«ԵՍ ԵՄ. ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»

«Խա­ղա­ղու­թի՜ւն ձե­զի։ Ես եմ, մի՛ վախ­նա­ք» (Ղկ 24.36)

Յիսուսի հետեւորդները խուճապի մատնուած էին Անոր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերու իրադարձութիւններուն առ ի հետեւանք։ Անակնկալի եկած էին այդքան արագ կատարուած իրադարձութիւններէն։ Տակաւին ուշքի չէին եկած կատարուածէն եւ միասին հաւաքուած կը մտածէին եւ կը փորձէին հասկնալ կատարուածը։

Մինչ անոնք կը մտածէին այդ մասին, իրենց համար այդ մութ ու անհասկնալի իրողութիւնը սկսաւ կամաց-կամաց յստականալ, երբ իւղաբեր կիները, որոնք Կիրակին դեռ չլուսցած գացած էին գերեզման եւ տեսած էին, որ գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ ժայռը գլորուած էր, Յիսուսի մարմինն ալ այնտեղ չէր, ու զարմացած էին, դարձեալ չհասկնալով կատարուածը։ Եւ ահա հրեշտակը կը փարատէր իրենց զարմանքը. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղկ 24.5-6): Քրիստոսի յարութեան աւետիսն էր, որ կը լսէին, յոյսի եւ լոյսի աւետիսն էր, որ կը ստանային հրեշտակէն, ու երթալով կը փոխանցէին առաքեալներուն, որոնք շտապելով գերեզման՝ թափուր կը գտնէին զայն։

Նոյն օրը, Եմմաուս գացող երկու աշակերտներու կը յայտնուէր նոյնինքն Յարուցեալ Փրկիչը, որուն ով ըլլալը աշակերտները չէին գիտցած, մինչեւ Յիսուսի սեղանին վրայ դրուած հացի օրհնելն ու կտրելը (կարդալ Ղուկասու Աւետարան 24.13-35): Վերադարձած էին հապճեպով Երուսաղէմ տեղեկացնելու համար իրենց ընկերակիցներուն կատարուածի մասին, եւ «մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36): Աշակերտները դարձեալ շփոթած էին ու սարսափած։ Տակաւին նոր իրենց ընկերակիցները կը պատմէին իրենց հետ կատարուածին մասին, եւ ահա Տէրը՝ Քրիստոս իրենց մէջ էր… Սարսափած էին, սակայն ի՜նչ անոյշ հնչեց իրենց Սիրելի Վարդապետին ձայնը՝ «խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք»:

Յիսուսի խաղաղութիւնը, ինչպէս Ինք նախապէս ըսած էր Իր աշակերտներուն՝ «տարբեր էր այս աշխարհին պարգեւած խաղաղութենէն»: Արդարեւ, մարդկութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ կարիքն ունեցած է խաղաղութեան: Մանաւանդ ներկայիս, պետութիւններ, միջազգային տարբեր-տարբեր կազմակերպութիւններ կ՚աշխատին խաղաղութիւն հաստատելու բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր պատերազմներ, բռնութիւններ, որճրագործութիւններ եւ այլեւայլ անմարդկային արարքներ կը գործուին, որոնց պատճառով կը խախտի խաղաղութիւնը, եւ մարդիկ ստիպուած կ՚ապրին վախի ու սարսափի մթնոլորտի մէջ, կը կորսնցնեն իրենց խաղաղութիւնը՝ արտաքին թէ ներքին:

Արտաքին խաղաղութիւնը արդարեւ բարենպաստ պայմաններու գոյութեան մէջ կը կայանայ, այսինքն՝ երբ մարդ առիթն ունի ապահով միջավայրի ու մթնոլորտի մէջ ապրելու: Արտաքին այս խաղաղութիւնը սակայն միշտ ալ խաբուսիկ է, որովհետեւ միշտ ենթակայ է կորսուելու եւ վերանալու արտաքին ազդակներու բերումով: Արտաքին խաղաղութենէն աւելի անհրաժեշտ ու կարեւոր է ներքին խաղաղութիւնը՝ հոգիի խաղաղութիւնը: Եթէ մարդ յաջողի ձեռք բերել ներքին խաղաղութիւնը՝ Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութիւնը, յաջողած կ՚ըլլայ իր կեանքը ապահովագրել, որովհետեւ երբ մարդ ներքնապէս խաղաղ է, այսինքն՝ առաջին հերթին ինքն իր հետ հաշտ է, Աստուծոյ հետ հաշտ է, կը նշանակէ թէ բոլորին եւ ամէն ինչի հետ հաշտ է, եւ ինչքան ալ դժուար ըլլան արտաքին պարագաներն ու ազդակները, այդ ներքին խաղաղութեամբ մարդ կրնայ ու կը յաջողի դիմագրաւել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ հակառակ իր չորս բոլորը եղած փոթորիկներուն եւ մրրիկներուն, ապահովութեամբ եւ անփորձանք կը յաջողի հասնիլ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, դէպի Խաղաղութեան Իշխանին՝ Յարուցեալ Քրիստոսին:

Քրիստոս Իր յարութենէն ետք եկած էր խաղաղեցնելու Իր աշակերտներուն հոգիներն ու միտքերը, միաժամանակ բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդոց հոգիներն ու միտքերը.

Եկած էր՝ հանգստացնելու անոնց խռոված ու շփոթի մատնուած հոգիները.

Եկած էր՝ վերստին հաստատելու զիրենք իրենց կոչումին մէջ.

Եկած էր՝ զօրացնելու համար զիրենք.

Եկած էր՝ լուսաւորելու համար զիրենք Իր աստուածային սիրով.

Եկած էր՝ որպէսզի փաստէր անոնց Իր ճշմարտացիութիւնը.

Եկած էր՝ որպէսզի անոնց գրաւականը տար մեռելներու յարութեան։

Այսօր եւս, նոյն այդ խաղաղութիւնը մեզի եւս կը փոխանցէ Յարուցեալ Փրկիչը։ Խաղաղութիւն, որու կարիքը ունինք մեզմէ իւրաքանչիւրս։ Խաղաղութիւն, որ տարբեր է այս աշխարհի խաղաղութենէն (Յհ 14.27):

Խաղաղութիւն, որ հոգեւոր է եւ հոգիին յատուկ։

Խաղաղութիւն, որ այս նիւթականացած եւ չար աշխարհին մէջ, հանգստուաթեան նաւահանգիստ կը հասցնէ մեզ։

Խաղաղութիւն, որ ճամբայ կը բանայ մեզի, ճանապարհորդելու դէպի յաւիտենականը։

Խաղաղութիւն, որ այս փոթորկոտ աշխարհին մէջ, մեզ ապահով կը պահէ։

Խաղաղութիւն, որ մեզ զօրաւոր կը դարձնէ եւ անպարտելի։ Որովհետեւ Յարուցեալ Յիսուս խաղաղութիւն տալէն ետք, շարունակեց ամրապնդել մեզ, ըսելով. «Ես եմ, մի՛ վախնաք»:

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ յաղթեցի աշխարհին։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ աւերեցի դժոխքը։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ Իմ աւետարանս քարոզեցի ննջած հոգիներուն։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ յարութիւն տուի հաւատքով ննջածներուն։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ ձեր նկատմամբ Իմ սէրս, զիս տարաւ մինչեւ Գողգոթա։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ ձեր սիրոյն գերեզմանի մէջ դրուեցայ։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ Ես գերեզմանէն ու մահէն վեր եմ։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ Ես յարութիւն առի եւ ձեզ ալ հետս յարուցանեցի։

«Ես եմ, մի՛ վախնաք». որովհետեւ Ես սիրեցի ձեզ։

Յարութեան տօնը ուրախութեան եւ յոյսի տօն է, որովհետեւ մեր Տիրոջ յարութեամբ մեզմէ իւրաքանչիւրը գրաւականը ստացաւ յարութիւն առնելու: Մեր Տիրոջ յարութեան փաստը, իւրաքանչիւրիս համար ապացոյց դարձաւ, թէ մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք: Մեր Տիրոջ յարութեան փաստը, մեզմէ իւարաքանչիւրիս համար ազդանշան դարձաւ, մի՛շտ պատրաստ ըլլալու յարութեան:

Արդարեւ, «այսօր երկինքն ու երկիրը կը ցնծան։ Այսօր արդար մարդոց հարսնարանը՝ կաթուղիկէ եկեղեցին կը զուարաճանայ։ Այսօր Սիոնը՝ մայր եկեղեցին կը բարգաւաճի, որովհետեւ այսօր մեռելներէն յարութիւն առաւ քաջ Հովիւը եւ աշխարհը նորոգեց. եւ փառաւոր եւ հրաշափառ Իր գալուստով՝ հայրական իշխանութեամբ նորոգուած, Իր սիրելիները երկնային խորանները պիտի բարձրացնէ։ Անոր, Հօր եւ Ամենասուրբ Հոգիին կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս։ Ամէն»։ (Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս)։

Թող որ Յարուցեալ Փրկիչին քաղցրահամբոյր ձայնը այսօր եւս, մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջներէն ներս մտնէ եւ պարուրէ մեր ամբողջ էութիւնը. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36):

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ՝
ՁԵ­ԶԻ ՄԵ­ԶԻ ՄԵԾ Ա­ՒԵ­ՏԻՍ

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 21 Մարտ 2018

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018