ՌՈՊԵՐԹ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ. «ԿՐՆԱՄ ԸՍԵԼ, ՈՐ ՀԱԼԷՊԻ ԳԱՂՈՒԹԸ Կ՚ԱՊՐԻ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ»

Կան մօտեցումներ, որոնց առջեւ լեզուդ կը բռնուի։ Ինչպէ՛ս դիմադարձել, ինչպէս պատկերացնել կամ ինչպէս նկարագրել ու կիսել պատմական գաղութի մը վերջալոյսին սկիզբը։

Անշուշտ, երբ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մասին կը խօսիս կամ կը գրես, հաշուի պիտի առնես, թէ ամենէն կարեւոր տուեալը այն է, որ ձեռքիդ տակ ունենաս փաստեր ու վկայութիւններ։ Փաստեր դէպքի վայրէն ու վկայութիւններ շուրթերէն անոնց, որոնք ապրեցան այդ գաղութի ապրած ամենէն ծանր պահերն ու արհաւիրքները։

Այս բոլորը ըսելէ ետք, անշուշտ առանց զգացական զեղումներու, իմ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնեմ վերջերս կատարուած հարցազրոյց մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր «Հալէպն ու հալէպահայութիւնը Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ութ տարի անց»։ Մեկնաբանութիւնները կը թողում ձեզի, եւ բարի ընթերցում։

Հալէպահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Ռոպերթ Սիւլահեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը։

-Ութ տարիներ անցան Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն, ի՞նչ կը մտածէք այդ տագնապին մասին, որ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ ինչպէս սուրիացի, այնպէս ալ տեղւոյն հայ բնակչութեան վրայ։

-Սփիւռքի վերջին «փոքրիկ պատմական Հայաստան»ն էր Հալէպ գաղութը, ուր համախմբուած էին եւ մեղուաջան աշխատանք կը տանէին սփիւռքեան հաստատութիւններն ու կուսակցութիւնները, բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, մեր երեք համայնքներն ու մտաւորականութեան սքանչելի խաւ մը:

Ութ տարի տեւող այս պատերազմական անորոշութեան մէջ տատանուող սփիւռքի մայր գաղութը նօսրացաւ եւ իր երբեմնի հմայքը կորսնցուց: Այս պատերազմը խանգարեց ապահով եւ սահուն կեանք վարող սուրիահայութեան վիճակը, նամանաւանդ Հալէպի մէջ: Ժողովուրդը ահուդողի տարիներ ապրեցաւ եւ տուաւ նահատակներ ու այդ մէկը պատճառ դարձաւ զանգուածային գաղթի՝ դէպի արեւմտեան երկիրներ: Կրնամ ըսել, որ Հալէպ գաղութը կ՚ապրի վերջալոյսի մը սկիզբը:

-Շատեր կ՚ըսեն, որ Սուրիոյ պատերազմը ծրագրուած էր այդ երկրի հողային ամբողջականութեան դէմ եղող, անոր ինքնիշխանութիւնը չյարգող տարբեր ուժերու կողմէ: Ի՞նչ տեսակէտ ունիք, արդեօք ձեր կարծիքով իրապէս Սուրիոյ պատերազմը ծրագրուա՞ծ էր:

-Երբ հարցերը սկսան, մեծ յոյսեր ունէինք, որ Հալէպի մէջ դժուար թէ պատահի այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ ուրիշ քաղաքներու պարագային։ Եւ իսկապէս, Սուրիոյ տագնապի առաջին մէկուկէս տարին Հալէպ հանդարտ էր, սակայն, երբ ահաբեկչական խումբեր ներթափանցեցին, վտանգը եղաւ անխուսափելի: Մեծ վստահութիւն ունէինք պետական զօրքի հզօրութեան վրայ, սակայն հարուածը մեր կարծածէն աւելի ուժգին էր:

Այսօր ես կը հաւատամ այն իրականութեան, որ Արաբական գարնան բուն նպատակը Սուրիան ծունկի բերելն էր, քանի որ ան կը հանդիսանար միակ արաբական երկիրը, որ չէր ենթարկուեր Արեւմուտքի համաշխարհայնացման քաղաքականութեան։ Սուրիան օրէ օր կը զօրանար՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ զինուորական-ռազմական բնագաւառներուն մէջ:

Այո, 85 արեւմտամէտ եւ արեւմտեան երկիրներ մասնակից դարձան Սուրիոյ քանդումին. ըլլա՛յ զինեալներ «ուղարկելով» կամ անոնց նիւթական աջակցութիւն ապահովելով: Անոնք կրցան գտնել դաւաճաններ, որոնք ծախեցին երկիրը եւ ապակայունացուցին վիճակը, փաստելու համար, թէ սա ներքին ժողովրդային յեղափոխութիւն է: Եթէ այդպէս ըլլար, առաջին անգամ Հալէպի ժողովուրդը պիտի մասնակցէր, իր սիւննի բնակչութեան մեծամասնութեամբ, սակայն Հալէպ մնաց պատնէշի վրայ եւ տոկաց ամբողջ հինգ տարիներ այդ ահաբեկիչներու զարկերուն:

Արաբ ժողովուրդը մնաց այնտեղ, սակայն քրիստոնեայ բաղադրամասը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայը, չդիմացաւ եւ մեծամասնութեամբ գաղթի դիմեց: Ըսեմ, որ երկրէն ներս կար փտածութեան երեւոյթ՝ երկրի պետական զանազան հաստատութիւններուն մէջ, սակայն ժողովուրդը հանգիստ կեանք մը կը վարէր։ Կար նաեւ ապահովութիւն եւ հիմնական կարիքներու աժանութիւն, ու ժողովուրդը երբեք չէր մտածեր յեղափոխութիւն կազմակերպելու մասին: Արեւմուտքը փափաքեցաւ ժողովրդական յեղափոխութիւն յառաջացնել եւ փաստօրէն չյաջողեցաւ:

Պետութեան մը աշխատանքը ուղղուած կ՚ըլլայ ընդհանուրին եւ Սուրիոյ մէջ երկու ամենակարեւոր պէտքերը՝ ուսումը՝ մինչեւ համալսարան եւ առողջապահութիւնը ձրիօրէն ապահովուած էին, իսկ մինչեւ վերջին գիւղաւանը ունէր դպրոց եւ առողջապահական կեդրոն, հետեւաբար, պետութեան կողմէ ժողովուրդին հանդէպ բնաւ անտեսում չկար:

-Պատերազմը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ հայութեան վրայ։ Հայութիւնը պատրա՞ստ էր այս պատերազմին:

-Հայութիւնը պատրաստ չէր այս պատերազմին, իսկ Հալէպի գաղութը չէր երեւակայեր, որ պատերազմը կրնայ հասնիլ Հալէպ քաղաք: Մէկ օրուան ընթացքին զինեալ ահաբեկիչները գրաւեցին քաղաքի կեդրոնը եւ անխնայ հրասանդերու տարափ մը սկսաւ գաղութի հայկական թաղամասերուն վրայ: Անակնկալի եկող մեր գաղութը անմիջապէս դիմեց ինքնապաշտպանութեան, անշուշտ պետութեան օգնութեամբ, այն յոյսով, որ շատ պիտի չտեւէ զինեալներու վտարումը քաղաքէն, սակայն եղաւ անխուսափելին, որ պատճառ դարձաւ զանգուածային գաղթի, որուն նաեւ սատար հանդիսացաւ Արեւմուտքը:

Հալէպահայութեան վնասը գաղութի նօսրացումն էր, իսկ եթէ պիտի խօսինք, թէ ի՛նչ շահեցաւ հայ ազգը եւ ոչ թէ հալէպահայութիւնը, այդ ալ Հայաստան հաստատուող փոքրաթիւ հալէպահայերու զանգուածն էր։ Քանի որ իմ կարծիքով՝ Արեւմուտք գաղթողներու հոյլը գնաց եւ կ՚երթայ դէպի ձուլում եւ անորոշութիւն:

-Արդեօք ի՞նչ էր ամենամեծ դասը, որ հալէպահայութիւնը ստացաւ այս պատերազմէն, եթէ կարելի է այդ մէկը դաս համարել:

-Պատրաստ ըլլալու համար այսպիսի աղէտներու պարագային, սփիւռքահայութիւնը կը կարօտի տնտեսական հզօրութեան եւ ապահովական միացեալ խորհուրդի։ Եւ ըսեմ, որ սփիւռքն է, որ պէտք է դաս առնէ այս եղածէն, իսկ հալէպահայութիւնը արդէն դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր:

-Այօսր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, ի՞նչ յոյսեր կան, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք հալէպահայութեան ապագան:

-Ինչպէս որ ըսի, այսօր հալէպահայութիւնը դժուար կացութեան մը մէջ կը գտնուի: Հիմնական պէտքերը դժուարութեամբ կ՚ապահովուին եւ աղքատութեան ստուերը կը տարածուի մեծ թիւով ընտանիքներու վրայ, որոնք կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, ու շատ մը պարագաներու՝ նաեւ իրենց բնակարանը։ Անոնք, որ կարողութիւն ունէին գաղթելու, հեռացան քաղաքէն, իսկ մնացողներուն մեծ մասը կը փորձէ ճանապարհներ գտնել եւ ձեւով մը գաղթել անապահով դարձած երկրէն:

Գաղութիս ներկայ ղեկավարութիւնը կարելիութիւն չունի բարելաւելու գաղութի տնտեսական վիճակը, եւ այդ մէկը ե՞րբ դաս պիտի դառնայ մեր սփիւռքի զանազան գաղութերուն՝ կը մնայ հարցական: Մեծ եղեռնէն եւ տեղահանումէն դար մը ետք, կրկին անգամ ձեռք առինք թափառական հայու ցուպը եւ փնտռելու սկսանք այն բնակավայրը, ուր կրնանք հանգիստ ու ապահով կեանք մը վարել:

-Պատերազմի թէժացումէն ետք, դուք եւս ստիպուած եղաք Հալէպէն հեռանալ։ Ապրեցաք տարբեր երկիրներու մէջ, շրջան մը Երեւան, իսկ հիմա երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակիք Լիբանանի մէջ։ Ի՞նչ է ձեր գնահատականը, այսօր Հալէպին փոխարինող քաղաքը ո՞րն է ձեզի համար: Արդեօք մօտիկ ապագային Հայաստանը պիտի կարողանա՞յ մշտական բնակութեան վայր, իրական հայրենիք դառնալ:

-Ինծի համար Արեւմուտք գաղթելը լուծում մը չէր եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ: Փորձեցի Հայաստան ապրիլ, սակայն հոն տիրող ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, նախքան թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ստիպեց, որ հեռանամ եւ վերադառնամ իմ կեանքս անցուցած եւ ապրած քաղաքիս՝ Հալէպին ամենամօտ վայրը՝ Լիբանան, ուր տակաւին շնչող գաղութ մը կայ։ Գաղութ մը, որ սակայն կը քալէ դէպի նօսրացում։

Անշուշտ կը հաւատամ, որ Հայաստանն է մեր վերջին հանգրուանը, ուր պիտի հաստատուի ուծացման չենթարկուող սփիւռքահայը: Կը հաւատամ, որ անպայման Հայաստանն է իրական հայրենիքը, ուր հաւաքուելով, կրնանք մեր անհատական եւ հաւաքական նպատակներուն հասնիլ եւ յոյսով եմ, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը շարունակուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ երբ հաշուեյարդարի կանչուին Հայաստանը կողոպտած պատասխանատուները, այն ատեն վստահ եմ, որ զանգուածային ներգաղթ կրնայ սկսիլ:

-Լիբանանը բարդ, խճճուած երկիր մըն է, զանազան խնդիրներով, զանազան համայնքներու բախումներով, դժուարութիւններով: Այդքան դժուարութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս կը կարողանաք ոտքի մնալ:

-Լիբանանի գաղութը նոյնպէս դժուար իրավիճակներու առջեւ կը գտնուի, նամանաւանդ՝ տնտեսական եւ անոր որպէս արդիւնք, ամէն օր կը լսենք, թէ ընտանիքներ կը փոխադրուին Հայաստան, մշտական բնակութիւն հաստատելու համար: Անոնք դաս առին սուրիահայութեան աղէտէն: Այո, Լիբանանի մէջ ոտքի մնալը շատ դժուար է, սակայն այս հանգրուանը կ՚ենթադրեմ, որ ժամանակաւոր է: Յոյսով եմ, որ մեր հայրենիքը պիտի բարելաւուի ու մագնիսի նման ներքաշէ սփիւռքի մէջ ապրող բոլոր հայ մնացած անհատները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2019