ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (51)

Քանի մը օր անց Պամի ճամբուն վրան էր Զանան։

Առաւօտ կանուխ նստեր էր Շէյխի կարգադրած բեռնակառքը, վարորդին կողքին, եւ հետեւեր էր Երեւանի, յետոյ ամբողջ Հայաստանի իր աչքին առջեւ սահիլ երթալուն։ Շէնքեր, փողոցներ, մարդիկ, լեռներ ու ձորեր երբեմն դանդաղ, երբեմն սրընթաց կը շարժէին դէպի ետ ու կ՚անհետանային, նետելով զինք առաջ, բայց ե՛տ, դէպի Պամ հայրենի։

Անսպասելիօրէն ջերմ եւ յուզիչ եղեր էր բաժանումը Շէյխէն, թէեւ շատո՛նց է, որ քիչ կը յարաբերէր անոր հետ։ Կուրծքին մէջ խորունկ տեղ մը բան մը շարժեր, մարդկայնացուցեր էր զինք ու նկատել տուեր, որ, իրա՛ւ ալ, Երեւանի մէջ միակ հարազատ մարդն էր եղեր Շէյխը, որ տէր կանգներ էր իրեն, օգներ էր իր կայանալուն, եւ հօր մը, հօրեղբօր մը պէս էր վարուեր իրեն հետ։ Շնորհակալութենէ աւելի երախտագիտութեան զգացում մը ունէր Զանան. կը գիտակցէր լիովին, որ հրաժեշտ կու տար մարդու մը, որ իրեն տուեր էր շատ բան։ Տեղ, հաց, լեզու, աշխատանք եւ արհեստ, բայց ամենէն կարեւորը՝ օրինակ. մարդիկը սիրելու, մարդոց օգնելու, սեփական գոյութիւնը բարիին ծառայեցնելու օրինակ. մա՛րդ ըլլալու օրինակ, որ ամենաթանկ նուէրն էր, որուն կարելի էր արժանանալ, առաւել եւս՝ օտարութեան մէջ։

Բայց շուտով գործնական մտածումներ եկեր էին փոխարինելու յուզումը։ Պատճառ ու նպատակ կար, որուն համար բռներ էր Պամի ճամբան։ Իր ու Նորայի միատեղումը գրեթէ անհնար էր արդէն Հայաստանի մէջ։ Վախը չէր, որ ետ կը պահէր զինք հակառակ ճնշումներուն Նորայի հետ Երեւանի՛ մէջ կեանք կիսելէն. այլ յարգանքը անոր հանդէպ։ Լաւապէս հասկցած էր Զանան, որ իրմէ աւելի Նորան պիտի տուժէր իր մնալէն։ Երեւանի մէջ իր գոյութիւնը պիտի զրկէր Նորան ուսումէ, ու կաշկանդէր զայն բազմաթիւ առումներով։

Բայց խոստումն ալ խոստում էր. ընդմիշտ ընկեր ու սիրեկաններ մնային պիտի։ Եւ քանի որ ի՛նքը կար, քանի Նորա՛ն կար, եւ սէ՛րն ու խոստումն ալ կային, բայց Հայաստանը տեղը չէ՛ր, իրենց միութիւնը տեղափոխե՛լ էր պէտք պարզապէս։ Եւ Պամը, սիրելի բայց հին ու քարուքանդ, նոր փայլք ու քաշողականութիւն մը ստացեր էր հիմա։ Եւ այնտե՛ղ է որ կ՚ուղղուէր, նախ իր տունը վերականգնելու, յետոյ յառնող քաղաքին մէջ ու անոր համար իր արհեստը բանեցնելու, ասպարէզ կերտելու, կայանալու եւ վերջապէս Նորան ընդունելու համար։

Բայց նախ, ու բնականաբար, Պամ հասնիլ, անոր հետ հաշտուիլ, անկէ վախն ու նեղսրտածութիւնը կոտրել էր պէտք։ Կեանքի ոլորանները զինք դէպի տուն կը տանէին ահա...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020