ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ
Ճանապարհորդութիւնը միայն երթուղիներու եւ խաչմերուկներուն հետ կապուած, զուգորդուած գոյական մը չէ, այլ ան գրականութեան տարբեր ժանրերու, աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան մէջ տարբեր իմաստներով օգտագործուած բառ մըն է։ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերու գործերուն մէջ ալ յաճախ կը հանդիպինք այս կամուրջ-բառին, որուն նշանակութիւնը մէկ բան է՝ ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ։ Յովնան Սրբազանի գրչին պատկանող «Ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ հետ» խորագրեալ գրքոյկը նուիրուած է հաւատաւոր հայորդիին, որպէսզի սոյն գիրքը ընթեռնելով՝ կարողանայ իր հոգւոյն հայելիին դիմաց ինքզինք տեսնել, խոկալ իր բազմապիսի մեղքերուն մասին եւ աստուածպաշտութեան խորհուրդով յագենալ։
Գերաշնորհ Սրբազան Հօր այս գրքոյկին մէջ կը հանդիպինք քառասնօրեայ պահեցողութեան իւրաքանչիւր օրուան համար նշուած 40 գրութիւններու՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Պարզութիւնը Սրբազանին հիմնական զէնքներէն մին է։ Առանց ամպագորգոռ բառերու, ան իր իւրայատուկ ու խօսուն ոճով կը կարողանայ ընթերցողին հոգւոյն մէջ ներթափանցել եւ իր հայրական խորհուրդները փոխանցել։ Գրքոյկը կը բաղկանայ 89 էջերէ եւ երկու մասերէ՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Բարեջան Առաջնորդը խօսելով գրքոյկին լոյս ընծայման մասին՝ յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ. «Ներկայ համեստ աշխատանքով կը միտինք հաւատացեալը ուղղորդել Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան, որուն մեկնակէտն է Աստուած։ Աստուծոյ սիրով եւ իմաստութեամբ լեցուելու համար անհրաժեշտ է ունենալ աղօթքի նուիրուած յատուկ պահեր եւ պահեցողութիւն։ Մեր սպասումն է, որ ընթերցող հաւատացեալը օրուան աւետարանական ընթերցումներով առաջնորդէ իր կեանքը եւ մնայ հաւատարիմ մեր հայրերու քրիստոնէական հաւատքին»։
Գրքոյկը երբ ընդհանուր շրջածիրին մէջ առնենք, պիտի տեսնենք որ հեղինակը գլխաւորաբար վեր առած է բարոյական արժէքները եւ անոնց շուրջ տարբեր վերլուծութիւններ կատարած, ինչպէս նաեւ ընդգծած քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքէն ներս։ Մեծ Պահքը, Գերաշնորհ Սրբազանին համաձայն՝ ինքնաքննութեան, ինքասրբագրման, ապաշխարութեան եւ վերածնունդի հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս ուղղուած։ Սրբազանը զուր տեղ իր գրքոյկը «Ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ հետ» չէ կոչած։ Ճանապարհորդութիւնը ապաշխարութիւն կ՚ենթադրէ։ Գիրքը ընթերցողը անպայմանօրէն պիտի նկատէ, որ Սրբազանը շեշտը դրած է ապաշխարութեան վրայ եւ բացատրած է, թէ ապաշխարութեամբ կարելի է գիտակցիլ մեր բարոյական տկարութեանց մասին եւ խորաթափանց անաչառ ինքնաքննութեամբ տեսնել մեր անձին անկումները, սայթաքումները, վերլուծել անոնց դրդապատճառները եւ անկեղծ վերադարձով մը Աստուծոյ մօտենալ։ Սթափումի կոչ է, որ կ՚ուղղէ Յովնան Սրբազանը եւ կը հրաւիրէ ընթերցողը հոգեպէս արթննալ եւ ապաշխարել։ Ապաշխարութիւնը, ըստ Սրբազան Հօր, Քրիստոսի մէջ բնակիլ եւ Քրիստոսի բնակարան դառնալ է, սրբուիլ եւ դէպի սրբութիւն քալել է։ Հոգեպէս արթննալը Քրիստոսով քաւուիլ ու արդարանալ է, աստուածային մեր պատկերը վերապայծառացնել ու վերականգնել է։ Ապաշխարութիւնը աշխարհին երես դարձնել ու Աստուծոյ երեսը փնտռել է, զազրելի մեղքին հանդէպ մեր սրտերուն մէջ զզուանք բուծանել է եւ արդարութեան նկատմամբ մեր սէրը բորբոքել է։
Բանանք գրքոյկը եւ փորձենք ծանօթանալ Սրբազան Հօր կողմէ կատարուած ծաղկաքաղ վերլուծումներուն.
«Երկրի վրայ գանձեր դիզելը ժամանակավրէպ է։ Մշտական գանձեր պիտի դիզենք երկինքի մէջ, ուր ամէն ինչ ապահովուած է Աստուծոյ հովանիին տակ։ Երկինքէն կտոր մըն է նաեւ մարդկային հոգին, ուր պիտի լեցուի Աստուծոյ խօսքն ու շունչը, որուն առաջնորդութեամբ ալ պիտի առաջնորդենք ե՛ւ մեր կեանքը ե՛ւ մեր շուրջիններունը։ Երկրի վրայ հաւաքուած գանձերուն տէրը մենք չենք եւ կեանքն ալ այդ ցոյց կու տայ։ Որովհետեւ նիւթական արժէքները ժամանացելի են եւ կորստական։ Անժամանցելին՝ հոգեւորն է ու բարոյականը, որուն պիտի ձգտինք եւ ներքին փափաքը պիտի ունենանք»։
Սրբազան Հայրը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ խօսքով ապրող մարդը իր կեանքը կապելով երկնքին ու երկնայինին հետ, ապրելով աստուածահաճ եւ աստուածակեդրոն կեանք մը՝ գանձ կը դիզէ երկնքի մէջ եւ երկնքի արքայութեան ժառանգակից կը դառնայ։ Մինչդեռ նիւթական վաղանցուկ արժէքով իր կեանքը հարստացնող մարդը, միշտ իր կարելին կ՚ընէ, որ յանկարծ չնսեմանայ մարդոց հայեացքին, բայց անդին կը մոռնայ, որ մամոնային ու աշխարհայինին ծառայելով՝ կը դառնայ աստուածատեաց ու նիւթապաշտ։ Գերաշնորհ Սրբազանը կը շեշտադրէ, թէ երկնաւոր մեր Հայրը կը տխրի՝ երբ մեր ունեցած հարստութիւնը նկատենք մեր կեանքի գոյատեւման ու երջանկութեան աղբիւրը, երբ անդին Ի՛նքն է այդ հարստութիւնը մեզի պարգեւողը եւ այդ հարստութիւնն իսկ է։ Ով որ այս աշխարհի վաղանցուկ հարստութեան կը վստահի, որքան ալ հարուստ ըլլայ՝ իսկական աղքատ մըն է Աստուծոյ աչքին։ Իսկ ան որ հաւատքով Աստուծոյ կը վստահի, որքան ալ աղքատ ըլլայ՝ իսկական հարուստ մըն է Աստուծոյ աչքին։
«Ընկերները կը սիրենք շատ բնականօրէն, բայց քրիստոնեային պարտքը պիտի ըլլայ պայծառակերպել նաեւ թշնամիին կեանքը։ Շատերուն համար կրնայ զարմանալի թուալ այս ակտը, բայց աղօթքով ապրողը իր մէջ կը զգայ կոչումը՝ բոլորը սիրելու եւ իր յարգանքը ցոյց տալու ոչ միայն իր ընկերոջ, այլեւ՝ անխտիր բոլորին եւ ընդհուպ մինչեւ իսկ թշնամին։ Քրիստոս կը պատգամէ, որ մենք աղօթենք նաեւ մեր թշնամիներուն համար։ Մենք կը հաւատանք հաստատապէս, որ թշնամիին նկատմամբ խոր իմաստ մը ունի։ Այս պարագային ներազդեցութիւն մը կ՚ունենանք տուեալ անձին կեանքին մէջ»։
Տարբեր էջերու մէջ Սրբազանը խօսած է նաեւ սիրոյ մասին եւ կարեւորած սիրոյ առկայութիւնը մեր կենսընթացին։ Քրիստոնեան պէտք է իր կեանքը ապրի «սէր առ Աստուած եւ սէր առ մարդիկ» կարգախօսով։ Աստուած սիրելը առկախ եւ անիմաստ սէր մը կը դառնայ առանց մարդը, թշնամին սիրելուն։ Աստուած սիրելու մարտահրաւէրը թշնամին սիրելն է, մեզի հանդէպ իր առթած բոլոր դժուարութիւններուն մէջ։ Մարդը սիրելու պատկերին կրկնօրինակն է Աստուած սիրելը։ Սրբազանը դիտել կու տայ, որ կարելի չէ՛ սիրել զԱստուած եւ չսիրել Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդիկը: Կարելի չէ՛ պաշտել խաչեալ Փրկիչը եւ չսիրել մարդը, որուն համար Աստուածորդին խողխողուեցաւ եւ խաչուեցաւ: Կարելի չէ՛ ընդունիլ զՔրիստոս եւ անտեսել մարդը, որուն ընդունելու համար է որ Ան աշխարհ եկաւ ու մարմին զգեցաւ: Կարելի չէ՛ պատուել զՔրիստոս եւ անպատուել մարդը, որուն աստուածային պատիւ շնորհելու համար Քրիստոս հրաժարեցաւ Իր աստուածային փառքէն ու պատիւէն:
«Երբ անկեղծ բառերով մեր սրտի զգացումները կ՚առաքենք առ Աստուած, ապա այդ նոյն րոպէին եւէթ կ՚ապրինք հոգեւոր վերածնունդը։ Որովհետեւ մեր ու Արարիչն Աստուծոյ միջեւ կապը կ՚ամրապնդուի, երբ անկեղծ աղօթքով կը բանանք մեր հոգիին ծալքերը եւ ներքին փափաքը կ՚ունենանք ընդունելու Աստուծոյ շնորհն ու իմաստութիւնը…։ Երբ կ՚ապաշխարենք, ապա Աստուած մեզ կը հաստատէ մեր նախկին փառքին ու իշխանութեանը մէջ։ Անառակ Որին վերահաստատուեցաւ իր նախկին իրաւասութեանց մէջ, երբ իր հայրը գուրգուրալից իր ձեռքերը լայն բացաւ եւ զինք ընդունեց…»։
Ամենասրտագրաւ բաժիններէն է նաեւ «Անառակ Որդիին» նուիրուած երեք գլուխները, ուր Սրբազանը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս անառակ որդին ինքզինք մեղքի տիղմին մէջ խրած ու գերի դարձուցած էր, սնամէջ ու հաճոյաձիգ կեանք մը ապրած էր, իր համակ էութիւնը բարոյալլկող հաճոյքներով շրջապատած էր եւ ապա դարձի եկած էր՝ ըսելով. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղկ 15.21)։
Իսկատիպ քրիստոնեայ դառնալու համար, ինչպէս Սրբազան Հայրը կը նշէ, պէտք է անառակ որդիին նման հոգեպէս արթննալ եւ ինքնագիտակցութեան գալ՝ մեր մէջէն արմատախլելով չարին ցանած որոմները, խորտակելով չարին կանգնեցուցած մեհեաները եւ անոր փոխարէն Սերմանողին՝ Քրիստոսի ցանած փրկութեան սերմերը պահել որպէս երաշխիք փրկութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը կը յորդորդէ, որ իւրաքանչիւր ընթերցող ապաշաւող անառակ որդիին նման ճանապարհորդութիւն կատարէ ոչ թէ դէպի ցոփապաշտ կեանք, այլ՝ դէպի Հայրն Աստուած։ Մարդ իր բոլոր բարոյական անկումներուն մէջ կրնայ Աստուծոյ մերձենալ, իբրեւ սիրալիր եւ ներողամիտ հօր մը, հեռանալով իր արատաւոր անցեալէն եւ նորոգ կեանքի մը վերստեղծումով սրբութեան խորան մը կանգնեցնել իր ներսիդին՝ մշտապէս յարաբերութեան մէջ մնալու համար Տիրոջ հետ։ Ահա այս կո՛չն է, որ կ՚ուղղէ Յովնան Սրբազանը իր ընթերցողներուն։
Քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին հաւատաւոր հայորդին նախքան իր օրուան սկսիլը, երկու վայրկեան կտրուելով իր առօրեայէն՝ սոյն օգտաշատ գրքոյկին միջոցաւ կրնայ ըմբոշխնել քրիստոսախօս պատգամները եւ զանոնք կեանքի կոչել իր կենսընթացին։ Իսկ Սրբազան Հօր ուժ ու կորով կը մաղթենք, այսպիսի հարուստ ու բարոյախրատական գրութիւններով հարստացնելու հայ հաւատացեալներու հոգեւոր անդաստանը։
ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ