ՍՓԻ՞ՒՌՔ ԵՆ, ԹԷ՞… (Գ.)

«Պոլսահայերը սփի՞ւռք են, թէ՞ չէ...» յաճախ տրուող հարցումին անդրադարձ կատարող այս շարքիս նախորդ յօդուածով ներկայացուցած ու քննած էի ա՛յն պոլսահայերը, որոնց համար չկայ տուն ու հայրենիք բացի Պոլիս/Իսթանպուլէն։ Եզրակացուցած էի, որ, իրաւամբ, զիրենք սփիւռքցի համարելը անտեղի պիտի ըլլայ, եւ պարզապէս իրենց ինքնութենական էութեանը չհամապատասխանող։ Կոչել զիրենք սփիւռքահայ՝ պիտի նմանի հայկական հեռաւոր արմատներ, բայց ո՛չ մէկ հայկականութեան զգացում ունեցող Թուրքիոյ մահմետական քաղաքացիները հայ կոչելուն։

Կաղապարներով առաջնորդուիլն ու մարդիկը դուրսէն պիտակաւորելը թերեւս դասակարգողին համար մեքենական, դիւրին կամ ականջահաճոյ ըլլայ, բայց ո՛չ վերլուծական-ակադեմական առումով, ո՛չ ալ քաղաքական առումով պտղատու եւ օգտաշատ։ Կրնայ նոյնիսկ հակառակ արդիւնք ունենալ. իր կամքին հակառակ իրեն չպատկանող-չյարմարող շապիկ մը երբ մարդուս փորձես հագցնել՝ պիտի խրտչի հաւանաբար։

Ըսած էի սակայն, որ կայ «սփիւռք չենք»ի աւելի առեղծուածային ու դժուար վերլուծելի տարբերակ մը պոլսահայոց մօտ, զորս կրողները, գոնէ ըստ իմ դիտարկումներուս, թիւով աւելի շատ են քան վերը նշեալ տեսակին ներկայացուցիչները։ Խնդրոյ առարկան այս պարագային այն մարդիկ են, որոնք յստակօրէն կը նշեն, որ իրենց հայրենիքը Պոլիսը չէ, Իսթանպուլը չէ, այլ՝ Կեսարիան, Սեբաստիան, Սասունը, Քասթամոնուն, Եոզղատը, Թոքատը, Մուշը, Տիգրանակերտը, եւ այլն։ Ոմանք քաղաքներուն անունը կու տան, իսկ ուրիշներ, շատեր՝ Անատոլու կ՚ըսեն, տակաւին այլոք (քիչեր) նոյնիսկ «պատմական Հայաստան» կ՚ըսեն։ Այս մարդոց համար, որոնցմէ շատերը կա՛մ Պոլիս չեն ծնած, կա՛մ ալ Պոլիս չծնած ծնողներ ունին, Պոլիսը տուն է, ոչ հայրենիք։ «Իսկական հայրենիք»ը Անատոլուն է։ Հակառակ ասոր, սակայն, նո՛յն այս մարդիկ կը մերժեն կոչուիլ սփիւռք ու սփիւռքահայ, երբեմն նոյնքան խիստ կերպով, ինչքան վերը նշուածները։ Ահաւասիկ զրոյց մը, զորս ունեցած եմ Պոլսոյ մէջ, Արքայ անունով երիտասարդի մը հետ.-

Ես.- Հայրենիք ունի՞ս, ո՞ւր է։

Ան.- Ունիմ, անշու՛շտ ունիմ։ Սրտիս մէջ՝ Մուսալեռն է. մտքիս մէջ՝ Հայաստանն է։

Ես.- Իսկ Պոլիսը՞…

Ան.- Չէ, չէ, Պոլիսը հայրենիք չէ… Հոս չէինք մենք, հոս եկած ենք։ Հիմա մեր տունը դարձած է, հանգիստ կը զգանք, բայց հայրենիքս ըսի ուր է…

Ես.- Ուրեմն հայրենիքդ ապրած տեղդ չէ… ուրեմն սփի՞ւռք էք…

Ան.- Չէ՛, չէ՜, սփիւռքի հետ կա՛պ իսկ չունինք։

Ահա։ Ինչպէ՞ս հասկնալ այս դիրքաւորումը։ Թոյլ տուէք, որ սեղմ տողերու մէջ, առանց խորանալու, եւ մակերեսային կերպով միայն նշեմ հիմնական բացատրութիւնը, որ ես ունիմ, խոստանալով թէ՛ ձեզի, թէ՛ ինծի, որ այդ մասին աւելի մանրամասն կը հրատարակեմ ակադեմական հանդէսի մը մէջ, յուսամ շուտով։

Այս դրժումը, այս հերքումը, առնուազն յաճախ ունի քաղաքական ենթահող։ Քաղաքական որ կ՚ըսեմ, մտածուած-բանեցուած քաղաքականութեան մասին չէ խօսքը. ժամանակի ընթացքին նստած, տեղ շինած, ենթագիտակցութեան մակարդակի անցած քաղաքական դիրքորոշման մը մէկ արտայայտութիւնն է այս դրժումը։ «Սփիւռք չենք»ը այս պարագային առնուազն մասամբ, եթէ ոչ զուտ ու միայն, թրքական ազգայնականութեան դէմ թէ՛ պաշտպանական համակարգի, թէ՛ դիմադրական համակարգի մաս կը կազմէ։ Առաջինին պարագային, նպատակը, գիտակցուած թէ ոչ, Թուրքիոյ մէջ յատկապէս 80-ականներէն սկսեալ լայն թշնամանքի առարկայ դարձած «հայ սփիւռք»ի հետ չառընչուիլն է։ Երկրորդի, դիմադրականի պարագային, անընդհատ «դուք տեղացի չէք, ասիկա ձեր երկիրը չէ, ձեր երկի՛րը գացէք» հակահայ ազգայնական հռետորաբանութեան դէմ մղուող դիմադրութիւնը սեփական ձեռքերով չխարխլելուն կը ծառայէ սփիւռք կոչուելու մերժումը։ (Եթէ սփիւռք ենք, ի՞նչ տեղացի… Պոլիս/Անատոլու նուրբ տարբերութեան մասին ո՞վ պիտի լսէ, ո՞վ պիտի հասկնայ)։ Պաշտպանական եւ դիմադրական այս երկու մղումները, որոնց բազմաթի՛ւ այլ դրսեւորումներն ալ կան անշուշտ պոլսահայոց մօտ, իրենց տրամաբանութեամբ կը պարտադրեն մերժել սփիւռքեան դասակարգում մը։ Թոյլ տուէք, որ կծիկն առ այժմ աւելի չբանամ։ Առաւել մանրամասն ու ծաւալուն՝ օր մը, այլուր...

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019