Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան՝ Նաեւ Գրող
Յարութիւն Թորոսեան անունը անմիջականօրէն արուեստասէրը կը կամրջէ հայկական արդի գեղանկարչութեան հետ: Լիբանանէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ, Հայաստան եւ ովկիանոսէն անդին՝ Միացեալ Նահանգներ, անոր հռչակը անցեալ դարու ուշ 50-ական տարիներէն սկսեալ տարածուած է նկարչութեան աշխարհին մէջ, ոչ միայն ստեղծագործական վաստակին շնորհիւ, այլ նաեւ իբրեւ արուեստի ու գեղանկարչութեան դասախօս-արուեստաբան: Մասնակցած է հաւաքական ու անհատական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, արուեստի աշխարհն ու մամուլը առաջին իսկ օրէն զինք ողջունած են իբրեւ բազմատաղանդ եւ նորարար գեղանկարիչ: Անոր երանգապնակէն բխած են բնապատկերներ, դասական, վերացական եւ այլ արտայայտութիւններ: Արուեստասէրը կրնայ անոր արուեստի աշխարհին հետ հաղորդակցիլ՝ ունենալով գործերուն գեղատիպ հաւաքածոյ-ալպոմները, որոնք իրենց արժանի տեղը նուաճած են հայ, լիբանանցի եւ աշխարհահռչակ այլ արուեստագէտներու ալպոմներուն շարքին: Այս բոլորը զինք արժանի դարձուցած են շքանշաններու եւ մրցանակներու: Վերջերս, Յարութիւն Թորոսեան լոյս ընծայեց գողտրիկ հատոր մը՝ «Անկարելի սէր» (144 էջ), ընթերցողին ըսելու, որ նաեւ գրիչի մարդ է, չէ բաւականացած միայն վրձինով ու արուեստի մասին իր դասախօսական վաստակով:
Թորոսեանի գերագոյն նպատակը գրականութիւն ընել չէ, այս հատորը մամուլին յանձնելով, այլ կ՚ուզէ ընթերցողին հասցնել իր յուշերը, որոնք լոկ անձնական երես չունին, այլ սեղմ հայելի մը կը կազմեն արուեստագէտներու սերունդի մը, որ իրեն սերնդակից է, իրմէ երէց կամ կրտսեր, արուեստագէտներ, որոնք օր մը յանդգնեցան Լիբանանի արուեստի պարտէզներէն ոստում կատարել դէպի Փարիզի ու եւրոպական այլ կեդրոններու արուեստանոցները՝ հաղորդակից ըլլալու գլխագիր արուեստի արարման եւ փոխադարձ «առ-եւ-տուր» մը կատարելու հոն:
Անձնական լայն շերտեր կան հատորին մէջ, որ աւելի յուշագրական է, քան վիպական, թէեւ վիպականը չէ անտեսուած բոլորովին: Կը պատմէ կանուխ երիտասարդութեան օրերէն դրուագներ՝ արուեստի աշխարհ մուտք գործելու, սիրոյ առաջին զգացումներու եւ քիչ մըն ալ առօրեային մասին: Յետոյ արդէն Փարիզ է, ուր արուեստանոցներուն կողքին, իր կեանքին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնք նմանապէս արուեստի աշխարհին մէջ են կամ անոր կողքին կը դեգերին. էջերը կը զարգանան դէպի Զուիցերիա եւ Սպանիա ճամբորդութիւններով, ուր սիրային արկածախնդրութեանց եւ, ի հակադրութիւն միջինարեւելեան պահպանողական ընկերութեան, լայն ազատականութեան մը զուգահեռ, կը ներգրաւուի արուեստի տարբեր աշխարհներու մէջ: Կարմիր թելի նման, այդ բոլորին մէջէն կ՚անցնի Ժագլինին հետ իր սիրավէպը, որ կը ներկայանայ իբրեւ զիրար որոնող, սակայն նաեւ զիրար նուաճելու ելած անհատականութիւններու մրցումի մը դիպաշար, կարծէք թէ ըլլային նոյն բեւեռով օժտուած մագնիսի երկու կտորներ, որոնք իրարմէ կը հեռանան, երբ փորձես իրարու դպցնել…
Վիպական յուշագրութիւնը կ՚աւարտի փարիզեան առանձնացուած սիրավէպին ձախողութեամբ. արուեստագէտը կը վերադառնայ Լիբանան, կ՚այցելէ հայրենիք, կը գտնէ կեանքի ընկերը եւ… կեանքը կը թաւալի բնական հունով:
Ուշագրաւ գիծեր են մեր բանաստեղծութեան ու երաժշտութեան աշխարհին հետ Թորոսեանի մտերմութեան արտայայտութիւնները՝ գիրքին էջերուն: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Թորոսեան կը պատկանի սերունդի մը, որ գեղանկարչութեան մէջ խորացած ըլլալու կողքին, համակ-ւած է արուեստի այլ բնագաւառներով եւ ոչ թէ ինքզինք «բանտարկած» իր նախասիրած աշխարհին մէջ: Իրեն ժամանակակից ար-ւեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հետ հանդիպումներու, բարեկամութիւն մշակելու մասին հպանցիկ ակնարկութիւնները որոշ համեմ կը ներարկեն հատորին:
Հատորը կը յատկանշուի աղուոր հայերէնով մը, որ հաղորդական է ու կը խուսափի վերամբարձ ձեւերէ: Էջերուն, կարելի է փնտռել եւ գտնել «դարաշրջան» մը ու անոր անուղղակի վաւերագրումը: Ի մասնաւորի՝ արուեստագէտը աւելի լաւ ճանչնալու միջոց մըն է նաեւ, ըմբռնելու, որ կինը ինչո՛ւ այնքան տիրական ներկայութիւն է անոր պաստառներուն մէջ: Գրքոյկին կողքի նկարը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս իմաստով: Պատումին կողքին, տեղ գտած են քանի մը գեղանկարի լուսանկար, իսկ վերջին կողքին վրայ՝ հեղինակին սեղմ կենսագրութիւնը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ