամերիկացիներու համար, սակայն պարզեցի, որ Հայաստանի մէջ եւս անտեսուած է…

-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչն է պատճառը, որ, ինչպէս դուք նշած էք ձեր յօդուածի մէջ, Հայաստանի մէջ բաւարար չափով ճանչցուած չէ Յովհաննէս Քաջազնունին:

-Կը կարծեմ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի՝ Հայաստանի մէջ լաւապէս յայտնի չըլլալու երեք պատճառ կայ: Նախ, Հանրապետութիւնը ձախողած էր քանի մը եղանակներով, եւ ան ալ «հայկական» Ճորճ Ուաշինկթըն չդարձաւ, քանի որ Հանրապետութեան կեանքը ընդհատուեցաւ: Երկրորդ՝ Խորհրդային կարգերու մէջ գիտակցուած միտում կար պատմութիւնը ներկայացնել իրենց տեսանկիւնէն, որու մէջ քիչ տեղ կը զբաղեցնէին ազնիւ, ինքնուրոյնութեան ձգտող եւ անկախ մտածող հայրենասէրներ՝ ինչպիսին էր Յովհաննէս Քաջազնունին։ Երրորդ՝ այնպէս ազնիւ եւ անկեղծ ըլլալը, ինչպէս ան իր շարժման մէջ էր, գին ունի, որու համար ալ որոշ հայ հայրենասէրներ հասան այն բանին, որ գրադարաններու մէջ ոչնչացուցին հռչակագիրն ու անոր մասին գիրքերը:

Ան, ի տարբերութիւն Ամերիկայի, չտուաւ կատարեալ Հանրապետութեան տարբերակը եւ որոշ սխալներ գործեց. յետագային թուրքերն ու համայնավարները, հաշուի առին անոր արտայայտած որոշ միտքերը եւ զանոնք օգտագործեցին իրենց օրակարգը առաջ տանելու համար:

-Արդեօք ուսումնասիրա՞ծ էք Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ դեր ունէին այդ իրադարձութիւնները Հայաստանի յետագայ ճակատագրի եւ պետութեան կայացման վրայ:

-Ես ամերիկացի պատմաբան եմ, որ շաբաթը մէկ անգամ տարբեր պատմութիւններ կը «փորփրեմ», այնպէս որ ես ամենեւին Հայաստանի պատմութեան փորձագէտ չեմ: Կը կարծեմ, որ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը կարեւոր նախազգուշացնող «հէքեաթ» է՝ Հայաստանին եւ անկայուն շրջաններու այլ փոքր երկիրներուն զգուշացում՝ որեւէ պետութեան փխրունութեան, ազգային միասնութեան անհրաժեշտութեան եւ այն մասին, որ արտաքին դաշնակիցներու հետ պէտք է զուգորդուի, բայց միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է զգուշաւոր ըլլալ:

«Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ»

Ստորեւ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ հատուած մը Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին» յօդուածաշարքէն։ Նշեմ, որ սոյն յօդուածաշարքը լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ տպագրուող «Ճակատամարտ» պարբերականին մէջ։

Ուրեմն դաւանանքի ու վարդապետութեան հիմնական հարցերը չեն, որ պիտի առնուին վերաքննութեան, այլ պարզապէս ընթացիկ քաղաքականութիւնն է, օրուայ գործելակերպը, որ պէտք է որոշուի անմիջական գործադրութեան համար՝ հայկական իրականութեան մէջ ու Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

Ժամանակն է, որ հարցին տանք մի պարզ ու յստակ պատասխան: Ժամանակն է, որ վերացնենք կուսակցական շարքերուն մէջ տիրող շփոթը, փոխադարձ անհասկացողութիւնը: Ժամանակն է նաեւ, որ կուսակցութենէ դուրս գտնուող տարրերը հասկանան մեզ, գիտնան թէ ի՛նչ է մեր այսօրուայ պահանջը եւ ո՛րն է մեր ընտրած ճանապարհը,- ուրեմն եւ գիտնան՝ ով է որ պիտի դաշնակցի մեզի հետ եւ ո՛վ զինուի մեր դէմ:

Ներկայ յօդուածաշարքին մէջ կը ծանրանամ մասնաւորապէս ներքին ընկերային քաղաքականութեան վրայ, որ ամենէն աւելի կարօտ է լուսաբանութեան:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ իր դաւանած վարդապետութիւնով՝ ընկերվարական կուսակցութիւն է: Բնական է ուրեմն, որ անոր վարած քաղաքականութիւնն ալ ըլլար զուտ ընկերվարական: Բայց Հայաստանը դեռ շատ խակ է ընկերվարական կարգերը իւրացնելու համար… Ահա այն հիմնական դրութիւնը, այն անհերքելի ու անխորտակելի փաստը, որ ժայռի պէս կը կանգնի Դաշնակցութեան առաջ, կը կտրէ ճամբան եւ կը ստիպուի կողմնակի ուղիներ որոնելու:

Ամէն մի կուսակցութիւն պէտք է պարզ հաշիւ տայ իրեն ու լա՛ւ գիտակցի, երբեք չմոռնայ այս ամենազօրեղ փաստը, որովհետեւ սա՛ է, որ պիտի որոշէ կուսակցութեան ընթացիկ քաղաքականութիւնը, անոր պետական գործունէութիւնը:

Հայաստանի մէջ չկան այն հասունցած ու կազմակերպուած հակամարտ ուժերը, որոնք կարողանային բախում առաջ բերել դասակարգերու միջեւ եւ յեղափոխել կամ յեղաշրջել երկրի ընկերային տնտեսական կեանքը՝ համաձայն ընկերվարական պահանջներու:

Պրոլետարիատ, իբրեւ դասակարգ, գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ:

Այն երեք-չորս հազար բանուորները, որ ցրուած են երկաթուղային գծի վրայ եւ մի քանի մանր-մունր գործարաններու մէջ, չեն կազմեր դասակարգ: Այդ փոքրաթիւ հայ բանուորութիւնը կը շարունակէ մնալ սերտ կապուած գիւղացիութեան եւ քաղքենիութեան հետ, ժամանակ չէ ունեցած անջատուելու, զտուելու, կերպարանափոխուելու, պրոլետարական ուրոյն տիպ կազմելու: Հոգեբանօրէն ան կը մնայ նոյն գիւղացին կամ նոյն քաղքենին, ինչպէս եւ տնտեսապէս կը մնայ կապուած բազմաթիւ կապերով գիւղային կամ քաղաքային մանր տնտեսութեան հետ: Ան չունի ո՛չ դասակարգային գիտակցութիւն, ո՛չ ալ դասակարգային իտէոլոգիա, թէեւ հետեւելով արդիւնաբերական մեծ կեդրոններու մէջ կազմակերպուած ու գիտակից բանուորութեան օրինակին՝ շատ կը սիրէ կրկնել դուրսէն լսած ընկերվարական ֆորմուլներ:

Բայց որպէսզի այդ թոթովանքները վերածուին գիտակցութեան ու հրապարակ գան որպէս քաղաքական գործօն, պէտք է որ ներկայիս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կեանքը եւ հանրային շերտաւորումները փոխուին հիմնովին: Իսկ ասոր համար ժամանակ է հարկաւոր: Ամէն մի ժողովուրդ ունի իր ընկերային հասակը, իր զարգացման աստիճանը, որ կը սահմանուի բազմաթիւ պայմաններով: Բարի ցանկութիւնով կամ բռնի ուժով կարելի չէ փոխել հասակը: Կարելի է եւ պէտք է փոխել կեանքի պայմանները, որպէսզի արագանայ հասունանալու գործողութիւնը, բայց ատոր համար դարձեալ ժամանակ ու երկարատեւ աշխատանք է հարկաւոր:

Անկախ այս հանգամանքէն, բանուորներու թիւը այնքան չնչին է Հայաստանի մէջ (ազգաբնակութեան կէս տոկոսէն ալ պակաս), որ բանուորութիւնը՝ եթէ նոյն իսկ ունենար դասակարգային ամենաբարձր գիտակցութիւն եւ ամենակուռ կազմակերպութիւն, դարձեալ պիտի չկարողանար ներկայացնել քաղաքական որեւէ ուժ եւ յամենայն դէպս պիտի չկարողանար թելադրել երկրին իր կամքը:

Գիւղացիութիւնը, որ կը կազմէ Հայաստանի ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը եւ որուն կը պատկանի վճռական խօսքը պետական կեանքին մէջ, շատ հեռու է ընկերվարական ձգտումներէ:

Հայաստանը չունի - կամ համարեա չունի - գիւղական պրոլետարիատ: Գիւղական պրոլետարիատը ծնունդ կ՚առնէ այնտեղ միայն, ուր կայ խոշոր կալուածատիրութիւն եւ դրամատիրական խոշոր տնտեսութիւն կամ գոնէ գիւղացիական հարուստ, զանգուածներէն անջատուած դասակարգ - գիւղական բուրժուազի:

Մեր երկրին մէջ չկայ ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը եւ ոչ երրորդը:

Հայ գիւղացին - շատ չնչին բացառութիւններով - նստած է կա՛մ պետական կամ սեփական հողի վրայ եւ կը վարէ իր տնտեսութիւնը սեփական միջոցներով: Ի՛նչ խօսք, որ կան գիւղացիներ աւելի կամ պակաս ունեւոր (ճիշդը կ՚ըլլար ըսել՝ աւելի կամ պակաս չքաւոր), բայց այս հանգամանքը չի փոխեր անոր ընկերային դիամգիծն ու էութիւնը. անոնք կը մնան սեփականատէրեր,- թէեւ աղքատ, բայց սեփականատիրոջ յատուկ հոգեբանութիւնով ու ձգտումներով:

Հայաստանը չունի նաեւ բուրժուազի, իբրեւ ընկերային դասակարգ, որ կը հակադրէ աշխատաւորութեան առ հասարակ եւ պրոլետարիատին մասնաւորապէս, այսինքն՝ փոքրամասնութենէ կազմուած զօրեղ դասակարգ մը, որ կեդրոնացուցած է իր ձեռքին մէջ երկրի հարստութիւնը եւ դրամատիրական խոշոր ձեռնարկներու միջոցով կը շահագործէ ժողովրդական աշխատաւոր զանգուածները: Բուրժուազին ու պրոլետարիատը ծնունդ են նոյն ընկերային-տնտեսական կառուցուածքի, կը պայմանաւորեն մէկը միւսը, անբաժան են մէկը միւսէն եւ հասկնալի է որ ուր չկայ մէկը, չկայ եւ միւսը:

Մեր երկրին մէջ չկան ո՛չ խոշոր կապիտալ, ո՛չ խոշոր կապիտալիստներ: Չկային արդէն նախապատերազմական շրջանին, իսկ պատերազմի ընթացքին ոչնչացան նաեւ այն հատուկտոր սաղմերը, որ նոր սկսած էին ծիլ տալ հայ հողի վրայ:

Այն չնչին կապիտալը, որ ներկայիս գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ, բաժանուած է, մանրուած, փոշիացած բազմաթիւ ձեռքերու մէջ:

Չկան դրամատուներ ու սեղանաւորներ, չկան գործարաններ ու խոշոր արհեստանոցներ, չկայ կեդրոնացած արդիւնաբերութիւն: Չկան մասնաւոր սեփականութիւն կազմող կամ մասնաւոր դրամագլուխով շահագործուող հանքային հարստութիւններ: Չկան մասնաւոր ընկերութիւններու պատկանող երկաթուղիներ ու ջրանցքներ, հեռագրական ու հեռախօսական գծեր, չկան խոշոր առեւտրական տներ կամ առեւտրականներու միութիւններ, չկան հում նիւթերու կամ պատրաստ ապրանքի պահեստներ,- մի խօսքով՝ չկան իրն ու իրատէրը, կապիտալն ու կապիտալիստը, որոնց դէմ աշխատաւորութիւնը պիտի ուղղէ իր հարուածը եւ՝ խորտակելով հինը՝ ընկերային նոր կարգեր հաստատէ:

(*) ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ՝ Նախաբանը գրեց, հարցազրոյցն ու Քաջազնունիի յօդուածը՝ արեւմտահայերէնի վերածելով հրապարակութեան պատրաստեց։

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018