Սերունդներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Հայ Ընտանիքէն Ներս

Իբ­րեւ հո­գե­բոյժ, հայ ըն­տա­նիք­նե­րու հետ աշ­խա­տե­լու ժա­նա­նակ յա­ճախ կը դի­մագ­րա­ւեմ հար­ցեր, ո­րոնց պատ­ճա­ռը սե­րունդ­նե­րու մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին եւ մտա­ծե­լա­կեր­պի տար­բե­րու­թիւն­ներն են: Ընդ­հան­րա­պէս, այս բա­խում­նե­րը Ա­մե­րի­կա ծնած հա­յե­րու եւ ի­րենց ծնող­նե­րուն մի­ջեւ կ՚ըլ­լան. ծնող­ներ, ո­րոնք Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ա­ռա­ջին սե­րուն­դի գաղ­թա­կան­ներ են: Այս հար­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ ձե­ւը ըն­տա­նի­քին բա­ցատ­րելն է տար­բե­րու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան հա­մայ­նա­կան եւ ա­մե­րի­կեան ան­հա­տա­պաշտ մշա­կոյթ­նե­րուն մի­ջեւ:

Շատ ծնող­ներ չեն հասկ­նար, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ՚ըն­դու­նին ի­րենց շուրջ տի­րա­պե­տող ա­մե­րի­կեան մշա­կոյ­թը, որ կը քա­ջա­լե­րէ ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ինք­նա­բա­ւու­թիւ­նը: Ե­րա­խա­ներ շատ կա­նուխ տա­րի­քէն այս ար­ժէք­նե­րը կ՚իւ­րաց­նեն: Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ ծնող­ներ կ՚ու­զեն, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ի­րենք ի­րենց հոգ տա­նին: Նոյ­նիսկ երբ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը տա­կա­ւին փոքր են, ա­մե­րի­կա­ցի ծնող­նե­րը կը քա­ջա­լե­րեն, որ ա­նոնք մաս­նա­կից ըլ­լան՝ երբ կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ կ՚առ­նուին: Ա­մե­րի­կա­ցի ե­րա­խա­ներ կա­նուխ տա­րի­քէն կը սկսին անձ­նա­կան կար­ծիք­ներ կազ­մե­լու:

Այս տե­սա­կի մշա­կոյթ­նե­րուն մէջ, ան­ձի մը ինք­նու­թի­նը կա­խեալ է այդ ան­ձին հա­ւատ­քէն, հա­մո­զում­նե­րէն եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն: Այս չի նշա­նա­կեր, որ ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րը եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը ան­կա­րե­ւոր են: Սա­կայն, մեր զա­ւակ­նե­րը կ՚ընտ­րեն ի­րենց հա­ւատք­նե­րը՝ բաղ­դա­տե­լով ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րը ըն­կե­րու­թեան ար­ժէք­նե­րուն հետ, զա­տե­լով այն, ինչ կը հաւ­նին կամ կը տես­նեն որ­պէս անհ­րա­ժեշտ: Երբ զա­ւակ­ներ ա­մօթ կամ մե­ղա­ւոր զգան, այդ զգա­ցում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը բխին տար­բեր մտա­ծե­լա­կեր­պե­րու բա­խում­նե­րէն: Եր­բեմն, երբ զա­ւակ­ներ մեծ տար­բե­րու­թին­ներ կը տես­նեն ի­րենց եւ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն մի­ջեւ, մե­ղա­ւոր եւ ա­ռան­ձին կը զգան:

Հա­մայ­նա­կան մշա­կոյթ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ հայ­կա­կան, ծայ­րա­գոյ­ն-ա­րե­ւե­լեան, մի­ջի­ն-ա­րե­ւե­լեան, ափ­րի­կեան եւ բնիկ ա­մե­րի­կեան մշա­կոյթ­նե­րը, ան­ձը իր ըն­կե­րու­թեան եւ հա­մայն­քին մաս կը կազ­մէ՝ փո­խա­նակ զատ էու­թիւն ըլ­լա­լու:

Այս տե­սա­կի մշա­կոյթ­նե­րուն մէջ, անձ­նա­կան ինք­նու­թիւ­նը կա­պուած է ան­ձին՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ եւ հետ ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն: Օ­րի­նա­կի հա­մար, անձ մը, իր հա­մայն­քին մէջ, կրնայ առ­նել մայ­րա­կան դեր՝ ու­րիշ­նե­րու նե­ցուկ կանգ­նե­լով: Կամ՝ ու­րիշ անձ մը կրնայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն նիւ­թա­պէս օգ­նել: Այս տե­սա­կի մշա­կոյթ­նե­րուն մէջ, ընդ­հան­րա­պէս յստակ դա­սա­կար­գում կայ՝ հիմ­նուած տա­րի­քի եւ սե­ռի վրայ, մեծ­հայ­րե­րու իշ­խա­նու­թեան տակ: Ըն­տա­նի­քի օ­րէնք­նե­րը բա­նակ­ցու­թեան են­թա­կայ չեն, եւ մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը պահ­պա­նուին: Օ­րի­նա­կի հա­մար, աղ­ջիկ­ներ ի­րենց ծնող­քին հետ կ՚ապ­րին մին­չեւ ա­մուս­նու­թիւն, իսկ տղաք, նոյ­նիսկ երբ ի­րենց քոյ­րե­րէն փոքր են, ա­ւե­լի հե­ղի­նա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նան տան մէջ:

Ըն­տա­նի­քի փա­փաք­նե­րը եւ կա­րիք­նե­րը միշտ անձ­նա­կա­նէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր են: Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ըն­տա­նի­քին հան­դէպ յստակ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ու­նին: Բո­լո­րը գի­տեն, թէ ի­րենց վա­րուե­լա­կեր­պը եւ ո­րո­շում­նե­րը ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին վրայ կրնան ազ­դել: Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը միշտ ստի­պ-ւած են պաշտ­պա­նե­լու ըն­տա­նի­քին պա­տի­ւը եւ շա­հե­րը: Սխալ­ներ եւ վատ գոր­ծեր ա­մօ­թա­լի են ոչ միայն ան­ձին, այլ ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին հա­մար: Ծնող­նե­րու կար­ծի­քը եւ բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր են զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք միշտ կը ջա­նան ի­րենց ծնող­քին հա­մակ­րան­քը շա­հիլ: Զա­ւակ­նե­րը նաեւ կը հե­տե­ւին ծնող­քի խրա­տին, նոյ­նիսկ անձ­նա­կան ո­րո­շում­նե­րու պա­րա­գա­յին, օ­րի­նակ՝ կո­ղա­կի­ցի կամ աս­պա­րէ­զի ընտ­րու­թեան ըն­թաց­քին: Ծնող­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րով եւ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով կը հպար­տա­նան:

Շատ հայ ըն­տա­նիք­ներ կը բնա­կին multi-սերն­դա­յին տու­նե­րու մէջ, ուր եր­բեմն ե­րեք սե­րունդ­ներ միա­սին կ՚ապ­րին: Մեծ­հայ­րե­րը ու մեծ­մայ­րե­րը կ՚ապ­րին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն հետ, եւ կը վա­յե­լեն բարձր հե­ղի­նա­կու­թիւն, կը վա­յե­լեն ըն­կե­րա­յին դա­սա­կար­գում­նե­րու ա­մե­նա­բարձր դիր­քե­րը: Ի­րե՛նք են, որ ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն տէր կը կանգ­նին: Ա­նոնք նաեւ ըն­տա­նի­քի փոք­րե­րը կը հո­գան: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, այս դե­րե­րը կը փո­խուին եւ թոռ­նե­րը ծե­րա­ցող ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կը հո­գան: Հայ զա­ւակ­նե­րը ի­րենց ըն­տա­նի­քի ծեր ան­դամ­նե­րուն հան­դէպ պա­տաս­խա­նա­տու կը զգան:

Օ­տա­րու­թիւ­նը եւ ձու­լու­մը բնա­կա­նա­բար բա­խում­ներ եւ հար­ցեր կը ստեղ­ծեն ա­ւան­դա­կան հայ ըն­տա­նի­քէն ներս: Օ­րի­նա­կի հա­մար, հայ­րը կրնայ զգալ, որ իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը վտան­գի տակ կ՚ըլ­լայ, ե­թէ իր կի­նը աշ­խա­տե­լու սկսի եւ իր­մէ ա­ւե­լի դրամ շա­հի: Կամ՝ ե­րա­խա­ներ եր­բեմն կ՚առ­նեն այն­պի­սի դե­րեր, ո­րոնք ի­րենց տա­րի­քին յար­մար չեն սե­պ-ւիր Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ: Օ­րի­նակ՝ ե­րա­խա­ներ ի­րենց ծնող­նե­րուն կ՚օգ­նեն՝ տե­ղա­կան լե­զուն թարգ­մա­նե­լով կամ հի­ւանդ ծնող­նե­րու հոգ տա­նե­լով: Ե­րա­խա­ներ դիւ­րու­թեամբ կը հա­մա­կեր­պին նոր մի­ջա­վայ­րե­րու, ինչ որ ինք­նին կրնայ միջ­սերն­դա­յին բա­խում ստեղ­ծել, երբ ծնող­ներ զգան, թէ ի­րենց եւ զա­ւակ­նե­րուն մի­ջեւ մեծ տար­բե­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծուին:

Օ­տա­րու­թիւ­նը նաեւ մեծ հար­ցեր կը ստեղ­ծէ ե­րի­տա­սարդ չա­փա­հաս­նե­րու մօտ։ Որ­պէս հո­գե­բոյժ, հան­դի­պած եմ բազ­մա­թիւ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք բու­ժուե­լու կու գան՝ ի­րենց ներ­քին զգա­ցա­կան պայ­քա­րէն ելք մը գտնե­լու հա­մար։ Ա­նոնք կը տա­ռա­պին ա­ւան­դա­կան հա­մայ­նա­կա­նու­թեան մշա­կոյ­թին, ուր ծնած են, եւ ա­րեւմ­տեան ան­հա­տա­պաշ­տու­թեան մշա­կոյ­թին, ուր մեծ­ցած ու ազ­դուած են, մի­ջեւ մղուած պայ­քա­րով: Ճիշդ այս պատ­ճա­ռով ալ, ա­նոնք կը փոր­ձեն գտնել հա՛յ հո­գե­բոյժ­ներ, ո­րոնք զի­րենք լա­ւա­պէս կը հասկ­նան:

Բո­լո­րիս նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ բաղ­դա­տել հայ­կա­կան, հա­մայ­նա­կան կեն­ցա­ղը, եւ ա­րեւմ­տեան, ան­հա­տա­պաշտ կեն­ցա­ղը, նաեւ հասկ­նալ իւ­րա­քան­չիւ­րին լաւ ու վատ կէ­տե­րը ու փոր­ձել մեր կեան­քե­րը հա­ւա­սա­րակշ­ռել եր­կու­քին մի­ջեւ:

ՄԱՐԻԱՄ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

Psy.D. հո­գե­բոյժ, «Փե­փըր­տայն» հա­մալ­սա­րա­նի adjunct փրո­ֆե­սէօր եւ Pacific Clinics-ի խորհր­դա­տուա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ.

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016