«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.13 )
Վրժէխնդրութիւնը Աստուծոյ կողմէ բացարձակապէս արգիլուած է: Վրէժխնդրութիւնը պէտք չէ շփոթել անձի արդար պաշտպանութեան հետ: Վրէժխնդրութիւնը ընկերոջ չարիք հասցնելն է, որ աստուածային օրէնքով արգիլուած է. «Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք, որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. Ե՛ս պիտի հատուցանեմ»» (Հռ 12.19). «Չարին փոխարէն չար մի՛ հատուցանէք, ոչ ալ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք. ընդհակառակը՝ օրհնեցէ՛ք. Աստուած ատոր համար կանչեց ձեզ, որպէսզի դուք ալ օրհնութիւն ժառանգէք» (Ա.Պտ 3.9). ասոր համար օրինակ ունինք մեզի՝ Քրիստոսը, որ «նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինքը Արդար Դատաւորին յանձնեց» (Ա.Պտ 2.23):
Եբրայեցիներու վարդապետներէն ոմանք կ՚արտօնէին վրէժխնդիր ըլլալ, ըսելով՝ «Աչք աչքի դէմ եւ ատամ ատամի դէմ»: Սակայն դպիրները սխալ կերպով կը մեկնէին այս խօսքերը, որովհետեւ այս օրէնքը միայն դատաւորներուն տրուած էր, որպէսզի արդարութեամբ գործածեն՝ որպէս պատիժ (տե՛ս Ելք 21): Անհատ մարդոց երբեք իրաւունք չէ տրուած՝ աչք աչքի դէմ եւ ատամ ատամի դէմ փոխարինելու, ինչպէս դպիրները չարամտութեամբ կը մեկնէին, որուն համար Յիսուս կը յանդիմանէր եւ կը պատուիրէր՝ համբերել եւ խաղաղութեան համար ամէն տեսակի նեղութիւն կրել. «Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» (Մտ 5.39): Մէկ վրէժխնդրութիւն կայ միայն, որ քրիստոնեային արտօնուած է, այն է չարին՝ բարի հատուցել, վատութեան փոխարէն՝ լաւութիւն ընել. ««Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։ Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.20-21): Պարտինք առաքեալներու օրինակին հետեւիլ, որոնք իրենց Վարդապետի հրամանին հաւատարիմ մնալով՝ կարողացան ըսել. «Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ՚օրհնենք, կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք, կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնութեամբ կը պատասխանենք։ Ամբողջ աշխարհին նախատինքին թիրախ դարձանք եւ բոլորին անարգանքին առարկան եղանք մինչեւ օրս» (Ա.Կր 4.12-13): Յիսուս Իր հալածիչներուն համար կ՚աղօթէր. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Աստուած Իր ողորմութիւնը բոլորին վրայ կը սփռէ. «Ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45):
Վրէժխնդրութիւնը հետեւեալ պատճառներով արգիլուած է.
1) Որովհետեւ համբերութեան եւ մարդասիրութեան դէմ է, որով քրիստոնեան պէտք է գերազանց ըլլայ:
2) Որովհետեւ վրէժխնդրութեան միջոցները անարդարութեան հետ կապուած են: Մարդը չի՛ կրնար իր գործերուն դատաւոր ըլլալ, որովհետեւ սովորաբար կը մեծցնէ եւ կը փոքրացնէ իրեն հասած անարգանքներն ու չարիքները: Այս պատճառով է, որ դատարանները հիմնուած են, որպէսզի բոլոր դատերը անաչառ մարդոց ձեռքով քննուին եւ աւարտին: Անոնք են, որոնք Աստուծոյ կողմէ կարգուած են՝ անիրաւները պատժելու եւ արդարներուն իրաւունքը հատուցելու:
3) Որովհետեւ վրէժխնդրութիւնը ընկերական կեանքը կը խանգարէ եւ խռովայոյզ կիրքերու տեսարան կը դարձնէ:
4) Վրէժխնդրութեամբ հասարակութեան մէջ թշնամութիւնը, ատելութիւնը եւ անարդարութիւնը կ՚արմատանան, մինչ, եթէ մենք չարին՝ բարի հատուցէինք, պիտի յաջողէինք խաղաղութիւնը թագաւորեցնել եւ մեր թշնամիին սիրտը անգամ շահիլ: Պօղոս առաքեալ այս բանը կ՚ուզէ հասկցնել մեզի ըսելով՝ ««Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»» (Հռ 12.20):
5) Վրէժխնդրութիւնը արգիլուած է, որովհետեւ, վրէժխնդրութիւնը վրէժխնդիր եղող անձին կը թշուառացնէ, ծանր եւ տխուր զգացումով լեցնելով անոր հոգին, մինչ սէրը եւ ներողամտութիւնը՝ ուրախութեամբ կը լեցնեն:
6) Վրէժխնդիր չըլլալը երբեք ալ փոքրոքութիւն չէ. իսկ ընդհակառակը, ով որ վրէժխնդիր կ՚ըլլայ, յայտնապէս ցոյց կու տայ, որ իր անձը թշնամութեան մատնած է եւ չարէն ալ՝ յաղթուած է: Թէեւ սկիզբը դժուար կը թուի մեզի մեր դէմ եղած անպատուութիւնը յաղթահարել, սակայն խիստ մեծ առաքինութիւն է թշնամիին ներելը, դրդուած ըլլալով մեծահոգութենէ եւ կրօնական վսեմ զգացումէ:
Երբ Աւետարանը վրէժխնդրութիւնը կ՚արգիլէ, պարտաւոր ենք իմանալ, որ վրէժխըն-դիր ըլլալը հակառակ է ամէն տեսակի յարգելի եւ կրօնական զգացումի եւ աւելի վը-րէժխնդիր եղողին կը վնասէ, քան՝ վրէժխնդրութեան ենթարկուածին:
Վեցերորդ պատուիրանը մենամարտութիւնը (Տուէլ) եւս կ՚արգիլէ, որ նոյնպէս սպանութիւն կը համարուի, որովհետեւ այս գործողութեամբ մարդ ո՛չ թէ ինքզինք յարձակողէն կը պաշտպանէ, այլեւ՝ իր թշնամիին կը փնտռէ եւ մենամարտութեան կը հրաւիրէ: Մենամարտութեան մէջ եղած անարդարութիւնն ու ատելութիւնը լաւ հասկնալու համար՝ պէտք է հետեւեալ դիտողութիւնները նկատի ունենալ.
ա) Մենամարտութիւնը պատիժի հետ համեմատութիւն չունի եւ յաճախ ամենէն թեթեւ անարգանքը կամ անպատուութիւնը մահով կը պատժուի:
բ) Ինչքա՞ն անիրաւ է այն հատուցումը, ուր ո՛չ թէ իրաւունքն է, որ դատը կը վճռէ, այլ՝ ուժը կամ զօրեղութիւնը, որով յաճախ անմեղը մահով կը պատժուի:
գ) Ի՞նչ կրնայ այնքան հակառակ ըլլալ ընկերական կեանքին եւ շփոթել հասարակութեան անդորրութիւնը, ինչքան ինքնակամ կերպով իր եւ կամ իր ընկերոջ կեանքը զրաւել:
դ) Հին աշխարհի լուսաւորուած եւ իմաստուն ազգերուն մէջ մենամարտութիւն երբեք չկար, այլ՝ անոնք պատիւ կը համարէին միայն օրէնքներուն հնազանդիլ եւ Հայրենիքի համար արիւն թափել: Մենամարտութեան սովորութիւնը յառաջացած է վայրենի եւ բարբարոս ազգերէն: Անոնց դատաւորը այնպէս կը կարծէր, թէ Աստուած մարդոց կռուին կը միջամտէ եւ կը զօրացնէ արդարը՝ մեղաւորին յաղթելու: Իսկ մեր ժամանակներուն, մենամարտութիւնը օրէնքներուն հակառակ է, հակառակ է կրօնքին, հակառակ է ընկերական կամ միաբանական կեանքին: Մենամարտութեան առաջարկութիւնը չընդունելով յաճախ մարդ իր պատիւը չի կորսնցներ, եթէ նախապէս հաստատ եւ քաջ գործերով ցոյց տուած է, որ իր վրայ ստորնութեան եւ թուլամորթութեան նշան երբեք չկայ: Երբ պարզապէս կը յայտնէ, որ ինք կը մերժէ մենամարտութիւնը իր խղճմտանքին համոզմամբ եւ պատրաստ է իր անձը պաշտպանել անիրաւ կերպով յարձակողին դէմ, այդ պարագային երբեք անպատուութիւն չկայ: Մանաւանդ, որ ներկայիս հասարակութեան կարծիքը յստակ է մենամարտութեան նկատմամբ: Բազմաթիւ խոհեմ եւ իմաստուն օրէնքներ հրատարակուած են զանազան տէրութիւններու եւ ժողովուրդներու մէջ մենամարտութիւնը դադրեցնելու համար, ինչպէս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Անգլիոյ մէջ:
Երբ մարդ քաղցր չափաւորութեամբ եւ խոհեմութեամբ կը վարուի, առանց ուրիշներու պատուին դպչելու եւ առանց դատարկ բաներու համար ուրիշներէն նեղանալու, այն ժամանակ կրնայ շատ ծանր պարագաներէ հեռանալ, իր պարտաւորութեան սուրբ զգացումը եւ ունայն պատուասիրութիւնը իրարու չխառնել եւ այսպէսով աւելի ազնիւ վարմունք ունենալ: Եթէ մեզի եղած անպատուութիւնը շատ ծանր է, դարձեալ պէտք է համբերել՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր պարտաւորութեան համար, քաջ գիտնալով, որ աշխարհիս մէջ ինչպէս սուտ պատիւ կայ, նոյնպէս ալ՝ սուտ ամօթ կայ: Աշխարհը չար հոգիէ դրդուելով, իր իշխանութեամբ ինչպէս կ՚ուզէ այնպէս կը բաժնէ գովեստն ու պարսաւանքը, պատիւն ու անպատուութիւնը, բայց այս կերպով մեզի աւելի միջոց կու տայ նահատակուիլ առաքինութեան համար, ինչպէս նաեւ կրօնքի համար: Այս նահատակութեամբ մենք Քրիստոսի անարգանքներուն եւ խաչի նախատինքներուն մասնակից կ՚ըլլանք եւ արդարութեան համար կը հալածուինք, մեր վրայ բերելով Փրկիչին հետեւեալ մխիթարական խօսքը՝ «Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է Երկինքի Արքայութիւնը» (Մտ 5.10):
Այսպէս պէտք է պահենք եւ պաշտպանենք մեր ընկերոջ կեանքը, բարի խորհուրդով, օգնութեամբ եւ ընդհանրապէս ջերմեռանդութեամբ սիրելով, որովհետեւ քրիստոնեային համար չսպաննել, կը նշանակէ՝ սիրել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 16
Վաղարշապատ