ՆՈՐ ԺԱՄԿԷՏԻ ՍԵՄԻՆ
Միջազգային օրակարգի հիմնական հարցումները կը շարունակեն վերաբերիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Այս օրերուն այդ հայեացքները աւելի նպատակասլաց են եւ բոլորը տեղ մը կ՚ակնկալեն, որ Տանըլտ Թրամփի յաղթանակով ԱՄՆ դուրս կու գայ՝ միայն շրջիկ շրջաբերականներ ստորագրող կամ ամէն առիթով նոր դատապարտագիրներ խմբագրողի դերէն։ Այս բոլորէն անդին ի՞նչ պիտի ըլլայ ԱՄՆ-Հայաստան առանցքին վրայ. Թրամփ պիտի յարգէ՞ իր խոստումները։
Անշուշտ, այստեղ հարկ է հաշուի նստիլ այն կարեւոր կէտին հետ, թէ ԱՄՆ անխուսափելիօրէն ազդուեցաւ նախագահ Ճօ Պայտընի որդեգրած եւ աշխարհին համար անարդիւնաւէտ գործելաոճէն։
ԱՄՆ, որ պարտաւոր էր հանդէս գալ՝ որպէս իրաւարար եւ հակամարտ կողմերը ի մի բերող կողմ, կատարեց ճիշդ հակառակը։ Իր ամբողջ ներուժը հաւաքագրեց եւ իրեն ենթակայ տէրութիւնները զինուորագրեց՝ հարուածելու համար Ռուսաստանը։ Թերեւս ԱՄՆ կարիքն ունէր, որ Եւրոպայի ամբողջ ուղղութիւնն ու թիրախը դառնար Ռուսաստանը՝ մոռնալով, անշուշտ, որ այդ գործը ենթադրուածին չափ դիւրին պիտի չըլլայ... Ու թերեւս ճիշդ այդ սխալ ենթադրութեան հետեւանքով էր, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կամաց-կամաց թուլացաւ եւ այդ մէկը յանգեցուց Թրամփի յաղթանակին, որով ան պիտի վերադառնայ Սպիտակ տուն։
Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անոր մէջ գործուած սխալները, անշուշտ, կրնանք համարել այսօր ստեղծուած իրավիճակին հիմնական պատճառը։ Բաց աստի, անշուշտ, կար այն վարկածը, թէ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը յոյս դրած էր Թրամփի վրայ՝ ներքին-տնտեսական տագնապի յաղթահարումը վստահելի ձեռքերու յանձնելու առումով։
Արտաքին պարունակին մէջ Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապէն, արաբա-պաղեստինեան խնդրէն ու Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի կացութենէն անդին, հիմնական խնդիր կը համարուին Հարաւային Կովկասի տագնապն ու մշուշոտ վիճակը։ Այս մասին Թրամփ եւ անոր ապագայ վարչակարգը շատ յստակ տեղեկութիւններ ունին եւ սա մեծ հաշուով կրնայ ապահովել, որ ան անձամբ զբաղի Հարաւային Կովկասով։ Ու այս առումով, անշուշտ, նախընտրական ժամանակաշրջանին Թրամփ քանի մը առիթով Հարաւային Կովկասի եւ հայութեան պարագային կարգ մը սլաքներ արձակեց։ Հարցումներուն հարցումը կը մնայ հետեւեալը. արդեօք Տանըլտ Թրամփ պիտի յարգէ՞ իր խոստումը եւ ի վերջոյ անոր խօսքն ու գործը պիտի համապատասխանե՞ն իրարու։
Վերլուծաբան Արմէն Վարդանեան այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Թրամփ գործարար է եւ քաղաքականութեան հետ կապուած խնդիրները յաճախ կը դիտարկէ ձեռնարկութիւններու տեսանկիւնէ։ Ան պարբերաբար նշած է, որ քաղաքականութիւնը իրեն համար գործարք է։ Առհասարակ Թրամփը պէտք չէ թերագնահատել, թերեւս, այդ թերագնահատման պատճառով շատեր անոր նկատմամբ լուրջ չէին վերաբերիր՝ մինչդեռ անոր կերպարի վրայ լաւ աշխատած են բաւական լուրջ քաղաքագէտներ։ Թրամփ պատահաբար նախագահ չդարձաւ։ Ան շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ ինչ պահանջներ ունի ամերիկեան հասարակութիւնը։ Գիտէ, որ ժողովուրդի զգալի զանգուած մը այնքան ալ ոգեւորուած չէ, որ ԱՄՆ-էն հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու գտնուող Ուքրայնային երկիրը կը յատկացնէ միլիառաւոր տոլարներու աջակցութիւն։ Մինչդեռ, ինչպէս Թրամփը կ՚ըսէ, այդ գումարները կրնան օգտագործուիլ ԱՄՆ-ի մէջ՝ ի բարօրութիւն ամերիկացի ժողովուրդին։ Եւ այդ գործօնը նոյնպէս աշխատեցաւ»։
Գալով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ապա վերլուծաբանը կը նշէ, որ Թրամփ մեկուսացման քաղաքականութեան կողմնակից է։ Իր նախորդ կառավարման ժամանակահատուածին ԱՄՆ դուրս եկած էր որոշ տարածաշրջաններէ, իսկ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ան ի սկզբանէ մեծ ուշադրութիւն չէր ցուցաբերեր։
Իր օրօք տեղի ունեցած էր 44-օրեայ պատերազմը եւ ԱՄՆ որեւէ գործնական քայլ չէր առած զայն դադրեցնելու համար։ Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, առհասարակ, ամենավատ վիճակի մէջ էին Թրամփի առաջին կառավարման տարիներուն։ Լուրջ հանդիպումները սակաւաթիւ էին այդ առումով կամ գրեթէ չէին կազմակերպուիր։ Բայց, վերջին ընտրութիւններէն առաջ ան քանի մը անգամ ամերիկահայերու համար հանդէս եկաւ ականջահաճոյ յայտարարութիւններով։ Այդուհանդերձ, հնարաւոր չէ միանշանակ պնդել, թէ գալիք չորս տարիները կը նմանին անոր կառավարման նախորդ տարիներուն։
Վերլուծաբանի կանխատեսումներով, շատ բան կախուած պիտի ըլլայ այն հանգամանքէն, թէ ո՞վ պիտի նշանակուի պետական քարտուղար։ Ամենահաւանական թեկնածուն է Մարքօ Ռուպիոն։ Արդարեւ, Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մէջ պետական քարտուղարի գործօնը չափազանց կարեւոր է։
Այդ առումով Պայտընի վարչախումբին հետ ստեղծուած էին բաւական լաւ յարաբերութիւններ։ «Արձանագրուեցաւ դրական վիճակ մը եւ յարաբերութիւնները հասան ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի։ Այս ուղղութեամբ մեծ էր պետական քարտուղար Պլինքընի դերը։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, որով այդքան շահագրգռուած էր Պայտընի վարչակազմը եւ նոյնիսկ կողմերուն կը յորդորէր պայմանագիրը ստորագրել մինչեւ տարեվերջ, ապա Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալով՝ այդ գործընթացը կը շարունակուի», համոզուած է վերլուծաբանը։
Այդուհանդերձ, կողմերու նկատմամբ գործելաոճը կը փոխուի։ Պայտըն կ՚ուզէր բոլորին ցոյց տալ իր պաշտօնավարման ժամկէտին վերաբերեալ որեւէ արդիւնք, որեւէ քաղաքական յաղթանակ եւ այդ պատճառով ալ կողմերու կը յորդորէր մինչեւ 2024 թուականի աւարտը ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Նոյն մօտեցումը կը ցուցաբերուէր նաեւ ռուս-ուքրանական եւ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւններու պարագային, բայց եւ այնպէս, բեկում մը տեղի չունեցաւ։ Յառաջընթաց չգրանցուեցաւ նաեւ Իրանի միջուկայի ծրագրին շուրջ։ Ըստ վերլուծութեան՝ Թրամփ, անշուշտ, նման շտապողականութիւն մը պիտի չդրսեւորէ՝ մանաւանդ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը անոր համար առաջնահերթութիւն մը չէ։ Ան, ի հարկէ, պիտի փորձէ կողմերը նստեցնել բանակցութիւններու սեղանին, որպէսզի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը, բայց, նոյն աշխուժութիւնը պիտի չըլլայ եւ կողմերէն որեւէ մէկուն վրայ զգալի ճնշում պիտի չգործադրուի։
Ինչ կը վերաբերի միջազգային օրակարգի խնդիրներուն՝ ապա հարկ է յիշեցնել Թրամփի խօսքերը, ըստ որոնց՝ պիտի դադրեցուին պատերազմները եւ նոր պատերազմ պիտի չծագի։
Սա յուսադրիչ է հայկական տեսակէտէ, սակայն, պէտք է հաշուի առնել, Թրամփ առաջին պաշտօնավարման տարիներուն ալ տուած է խոստումներ, որոնք չեն յարգուած։ Հակառակ այդ հանգամանքին՝ հաւանական է, թէ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան մէջ բեկում մը ըլլայ. պատերազմի դադրեցումը բացառուած չէ։ Ինչ կը վերաբերի Իրանին, ապա այդ երկրին դէմ ճնշումները կրնան մեծնալ, որովհետեւ ժամանակին Թրամփ դուրս եկած էր միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններէն։ Օգտուելով այդ հանգամանքէն՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի փորձէ ԱՄՆ-ը ներքաշել Իրանի դէմ պատերազմի մէջ։ «Այստեղ շատ կարեւոր է, թէ Թրամփ ի՞նչ դիրքորոշմամբ հանդէս կու գայ նոր իրողութիւններու պարագային», եզրափակուած է վերլուծութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024