ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

Աչ­քե­րը պէտք է գե­ղեց­կու­թիւն ըմ­պեն, որ­պէս­զի սնունդ տան հո­գիին եւ յա­գեց­նեն ա­նոր ծա­րա­ւը:

Որ­քան հա­ճե­լի եւ ու­րա­խա­լի է տես­նել քու իսկ աշ­խա­տած ձե­ռա­գործդ՝ զայն ա­ւար­տե­լէ ետք, որ­քան հպար­տու­թեամբ կը լե­ցուի հո­գիդ տես­նե­լով քու կա­րած ու նաշ­խած կտորդ:

Մին­չեւ 21-րդ դա­րու սկիզ­բը հայ տու­նը զար­դա­րուած կ՚ըլ­լար տան­տիկ­նոջ կող­մէ բանուած նուրբ ա­սեղ­նա­գոր­ծե­րով, երբ կը պատ­րաս­տէր օ­ժի­տը եւ ա­նոնց դրած կ՚ըլ­լար իր ամ­բողջ ե­րազ­նե­րը եւ յոյ­սե­րը, իր միտքն ու հո­գին: Այդ տու­նը, ըլ­լար խո­նարհ ու ցած­լիկ, կը բու­րէր հայ­կա­կա­նու­թիւն: Ան­ցեա­լին մեր պա­լատ­ներն ու փար­թամ տու­նե­րը կա­հա­ւո­րուած ու զար­դա­րուած կ՚ըլ­լա­յին մատ­նե­րուն շնորհ­քո­վը փափ­կա­սուն հայ կի­նե­րուն եւ իշ­խա­նու­հի­նե­րուն, ո­րոնք մե­տաք­սեայ ու թաւ­շեայ թան­կա­գին կտոր­նե­րու վրայ կը դրոշ­մէին հայ­րե­նի­քի սէ­րը՝ բա­նե­լով դրօշ-զի­նան­շան, վա­րա­գոյր ու խա­չադ­րօշ, ե­կե­ղե­ցա­կան տա­րազ­ներ:

Հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ժո­ղովրդա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հին ու հա­րուստ բնա­գա­ւառ­նե­րէն մէկն է, սկսած է նոյ­նիսկ մարդ­կու­թեան ստեղծ­ման հետ: Մար­դը օգ­տա­գոր­ծած է փու­շը եւ ձու­կի ոս­կո­րը, դա­րէ-դար զար­գա­ցու­ցած է իր նա­խա­դա­րեան գոր­ծիք­նե­րը՝ հաս­նե­լով ա­սե­ղին, օ­րըս­տօ­րէ յա­ռաջ­դի­մե­լով հա­սած է այ­սօ­րուան ար­դիա­կա­նու­թեան:

Հայ կի­նը ու­նե­ցած է գե­ղա­րուես­տա­կան բարձր ճա­շակ եւ մշա­կոյ­թի հան­դէպ մեծ սէր: Ա­նի քա­ղա­քի պե­ղում­նե­րուն ըն­թաց­քին ե­րե­ւան ե­լած են ա­սեղ­նա­գործ հա­գուստ­ներ, ո­րոնք ցոյց կու տան հայ կնոջ ա­րուես­տը, մատ­նե­րուն ճկու­նու­թիւնն ու նրբու­թիւ­նը: Ան­ցեա­լին հայ տան մէջ ան­պայ­մա­նօ­րէն կը հան­դի­պէիր մեծմօր մը, հօ­րաք­րոջ մը, որ կը հիւ­սէր, կը կա­րէր, ու կ՚աշ­խա­տէր իր քա­ղա­քի ձե­ռա­գոր­ծը եւ իր շուն­չին տակ կը դաս­տիա­րա­կէր տա­նը ման­կա­հա­սակ աղջ­նա­կը՝ պատ­րաս­տե­լով զայն իբ­րեւ ա­պա­գայ մայր ու հայ­կա­կան ա­սեղ­նե­րու լա­ւա­տե­ղեակ վար­պետ մը, ա­նոր մէջ դնե­լով հայ­կա­կան ձե­ռա­րուես­տին ճա­շա­կը:

Թան­գա­րան­նե­րու, ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի կամ սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ, օ­տար պե­տա­կան թան­գա­րան­նե­րու մէջ պա­հուած են հայ կնոջ մատ­նե­րուն գոր­ծե­րէն ու մտայ­ղա­ցու­մէն գողտ­րիկ ու թան­կա­գին կտոր­ներ, ո­րոնք հիա­ցում կ՛առ­թեն դի­տո­ղին՝ այդ­քան դա­րեր վերջ, պա­հած ըլ­լա­լով ի­րենց գրաւ­չու­թիւնն ու նրբու­թիւ­նը, ցո­լաց­նե­լով զա­նոնք կեր­տո­ղին ճա­շակն ու ա­րուես­տը:

Ներ­կա­յիս ԼՕԽ-ը իր աշ­խա­տա­նո­ցով եւ հայ­կա­կան ա­սեղ­նե­րու ու­սու­ցու­մով մեծ ու վեհ գործ կը կա­տա­րէ նոր սե­րուն­դի նկա­րագ­րի կերտ­ման մէջ՝ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց ճա­շա­կը մեր ազ­գա­յին տոհ­միկ ձե­ռա­գործ­նե­րու:

1915-ի Ե­ղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած սե­րուն­դը կրցաւ ինք­զինք ոտ­քի պա­հել եւ իր կեն­սա­մա­կար­դա­կը բա­րե­լա­ւել իր իսկ մատ­նե­րուն եւ աչ­քե­րուն լոյ­սին շնոր­հիւ, ա­սեղ­նա­գոր­ծե­լով, փո­խադ­րե­լով բնու­թիւ­նը կտո­րի վրայ հիաց­նե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հը: Ան իր ձեռ­քե­րուն հմա­յիչ գոր­ծե­րով, իր գոր­ծած գոր­գով հա­սաւ մին­չեւ Սպի­տակ տան սրահ­նե­րը զար­դա­րե­լու:

ԼՕԽ-ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը թող ըլ­լայ կազ­մա­կեր­պել ձե­ռա­րուես­տի յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս­ներ. մեծ մայ­րեր թող բա­նան ի­րենց պա­հա­րան­նե­րը եւ դուրս բե­րեն հոն պա­հուած ա­րուես­տի գոր­ծե­րը, նուրբ ժա­նեակ­նե­րը, ո­րոնք կրնան, ըստ նոր սե­րուն­դին, հնա­բոյր ըլ­լալ, սա­կայն մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն պի­տի ստեղ­ծեն ա­նոնց մօտ:

Դպրոց­նե­րուն մէջ եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հայ­կա­կան ա­սեղ­նե­րու ու­սու­ցու­մը ան­պայ­ման մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէ նո­րափ­թիթ սե­րուն­դին մէջ:

Վե­րապ­րեց­նենք ու հոգ տա­նինք իւ­րա­քան­չիւր կոր­սուած գիւ­ղի ու քա­ղա­քի յա­տուկ ա­սեղ­նե­րուն:  Սփիւռ­քի մէջ այ­լա­սե­րու­մէ հե­ռու պա­հենք մեր ազ­գա­յին տոհ­միկ ձե­ռա­րուես­տը: Պատ­րաս­տենք որ­պէս ԼՕԽ-ա­կան, ա­պա­գա­յի գի­տա­կից հայ մայ­րեր՝ լիա­ցած ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, մշա­կոյ­թով եւ ա­րուեստ­նե­րով:

Տէր կանգ­նինք մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն՝ գո­յա­տե­ւե­լու եւ մեր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը եւ ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար:

ԼԻ­ԶԱ ՔԷ­ԼԷ­ՇԵԱՆ-ԹԻՒՄ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Այն­ճար 23 նո­յեմ­բեր 2016

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016