ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՆՈՐ ՕՐ, ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԿԻԶԲ

Կ՚ըսեն Նոր տարուան գալով մարդ կը նորոգուի: Ասիկա ինչքանո՞վ եւ ինչո՞վ  կը պատահի ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: Հագուստի, տան զարդարանքի փոխուելո՞վ: Ի՜նչ խօսք, թերեւս  անհրաժեշտ են անոնք, բայց էականը ո՞րն է:

Չեմ ուզեր՝ ժամանակին մեր մեծերէն լսածներուս կրկնողը ըլլալ եւ հին, աւանդական բարեմաղթանքներու խօսքեր շռայլել: Այդ մէկը կը պատահի Նոր տարուան գիշերը եւ տօնական օրերուն, որ, ի հարկէ, լաւ է ու անհրաժեշտ՝ նոր խանդավառութեամբ եւ նոր սպասումներով ողջունել տարեմուտը: Բայց արդեօք բաւակա՞ն են սպասումները, եւ արդեօք այս կեանքի եւ մեր շրջապատին մէջ միայն ՄԵ՞ՆՔ ունինք այդ սպասելիքները: Բոլորիս մաղթանքն է, որ Նոր տարին ըլլայ բեղմնաւոր, ըլլայ խաղաղ բոլորին համար, յառաջանալու, նոր բարձունքներով նուաճելու տարի ըլլայ նորը:

Բայց իմ մաղթանքս է, որ բեկումնային տարի ըլլայ յառաջիկայ տարին՝ մեր մեծերէն լսած ու մեզի աւանդած մաղթանքներէն շատ աւելին: ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՏԱՐԻ՝ բոլոր առումներով: Բայց նախ ՀՈԳԵՊԷՍ: Այո՛, հոգեպէս: Նոր տարուան խանդավառութիւնը թող վարակէ ամէնուն եւ ամէն մարդ հնարաւորութիւն ունենայ դրսեւորելու իր ուժերուն լաւագոյնը՝ իր անձնական կեանքի մէջ, հաւաքականութիւններու համար եւ հաւաքական աշխատանքներու մէջ: 2018 թուականը շատ առումներով բեկումնային տարի պիտի ըլլայ, եւ ինչքան ճիշդ ու լաւ կ՚ըլլայ, որ այդ մէկը գիտակցելով եւ կանխատեսելով՝ պատրաստենք մենք մեզ, հոգեպէս պատրաստուինք մեր լաւագոյնը ընելու նոր տարուան ընթացքին:

Բայց ի՞նչ է Նոր տարին, եթէ ոչ բնութեան փոփոխութեան հետ պայմանաւորուած չափանիշ, ժամանակը չափելու նիշ, որ մարդու ստեղծածն է, մարդու հնարածն է: Ամէն օր կրնայ Նոր տարուան սկիզբ ըլլալ, ինչպէս որ տարբեր ազգեր եւ մշակոյթներ ունին իրենց պայմանաւորած Նոր տարին: Նոր տարուան եռուզեռն ու խանդավառ օրերը թող միշտ ուղեկցին մեզի ամբողջ տարուան ընթացքին, եւ նորոգուած հոգիով ու մտքով, նոր վճռականութեամբ ու յանձնառութեան նոր ոգիով անէն մէկս ընենք մեր լաւագոյնը մեր կեանքի եւ շրջապատի մէջ:

Տարիները շատ արագ կու գան եւ կ՚անցնին՝ դառնալով պատմութիւն: Շատ արագ կու գան  եւ կ՚անցնին, ու մենք՝ հայերս, ուշանալու իրաւունք չունինք: Արդէն ուշացած ենք: Իւրաքանչիւր կորսնցուցած օր տեղքայլ է ու նահանջ: Եւ հայութիւնը տեղքայլ ընելու եւ նահանջելու իրաւունք չունի: Նաեւ յիշեցնենք, որ մեծ նուաճումները միաժամանակ չեն պատահիր: Ընդհանուր յաջողութիւնը ամէն մէկուս եւ մեր հաւաքականութիւններու փոքրիկ յառաջխաղացքներու համագումարն է: Փոքրիկ յաջողութիւններու եւ դէպի առաջ երթալու քայլերով պայմանաւորուած ձեռքբերումներիու համագումարն է:

Այս մտածումներով դիմաւորենք Նոր տարին՝ գիտակցելով, որ նոյնիսկ այսօրուընէ՝ ամէն մէկ նոր օր, նոր տարուան սկիզբ է մեզի համար:

Ուստի՝
Շնորհաւոր այսօրով սկսած Նոր տարին:

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017