ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Լաւ անուն ունենալը լա՞ւ է մարդուն համար:
Պատասխան. Անշուշտ որ լաւ անուն, լաւ համբաւ ունենալը լաւ է մարդուն համար: Առակագիրը այս մասին կը գրէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է» (Առ 22.1):
Առակագիրին այս ըսածը չի՛ նշանակեր, որ մարդուն անունն է լաւ, որ իր ծնողներէն ստացած է, որով կը կոչեն զինք, այլ՝ այն բոլոր լաւ ու դրական յատկութիւններով, որոնցմով օժտուած է եւ իր առաքինի կեանքին պատճառով բարի համբաւ ու լաւ անուն վաստակած է:
Արդարեւ, մարդ պէտք է առաքինի ըլլայ միշտ եւ ամէն տեղ, որովհետեւ առաքինութիւնն է, որ մարդս կը գեղեցկացնէ ու կը քաղցրացնէ զինք, ո՛չ միայն մարդոց համար, այլեւ՝ Աստուծոյ: Մարդ երբ իր այս կեանքին մէջ, իր շրջապատին հանդէպ բարի ու առաքինի կ՚ըլլայ, համբերատար, ներողամիտ ու ողորմած, ապա այդպիսով իրականացուցած կ՚ըլլայ իր կոչումը, որ ի սկզբանէ տրուած է իրեն՝ ըլալլ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը, ինչպէս նաեւ Տիրոջ հաճութիւնը շահելով, ինքզինք ապահոված կ՚ըլլայ հանգրուանելու սուրբերուն համար պատրաստուած յարկերէն ներս:
Այսօրուան աշխարհը այս իրականութիւնը շրջած է սակայն, այսինքն՝ այսօրուան ընկերութիւնը լաւ անուն, բարի համբաւ եւ շնորհք ունեցող մարդէն աւելի, հարուստ մարդոց է որ տեղ կու տայ ու կը մեծարէ: Պահ մը նայեցէք ձեր չորս կողմը եւ պիտի տեսնէք, թէ քանի՜ քանի առաքինի ու լաւ համբաւ ունեցող մարդիկ անուշադրութեան, անտարբերութեան ու մոռացութեան մատնուած են, մինչ անդին հարուստ մարդիկ, որոնք բառիս բուն իմաստով տմարդի են, կը մեծարուին, ընկերութեան մէջ յատուկ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կ՚արժանանան, մէկ խօսքով կը փառաւորուին: Այն ինչ իմաստունին խօսքը շա՜տ յստակ է. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է»: Հարստութիւնը մարդուս ո՛չ մէկ բանով օգտակար կրնայ ըլլալ, եթէ մարդ ի՛նք կառավարողը չէ այդ հարստութեան, այլ՝ հակառակն է. մինչ, եթէ մարդ ի՛նք է կառավարողը հարստութեան, այդ պարագային այդ օգուտ եւ օրհնութիւն կ՚ըլլայ մարդուն համար: Մարդ ո՛չ թէ հարստութեան ետեւէ պէտք է իյնայ, այլ՝ բարի անուն ունենալու եւ Աստուծոյ իրեն պարգեւած շնորհքներով կեանք մը ունենալուն եւ կեանքով ապրելուն:
Սուրբ Ամպրոսիոս կը գրէ. «“Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է”. հաւատքը ինքնին ինքզինք ամրացնող է, այն բաւարար հարստութիւն է եւ նոյնիսկ աւելին, քան հարստութիւն ձեռք բերելը: Իմաստունը չի՛ կրնար ոչինչ ձեռք բերել, բացի այն բանէն, ինչը կը հակասէ առաքինութեան, եւ ուր որ ալ երթայ՝ ամէն ինչ իր սեփականութիւնը կը տեսնէ: Ամբողջ աշխարհը իր սեփականութիւնն է, որ կը ծառայէ իրեն՝ իբրեւ իր տէրը»:
Մարկոս Մինուկիոս Ֆելիքսը (երրորդ դարու քրիստոնեայ ջատագովներէն մէկը, որու մասին շատ բան յայտնի չէ) կը գրէ. «Եթէ ըսուի թէ մեր մեծամասնութիւնը աղքատներ են, ապա ատիկա մեր փառքն է եւ ո՛չ թէ մեր ամօթը:
Ինչպէս որ միտքը շքեղութեան պատճառով կը թուլնայ, այդպէս ալ խնայողութեան միջոցով կը զօրանայ: Այդուհանդերձ, ով որ կրնայ աղքատ ըլլալ եւ ո՛չ մէկ բանի կարօտութիւն զգալ, ինչպէս նաեւ չցանկայ ուրիշին ունեցածը, այդպիսին Աստուծոյ դատաստանով հարուստ է:
Ա՛ն մարդը աւելի աղքատ է, որ թէեւ շատ ունի, բայց աւելի կը ցանկայ…:
Երջանիկ է ան, ով գիտէ ինքզինք աղքատութենէն բարձրացնել, այլ ո՛չ թէ հառաչել հարստութեան ծանրութեան տակ: Սակայն, եթէ կը կարծենք, որ հարստութիւնը օգտակար է մեզի՝ խնդրե՛նք զայն Աստուծմէ, եւ Ան՝ որ ամէն ինչի Տէրն է, կարող է մեզի բաժին հանել: Սակայն մենք կը գերադասենք արհամարհել հարստութիւնը, քան դպնալ անոր:
Մենք հարստութենէ աւելի լաւը կը խնդրենք՝ անմեղութիւն, ինչպէս նաեւ կը նախընտրենք համբերութիւն խնդրել ու կը փափաքինք լաւ [արդար] ըլլալ, քան մոլորիլ»:
Մարդ ո՛չ թէ երկրաւոր հարստութիւնը պէտք է փնտռէ, այլ՝ երկնային: Ո՛չ թէ գնայուն հարստութեան ետեւէն պէտք է ըլլայ, այլ՝ մնայուն եւ յաւերժական: Ո՛չ թէ ժանգոտող ու ցեցի ենթական հարստութեան հետամուտ պէտք է ըլլայ, այլ՝ մաքուր եւ չխամրող հարստութեան, որ երկինքի մէջ է: Յիշենք Տէր Յիսուսի խրատը. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատը քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21): Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Ուշադրութիւն ըրէք, կ՚ըսուի՝ “ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ”: Ընդհանրապէս երկրաւոր հարստութիւնը մարդիկ կը դիզեն իրենց սեփական անձերուն համար: Մինչդեռ երկինքի մէջ դիզողները՝ երբեք իրենց սեփական անձերուն համար չեն դիզեր, այլ ուրիշներուն բաշխելով է՝ որ կը դիզեն: Այդ բաշխումը Յիսուս “ողորմութիւն” կոչած է: “Ողորմութիւն տուէք, կ՚ըսէր, եւ ատով է, որ երկինքի մէջ ձեր գանձերը պիտի աւելնան: Եւ Աստուծոյ առջեւ պիտի ունենաք հարստութիւն մը, որ երբեք չի կորսուիր”»:
Հետեւաբար, մարդ նիւթական հարստութենէ աւելի յաւիտենական, մնայուն հարստութեան մասին պէտք է մտածէ: Ատոր հասնելու համար, մարդ պէտք է աշխատի ինքն իր վրայ, լաւ համբաւ ձեռք ձգելու, առաքինի ըլլալու, Աստուծմով հարստանալու, որովհետեւ «որքան ալ որ մարդը նիւթականով առատանայ կամ հարստանայ, եթէ Աստուծոյ համար առատացած կամ հարստացած չէ, ապա ոչինչ ունի՝ հակառակ իր նիւթական հարստութեան: Աստուծոյ ներկայացած ատենը՝ ան ամբողջապէս մերկ կը գտնուի եւ իր ձեռքերը դատարկ կ՚ըլլան»:
Հետեւաբար, հետամուտ պէտք է ըլլալ Աստուծմով հարստանալու, որպէսզի հանդերձեալին մեր վիճակով չկանգնինք Աստուծոյ դիմաց, այլ՝ մեր բարի համբաւով, առաքինի կեանքով գործած բարեգործութիւններով ու ողորմութիւններով, որով արժանի ըլլանք Աստուծոյ ողորմութեան եւ յաւիտենական կեանքին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 104
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024