ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ… ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ «Ս. ՓԻԼԻՊՊՈՍ»Ի ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանաբար համաձայնութեան այն սակաւ կէտերէն մին է՝ Իսրայէլի կառավարութեան որդեգրած վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը:
Ու հակառակ անոր, որ ներկայ վարչաձեւը կը պատրաստուի իր «պայուսակները հաւաքել»՝ զգալի կը դառնար, որ Օպամա չի պատրաստուիր Իսրայէլի «սիրտը կոտրել»:
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Գահիրէի կողմէ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած ծրագրին, որուն շնորհիւ Եգիպտոս բաւական իրատեսական մօտեցումներով պիտի առաջարկէր քուէարկել որոշումի մը, որուն հիմքով Իսրայէլ պէտք է հրաժարէր վերաբնակեցման որեւէ նոր ծրագրի որդեգրումէ:
Մինչ պաղեստինեան կողմը կը սպասէր, որ Եգիպտոսի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած եւ վերբնակեցումը «կանխարգիլող» նախագիծը Հինգշաբթի օր քուէարկութեան դրուէր, արդէն Ուրբաթ առաւօտ լրատուական աղբիւրներ կը փոխանցէին օրակարգի քննարկման յետաձգման մասին պաշտօնական տեղեկութիւնը:
Այս մասին կարեւոր տեղեկութիւն կը փոխանցէր «Ալ Քուտս» պարբերականը, թէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է նախագահ Սիսիին հետ եւ վերջինիս յորդորած՝ ներկայ պահուն հրաժարիլ նման ծրագրով հանդէս գալէ:
Ուշագրաւ է Ֆրանսայի կեցուածքը, որ առաջին անգամ ըլլալով եւ բաւական շեշտակի մօտեցումով մը յայտարարած է, թէ նեցուկ կը կանգնի Գահիրէի այս ծրագրին՝ շեշտելով նաեւ, որ այդ օրինագիծ-առաջարկը բազմակողմանի իրատեսական երեսակներ ունի:
Այս բոլորով հանդերձ պէտք է ի մտի ունենալ, որ հակառակ միջազգային հանրութեան վերաբնակեցման ծրագիրներուն դէմ եղած բարձրաձայն յորդորներուն, Իսրայէլի կառավարութեան եւ մասնաւորապէս Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի վերաբնակեցման ծրագիրներ իրականացնելու գրաւը կը շարունակէ մնալ առաջնային խնդիր:
Եթէ Իսրայէլի պետութեան համար երկրի բանակը արժանի է յատուկ ուշադրութեան եւ դրամական մեծ յատկացումներու, ապա գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլի «քաղաքական հոգեբանութեան» մէջ ամենէն առաջնակարգ օրակարգը բնակեցումն է:
Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներու վերաբնակեցման վերաբերեալ ընդհանուր կեցուածքին՝ նշեմ, որ այդ խնդրին մասին Օպամայի վարչակազմի վերջին ուշագրաւ յայտարարութիւնը հնչած է անցեալ Սեպտեմբերին, երբ Պետական քարտուղարութեան բանբեր՝ Մարք Թոնըր խօսելով Օպամայի Իսրայէլ տալիք այցին մասին կարեւոր շեշտադրումներ կատարած է: Թոնըր ըսած է, որ իրենց համար արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան հանգուցալուծումը ունի հիմնական ճանապարհ մը, որն է Պիլ Քլինթընի նախագահութեան շրջանին մշակած «երկու տէրութեանց լուծում» նախագիծը: Ամերիկացի պաշտօնեան այդ ծրագիրը լուսարձակի տակ առնելով անգամ մը եւս «լռելեայն» ձեւով կը շեշտէր, որ ամերիկացիներուն համար Թել Աւիւի վերաբնակեցման բոլոր ծրագիրները մերժելի են:
Օպամա 2016 թուականի Սեպտեմբերի 30-ին կը հասնէր Թել Աւիւ, մասնակցելու համար Իսրայէլի երկար տարիներու վարչապետ եւ նախագահ Շիմոն Փերէզի թաղման արարողութեան: Միացեալ Նահանգներու համար Փերէզ «խաղաղութեան ջահակիր» մըն էր ու իսրայէլացի գործիչին հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքը պէտք է դիտարկել այդ տեսանկիւնէն, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Օպամայի պաշտօնավարութեան ամբողջ տեւողութեան երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եղած են բաւական լարուած եւ եւ «ժխտական մեսըճ»ներով լեցուն:
Յիշեցնենք, որ Թել Աւիւ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները կտրուկ լարում ապրեցան 2010 թուականին: Այդ տարին էր, որ Պենիամին Նեթանիյահու ընդունելէ ետք Նախագահ Պարաք Օպամայի խորհուրդները վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը սառեցնելու վերաբերեալ, կը գործէր հակառակը: Եւ կառավարական հրամանագրով մը կ՚որդեգրուէր 1600 բնակեցման վայրերու (բնակարաններու) կառուցման ծրագիր մը՝ Արեւմտեան Ափի «Ռամաթ շըլոմօ» շրջանին մէջ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական այցով կը գտնուէր Թել Աւիւ, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը Նեթանիյահուի կառավարութեան այս որոշումը կը բնութագրէր որպէս ապտակ՝ ուղղուած Ուաշինկթընին: Որոշումէն անմիջապէս ետք Օպամայի թելադրանքով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երկար (43 վայրկեան եւ բաւական բորբոքած) հեռախօսազրոյց մը կ՚ունենար Նեթանիյահուի հետ:
Միացեալ Նահանգներու կեցուածքէն շատ տարբեր չէ ՄԱԿ-ի ընթացքը՝ վերաբնակեցման քաղաքականութեան առընչութեամբ: Այս մասին բաւական խիստ գնահատականներ տուած է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ՝ Նիքոլայ Մըլատինով, որ նիւթին մասին խօսած է Օգոստոսին: Մըլատինով դիտել տուած է, որ Իսրայէլ ցայսօր չի յարգեր վերաբնակեցման խնդրին կապակցութեամբ ՄԱԿ-ի որոշումները եւ կը շարունակէ այդ մօտեցմամբ փակել խաղաղութեան վերահաստատման ուղղուած բոլոր մակարդակի երկխօսութիւնները:
Պաղեստինեան կողմին համար ալ խիստ մտահոգիչ հարց մըն է վերաբնակեցումը, որովհետեւ այդ ճանապարհով Իսրայէլ կը փորձէ ամէն գնով գետնի վրայ եւ մասնաւորապէս Երուսաղէմի արեւելեան հատուածներէն ներս մարդագրական փոփոխութիւններ յառաջացնել:
Այսքանը Իսրայէլի վերաբնակեցման քաղաքականութեան մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի հայապատկան հողերու հանդէպ Թել Աւիւի ունեցած մօտեցումներուն։ Պէտք է յիշեցնել, թէ անոնք ունին բաւական խոր արմատներ եւ նորութիւն ալ չէ, որ անցնող շուրջ երկար տարիներուն ընթացքին Թել Աւիւ տարբեր եղանակներով եւ միջոցներով փորձած է ձեռք դնել հայապատկան եւ շատ յաճախ «լքեալ» համարուած հողատարածքներու:
«ՍՈՒՐԲ ՓԻԼԻՊՊՈՍ»Ի ՊԱՐԱԳԱՆ
Որպէս ապացոյց «Փիլիպպոսի աղբիւր» անունով յայտնի ուխտավայրն է, որուն մասին վերջերս կարեւոր լրատըուութիւն մը հրապարակուեցաւ: Այսպէս, ըստ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեանի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը, հակառակ իսրայէլական կառավարութեան, Պատրիարքարանի օգտին որոշում կայացուցած է։
Հայր Սուրբը, որ օրեր առաջ խօսած է «Հայ Ձայն» ելեկտրոնային կայքին՝ ըսած է, որ «Համայնքի Ս. Փիլիպպոս սրբավայր կատարած տարեկան ուխտագնացութենէն ետք հրէական «Երուշալաիմ» (Երուսաղէմ) թերթը Դեկտեմբերի 10-ին յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը որոշած է Հայոց Պարտիարքարանի վերոնշեալ կալուածը յանձնել Ազգային Պարտէզին, որ ապագային քրիստոնէական այդ ուխտավայրը պիտի վերածէ կրօնական հրեաներու «ջուրով մաքրման» վայրի: Այս յօդուածէն ետք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան պարզաբանում մը հրապարակած է՝ պնդելով, որ Հայոց Պատրիարքարանը բոլոր հնարաւոր միջոցներով՝ օրինական եւ հանրային, տէր պիտի կանգնի հայկական եկեղեցւոյ հողերուն։ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան սպառնացած է հայկական եկեղեցւոյ հողերուն յաւակնողներուն։ Տ. Յովնան Վարդապետ ներկայացուցած է «Փիլիպպոսի աղբիւր» սրբավայրի մասին՝ նշելով, որ ան Հայոց Պատրիարքարանին կը պատկանի 1600-ական թուականներէն ի վեր: Կալուածին մէջ կը գտնուի այն աղբիւրը, որուն ջուրով Ս. Փիլիպպոս առաքեալ մկրտած է եթովպացի ներքինին: Այս պատմութիւնը կը յիշատակուի Նոր Կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ (Գործք, 8:2640): 1960 թուականին Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ կալուածը յայտարարուած է «կանաչ գօտի», որ կը նշանակէ, թէ այդ տարածքին վրայ ո՛չ սեփականատէրը (Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը) կրնայ որեւէ բան կառուցել, առանց կառավարութեան հաւանութեան եւ ոչ ալ կառավարութիւնը՝ առանց Հայոց Պատրիարքարանի արտօնութեան: Տ. Յովնան Վարդապետի խօսքով, տակաւին 2012 թուականին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Երուսաղէմի քաղաքապետարան բողոքագիր ներկայացուցած էր այդ շրջանին մէջ Ազգային Պարտէզի առաջարկած զբօսաշրջային գիւղ կառուցելու ծրագրին դէմ՝ զայն դիտարկելով անյարիր «Փիլիպպոսի Աղբիւր» սրբավայրին:
«Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի նախաձեռնութեամբ դիմում-նամակ մը կը պատրաստուի Պատրիարքարանին կողմէ։ Այդ մէկը պիտի ուղարկուի Իսրայէլի կառավարութեան՝ Երուսաղէմի հոգեւոր պետերու ստորագրութեամբ, որով կոչ պիտի ուղղուի կառավարութեան՝ վերանայելու սրբավայրը կանաչ գօտի յայտարարելու որոշումը եւ արտօնութիւն պիտի տրուի պատրիարքարանին՝ սրբավայրին մէջ մատուռ կառուցելու», ըսած է դիւանապետ Հայր Սուրբը։
ՊԱՅՔԱՐ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ...
Ուրեմն՝ Իսրայէլի պետութեան Երուսաղէմի հատուածին մէջ յաւելեալ հողամասեր կորզելու եւ իւրացնելու քաղաքականութիւնը չի սահմանափակուիր միայն վերաբնակեցման վայրեր կառուցելու քաղաքականութեամբ, այլ նաեւ կայ մշակուած եղանակներ, որոնց հիմքով երկրի միւս համայնքերու հողամասերը եւս յայտնուած են թիրախի կարգավիճակին մէջ եւ որեւէ «բացթողման» կամ «լքման» պահու մը այդ հողերը եւս կը դառնան Իսրայէլի պետութեան սեփականութիւն: Այս իրավիճակին մէջ կը գտնուի այսօր Իսրայէլը եւ ընթացող պայքարը բաւական խոր եւ երկար տարիներու արմատներ ունի:
Այս պայքարին դիմաց ալ միջազգային հանրութիւնը, հակառակ Երուսաղէմը «բոլորին քաղաք» տեսնելու մտադրումին, շատ յաճախ սկսած է տեղի տալ, կրելով քաղաքական տարբեր որակի «ճնշումներ» եւ ազդուելով շրջանին մէջ առկայ ապահովական եւ ընկերային տարաբնոյթ պայմաններէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան