ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ՄԱՍ ԵՐԿՐՈՐԴ

ԺԸ.

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ, ԵԹԷ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՉԿԱՅ

-Իսկ եթէ ապրած տեղս հիւանդանոց չկայ. օրինակ, մեր գիւղին մէջ, կը հարցնէք դուք, այն ատեն ի՞նչ ընենք:

-Այն ատեն հիւանդը պէտք է տունը պահել, ուրիշ միջոց չկայ:

Բայց տունը պահելով, անհրաժեշտ են հետեւեալ զգուշութիւնները.

Ամենէն կարեւոր բանը այն է, որ առողջները (յատկապէս երեխաները) տունէն հեռացնեն, ազգականի մը կամ դրացիի մը տուն տանին. իսկ եթէ ատիկա կարելի չէ, գոնէ դուրս բերեն այն սենեակէն, ուր հիւանդը պառկած է:

Եթէ բնակարանը մի քանի սենեակէ բաղկացած է, հիւանդը պէտք է ամենէն մեծ, լուսաւոր եւ մաքուր սենեակը փոխադրել, իսկ առողջները միւս սենեակներուն մէջ պահել եւ թոյլ չտալ, որ հիւանդին քով մտնեն:

Հիւանդը խնամելու համար քովը կը մնայ մայրը կամ ուրիշ մեծ տարիքի կին մը, որ միւս երեխաներուն հետ ո՛չ մէկ յարակցութիւն պէտք է ունենայ: Ո՛չ ինք միւս սենեակները պիտի մտնէ եւ ո՛չ ալ ուրիշ մարդու պիտի ձգէ, որ հիւանդին սենեակը մտնէ:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն աղքատները, որոնք հացատունի մը մէջ կ՚ապրին եւ իրարու քով կը պառկին-կը քնանան:

Մեծ անբախտութիւն մը, երբ այդպիսի տան մէջ վարակիչ հիւանդութիւն կ՚իյնայ: Հարցը մէկ մահով չի՛ վերջանար, երբեմն մի քանին (յատկապէս երեխաները) իրարմէ կը վարակուին եւ կը մեռնին:

Այս սարսափելի վտանգը միշտ պէտք է աչքի առաջ ունենալ: Երբոր երեխաներէն մէկը հիւանդացաւ, այլեւս մտածելու, տատանելու ժամանակ չկայ. ինչքան հնարաւոր է առողջները պէտք է կերպով մը հեռացնել տունէն:

Անպատճառ հեռացնել: Ի՞նչ կ՚արժէ ծնողի համար իր զաւակին կեանքը, ի՞նչ տեսակի զոհաբերութիւն կայ աշխարհիս երեսին, որ ծնող մը չ՚ըներ՝ իր որդին փրկելու համար:

 Երեխաները դուրս տարէք եւ միայն այն ատեն ետ բերէք, երբ հիւանդը առողջացած կ՚ըլլայ եւ տունն ալ ազատուած՝ պաքթերիաներէն, այսինքն՝ ախտահանուած:

Տեսնենք, թէ ի՞նչ է ախտահանութիւնը:

ԺԹ.

Ի՞ՆՉ Է ԱԽՏԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԱԽՏԱՀԱՆԵԼ ՀԻՒԱՆԴԻՆ ՍԵՆԵԱԿԸ ԵՒ ՄԷՋԻ ԻՐԵՐԸ

Մենք մի քանի անգամ կրկնած ենք, թէ հիւանդին սենեակը եւ մէջի իրերը պաքթերիաներու բոյներ են: Ուրեմն, հիւանդին առողջանալէն ետք, կամ հիւանդանոց տանելէն ետք, անոր սենեակը (աւելի լաւ է - ամբողջ բնակարանը) պէտք է ախտահանուի, այսինքն՝ այդ սենեակին մէջի վարակը (մանրիկները) ոչնչացուի:

Մեծ քաղաքներուն մէջ (Թիֆլիզ, Պաքու) քաղաքային վարչութիւնները այդ մասին մեծ հոգ կը տանին: Այդտեղ հիմնուած են ախտահանիչ կայարաններ յատկապէս վարակուած տուները եւ իրեղէնները ախտահանելու համար. այդտեղ կան բժիշկ ու բժիշկի օգնականներ, որոնք յատկապէս ախտահանութեամբ կը պարապին:

Անոնք վարակուած տուները կու գան եւ կ՚ախտահանեն, իսկ հիւանդին իրեղէնները կայարան կը տանին եւ այնտեղ կը մաքրեն, եւ ետ իրենց տիրոջ կը ղրկեն:

Այս բոլորը ձրիաբար կը կատարուի:

Մեր միւս քաղաքներուն եւ մի քանի գիւղերուն մէջ կառավարութենէն նշանակուած բժիշկներ կան, նաեւ մասնաւոր բժիշկներ: Պէտք է ատոնց դիմել: Ատոնք, եթէ իրենք ալ ախտահանելու չգան, գոնէ լաւապէս կը հասկցնեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ անհրաժեշտ դեղերը կու տան:

Մենք կը գրենք այնպիսի մարդոց համար, որոնք չեն կրնար բժիշկի խորհուրդին դիմել, ուրեմն այնպիսի վայրերու բնակիչներու համար, ուր բժիշկ չկայ, կամ բժիշկը այդ միջոցին բացակայ է:

ա. Հիւանդի սենեակի ախտահանումը.

Հիւանդէն ետք սենեակին պատուհաններն ու դռները պէտք է լաւ գոցել եւ 12-24 ժամ գոց պահել: Ատոր նպատակը այն է, որ սենեակին մէջ օդ չխաղայ, որպէսզի օդին մէջ թոզը (պաքթերիաներուն հետ միասին) նստի:

Երբոր թոզը լաւ կը նստի, պէտք է ներս մտնել եւ թաց կտորով կամ սպունգով սրբել սենեակին մէջի կահ-կարասիքը եւ միւս բաները, ապա յատակը, պատերն ու առաստաղը, մէկ խօսքով, ամբողջ սենեակը, որպէսզի փոշին վերցուի. (ոչինչ պէտք է թափ տալ սենեակին մէջ): Մաքրելէն ետք բոլոր բաները պէտք է դուրս տանիլ եւ սենեակը ախտահանել:

Եթէ պատերը պաստառած են (թուղթ բակցուցած), հացի միջուկով պէտք է մաքրել: Հացին միջուկը գունդ կ՚ընեն եւ պինդ-պինդ պաստառին կը քսեն, այն ատեն յատակին պէտք է թուղթ փռել, որպէսզի փշրանքը վրան թափի. այդ հացին փշրանքները պաքթերիաներով լեցուն են, հետեւաբար պէտք է հաւաքել ու այրել:

Ով կրնայ, պէտք է պատերը, առաստաղն ու յատակը կարպոլեան լուծուածքով (5 առ հարիւր, այսինքն՝ 100 մաս ջուրի մեծ լուծել 5 մաս կարպոլեան թթւուտ), կամ սուլեմայի լուծուածքով (1000 մաս ջուրին 1 մաս սուլեմայ): Ունեւորները պէտք է պաստառը պոկեն եւ նորը բակցնեն:

Եթէ պատերը պաստառուած չեն, այլ միայն սուաղած, այն ատեն դարձեալ պէտք է հացի միջուկով մաքրել, իսկ յետոյ կիր քսել:

Գիւղական տուները պէտք է կրակաթով ախտահանել:

- Ի՞նչ բան է կրկաթը:

Եթէ տաք կիր վերցնենք (անշէջ կամ անջուր) ու վրան ջուր լեցնենք, կը տեսնենք, որ կիրը տաքցաւ, գոլորշի տուաւ, ֆշշաց եւ փշրուեցաւ, ցրիւ եկաւ: Եթէ դարձեալ ջուր աւելցնէք (մէկ մաս կիրին վրայ 4 մաս ջուր լեցնէք) եւ խառնէք, կիրը կը բացուի ջուրին մէջ եւ թանի նման հեղուկ կը դառնայ: Այս է կրաջուրը կամ կրակաթը:

Սենեակը կամ տունը ախտահանելու համար, պէտք է աւելով լաւ շաղ տալ կրակաթը պատերուն ու առաստաղին, բայց ոչ թեթեւակի, այլ՝ այնպէս, որ կիրը ամէն փոս, ամէն ծակուծուկ լեցուի: Իսկ յատակին վրայ ուղղակի կրաջուրը պէտք է թափուի, այնպէս որ գետինը ծածկէ:

Ուրիշ ձեւ մըն ալ կայ:

Այս ծուխ տալն է:

Ատոր համար սենեակին մէջ ծծումբ (քիւքիւրթ) կ՚այրեն, դռները եւ պատուհանները պինդ կը գոցեն, բոլոր ճեղքերը կը փակեն, այնպէս որ ծուխը ո՛չ մէկ ծակէն դուրս գայ:

Հողէ ամանի մը մէջ չաղացած ածուխ պէտք է լեցնել, կրակի վրայ ալ ծծումբ եւ ամանը աւազին վրայ դնել, կամ ջուրով լեցուն տաշտի մը մէջ:

Ծծումբին ծուխը շուտով սենեակը կը լեցնէ, ամէն ծակուծուկ կը մտնէ եւ մանրիկները կը սպաննէ:

Լաւ կ՚ըլլայ, որ այս մի քանի միջոցները՝ հացի միջուկով մաքրելը, ծուխ տալն ու կրաջուրով լուալը միասին կատարուին. այն ատեն աւելի հաստատաբար կ՚ոչնչանան պաքթերիաները, եւ հետեւաբար տունը լաւ կ՚ախտահանուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022