ԱԿՆԱՐԿ - 43 - «ԵՐԿԻՆՔԷՆ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ, ՀՈՂԷՆ ԱՌԱՏՈՒԹԻՒՆ»
Վերջին քանի մը տարուան ընթացքին հօրս, ազգականներուս եւ մէկ-երկու ընկերոջ հետ խօսելու ժամանակ երբ իրենց հարցնեմ հողամշակութեան մասին, գրեթէ բոլորէն նոյն պատասխանը կը լսէի. «Հողը կը շարունակէ իր բերքն ու բարիքը տալ, սակայն ժամանակները փոխուած են, հողէն եկած բերքն ու բարիքը արժեւորող չկայ այլեւս…»:
Մէկ-երկու օր առաջ ալ երբ մերիններուն հետ կը խօսէի երեկոյեան, հօրս հարցուցի օրդ ինչպէ՞ս անցաւ այսօր, ան պատասխանեց.
-Ձիթենի տնկեցի, մեր պապուկներուն սընուոթին [արհեստին] վերադարձայ:
…
Անցեալին, Քեսապի մէջ ամենէն շատ մշակուած ծառերէն մէկը եղած է ձիթենին, որ յետագային կամաց-կամաց իր տեղը զիջած էր խնձորենիին: Քեսապցիները քանի մը տասնամեակ շարունակ խնձոր մշակելով իրենց գոյութիւնը պահեցին, իրենց վիճակը բարելաւեցին, լաւ կերպով պահեցին խնձորը, խնձորն ալ զիրենք լաւ պահեց: Սակայն, 2014-ի դէպքերէն ետք, խնձորի մշակութեան գործը ակամայ նահանջ արձանագրեց, ձեւով մը պարտադրուած՝ մանաւանդ երբ նկատի ունենաք Սուրիոյ վերջին տասնամեակի վիճակը բոլոր առումներով:
Կը մտածէի այս շաբթուան ակնարկս տրամադրել հօրս պատասխանին ազդեցութեան։ Վերջնական չէի որոշած տակաւին, երբ Դիմատետրի վրայ հանդիպեցայ քեսապցի հայագէտ Յակոբ Չոլաքեանի «Երկինքէն ողորմութիւն, հողէն առատութիւն» խորագրով հետեւեալ գրութեան.
* Քեսապէն բարեկամ մը կը խօսէր՝ յայտնելով, թէ խնձորի ծերացած այգին արմատախիլ ըրած է, խնձորէն բարիք ակնկալել դժուար է այլեւս։
-Ի՞նչ ըրիր հողը,- հարցուցի,- ի՞նչ տնկեցիր։
-Վերադարձանք մեր հայրերու օրուան, ցորեն ցանեցի,- պատասխանեց բարեկամս։
Ու ինծի յիշեցուց հաւատալիք մը. մարդիկ աշնանացանի կ՚երթային նուռ մը տանելով իրենց հետ, եզները կը լծէին, արօրի ձողը կը կապէին լուծին, նուռը կը կտրէին, կէսը կ՚ուտէին ու միւս կէսն ալ կը խառնէին սերմացուին ու կը ցանէին։
Սա ըսել էր, որ հասակ նետող ցորենի հասկը նռան չափ անհաշուելի հատիկներ ունենայ։
-Ուրեմն բերք ու բարիք կը սպասես,- կ՚ըսեմ։
-Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի,- կը պատասխանէ բարեկամս։
-Երկինքէն ողորմութիւն, հողէն առատութիւն կը մաղթեմ ու կը յիշեմ, որ փետրուար ամսուն կը սկսէր նաեւ գետնախնձորի (փաթաթէս) տնկումը, մարդը կը տնկէր առաջին սերմը, «Եա սուլուրուօծ Սուրբ Սարգիս» ըսելով, այսինքն «Բերնէ բերան լեցուն Սուրբ Սարգիս», մաղթելով որ մէկ հատիկ սերմէն դոյլ մը գետնախնձոր հանէր գարնանավերջին։ Տեառնընդառաջի խորոյկէն կիներ աման մը մոխիր կը բերէին ու անոր մէջ բակին մէկ անկիւնը դդումի կուտ մը կը դնէին՝ հաւատալով, որ անոր մէկ հատիկ դդումը այնքան կը մեծնայ, որ բաւէ այդ տարուան բոլոր նորափեսաներուն կորկոտապուրի մը հետ դդմապուր մըն ալ կերցնելու։
Էհ, այդպէս էին մարդիկ, “Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի” կ՚ըսէին։
***
Հօրս ձիթենի տնկելու եւ Պրն. Չոլաքեանի բարեկամին ցորեն ցանելու փաստը եկան համոզումս ալ աւելի խորացնելու, որ իրապէս երբ մարդ հողին նայի, հողն ալ իրեն կը նայի: Խնձորը չ՚ըլլար՝ ցորենը կ՚ըլլայ, ցորենը չ՚ըլլար՝ ձիթենին կ՚ըլլայ, կարեւորը մարդուն կամքն է, կամեցողութիւնն է, բարի նպատակն է, հողին հետ առաքինութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուիլն է, միշտ միտքին մէջ հետեւեալ բացարձակ ճշմարտութիւնը նկատի ունենալով. «Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի»: Հողը ինքն իրմէ չի՛ թերանար իր առաքելութեան մէջ՝ բերք ու բարիք տալով, մարդն է, որ կը թերանայ, հողը անտեսելով, հողը ծանրաբեռնելով, հողը մոռնալով, որով հողը այդ պարագային չի՛ կրնար ճիշդ կերպով ու լաւ նայիլ մարդուն:
Այս մտածումներով տարուած կարելի չէ չմտածել մեր ժողովուրդի գլուխին եկած վերջին պատուհասի մասին… Արցախի հայաթափումը: Երկար պիտի չգրեմ, պարզապէս հողի մասին վերը արձանագրուած գաղափարներուն լոյսին տակ եթէ փորձենք պատճառ մը գտնել Արցախի կորուստին, ապա մեզմէ շատերուն միտքերուն մէջ երեւի դաջուի հետեւեալ մտածումը. «Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի», որմէ ետք հարցում մը պիտի ծագի. «Մենք մեր հողին նայեցա՞նք»… Պատասխանը թող ընթերցողը ի՛նք տայ…
Յ.Գ. Քեսապէն Լաթաքիա երկարող ճանապարհին հսկայ ձիթենիի ընդարձակ պարտէզներ կան: Յաճախ լսած եմ, որ այդ ծառերէն շատերը Քեսապէն բերուած են: Այս գրութիւնը գրելու ընթացքին հեռախօսով զրուցեցի Պրն. Չոլաքեանին հետ իմացածս հաստատելու համար: Պրն. Չոլաքեանը ո՛չ միայն հաստատեց իմացածս, այլեւ աւելցուց, թէ անցեալին ինչ-ինչ քաղաքական իրադարձութիւններու եւ անախորժ դէպքերու պատճառով քեսապցիներ ծախած են իրենց ձիթենիի ծառերը՝ այդ շրջաններէն եկած ալաուիներուն: Պրն. Չոլաքեան յայտնեց նաեւ, որ ձիթենիի ծառը քեսապցիներուն համար պաշտամունքային հանգամանք ալ ունեցած է եւ բազմաթիւ հաւատալիքներ ու համոզումներ կան այդ ծառի մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ