ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Տօնական օրերը կը մօտենան: Տարբեր երկիրներու, տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ տուներու մէջ մարդիկ եռուզեռի մէջ են դարձեալ: Իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով կը պատրաստուի տօնական օրերուն, իրեն յատուկ կերպով նշելու եւ դիմաւորելու Նոր տարին: Մենք՝ հայերս ալ, մարդկութեան մէկ փոքր մասնիկն ըլլալով, կը պատրաստուինք դիմաւորելու Նոր տարին:

Հակառակ մէկ ազգ ըլլալնուս, մեր մօտ եւս նոր տարուան պատրաստուելու ու Նոր տարին դիմաւորելու կերպերը կը տարբերին: Օրինակ, Հայրենիքի մէջ, մարդիկ այս օրերուն առաւելաբար կը մտածեն, թէ ի՞նչ ընեն, որպէսզի նոր տարուան սեղանը ըստ պատշաճի պատրաստեն, եւ ամենէն կարեւորը՝ լեցնեն: Սփիւռքի մեր ազգակիցները սեղան լեցնելէ աւելի, կը մտածեն, թէ ո՞ւր կարելի է նշել կամ դիմաւորել Նոր տարին, տա՞ն մէջ, ճաշարա՞ն, թէ՞ այլ երկիրի մը մէջ...

Յաճախ, սակայն, այս մտածումներով ու առօրեայ հոգերով տարուելով, այսինքն՝ ուտել-խմելու եւ քէֆ ընելու, կը մոռնանք մտածել կարեւորի մասին, նոր տարուան բո՛ւն խորհուրդի մասին: Արդարեւ, նոր բառը իր մէջ կը պարունակէ այդ խորհուրդը, որ կը թարգմանուի հետեւեալ կերպով. նորոգուիլ, թարմանալ, արդիականանալ: Այլ խօսքով, Նոր տարին նոր սկիզբ դնելու հնարաւորութիւնն է, որ կը շնորհէ մեզի:

Ի՞նչ սկիզբ սակայն:

Երբ Նոր տարի կ՚ըսենք, ատով կը հասկնանք, թէ այն տարին՝ 365 օր, որու մէջ կ՚ապրինք հիմա, իր աւարտին կը մօտենայ եւ շուտով պիտի դիմաւորենք նորը, այսինքն՝ նոր 365 օր: Թիւերը նկատի ունենալով, էապէս բան չի փոխուիր աշխարհի պատմութեան թաւալքին մէջ, որով 2017-ը պիտի փոխուի 2018-ի, եւ այսպէս շարունակ, մինչեւ այս աշխարհի վախճանը: Այս բոլորը նկատի ունեանլով հետեւաբար, մարդը նիւթական մօտեցումներն ու ըմբռնումները պահ մը մէկդի դնելով, պիտի փորձէ իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու մասին մտածել:

Երբ մարդ այս գիտակցումին հասնի, այդ ժամանակ է, որ կրնայ նոր սկիզբ դնել չհինցող անցեալ նորին: Նոր սկիզբը այլ բան չէ, եթէ ոչ ինքնաճանաչումի եւ ինքնասրբագրումի ընթացք, ինչպէս նաեւ վերարժեւորման եւ վերաքննութեան արարք: Տակաւին, նոր սկիզբը այլ բան չէ, եթէ ոչ մտաւոր ու հոգեւոր նորոգութիւն ունենալ:

Ներկայ ժամանակներուն մարդը եթէ միշտ ինքզինք չնորոգէ, չթարմացնէ, չի՛ կրնար քայլ պահել ներկայ ախարհի պահանջներուն եւ պայմանններուն հետ: Նորոգութիւնը, ամէն ժամանակէ աւելի, այսօր էական անհրաժեշտութիւն դարձած է իւրաքանչիւր մարդ անհատի համար: Ներկայ աշխարհը, որ գրեթէ ամէն օր նոր բան կը հրամցնէ մեզի, փոխադարձը կ՚ուզէ նաեւ որ մենք եւս մեզ նորոգենք, որպէսզի յաջողինք մեր գոյութիւնը պահպանել:

Նորը, նորոգուիլն ու նորոգութիւնը բնականաբար դրական յուզումներ կը պատճառեն իւրաքանչիւր մարդու համար: Սակայն, այսօր զարգացած եւ միշտ նորոգութեան ընթացքի մէջ եղող աշխարհին մէջ ապրող մարդիկս, այս նորոգութիւնը բացասական իմաստով ալ կ՚ընկալենք շատ յաճախ: Օրինակի համար, այսօր կան շատեր, որոնք կ՚ըսեն. այլեւս ժամանակն է ամէն ինչ փոխելու եւ նոր ունենալու, քարացած մտածումները մէկ կողմ դնելու եւ անոնց փոխարէն նորերը ունենալու, հին բարքերն ու սովորութիւնները մէկդի դնելու եւ անոնց փոխարէն նորերու մասին մտածելու: Բա՜յց... Նման մօտեցումներու պատճառով այս աշխարհի մէջ կը հանդիպինք բամաթիւ այլանդակ եւ ապաբարոյական երեւոյթներու, որոնք ո՛չ թէ մարդն ու իր կեանքը կը նորոգեն, այլ՝ ընդհակառակը կ՚ապականեն եւ կը հինցնեն:

Վերը մատնանշեցի մտաւոր եւ հոգեւոր նորոգութիւն ունենալու մասին: Ի՞նչ կը նշանակէ սակայն մտաւոր ու հոգեւոր նորոգութիւն ունենալ, եթէ ոչ հաշուեքննութիւն մը կատարելու մեր անցեալ կեանքին, մեր ապրած տարիներուն, մեր կատարած գործերուն եւ յառաջիկային համար մեր ունեցած ծրագիրներու մասին: Այս բոլորէն անդին, խորհրդածել մեր նախնիներուն մեզի աւանդ թողած ժառանգութեան մասին, թէ ինչպէս զայն պահելով պէտք է փորձենք նորովի լայն կիրառելի դարձնել մեր ժամանակներուն:

Իսկ հոգեւոր նորոգութիւնը կը վերաբերի մեր հոգիի մաքրումին ու սրբացումին, մեր սիրտի զտումին ու զօրացումին, մեր նկարագիրի կայունացումին ու ամրապնդումին: Չէ՞ որ մենք հոգեւոր էակներ ենք, այսինքն՝ հոգի ունինք մեր ներսիդին եւ կը հաւատանք, թէ այդ հոգին պարգեւողը Աստուած Ի՛նքն է, հետեւաբար պէտք է զայն մաքուր պահենք, զօրաւոր պահենք, ՆՈ՛Ր պահենք, որպէսզի զայն կարողանանք մաքուր վիճակով վերադարձնել զայն Պարգեւողին:

Նորոգուինք, նորոգենք եւ նորազարդենք մենք մեզ եւ մեզ շրջապատող ամէն ինչը, որպէսզի նորոգ վիճակով հեզասահ ընթանանք:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017