ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՐԻ՞Ք, ԹԷ ԲԱՐԻՔ

Պետութիւններու արդի պատմութեան ընթացքին դիւանագիտութիւնը եղած է անոնց գործունէութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին: Այո, դիւանագիտութիւնը ինքնին շատ հին պատմութիւն չունի եւ յարաբերաբար նոր ընկերային գիտութիւն կը համարուի, բայց այն 20-րդ եւ ներկայ 21-րդ դարուն վերելք ապրեցաւ զանազան պատճառներով: Հին դարերուն կայսրութիւնները, պետութիւնները կամ պետական միաւորներն ու նոյնիսկ ժողովուրդներն ու հաւաքականութիւնները դիւանագիտութիւն չէին վարեր: Յաղթանակները եւ այսպէս ըսած՝ նուաճումները արդիւնք էին պատերազմներու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններու: Աւելի մօտ դարերուն կամաց-կամաց սկսաւ ձեւաւորուիլ դիւանագիտական գործունէութիւնը, իսկ 18-րդ դարուն արդէն վերջնականապէս կայացած ճիւղ էր պետական արտաքին յարաբերութիւններու մշակման ու տնօրինման մէջ: Հաւանաբար, Մաքեաւելիի «Իշխան» գիրքը առաջին համընդհանուր գիծերը կազմողն էր դիւանագիտութեան եւ անոր յաջորդեց հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ՝ պետութիւններու միջազգային յարաբերութիւններուն շուրջ:

18-րդ դարուն միջազգային բեմահարթակին վրայ բազմաթիւ պետութիւններու յայտնուիլը՝ արդէն իսկ բերաւ քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան նոր ու տարողունակ իրողութիւններ, իսկ ներկայ դարուն արդէն մեծ ու բազմաբովանդակ պարունակութիւն ստացաւ դիւանագիտութիւնը: Ներկայիս աւելի քան 190 պետութիւններու գոյութիւնը գծագրեց ճիւղաւորուած, այլազան, բարդ ու միաժամանակ համարկուած ու հակադրուած միջազգային յարաբերութիւններ: Պետութիւններու ընդհանուր շահը որքանո՞վ համակերպուեցաւ ու ընթացաւ մարդկային մեծ հասարակութեան շահերուն հետ, դժուար է ըսել: Պարզ է, թէ համաշխարհային համադրումները գերպետութիւնները կը կատարեն, անկախ անոնց շահադիտական կամ իտէալական մօտեցումներէն:

Դիւանագիտութիւնը ինքնին միջոց մըն է պետութիւններու շահերը իրականացնելու, բայց եւ այնպէս, այն չենք կրնար բարոյագիտական հասկացողութեամբ վերլուծել ու դասակարգել, քանի դիւանագիտութիւնը «մաքեաւելական» խաղ է, որ միջոցներու մէջ տարբերութիւններ չի դներ հասնելու մեծ ու փոքր, ազնիւ եւ անազնիւ նպատակներու: Եւ, առաւելաբար, կայ այն ժողովրդային ու հասարակական ընկալումը, որ դիւանագիտութիւնը բարեսիրական ու բարեմասնական ոլորտ մըն է, նաեւ այն աւելի այսպէս ըսած՝ չարախինդ ոլորտ մըն է, ուր տեղի կ՚ունենան մութ ու դաւադրական գործարքներ, պայմանաւորուածութիւններ, համաձայնութիւններ եւ այլն… իրականացուած՝ որոշակի կողմերու ընդդէմ ուրիշ կողմերու: Ինքնին երբ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կան մեծ թիւով հակամարտութիւններ՝ աւելի կը բարձրանայ դիւանագիտական գործունէութեան այսպէս ըսած՝ մակընթացութիւնները, խուսանաւումներն ու գործունէութիւնները։ Դիւանագիտական առումով կայ ընդունուած մօտեցում մը, որ միաբեւեռ աշխարհին մէջ մեծ ու գերհզօր երկիրները դիւանագիտութիւն չեն վարեր, այլ պարզապէս կամք կը պարտադրեն. օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այդ կամք պարտադրելու ընթացքին հաւանաբար «դիւանագիտական խաղեր» ըլլան, բայց անոնք ակադեմական ու ուսումնասիրական տեսակէտէ դիւանագիտութիւն չի կրնար համարուիլ, որովհետեւ կատարուած են պզտիկ ու խնդիրներ ունեցող երկիրներու կողմէ: Եթէ պարզեցուած իրականազերծմամբ դիւանագիտութիւնը ընկալենք իբրեւ «խաբելու արուեստ», ապա մեծ ու գերպետութիւնները խաբելու կարիք չունին դիւանագիտութեամբ, քանի կարիք ունենալու ժամանակ ուժի գործադրմամբ իրենց կամքը կը պարտադրեն դիւրաւ եւ արդիւնքին կու տան դիւանագիտական, խաղաղական եւ նոյնիսկ ազնիւ կաղապարում:

Պզտիկ երկիրներուն համար դիւանագիտութիւնը աւելի էական է ու անհրաժեշտ՝ իրենց խնդիրները մեղմացնելու: Այստեղ միայն եւրոպական պզտիկ երկիրներն են, որոնք բացառութիւն կրնան համարուիլ։ Անոնք կը գտնուին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ, որ քաղաքական տարբեր չափանիշներով կը բանի եւ կրցած է ստեղծել նուազագոյն ապահովական համակարգ մը՝ իր անջրպետին մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024