ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Մի եւս եղիցին քեզ աստուածք առժամայնք.
Եւ մի երկիրպագանիցես դու աստուծոյ օտարի։
(Սաղմոսք, Ձ.10)
Անուրանալի իրողութիւն է թէ՝ իւրաքանչիւր ամանոր բոլորիս կը յիշեցնէ ժամանակի գաղափարը, երբ տարի մը եւս կը թողունք մեր ետին, յանձնելով զայն պատմութեան արժեւորման։ Կամայ եւ ակամայ իւրաքանչիւր ամանորին կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակը թաւալգլոր կ՚անցնի անզգալաբար։ Այս անդրադարձման առընթեր ընդհանրապէս չենք մտաբերեր թէ՝ մարդ արարածին երկրաւոր կեանքի սահմանափակ ժամանակաշրջանը, համարժէք է կաթիլ մը ջուրի, բաղդատմամբ՝ Աստուծոյ անսկիզբ եւ անվախճան ժամանակամիջոցի ովկէանոսին հետ։
Կը գտնուինք Ամանորի սեմին։ Ինչ որ ալ ըլլան առօրեայ կեանքի պայմանները, Ամանորը ընդհանրապէս կ՚ընկալուի որպէս ուրախառիթ պարագայ։ Մարդիկ իրենց պայմաններով կը հաւաքուին սեղաններու շուրջ, կը զուարճանան, կը խնդան ու կ՚ուրախանան։ Սակայն այդ բոլորը, որոնց կ՚ընկերանան բարեմաղթութիւններ, ընդհանրապէս կը մնան աշխարհիկ չափանիշներով արժեւորման սահմաններուն մէջ։ Ժողովրդականացած «երջանիկ տարիներ, շատ տարիներու, բարի տարիներ» դասական բարեմաղթութիւնները իրենց իսկական իմաստը չեն գտներ, երբ անոնց առընթեր կը բացակայի այն հաստատ համոզումն ու հաւատքը թէ՝ երկնքի եւ երկրի Արարիչն է կեանքի օրերուն Տէրը եւ Տուիչը ամենայն բարութեանց։ Եւ դժբախտաբար այս բացակայութիւնը ընդհանրապէս դուռ կը բանայ որ՝ մարդկային տկարութեամբ ու նեղմիտ հասկացողութեամբ՝ կեանքեր կուռքի վերածուին։ Աստուած յաւիտենական է, իսկ մարդը՝ մահկանացու եւ մարդուն երկրաւոր կեանքը՝ ժամանակաւոր։ Ուստի վաղանցուկը աստուածացնել ու զայն պաշտամունքի առարկայ դարձնել, կը նշանակէ դուռ բանալ՝ առժամեայ յանձնուած կեանքի օրերու շնորհազրկման ու արգելք հանդիսանալ՝ կեանքի օրերու իմաստաւորման։
Սաղմոսերգու Դաւիթ Աստուծոյ հրամանն է որ կը կրկնէ ըսելով. «Օտար Աստուած չըլլայ քու մէջդ, ու օտար աստուծոյ երկրպագութիւն չընես»։ Այս աշխարհի իշխանը՝ սատանան, արգիլեալ պտուղը հրամցնելու իր ծուղակը լարած էր ըսելով. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին, եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծննդոց, 3.5)։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ, ոչ թէ միայն հեռու կենալ օտարներու նիւթական չաստուածներէն, այլ նաեւ՝ մեր աչքերը շլացնող բարոյական չաստուածներէն, որոնք կը հրամցուին սատանային կողմէ։ Մենք կը հրաւիրուինք աչալուրջ ըլլալ նման պարագաներուն եւ որդեգրել Յակոբ Նահապետի իմաստութիւնը, որ անսալով Տիրոջ պատգամին, իր ընտանիքին ու բոլոր իրեն հետ եղողներուն հրահանգեց «իրենց մէջ եղող օտար աստուածները վերցնել ու մաքրուիլ ու իրենց հանդերձները փոխել» (Ծննդոց, 35.2)։ Կ՚արժէ մտածել թէ՝ աշխարհի կապուած անձնակեդրոն կեանք մը ի՞նչ կը շահեցնէ։ Աշխարհը, մարմինը, սատանան ինչո՞վ օգուտ կը բերեն մեզի։ Աստուծոյ արարչագործ զօրութեան առջեւ անոնք օտար չաստուածներ ըլլալով կը մնան։ Քրիստոսի խօսքերը մեզի այս ուղղութեամբ ունին կարեւոր պատգամներ. «ինչ օգուտ կ՚ունենայ մարդ, եթէ այս ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր անձը կործանէ». «հոգին է կենդանարարը. մարմինը ոչ մէկ բանի կ՚օգնէ». «այս աշխարհի իշխանը ոչ մէկ իշխանութիւն ունի իմ վրաս» (Մատթէոս, 16.26։ Յովհաննէս, 6.64 եւ 14.30)։
Հին Կտակարանէն կը կարդանք Իմաստունին խօսքերը. «Ունայնութիւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է» (Ժողովող, 1.2)։ Աշխարհի եւ կամ վաղանցուկ արժէքներու ապաւինելով եսակեդրոն կեանք վարողներու համար Սուրբ Գիրքի այս բառերը տեղին ազդարարութիւն է ու կը յիշեցնէ թէ՝ Աստուծոյ կամքէն ու գործակցութենէն, Աստուածային գերագոյն սիրոյ պտուղներէն զուրկ գործերը ունայնութիւն են եւ անիմաստ։
Ուստի, Ամանորի սեմին իմաստութիւն է մտածել մեր կեանքի ուղղութեան մասին։ Մանաւանդ մեր հայրական յորդորը կ՚ուղղենք երիտասարդ սերունդի մեր զաւակներուն, քանի որ այս տարին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ յատկապէս հռչակուած է «Երիտասարդութեան Տարի»։
Սիրելի զաւակներ Հայ Եկեղեցւոյ,
երբ երիտասարդական խանդով ու աւիւնով կը գործէք, իմաստութեամբ շարժելով Ձեր ամէնօրեայ կեանքի պահերը թագադրեցէք անժամանակ ու ճշմարիտ Աստուծոյ ներկայութեամբ։ Ձեր կեանքը սնուցանեցէք Աստուծոյ Խօսքով ու զայն ամուր բռնեցէք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Մի մոռնաք թէ՝ Աստուածսիրութիւնը կու գայ սանձել մարդկային տկարութիւնները։ Մի արտօնէք, որ Ձեր երիտասարդական աշխոյժ կենցաղը կուռքի վերածուի։ Լսենք Սուրբ Գիրքի պատգամին. «Որդեակներ, հեռու պահեցէք ձեզ կռապաշտութենէ» (Ա. Յովհաննէս, 5.21)։ Հետաքրքրուեցէք Ձեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ բարոյական արժէքներով։ Մի արտօնէք որ՝ այդ բոլորը արժեզրկուին անտարբերութեան ախտով, որ շատ անգամ կը նկատուի որպէս արդիականացում։ Միշտ վերանորոգուեցէք ու զարգացէք գիտութեամբ, առանց անտեսելու Ձեր ժողովուրդին բարոյական, հոգեւոր ու մշակութային արժէքները։ Առատացէք Ձեր սրբազան աւանդութիւններուն բարեբեր պտուղներով ու մնացէք հաւատարիմ՝ Ձեր պատկանելիութեան սրբազան արժէքներուն։
Ամանորին երբ մեր բարի մաղթանքներն ու խնդրանքները կը մատուցենք առ Աստուած, կը յիշենք հանգստեան կոչեցեալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք, լի Աստուածային շնորհներով։
Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն:
ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ