ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ե.
ԱՐԻՈՍԻՆ ԴԷՄ
Խօսք. «Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ» (Յհ 5.19):
Մեկնութիւն. Այստեղ կը վերացնէ [այն կարծիքը] երեք պատճառով, որով կը կարծէին թէ Որդին Հօրմէն փոքր է:
Առաջին. քանի որ կ՚ըսէին. «Հայրը բան մը կը գործէ, որ Որդին չի՛ կրնար գործել»: Ասիկա կը վերացնէ, ըսելով՝ «ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ»:
Երկրորդ. որովհետեւ կարգ մը մոլորեալներ կ՚ըսէին, ինչպէս օրինակ Արիոսը, թէ՝ «ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ կը գործէ, սակայն ըստ տեսակի ու ոչ թէ ըստ անհատին կը գործէ», ու այս ալ կը վերացնէ ըսելով՝ «Որդին ալ նոյնը կը գործէ»:
Երրորդ. դարձեալ, եթէ մէկը ըսէ, թէ թէեւ ըստ անհատին Որդին Հօրն նման կը գործէ, սակայն ո՛չ նոյնութեամբ, այլ՝ Որդին Հօր գործիքն է, ինչպէս ուրագը՝ հիւսնին, եւ ուռը՝ դարբինին: Քրիստոս այս չար կարծիքն ալ կը վերացնէ, ըսելով՝ «Հօր նման կը գործէ»:
Դարձեալ, Արիոսին դէմ, որ արարած է կ՚ըսէ, որովհետեւ եթէ Որդին արարած է, այդ ատեն չի՛ կրնար գործել այն՝ ինչ Հայրը կը գործէ, որովհետեւ եթէ Որդին արարած է, ապա՝ Հայրը արարեց զԻնք, որ սուտ է, իսկ Որդին Ինքզինք չի՛ կրնար գործել, այդ պատճառով երբ Քրիստոս կ՚ըսէ՝ «որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ» կը ցուցնէ, թէ Որդին արարած չէ, այլ՝ անեղ, այլ Քրիստոսի մարդկութիւնն է արարած: Գիտելի է, թէ ինչպէս որ Արիոսը կ՚ըսէր, թէ Բանը Հօր գործիքն էր, այդպէս ալ Նեստորը կ՚ըսէ, թէ մարդը գործիքն էր Բանին, նոյնպէս քաղկեդոնականները կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս Աստուածութեան գործիքն ու անօթն է: Նոյնը բանը ոմանք ըսին, թէ մեր մարմինները մեր հոգիներուն գործիքներն են, ու հոգին էութեամբ մարմինին չէ միաւորուած: Այս երեքն ալ հերձուած են ու սուտ:
Խօսք. «Հայրը կը սիրէ Որդին» (Յհ 5.20):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ էութեամբ ու գիտութեամբ կցորդ ու յաւետակից է Հօր: Դարձեալ, ըստ մարդկութեան Հայրը կը սիրէ Որդին ու ամէն ինչ ցոյց կու տայ Անոր, այսինքն՝ գիտութեան լրումը տուած է Անոր ըստ Աստուծոյ Բանին միաւորութեան՝ Իր մարդկութեան:
Խօսք. «Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին» (Յհ 5.20):
Մեկնութիւն. Չորս բան կը նշանակէ ցոյց տալը. նախ՝ հաստատութիւնը, ինչպէս առաջին հատորին մէջ ըսուեցաւ: Երկրորդ՝ տնօրինութեան համար կ՚ըսէ: Երրորդ, արտաքնապէս ցոյց տալը կ՚ըսէ, որ գործով մարդոց ցոյց կու տար Քրիստոսի զօրութիւնն ու գիտութիւնը:
Այլ՝ պէտք չէ իմանալ, թէ Քրիստոս ապառնի ինչ որ ժամանակի մէջ բան մը պիտի սորվի, ինչպէս մենք ու ինչպէս առաքեալները սորվեցան Հոգիէն, որովհետեւ յղացման սկիզբէն՝ կուսական արգանդին մէջ Բանին միաւորութեամբը ամէն ինչ ճանչցաւ ու գիտցաւ հոգիով, ու մարմինը Աստուած ու անապական եղաւ, ինչպէս Մեկնիչը ետքէն կ՚ըսէ, թէ Հայրը ցոյց կու տայ Անոր այն ամէնը՝ ինչ որ կը գործէ, ապա Շաբաթը լուծելով Հօր հակառակ չէ: Տե՛ս, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչը աստուածաբանութիւնը բարձրացուց եւ փոքրացուց ու դարձեալ բարձրացուց, այդպէս ալ այստեղ կ՚ընէ:
ԲԱՐՁՐ ԵՒ ՓՈՔՐ ԳՈՐԾԵՐ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար երբեմն հեղինակաւոր [բարձրութեամբ] կերպով կը խօսէր ու կը գործէր, իսկ երբեմն ալ՝ պարզութեամբ [փոքր բաներ]:
Պատասխան. Վեց պատճառով.
Նախ՝ մէկ եւ նոյն, որովհետեւ մարդացած Աստուած էր:
Երկրորդ՝ պարզութեամբ հրեաներուն ատելութիւնը կը խափանէր իսկ հեղինակութեամբ՝ Իր իշխանական զօրութիւնը ցոյց կու տար:
Երրորդ՝ պարզութեամբ նախահօր պարտքերը կը լուծէր, իսկ հեղինակութեամբ՝ մեր մէջ հաւատքը կը հաստատէ:
Չորրորդ՝ որպէսզի Անոր խոնարհութիւնը ցուցնէ մեզի համար, իսկ մեր հեղինակութիւնը Իր հետ:
Հինգերորդ՝ սատանային դէմ, որովհետեւ սատանան բարձրագոյններէն կը սարսէր, իսկ պարզագոյններէն՝ կը մոլորէր:
Վեցերորդ՝ հեղինակաւորը հաւատացեալներուն հաստատութիւն է, ինչպէս ըսուեցաւ, իսկ պարզը՝ անհաւատներուն մոլորութիւն: Եւ ան որ պարզագոյններուն համար կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս սոսկ մարդ է, սատանային հետ կը մոլորի, ինչպէս առաջին հատորին մէջ ըսուեցաւ՝ գիրքին սկիզբը, որ կ՚ըսէ. «Խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յհ 1.5): Տե՛ս հրեաներուն չար մտածումը հրաշքներուն համար՝ չորս կերպով, իսկ քրիստոնեաներուն բարի մտածելը՝ վեց կերպով, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ: Նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր ուղղափառ ու չարափառ ըստ իր միտքին կ՚իմանայ [կը հասկնայ] Սուրբ Գիրքը:
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Գործերը, որոնց համար դուք պիտի զարմանաք» (տե՛ս Յհ 5.21):
Մեկնութիւն. Զարմացումը գեր ի վեր է քան միտքը, իմացումը՝ միտքին հաւասար, զգացումը՝ միտքէն ցած: Զարմանալի է հիւանդին բժշկութիւնը, իսկ մեծամեծ է յարութեան գործն ու դատաստան կատարելը, տակաւին, վարդապետները կ՚ըսեն, թէ մեռելները յարուցանելն ու մեղաւոր հոգին արդարացնելը մեծագոյն գործ է, քան թէ նոր երկինք ու երկիր ստեղծելը:
Հարցում. Ի՞նչ է «կեանք կու տայ Իր ուզածներուն» (Յհ 5.21) արտայայտութիւնը:
Պատասխան. Չորս բանի համար. նախ՝ թանձրամիտներուն դէմ, որոնք կը կարծէին, թէ Քրիստոս տկար է, կ՚ըսէ. «Կարող զօրութեամբ Հօր հաւասար է, եւ կեանք կու տայ Իր ուզածներուն»: Երկրորդ՝ ամբարշտութենէ արդարութեան կը բերէ, որ որ կ՚ուզէ, այսինքն՝ ազատ կամքով ու ո՛չ թէ հարկադրաբար: Երրորդ՝ խորհէ՛ մեռեալներուն մասին, որոնց յարութիւն տուաւ: Չորրորդ՝ ընդհանուր յարութեան ոմանց պիտի յարուցանէ, ինչպէս քիչ ետք ցոյց պիտի տայ:
Ասիկա յարութեան առաջին գործը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է:
Իսկ չորրորդ՝ դատաստանի գործը, կ՚ըսէ.
ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին» (Յհ 5.22):
Մեկնութիւն. Ասիկա պէտք չէ հասկնալ, թէ Հայրը չի՛ դատեր, Հայրը մէկդի ձգելով դատաստանէն, այլ այն կ՚ըսէ, թէ Հայրը առանց Որդիին չի՛ դատեր, որովհետեւ մէ՛կ ներգործութիւն է Հօրը, Որդիինն ու Սուրբ Հոգիինը, ինչպէս՝ էութիւնը, բնութիւնն ու Աստուածութիւնը, այդ պատճառով Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին վերջին դատաստանը պիտի կատարեն, իսկ Քրիստոս՝ մարմինի երեւումով Դատաւոր պիտի նստի, որովհետեւ այդպէս վայել է, որպէսզի բոլորին համար՝ որոնք դատաստանի կու գան, Դատաւորը յայտնի ըլլայ, իսկ ըստ Աստուածութեան չեն կրնար տեսնել Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, որովհետեւ եթէ տեսնէին, երանելի կ՚ըլլային, ինչպէս այս Աւետարանին մէջ իսկ կ՚ըսէ. «Եւ յաւիտենական կեանքը Քեզ ճանչնա՛լն է՝ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած եւ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ Դուն ղրկեցիր» (Յհ 17.3), այդ պատճառով Որդին որպէս Դատաւոր պիտի նստի:
Դարձեալ, գիտելի է, թէ Քրիստոսի դատաւորութեան իշխանութիւնը Հօրմէ է, ու այնպէս կը տրուի, որ նոյն իշխանութիւնը միշտ Հօր մօտ ալ կը մնայ, ինչպէս Աստուածութիւնը, նոյնպէս ալ իմացիր կեանքը, ներգործութիւնն ու գիտութիւնը, իսկ որ Հայր Աստուած դատաստանը Որդիին տուաւ, նախ՝ տալը ունենալը ցոյց կու տայ, ինչպէս որ Հօրմէն էութիւնը ունի, նոյնպէս ալ կեանքը, իշխանութիւնը, դատաստանը, եւ այլն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 46
Վաղարշապատ