ՕՐԷՆՔԸ
Տիեզերական համակարգին մէջ զմայլելի կարգ կանոն կայ, ուր տիրող ներդաշնակութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ ամենափոքր հիւլէն, աստղերն ու արեւը, ինչպէս նաեւ կենդանաբանական աշխարհի մէջ միաբջիջէն՝ բազմամիլիոնաւորը: Կարգ ու կանոնը հիմն է գոյութեան:
Երկրի անթիւ աստղերը իրարու հետ կ՚ընթանան հաշտ կապակցութեամբ: Կենդանական աշխարհը, այս պարագային՝ բուսական, ունի մէկ անգիտակից նպատակ՝ իր կեանքին եւ ցեղին պահպանումը: Անասնական աշխարհը՝ ի՛ր կերպերը՝ իր տեսակին պահպանութիւնը:
Գալով մարդ արարածին, որ իր բանականութեամբ վեր է բոլոր կենդանիներէն, դարերու ընթացքին անցած է բազմապիսի հանգրուաններէ, նայած, ո՞ւր, ո՞ր ցամաքամասին մէջ, երբ ամէնուր, կրօն, փիլիսոփայութիւն ունեցած է իրեն յատուկ կանոնադրութիւնը, որ անշուշտ փոփոխութեան ենթարկուած է դարերու ընթացքին: Երիտասարդութեանս հանդիպած եմ Ֆ. Էնկելսի «Ընտանիքի, պետութեան եւ մասնաւոր սեփականութեան ծագումը» գիրքին, որ լայն պաշարով լոյս կը սփռէ վերոյիշեալ նիւթէն, թէեւ չէր կրնար սպառիչ ըլլալ, մեզի համար, ժամանակի հեռաւորութիւնն ու նորանոր յայտնութիւններու պատճառաւ, որոնք ե՛ւ փոփոխական են, ե՛ւ ոչ համատարած: Մանաւանդ հաւաքականութիւններ չեն կրնար գոյատեւել առանց կարգ կանոնի. ուստի մարդ արարածն ալ կ՚առաջնորդուի իրեն յատուկ օրինաչափութիւններով, որ կը տարբերի այլ հաւաքականութիւններէ, որով կը տարբերի նաեւ օրէնսդրութեամբ: Եթէ նախ քարանձաւներու մէջ էր, անշուշտ, պիտի տարբերէր հետագայ կեանքին մէջ, ուր օրէնսդրութիւն մը անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ Համուրապիի մը կողմէ, Միջագետքի մէջ, Մովսիսականութիւնը՝ Սինայի անապատին, եւ այլ երկիրներ իրենց կարգին, իրենց պետական վարչակարգով պիտի ղեկավարէին իրենց ենթակայ ժողովուդը. իբրեւ աւատապետական կամ թագաւորական. «Մահ թագաւորներուն», որմէ «Ձայն բազմաձայն Աստուծոյ»... եւ ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէր զինք առաջնորդողները... եւ դեռ, ընկերվարական մտածողութեամբ՝ «Մէկը բոլորի, բոլորը մէկի» լոզունգով:
Ի՜նչ իտէալական... բայց եկուր տես, որ մարդ արարածը եթէ ձեւին (լոզունգ կամ օրէնք) մէջ փոփոխութեան ենթակայ է, խորքին մէջ երբեք այդպէս չէ. ՄԱՐԴԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԱՐԴ իր էութեամբ, կազմով, որմէ չի կրնար ձերբազատուիլ ու ալ ո՞վ կը հաւատայ ճշմարիտ քուէարկութեան... կամ նոյնիսկ քուէարկութեամբ, երբ խորհրդարան կազմուի, ի՞նչ պատկեր կու տայ ան... ամենէն յատկանշականը անշուշտ հայրենիքի մէջ կատարուած Հոկտեմբեր 27-ի սպանդն էր... Իսկ այլ երկիրներու մէջ, ականատես կ՚ըլլանք վէճի, աթոռակռիւի... եւ փողկապը, որ իբր թէ ցոյց կու տայ կոկուած, քաղաքակիրթ ըլլալու խորհրդանիշ, կը վերածուի... սանձի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն, թիւերու առաւելութեամբ յաղթական ելաւ անկանխատեսելին՝ Տանըլտ Թրամփ, ու ահա, քլինթընականներու զայրոյթը վերած-ւեցաւ բողոքի ցոյցերու, անզսպելի խուժանի: Բայց չէ՞ որ իրենց սահմանադրութիւնն է որոշողը, (խորքին մէջ) ուրեմն ինչո՞ւ բորբոքիչ. պարզ ա՛յն պատճառաւ, որ տակաւին հասունութեան պակասը գոյ է մասսայի մօտ, որ անկարող է ինքնազսպումի: Բայց եղածը եղած է: Ուստի, խուժանային խլրտումները կը մարին օրէնքի ..... մէջ: Մինչ ներքին, անասնային եսը կը ստանայ ժամանակաւոր գոհացում:
«Աւետեաց երկիր»ին մէջ, Happy Holiday-ը ընթացիկ ըլլալու վտանգ կատարեց՝ ետ դարձ դէպի Merry Christmas-ը:
Շնորհաւոր ըլլայ: Շնորհաւոր ըլլան՝ Թրամփը եւ Merry Christmas-ը:
Ցնոր իրագործումներ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան