ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԾԱՌԸ ԵՒ ՃԻՒՂԵՐԸ
Ան որ առաջին անգամ տարածաշրջան կ՚այցելէ եւ կը լսէ, թէ ինչպէս արաբական մամուլը իր բարկութիւնը կը թափէ ալ-Սատաթին վրայ, եւ կը թուարկէ ողբերգութիւններն ու դժբախտութիւնները, որոնք պատահեցան արաբական աշխարհին ալ-Սատաթի նախաձեռնութեան պատճառով, կը կարծէ, թէ այս աշխարհը դրախտ էր անկէ առաջ եւ իրմէ ետք դժոխքի վերածուեցաւ: Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք:
Արաբական միութիւնը կատարուա՞ծ էր եւ այս նախաձեռնութիւնը եկաւ եւ քանդեց զայն:
Արաբական ոյժերը բռնագրաւուած հողերուն մօ՞տն էին եւ այս նախաձեռնութիւնը եկաւ ու կանգնեցուց զանոնք:
Արաբական ընկերվարութիւնը իրականացա՞ծ էր եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ եւ չեղարկեց զայն:
Արաբական բանտերը դատա՞րկ էին եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ ու լեցուց զանոնք:
Արաբական պարբերականները ազա՞տ էին եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ ու կաշկանդեց զանոնք:
Յափշտակութեան, կաշառակերութեան եւ անհոգութեան երեւոյթները անծանօ՞թ էին եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ ու հնարեց զանոնք:
Մաքսանենգութիւնը մե՞ղք էր եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ զայն արդար սեպեց:
Ճանապարհային երթեւեկութիւնը կանոնաւո՞ր էր եւ նախաձեռնութիւնը եկաւ ու զայն իրար անցուց:
Հետեւաբար, ինչո՞ւ համար Սատաթի ուսին «բեռ» մը կը դնենք եւ անոր շալկել կու տանք մեր բոլոր մեղքերն ու թերութիւնները: Յետոյ, ո՞վ է սա Սատաթը: Ան իր ակնոցներով, ծխամորճով եւ կակազոցով ո՛չ թէ նոր հանգրուանի մը սկիզբն է տարածաշրջանէն ներս, այլ՝ հին հանգրուանի մը աւարտը: Ան նախաձեռնութիւնը իր գրպանէն չբերաւ, որովհետեւ այն տիրող իրավիճակին արդիւնքն էր, ինչպէս ուսը թեւին մէկ մասնիկն է եւ թեւը մատներուն մէկ մասնիկն է, իսկ մատները՝ ափին: Այո, արաբական հին դրուածքներն էին Եգիպտոսի մէջ կամ Եգիպտոսէ դուրս, որոնք այս նախաձեռնութիւնը ստորագրեցին առաջին բառերով՝ դեռ շատ երկար ժամանակէ ի վեր, եւ անոնք էին որ ալ-Սատաթը իշխանութեան հասցուցին, որպէսզի շարունակէ իրենց սկսած ճանապարհը եւ շարունակէ ստորագրութիւնը: Բազմութեան երկար շարքերը, որոնք շարուեցան օդակայանէն Գահիրէ տանող ճամբուն երկու եզրերուն՝ դիմաւորելու համար զինք բռնագրաւուած Երուսաղէմէն վերադարձին, արաբ ժողովուրդը չէ Եգիպտոսի մէջ կամ Եգիպտոսէ դուրս, այլ՝ ելեկտարականութեամբ չարչարելու գործիքներէն էին, ինչպէս նաեւ կուրծքերուն եւ կռնակներուն վրայ մարուած ծխախոտներուն հետքերը, եղունգ քաշելու բռնիչները, պեխերը քաշելու փոքրիկ բռնիչները, ինչպէս նաեւ տերտակներէն հայրենիքը քաշող բռնիչները: Տակաւին, արտակարգ իրավիճակներու օրէնքներու շարքերն են, ահաւոր գիշերներու ճիչերը, ինչպէս նաեւ կատուները՝ որոնք կը դրուէին գիւղացի կիներու հագուստներուն մէջ՝ այն մեղադրանքով, որ անոնք այս հողին կը պատկանին…, այս ազգին…: Ասոնք են, որոնք ճամբու երկու եզերքներուն պարեցին, ուրախացան եւ բարիգալստեան պաստառներ բարձրացուցին այս նախաձեռնութեան եւ այս նախաձեռնութեան հերոսին, որովհետեւ ան իրենց պատգամին եւ յոյսերուն կրողն է:
Տակաւին, ո՞վ կը համոզուի այս բարկութեան ալիքին, որ յառաջացած է Սատաթի լրատուութեան, իր գրողներուն եւ երգիչներուն դէմ: Ինչպէս նաեւ այն արցունքներով, որոնք կը թափին՝ ազատութիւններու վրայ եւ ալ-Սատաթի վարչակարգին բերանները գոցելու համար, երբ բոլորն ալ գիտեն, թէ ոեւէ անհատ կառավարող տարածաշրջանէն ներս, նոյնիսկ եթէ ամսականներու ցուցակը ստորագրէ, ապա ան միշտ իր հետ ունի ածխածնային պատճէնը Մուսա Սապրիին1, կամ Անիս Մանսուրին2 եւ կամ Մուհամմէտ Ապըտ ալ-Ուահապին3: Ինչպէս նաեւ ան ունի իր բուրգերը եւ ալ-Ազհարը, որոնք արդարացնեն ու օրհնեն իր քայլերը եւ իր այս պատմական նախաձեռնութիւնը:
Տակաւին, արաբական միւս երկիրները ի՞նչ ըրին երկու տարիէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր, որպէսզի տապալեն այս նախաձեռնութիւնը, եւ հեռու վանեն անոր սխալները իրենցմէ եւ իրենց ժողովուրդներէն՝ ինչպէս կ՚ըսեն:
Աշխատասէր մը պարգեւատրուեցա՞ւ, իսկ անհոգ մը՝ պատժուեցա՞ւ:
Գործարք մը կատարուեցա՞ւ: Կամ հիւանդ մը նախկինէն աւելի շուտ հիւանդանոց տարուեցա՞ւ:
Ծայրայեղական մը կամ չափաւորական մը դադրեցան ուիսքի կամ ուրիշ տեսակի խմիչք լակելէ:
[Արաբական] երկիրներու գիշերային ակումբներէն մէկ սեղան պակսեցա՞ւ, կամ Եւրոպայի քազինոներէն մէկ յաճախորդ պակսեցա՞ւ:
Չարչարանքի ելեկտրականութենէն մէկ վոլթ պակսեցա՞ւ, քան այն ինչ էր նախքան նախաձեռնութիւնը:
Այս երկիրներէն շատերը ի՞նչ ըրին երկու տարիէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր, բացի անկէ որ նախագուշակութիւններու կեդրոններու վերածուեցան: «Եգիպտոսը ոստիկանի դեր պիտի խաղայ տարածաշրջանէն ներս»: «Ալ-Սատաթը Շահի դեր պիտի խաղայ Ծոցի երկիրներուն մէջ»: «Նախաձեռնութիւնը վերջնականապէս Եգիպտոսի տնտեսութիւնը Ամերիկայի կայսերականութեան (imperialism) հետ պիտի կապէ»: Նաւթի երկիրներէն ոմանք նոյնիսկ մտան այս դռնէն՝ Աստուծոյ ապաւինելով, կարծէք անոնց տնտեսութիւնը կապ ունի Չէ Կուեվարային հետ:
Տակաւին, «դաւադրութիւնը պիտի չանցնի». «պիտի տապալենք դաւադրութիւնը»: Ի սէր Աստուծոյ, այս տեսակի դաւադրութիւն մը, որ զայն իրենց ձեռքերով եւ ուսերով կը դրդեն Արեւելքն ու Արեւմուտքը՝ Ամերիկայի գլխաւորութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք արգիլել զայն, երբ ի զօրու չենք խախտում կատարած ինքնաշարժ մը արգիլելու:
Այն ինչ որ ապագային արաբները պիտի կործանէ ո՛չ թէ երկրաշարժներն են, կամ հրաբուխները, կամ ջրհեղեները, այլ՝ աճուրդները:
Չկա՛յ ազատութիւն… կա՛ն՝ ազատութեան մասին ելոյթներ:
Չկա՛յ ազատագրում… կա՛ն՝ ազատագրումի մասին պաստառներ:
Չկա՛յ ներկային ու ապագային մասին յստակ տեսլական… կա՛ն պետեվիական յաջորդական հեռատեսիլային տեսաերիզներ (serial)՝ քօղարկելու համար անցեալը, ներկան եւ ապագան…:
Չկա՛յ բանաստեղծութիւն, արուեստ կամ երաժշտութիւն… կա՛յ՝ Սամիրա Թաուֆիք:
Ով որ չի՛ հաւնիր արաբական այս մարտավարութիւնը՝ դիմադրելու համար առկայ նախաձեռնութեան եւ յաղթանակ արձանագրել, թող իր գլուխը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եղող բարի պատին զարնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 43
Վաղարշապատ
1 Ծնած է 1925-ին, մահացած՝ 8 յունուար 1992-ին: Եգիպտացի գրող, լրագրող, հեքիաթագիր եւ խմբագիր:
2 Ծնած է 18 օգոստոս 1924-ին, մահացած՝ 21 հոկտեմբեր 2011-ին: Եգիպտացի լրագրող, փիլիսոփայ եւ մտաւորական:
3 Ծնած է 13 մարտ 1898-ին, մահացած՝ 4 մայիս 1991-ին: Եգիպտացի երաժիշտ: Արաբական երաժշտութեան հսկաներէն մէկը: Կոչուած է Սերունդներու երաժիշտ: Իր անունը կապուած է ազգային երգերու հետ: