ՆՈՐ ՋՈՒՐԵՐՈՒ ՀՈՍՔՈՎ…
Վերջին շաբաթներու զարգացումներէն ետք արդէն պարզ դարձած է, որ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի՝ Հալէպի հայութեան իրական տէրը ո՛չ թէ միութիւններն ու կուսակցական մարմիններն են, այլ՝ երկրի յարանուանութեանց պատասխանատուները եւ գլուխները։ Այս շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մասին շատ կը խօսուի՝ Ապտըլ Նասէրէն, մինչեւ անցեալ Էսատ վարչախումբը։
Այս բոլորին մենք ականատես դարձանք ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները լուծարեցին երկրի խորհրդարանը, այլեւ այն պատճառով, որ Հալէպի, ապա Դամասկոսի անկումէն անմիջապէս ետք այդ քաղաքներու համայնքներուն ուղղեալ առաջին խօսքերն ու յորդորները հնչեցին՝ տեղւոյն հայ համայնքապետերուն բերնէն։ Յաջորդիւ, համայնքապետերը առանձին հանդիպումներ ունեցան նոր իշխանութեանց ղեկավար մարմիններուն հետ՝ այդպէսով ալ կապ հաստատելով Սուրիոյ նոր առաջնորդ Ահմէտ էլ Շարայի գործակիցներուն հետ։
Բացառիկ վիճակ մը չէ, անշուշտ, այս մէկը ու չի վերաբերիր միայն հայութեան, այլ կապուած է Սուրիոյ միւս յարանուանութիւններու դրութեան հետ։ Արդարեւ, Էսատի վարչակարգի օրերուն ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տրուած առանձնաշնորհումները, ըստ երեւոյթին, պիտի շարունակուին եւ այս առումով ալ քրիստոնեայ կրօնապետերը պիտի ստանձնեն յանձնառութիւն եւ զուգահեռաբար պիտի ունենան որոշակի իրաւունքներ։
Անկարելի է յստակ ըսել, որ արդեօք այս «իշխանակարգ»ը կամ իշխանութիւնը «բաժնել»ու ձեւը Օսմանեան կայսրութեան իշխանակարգէն ընդօրինակուա՞ծ է կամ ոչ։ Փաստ է, որ կրօնքի հանդէպ մեծ հաշուով ժխտական «Պաաս»ի վարչակարգը քրիստոնեաներուն հետ վարուած էր նոյն կերպով՝ ինչպէս որ էր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին։ Խորքին մէջ, եղածը փոխգործակցութիւն մըն է, որ հիմնուած է յարաճուն եւ չհաւասարակշռուած շահ-փոխյարաբերութիւններու վրայ, ուր օգտուողը եւ օգտագործողը միշտ նոյնն է՝ օրուայ իշխանութիւնը, իսկ հարկատուն եւ օգտագործուողը՝ փոքրամասնական համայնքը, ամենատարբեր մարմիններով։
Վերադառնալով Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի հայութեան, այսօր մեծ լռութեան, ապա այդ մէկը պէտք է համարել զգուշաւորութեան նշան...։ Շատեր կրնան առարկել, որ Հալէպի հայութիւնը պարզապէս յար եւ նման է Մերձաւոր Արեւելքի, Արաբական ծոցի եւ Իրանի հայութեան։ Այդ համայնքներու մարմինները օրկանական կամ այլ մակարդակի կապերով փորձած են «եոլա երթալ» ու ապրիլ օրուայ իշխանութիւններու քմահաճոյքները համարելով յատուկ վերաբերմունք՝ հայութեան, հայ ազգին ու նոյնիսկ Հայաստանին նկատմամբ։
Այդպէս եղած է նախ եւ առաջ Եգիպտոսի մէջ, երբ հայութիւնը լախտի հարուած մը կերած է իր գլխուն «Թաամիմ»ի (1950-ականներուն) տարիներուն։ Հազարաւոր հայեր Ապտիւլ Նասըրի աստղի բարձրացումին լոյսին տակ լքած են երկիրը ու հեռացած։ Տակաւին անոնց ունեցած մեծ հարստութիւնը, գումարները, կալուածներուն կարեւոր մէկ մասը անցած է Նասըրի իշխանութեան ձեռքը։ Այդ բոլորը ապրելով, սակայն, հայութիւնը, որեւէ առիթով քննադատութիւն կամ դժգոհութիւն չէ հնչեցուցած՝ Նասըրի կամ անոր յաջորդած, երկրի ղեկը ստանձնած զօրավար-նախագահներու հասցէին։ Ճիշդ է, որ Եգիպտոս կը տարբերուի Սուրիայէն, ուր հայութեան գրեթէ բոլոր շերտերը, քաղաքական մարմինները որոշ գործակցութեան մակարդակ մը պահպանած են երկրի իշխանութիւններուն, նոյնիսկ նախագահական կառոյցին հետ։ Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ կամ նոյնիսկ Հոմսի, Համայի եւ Տէր Զօրի հայութեան տրուած էին որոշ իրաւասութիւններ եւ իրաւունքներ, որոնցմէ կ՚օգտուէին հայկական համայնքի մեծամեծները կամ ինչպէս սփիւռքով մէկ ընդունուած է ըսել՝ եան-եանները։
Սա, ի հարկէ, ներքին կարգով երջանիկ ապրելու եղանակ մըն էր, որմէ օգտուեցաւ հալէպահայութեան մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող եւ սեղմ օղակի մը մէջ պարփակուած հանրոյթը։ Իսկ հայութեան մեծ տոկոսը՝ մեծ հաշուով յար եւ նման էր միւս սուրիացիներուն, որոնք զրկուած էին տարրական կարիքներէ եւ կ՚ապրէին ու կը գոյատեւէին՝ մինչեւ որ դէպի դուրս բացուող պատուհան մը ճարէին ու վերջնականապէս հեռանային երկրէն։ Հաֆըզ Էսատի ժամանակներուն նուիրականացած այս ոճը շարունակուեցաւ նաեւ Պեշար Էսատի օրերուն, երբ նոյն կերպով հայութիւնը կ՚ապրէր երկու իրականութիւններու միջեւ։ Իրականութիւններէն մին կը խօսէր հարուստներու լեզուն, իսկ միւսը՝ ամէնօրեայ մաքառումի մէջ էր աւուր հացը ճարելու համար։
Անշուշտ, այս խօսքերը շատ ալ դրական կրնան չընկալուիլ Սուրիոյ մեծաթիւ հայերու կողմէ, որոնց համար Էսատի վարչակարգը, իր հիմնումի առաջին իսկ օրէն, եղած է Սուրիոյ փրկիչն ու ազատարարը։ Այս վարկածը հաստատելու համար բազմաթիւ հալէպահայեր այսօր ալ կը շարունակեն հնչեցնել իրենց պատմական ասոյթները, ըստ որոնց՝ հայր Էսատը երկիրը ազատեց յաճախակի, իրերայաջորդ յեղաշրջումներէ, իսկ որդի Էսատը եկաւ իր հօր աւանդը պահպանելով հանդերձ՝ վերանորոգել երկրի հինցած համակարգը։
Անշուշտ, այս բոլորի զուգահեռ՝ լսելի կը դառնար ու դեռ ալ պիտի դառնայ, թէ պատահած է միջազգային դաւադրութիւն մը, որու հիմնական պարագլուխներն են Իսրայէլը, Քաթարն ու Թուրքիան։ Աւելի ծիծաղելի են, այն խօսքերը, թէ իրենք շատ բացառիկ կեանք մը կը վարէին՝ մինչեւ Սուրիոյ մէջ բողոքի քաղաքացիական շարժումներու սկիզբը։ Այստեղ կայ շատ լուրջ թերացում մը, որ կը խօսի քաղաքացիական կեցուածքի իրական թողլքումի, բռնատէրերու նկատմամբ ցոյց տրուած երախտիքի ու մանաւանդ՝ հնազանդութեան մասին, ինչ որ նոյնքան վիրաւորական է բոլոր անոնց համար, որոնք Սուրիոյ մէջ յանուն իշխանափոխութեան փողոց իջան ու մահը աչքի առնելով պայքարեցան, որպէսզի Էսատ տապալի ու իրենք կարողանան կերտել նոր եւ սպասուած Սուրիա մը…։
Որդեգրուած ձեւը այս էր ու այսօր, երբ մեծ փոփոխութիւններու իրական հուն մը բացուած է, նոյն հայութիւնը կամ հայութեան կարեւոր մէկ մասը ո՛չ միայն վախով կը հետեւի իրադարձութիւններուն, այլ խորքային մակարդակով առնուազն ուրախ չէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած տարերային ու անսպասելի զարգացումներով։ Ճի՞շդ է արդեօք, որ հայութիւնը այսպէս ապրէր, այսպէս շարժէր, կամ այսպիսի գնահատականներ տար երկրի մը մէջ, որուն հիմնական հիւսկէնը կը համարէ ինքզինք։ Կամ ճիշդ էր, որ հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը թողնէր ու հեռանար իր այնքան սիրած ու փայփայած քաղաքներէն ու շէներէն, դրօշակ դարձնելով՝ «հանգիստ կեանք մըն է մեր փնտռածը եւ ի վերջոյ քանի անգամ պիտի ապրինք» յանկերգը։ Պատասխան մը չունիմ այս մօտեցումներուն, սակայն, տխուր շեշտերով կը դիմաւորեմ վաչկատուն ցեղերուն յատուկ այս վարքը, որուն պատճառով ալ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները դատարկուեցան ու դեռ ալ պիտի դատարկուին ու անոնց փոխարէն Գանատայի եւ Ամերիկայի գաղութները հարստացան ու աւելիով պիտի հարստանան։
Սուրիոյ մէջ կատարուած դէպքերը, սարսափելի պատերազմը, անասելի տագնապները շատ տարբեր էին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմէն։ Այնտեղ հայութիւնը կարողացած էր «դրական չէզոքութեան» դիրք բռնելով պահպանել իր գոյութիւնը՝ հայկական շրջաններուն մէջ ալ կերտելով անվտանգութեան յատուկ գօտիներ։ Նոյնը չեղաւ Սուրիոյ պարագային, որովհետեւ այնտեղ խնդիրը շատ աւելի խճճուած էր եւ ապա սուրիահայութիւնը հաւատաց, թէ Էսատի բռնատիրութիւնը յաւիտենական է, հետեւաբար պէտք էր ամէն ինչ ընել, որպէսզի անոր իշխանութիւնը յարատեւէր։ Այստեղ, անշուշտ, շատ մեծ բացթողումներ գործեց հայութիւնը, ո՛չ միայն սուրիահայութիւնը, այլ ամբողջ հայութիւնը, որ խորքային ընթերցում մը չկատարեց խնդիրներուն, նաեւ գերագնահատեց դերն ու նեցուկը Ռուսաստանի եւ Իրանի, որոնք մէկ գիշերուայ մէջ ծախեցին Էսատն ու անոր վարչակարգը…։
Այսօր, բնականաբար, նոր օր է Սուրիոյ մէջ ու կարեւորը՝ դարձեալ հայութեան ճիշդ եւ անթերի տեսակէտ մը ունենալն է. տեսակէտ, որուն մէջ յարգուած պէտք է ըլլան Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու հայկական օճախներու ու անհատներու որոշումը, եւ այս հիմքով ալ կարելի պիտի ըլլայ պարտն ու պատշաճը կատարել՝ առանց աղմուկ բարձրացնելու։
Հայաստանի համար ալ, մեծ առումով, քաղաքական արեւելումէ կամ համայնքային ներկայութենէ անդին՝ կարեւոր իմաստ մը ունի Սուրիոյ մէջ հայութեան ներկայութիւնը, բայց այդ մօտեցումը կրնայ շատ արագ հալիլ՝ նոր հոսող ջուրերուն մէջ, եթէ համալրուած չըլլայ իրական գործերով։
ՄԻՆՉԵՒ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ
Սուրիոյ նոր ղեկավարը՝ Ահմէտ էլ Շարա շաբաթավերջին յայտարարեց, որ երկրէն ներս ակնկալուած ընտրութիւններու կազմակերպումը կրնայ տեւել մինչեւ չորս տարի։ Իր խօսքով՝ նոր Սահմանադրութեան մշակումն ալ կրնայ տեւել մինչեւ երեք տարի։ Իր կանխատեսումներով՝ շուրջ մէկ տարին անհրաժեշտ է, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը տեսնէ արմատական փոփոխութիւններ։ Էլ Շարա աւելցուց, որ Սուրիա ռազմավարական շահեր ունի Ռուսաստանի հետ եւ յոյս յայտնեց, թէ Տանըլտ Թրամփի օրով ԱՄՆ կը դադրեցնէ իր երկրին դէմ պատժամիջոցները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 01/02/2025
- 01/02/2025