ԱՄԱՆՈՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Նոր տարի՝ տօն, որ ուրախութիւն կը պարգեւէ թէ՛ մեծերուն, թէ փոքրերուն։ Ամէն նոր տարի իր հետ նոր յոյսեր եւ երազներ կը բերէ։ Այս բարի ու հրաշքներով լեցուն տօնին բոլոր աշխարհ սրտատրոփ կը սպասէ։ 31 Դեկտեմբերի գիշերը կարծես, թէ բոլոր մարդիկ կը բարիանան, մարդոց դէմքին կը պատկերուի բարի ու անկեղծ ժպիտ մը, մարդ քանի մը ժամով կը մոռնայ բոլոր հոգերն ու խնդիրները։ Կարծես այդ կախարդական գիշերը հրաշք մը տեղի պիտի ունենայ։ Իրականութիւն մըն է ամանորեայ հրաշքը, զոր ստեղծած ենք մենք՝ մարդիկս՝ ես, դուն եւ կամ ուրիշ մը։ Միթէ՞ հրաշք չէ հենց ինքը հրաշքի սպասումը, այդ հեղձուցիչ րոպէները, երբ կը թուի, թէ կեանքիդ մէջ շրջադարձ մը պիտի ըլլայ, հնարաւորութիւն ունիս տարիին նորովի սկսելու, գոցելու անցեալ տարուան ուրախ եւ տխուր էջերը եւ ամէն բանի նորով սկսելու։
Նոր տարին՝ Կաղանդը իւրօրինակ տօն մըն է՝ մասնաւորապէս պզտիկներուն համար։ Փոքրիկները աննկարագրելի զգացումով մը կը սպասեն Կաղանդ պապիկին, մեծ խանդավառութեամբ կը զարդարեն տօնածառը, նամակ կը գրեն Ձմեռ պապիկին։ Այդ բարի եւ հրաշագործ պապիկին համար ոտանաւորներ, երգեր ու պարեր կը սորվին։
Ամէն ազգ, ժողովուրդ ու տարածքաշրջան Նոր տարին իւրովի, իր սովորոյթներուն ու բարքերուն համաձայն կը դիմաւորէ։
Հայաստանի տարբեր տարածքաշրջաններուն մէջ Ամանորը կը նշուի տեղւոյն սովորոյթներուն համաձայն։ Նոր տարին շատ հետաքրքիր կը նշուի Արցախիս մէջ։ Դեկտեմբերի 1-էն սկսեալ Արցախի մէջ կը զգացուի Նոր տարուան շունչը։ Ձմրան ամիսի առաջին շաբթուընէ սկսեալ Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդ անունը կրող գլխաւոր հրապարակին մէջ կը սկսին տեղադրել ու զարդարել ամենէն մեծ ու գեղեցիկ գլխաւոր տօնածառը, միաժամանակ կը սկսին զարդարել քաղաքիս գլխաւոր փողոցները, քանի մը օր ետք քաղաքը ամանորեայ տօնական տեսք կը ստանայ, խանութներու ցուցափեղկերուն կը յայտնուին տօնի գլխաւոր հերոսները՝ Ձմեռ պապուկը եւ իր թոռնուհին՝ Ձիւնանուշը, ամենէն աղուոր զարդարուած խանութը կամ վայրը պետութեան կողմէ մրցանակի կ՚արժանանայ։ Տօնական տրամադրութիւն կը զգացուի նաեւ տուներէն ներս։ Բոլոր տուներու մէջ մեծ խանդավառութեամբ կը շտկուի Կաղանդի ծառը։
Դեկտեմբերի կէսէն սկսեալ հայրենակիցներս իրարու հանդիպած ատեն ժպտադէմ զիրար կը շնորհաւորեն գալիք Նոր տարուան ու Սուրբ Ծնունդին առթիւ։
Այնուհետեւ իւրաքանչիւր ընտանիքէ ներս կը սկսի ամանորեայ սեղանի շտկման պատրաստութիւնները։ Արցախցիներուս համար Ամանորը շա՜տ սիրելի ու սպասուած տօն մըն է, որ հարուստ թէ աղքատ անպայման ամանորեայ պատրաստութիւններ կը տեսնէ, թէկուզ եւ վերջին խնայողութիւններու հաշուին ըլլայ։ Արցախեան ամանորեայ սեղանի գլխաւոր ուտելիքը՝ հայկական աւանդական խոզի խորովածն է, որու անբաժան մասը կը կազմէ խորովուած հողկիթը։ Խորովածէն զատ սեղանին կը դրուի երեք-չորս տեսակ աղցան, ձուկ, կաղամբով տոլմա, երշիկեղէն, պանիր, թթու ու տարբեր ուտեստներ, չմոռնանք խմիչքները՝ գինին, օղին, հայկական քոնիաքը եւ անշուշտ շամփանիան։
Երկու սեղան կը շտկուի՝ մեծ ու պզտիկ։ Պզտիկ սեղանն ալ կը լեցուի քանի մը տեսակ կարկանդակներով, խմորեղէններով, պտուղի հիւթերով, տեսակ-տեսակ պտուղներով, չոր պտուղով, շոքոլաներու ու շաքարներու առատ տեսականիով։ Քիչ մըն ալ նկարագրեմ ամենէն սպասուած օրը՝ 31 Դեկտեմբերը։ Այդ օրը ամէնքս շատ ուրախ եւ մեծ սպասումով կ՚արթննանք, չէ՞ որ այս գիշեր ամանորեայ հրաշք տեղի պիտի ունենայ։ Նախաճաշէն ետք մարդիկ աւարտին կը հասցնեն տօնական վերջին պատրաստութիւնները, այդ օրը հին տարին կարծես սրընթաց նժոյգի մը պէս կը սլանայ դէպի իր հանգուցակէտը, մարդ ընելիքը կը շուարի։ Տօնական սեղանը շտկելէ ետք կանայք եւ աղջիկներ կ՚աճապարեն դէպի գեղեցկութեան սրահներ, իսկ տղամարդիկ տունը մնալով կը պատրաստեն կրակարանը՝ որպէսզի գիշերը առանց վարանելու սկսին խորոված պատրաստել։ Կէսօրէն ետք Կաղանդ պապիկն ու Ձիւնանուշը իրենց եղնիկներով կը շրջին քաղաքիս մէջ ու կը շնորհաւորեն ամէնուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, պզտիկներուն ալ գեղեցիկ ոտանաւորի մը կամ երգի մը փոխարէն նուէրներ կ՚ընծայեն։ Ժամերը արագօրէն կը սահին ու հին տարին կը մօտենայ իր աւարտին, երեկոյեան մեծ ու պզտիկ, ահել, ջահել կը հագուին, կը կապ-ւին եւ կը փութան դէպի հանրապետութեան հրապարակ, ուր կը վայելեն ամանօրեայ գեղեցիկ համերգ մը, կը հանդիպին Ձմեռ պապիկին ու Ձիւնանուշին, ծանօթ-անծանօթ զիրար կը շնորհաւորեն ու ժամը տասին տարուայ վերջին հրավառութիւնը վայելելէ ետք կը փութան դէպի տուն ու վերջնական տեսքի կը բերեն տօնական սեղանը։ Այդ օրը ժամը իննէն տասներկու քաղաքս կը ծխայ խորովածի անուշաբոյր ու զգլխիչ ծուխով։ Բոլոր տուներէն խորովածի ծուխ կ՚ելլէ ու այդ երջանիկ պահերուն ես միայն մէկ երազ կ՚ունենամ ՝ երանի թէ գալիք նոր տարին հայրենկիցներուս համար բարեբեր ըլլայ եւ անոնց տուներէն յաճախ այս հոտաւէտ ծուխը ելլէ, այլ ո՛չ թէ Կաղանդէ Կաղանդ։ Նոր տարուն րոպէներ մնացած ընտանիքս սեղանի շուրջ կը ժողվէ, տասներկուքին քառորդ մնացած շամփանիայի շիշը ձերքներուս տակ կը լսենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու հանրապետութեան նախագահի ամանորեայ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները եւ ուղիղ ժամը տասներկուքին որոտընդոստ ձայնով մը կը բացուի շամփանիան ու կը խմուի նոր տարուան կենացը։ Երիտասարդները գեղեցիկ աւանդոյթ մը ունին՝ տասներկուքին մէկ րոպէ մնացած փոքր թուղթի մը վրայ կը գրեն իրենց երազը, լուցկիով կը վառեն թուղթին կտորը ու մոխիրը շամփանիայի մէջ դնելով կը խմեն։ Եթէ հասցնես այս գործողութիւնը մէկ վարկեանի մէջ ընել, ուրեմն նորամուտ տարուն երազդ կ՚իրականանայ։
Մենք՝ հայերս առանց կենացի ոգելից խմիչք չենք գործածեր, առաջին կենացին կը յաջորդէ երկրորդը, երրորդը, չորրորդը ու այսպէս շարունակ։ Երկրորդը միշտ կը խմուի Արցախեան պատերազմի ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներուն կենացը՝ ոտքի վրայ, մէկ րոպէ լռութեամբ։ Կէս ժամ ետք հեռաձայնները կը սկսին անդադար հնչել, կարծես շնորհաւորանքներու տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, հեռաձայնի կապերը անքան կը ձանրաբեռնուին, որ քիչ ետք նոյնիսկ դրացիիդ չես կրնար զանգել, ուստի շնորհաւորանքներուն մէկ մասը կը մնայ առտուան։ Ապա, քանի որ կապը ծանրաբեռնուած է, ստամոքսդ լեցուր տեսակ-տեսակ խառն ուտելիքներով, օրն ու տարին ալ նոր կը սկսի, դուն ալ իրաւունք չունիս մինչեւ առտու քնանալու, ուրեմն կ՚առնես տուփ մը շոքոլա, քոնիաք կամ շամփանիա եւ կ՚երթաս դրացիներուդ, ընկերներուդ ու ազգականներուդ Կաղանդը շնորհաւորելու ու այսպէս մինչեւ լուսաբաց դռնէ դուռ կը պտըտիս։ Ամէն մարդ պարտաւոր է Նոր տարին հանդերձ ընտանեօք՝ իր սեփական յարկի տակ դիմաւորելու։ Կաղանդի սեղանը՝ մինչեւ նոր տարիին հիննալը՝ 13 Յունուար կը թարմացուի, բայց երբեք չի հաւաքուիր։ Ուստի մեծ հաւանականութիւն կայ, որ մինչեւ հին տարի, հիւրութեան գացած ատեն քու տարած տուփ մը շոքոլան ու շամփանիան ետ կու գայ քեզի, այս ալ ամանորեայ զուարճալի իրավիճակներէն մէկն է։ Ամանորի գիշերը քաղաքս չի քնանար։ Կաղանդը տունին մէջ դիմաւորելէ ետք, ժամը մէկին կամ երկուքին արցախցիները, մասնաւորապէս երիտասարդները, տունէն դուրս կ՚ելլեն եւ կը շարունակեն ամանորեայ խրախճանքը հանրապետութեան հրապարակին եւ կամ ճաշարաններու մէջ։
Ահա այսպէս Արցախիս մէջ կը տօնուի Ամանորը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ