ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Կեն­դա­նա­րար քո յա­րու­թեամբդ ան­մահ թա­գա­ւոր,
կեն­դա­նա­ցո զմե­ռեալս մե­ղօք,
կեն­դա­նա­կան գոր­ծովք
բա­րեաց ըստ լու­սա­ւոր քոց
պա­տուի­րա­նաց…» (Շա­րա­կան)

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։

Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանը կարեւոր է այն առումով, որ մեզ կը պատրաստէ Ս. Յարութեան տաղաւարին։ Բուն բարեկենդանի նախօրեակի երեկոյեան մեր տաճարները կը մթագնին, փակուած վարագոյրներով։ Կը սկսի տիրել մռայլ մթնոլորտ մը, յիշեցնելով՝ մեղքին յարած ու անոր իբր հետեւանք մահուան անէծքին ենթարկուած մարդկութեան ողորմելի վիճակը։ Մեծ պահոց մռայլ մթնոլորտին մէջ եկեղեցին կը տարփողէ լոյսին կարեւորութիւնը եւ իմաստը։ Եւ մենք այս շրջանին կը ջանանք լաւագոյնս ըմբռնել Քրիստոսի Խօսքը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. Ով որ իմ ետեւէս կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։

Մեծ պահոց ամբողջ տեւողութեանը ընթացքին, յատկապէս Արեւագալի ժամերգութիւններուն, եկեղեցին կը մխիթարէ հաւատացեալները, յիշեցնելով դարձի կարելիութիւնը, ինքնաքննութեամբ, գործուած սխալի կամ սխալներու անդրադարձումով եւ ապաշխարութեամբ։ Աղօթող հաւատացեալներ կը խնդրեն որ Աստուած արժանի ընէ զիրենք «Իր պատուիրաններուն մէջ մնալու»։ Նաեւ կը խնդրեն որ «արդար եւ բարեգութ Աստուած, ընդունի կատարուած սաղմոսերգութիւնները եւ պաշտպանէ տկարները եւ փառաւորուի Իր ամենասուրբ անունը»։

Եւ վերջապէս կը հասնինք Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին, լսելով ու տարածելով մահուան դէմ տարուած մեծ յաղթանակին աւետիսը, որ է ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։

Եկեղեցիէն պարգեւուած Մեծ պահքի լոյսի նշոյլները Ս. Յարութեան աւետիսով կ՚առատանան ու կը վերածուին լոյսի ողողումի, որ կը փարատէ մեղքով ապականած մեր կեանքի մռայլ մթնոլորտը, զգալի դարձնելով Աստուածային սիրոյ յաղթանակին զօրութիւնը։ Այս լոյսի ողողումը կը նմանի ամպամած երկինքէն տեղացած օրհնաբեր անձրեւներու, որոնք կ՚ոռոգեն հողը, զայն բարեբեր դարձնելով։

Յարատեւ աղօթելու գաղափարին ընծայւած Մեծ պահոց Ե. Կիրակիին, ծանօթ՝ Դատաւորի Կիրակի կոչմամբ, կը լսենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հեղինակած շարականի բառերը։ Հռոմկլայեցի Սուրբ Հայրապետը մեղքով ինկած մարդուն բերնով իր աղօթքը կ՚ուղղէ առ Քրիստոս Թագաւոր։ Կը նշէ, թէ մեղքով մեռածները վերակենդանանալու համար կը կարօտին Քրիստոս Թագաւորի կենդանարար յարութեան զօրութեան, որպէսզի Իր լուսաւոր պատ-ւիրաններուն ուղղութեամբ կենսական բարի գործերով կեանքի կոչուին։ Սուրբ Հայրապետի գրիչը մեզի կը յիշեցնէ Տարսոնացի Սուրբ Առաքեալի արտայայտած բառերը. «Բայց հիմա, ազատած մեղքէն եւ ծառայ դարձած Աստուծոյ, ձեր պտուղը կու տաք սրբութեան համար, եւ անոր վախճանը կեանք է յաւիտենական, քանի որ մեղքի վարձքը մահն է, իսկ Աստուծոյ շնորհը՝ յաւիտենական կեանք մեր Տէր Քրիստոս Յիսուսով» (Հռոմայեցիս, 6.22-23)։

Պահ մը կ՚արժէ մտածել. յարուցեալ Քրիստոս՝ Մարմնացեալ Բանն Աստուծոյ, ինչպիսի՜ խոնարհ պայմաններու մէջ աշխարհ եկած էր։ Իր քարոզութեան ամբողջ տեւողութեանը ընթացքին երկրի վրայ ինչպէ՜ս ապրած եւ քարոզած էր խոնարհութեամբ։ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուացող Քրիստոս, Պօղոս Առաքեալի բառերով ինչպէ՜ս «խոնարհեցուցած էր ինքզինքը, հնազանդ ըլլալով մինչեւ մահ եւ նոյնիսկ խաչի վրայ մահուան» (Փիլիպեցիս, 2.8)։ Այդ բոլորը մէկ բանի համար էր. հին մարդէն նոր մարդ յառաջացնել։ Հին մարդուն մէջ կը թագաւորէր մեղքը եւ Աստուծոյ կամքն էր որ, հին մարդը ընթանար մշակուած փրկարար ծրագրին ուղղութեամբ ու յանձնուէր Աստուածային շնորհքի ներգործութեան, վերածուելու համար նոր մարդու։ Հռոմկլայեցի Սուրբ Հայրապետին բառերով «Քրիստոս հին մարդը մեղքի խաչին վրայ սպաննեց ու անվախճան կեանքի յոյսովը նորոգեց զայն արդարութեան համար»։

Քրիստոսի խօսքը, «հոգի է եւ կեանք»։ Պետրոս Առաքեալ կը վկայէ, թէ՝ «Քրիստոսէ զատ մէկը չունին որուն քով կարենան երթալ. Քրիստոս յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունի եւ ճանչցած են թէ Ան է Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.64. 69-70)։ Որքա՜ն գեղեցկօրէն կ՚արտայայտուի Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչ, բացայայտելու համար Սուրբ Աւետարանի գրութեան պատճառը. «… այն չափով գրուեցաւ, որպէսզի դուք հաւատաք թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին. Նաեւ՝ որպէսզի հաւատաք ու յաւիտենական կեանք ընդունիք Անոր անունով» (Յովհաննէս, 20.31)։

Սուրբ Զատկի տաղաւարը լաւագոյն առիթն է որ յիշենք, թէ՝ Քրիստոս «ճանապարհն է, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննէս, 14.6)։ Առանց Անոր, յիշելով Ժամագիրքի բառերը, կարելի պիտի չըլլար «խաւարէն անցնիլ՝ լոյսին, անգիտութենէ հասնիլ՝ ճշմարտութեան գիտութեան եւ մահէն անցնիլ՝ կեանքի եւ ապականութենէ դառնալ՝ անապականութեան»։ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ իր մկրտութեան պահուն թաղուած է Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առած՝ Քրիստոսով։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ, որ յիշենք հետեւեալ ճշմարտութիւնը. Սուրբ Աւազանէն վերստին ծնած ենք որպէս նոր մարդ եւ իբր այդ պարտինք «փնտռել վերինը, ուր Քրիստոս նստած է Աստուծոյ աջ կողմը» (Կողոսացիս, 3.1)։

Կ՚ապրինք աշխարհի մէջ։ Կրնանք ունեցած ըլլալ մեր կողմէ անլուծելի նկատուած զանազան հարցեր, նեղութիւններ, ցաւեր, տառապանքներ։ Սակայն ի մտի պէտք է ունենալ, թէ յարութեան որդիները ամէն պարագայի մէջ նոր կեանքի սահմաններէն ներս մնալու կը կանչուին։ Յարութեամբ՝ նոր կեանքի կանչուածներ պարտին «թօթափել բարկութիւնը, զայրոյթը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը եւ հագնիլ՝ գութը, ողորմութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, համբերատարութիւնը, հանդուրժելով մէկմէկու, ներելով իրարու, եթէ մէկը միւսին դէմ գանգատ մը ունի» (Կողոսացիս, 3.8, 12)։

Սակայն միւս կողմէ իրականութիւն է նաեւ, թէ աշխարհը ունի բազմակողմանի հաշիւներ, որոնք կը զբաղեցնեն մարդկանց մտքերը, նաեւ կը խլեն ամենաթանկագին արժէքը՝ ժամանակը։ Հետեւաբար մարդիկ, որոնք կը տարուին աշխարհի հաշիւներուն, անոնց մօտ ակնբախ կերպով կը նուազի Աստուծոյ գոյութեան ու փրկարար ներգործութեան մասին հաւատալու, Քրիստոսի յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի մասին մտածելու եւ արտայայտուելու տրամադրութիւնը։ Յամենայնդէպս, եկեղեցին ընդմիշտ կը յայտարարէ, թէ՝ «… Տէր Յիսուս Քրիստոս մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար… չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ …»։ Եկեղեցին կը շարունակէ իր յայտարարութիւնը թէ՝ «… կը հաւատայ… երկինքի արքայութեան եւ յաւիտենական կեանքին»։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը թող բոլորիս համար ըլլայ վերազարթնումի առիթ, որպէսզի եթէ կան մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն, Աստուծոյ Խօսքէն հեռացնող ամէն տեսակի ազդակներ, ջանանք զանոնք մի առ մի հեռացնել մեր կեանքերէն, բոլորով սրտիւ ականջ տալով նախ Աստուծոյ Խօսքին, ապա՝ Անոր վրայ հաստատուած եկեղեցւոյ հաւատքի սկզբունքներուն եւ մեր կեանքերէն ներս առաւել եւս ընկալել եկեղեցւոյ սրբութիւնները, միշտ ի մտի ունենալով, թէ մենք Քրիստոսի Յարութեամբ կանչուած ենք նոր կեանքի։ Ու այդ գիտակցութեամբ զօրացած, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած մեր սրտերու խորերէն յայտարարենք, թէ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018