ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԸ

«Ըմբոստացած, խելագարուած, չտանելով հին կեանքը էլ անծիր դաշտում այդ հաւաքուած նրանք կռուի էին ելել»: (Ե. Չ.)

Եթէ տանելի կեանք մը ըլլար, ի հարկէ կռուի հարկ չէր ըլլար. սակայն օրերը եւ պարագաները կը ստիպեն, առանց ապագայի համար հաստատ երաշխիք մը տալու: Ոչ ոք ապագան կրնայ կռահել, սակայն անտանելի իրավիճակներէն կը ստեղծուի երազային իրականութիւն մը, որ կ՚առինքնէ: Մարդկային պատմութեան նախօրեակէն գոյութիւն ունեցող իրականութիւն թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական գետնի վրայ ներկայութիւն մըն է անխուսափելի։ Պատճառը պարզ է։ Մարդն ալ կենդանի արարած մըն է իր ներքին եսով, որ ԻՆՔՆ Է, պաշտպանական եւ յարձակողական յատկութիւններով՝ որոնք զէնքերն են գոյատեւման։ Հետեւաբար անխուսփելի իրականութիւն:

Պատերազմներու պատճառներէն գլխաւորը գերակայութեան մարմաջն է, ուր կը տեսնէ ե՛ւ ապահովութիւն եւ ներքին բաւարարութիւն. իբր ապրող էակ կարելիութիւն ունի հպատակեցնելու երկիր մը ամբողջ ու ինչու չէ բաւարարութիւնը կ՚աւելնայ երբ իր տիրակալութեան սահմաններն ալ ընդլայնին։ Մարքսեան փիլիսոփայութիւնը պատերազմներու գլխաւոր պատճառը տնտեսութեան կը վերագրէր։ Ո՛րքան ընդունելի։ Ի՞նչ պէտք ունէր Մեծն Աղեքսանդր այդքան գրաւումներ իրականացնելու եւ երկիրներ ասպատակելու եւ վերջապէս այդ ժամանակի աշխարհը իրեն ենթարկելու։ Տնտեսութի՞ւն… Բայց այս է մարդ արարածը ունեցածով չի բաւականանար ու կ՚ուզէ աւելին եւ ա՛լ աւելին ու տակաւի՛ն ու հասնիլ անսահմանին։ Բան մը որ անկարելիութիւն է, սակայն երբ երեւակայութիւնը թեւեր կ՚առնէ, բանականութիւնը շնչահեղձ կ՚իյնայ:

Պատմութիւնը պատերազմներու շարան մըն է ի սկզբանէ ու կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի զանազան պիտակի տակ կամ պատրուակի։ Պատերազմ՝ գաղափարական, տնտեսական, ռազմական եւ այլն ոչ միայն երկիրներու միջեւ, այլ՝ քաղաքացիական. Բոլորն ալ մարդեր են եւ… «ստամոքսը աւելի մօտ է քան՝ եղբայրը»: Բանականութի՞ւն։ Ինչի մասին է խօսքը, երբ կիրքերը բորբոքած են ու լարուած։ Մտածել վաղուա՞ն մասին։ Պատասխանը կու գայ, երբ կիրքերը սպառած են եւ ուշ է արդէն «ինչո՞ւ էր այս աշխարհաւեր պատերազմը». «Չտանելով հին կեանքը էլ» իջան Հրապարակ: Վաղը՞ ո՛վ գիտէ, կամ որո՞ւն հոգ նախ անտանելիէն պէտք էր ազատագրուիլ. պատրաստուիլ յաջողելու։ Իսկ հակառակ պարագային ընդունիլ ձախողութիւնը, զի ապագան ո՞վ գիտէ կամ կրնայ կռահել. ապա՝ քայլ առ քայլ ընթանալ նպատակին:

Ժողովուրդի մը մտածողութեան մակարդակը եթէ չէ թեւակոխած ընդհանուրի շահերու նկատառումներով ու կեդրոնացած է խաւի մը ափերուն մէջ, ձեւով մը երկփեղկուած իրավիճակ մը կը ստեղծուի ու անխուսափելին կը պատահի ու պատմութիւնը չի դաւեր, իսկ դասերը մտիկ ընողն իսկ անգործադրելի իրավիճակի առջեւ կը գտնուի: Նոյն երէկը ամենօրեայ նոյն լուսինը պարտուած ու որբ կ՚ընթանան իրենց երթին հլու, ու կը շարունակուի կեանքը դժգոհներու ու ինքնագոհներու դրացիութեամբ: Յոյսերու ալիքներ կը փշրուին ծովեզերքին մինչեւ ա՛յլ ալիք մը հասնի ու ալիք ալիք կեանքը կ՚ընթանայ. չկայ խաղաղ եւ ապահով ընթացք ու պէտք է խուսանաւել գիտնալ:

Բարի երթ ապրողներուն:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՕՇՈՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019