ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ ԴԱՍԱԽՕՍԸ ԸՍԱՒ, ՈՐ «ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԾԱՆՐ ԳՈՒՆԴ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ»

Le Kharapagh est un boulet pour l’Arménie. Gérard Challiand, Ժերար Շալեան

Բառացի թարգմանութիւնը կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը ծանր բեռ է Հայաստանի համար (Le Kharapagh est un boulet pour l’Arménie): Աքսորավայրերու եւ թիարաններու մէջ դատապարտեալներու ոտքին կ՚ամրացնէին երկաթեայ ծանր գունդ, որպէսզի չփախչին: Այս արտայայտութիւնը ունեցաւ Ժերար Շալեան Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած 16 մայիս 2019-ի դասախօսական երեկոյին:

Դասախօսին հմտութիւնը եւ կենսափորձը կասկածի ենթարկելու միտում չունիմ: Բայց ճիշդ չէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ներկայ ազգային-քաղաքական վերածնունդի այս օրերուն պարզ տնտեսական ազդակի մը վերածել ժողովուրդի ազատագրական պայքարը: Ճիշդ չէ նաեւ համաշխարհային ճատրակի տախտակին վրայ որպէս մանրուք պատկեր դիտել ժողովուրդի մը բզկտուած հայրենիքի քարտէսը՝ առանց նկատի առնելու պատմութիւն, մշակոյթ, բնիկ եւ բազմիցս բիրտ ներխուժումներու ու այլազան քաղաքական առեւտուրի պատճառով անիրաւուած ժողովուրդի մը կացութիւնը եւ ապրելու իրաւունքը: Ժերար Շալեանը շատ լաւ գիտէ մոլորակի տարբեր անկիւնները տեղի ունեցած եւ տեղի ունեցող ազատագրական պայքարներու պատմութիւնը, գիտէ անոնց համար ժողովուրդներու վճարած գինը:

Ժերար Շալեանը ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը՝ քաղաքական մարգարէներու, որոնք հայոց եւ հայ ազգի իրաւունքը աճուրդի ուզած են հանել յանուն ռէալ փոլիթիքի: Թէեւ հանրային կարծիքի յիշողութիւնը միշտ կարճ կ՚ըլլայ, բայց դեռ յիշողներ ըլլալու են, որ Հայաստանի առաջին նախագահի օրերուն Աշոտ Բլէյեանը աղմկայարոյց յայտարարութեամբ մը ըսաւ, որ մինչեւ այսօր ղարաբաղցիները գիտցած են ապրիլ ազէրիներու հետ եւ ասկէ ետք ալ կրնան ապրիլ: Նոյնինքն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը հրաժարելու մղուեցաւ ազատագրուած Արցախը Ատրպէյճանի կազմին վերադարձնելու իր վարքագիծին համար:

Այսինքն, վասն ռէալ փոլիթիքի Ղարաբաղէն հրաժարելու, Հայաստանի ոտքին ամրացուած թիապարտի երկաթեայ գունդէն ազատելու վերաբերումը, որուն հարկ է ճիշդ անուն տալ, միշտ վերանորոգուող նահանջական տեսութիւն է, որ բնական կրնայ թուիլ աշխարհի իրաւարարներուն, բայց եթէ պճեղ մը գիտակցութիւնը ունինք մեր անցած պատմութեան ուղիին եւ իրաւունքին, ան ըստ ամենայնի անընդունելի է մեր լինելութեան տեսանկիւնէ: Ինչո՞ւ ֆրանսացին, 1870-ի Գերմանիոյ դէմ իր պարտութենէն ետք, 30 տարի շարունակ, մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը, իր աչքերը յառած պահեց գրաւեալ Վոժ լեռներու կապոյտ գիծին:

Ժերար Շալեանին քաղաքական տրամաբանութիւնը պատճէնահանումն է մեծապետական կայսերական քաղաքականութեան, որ ազգերը, անոնց իրաւունքները եւ դարաւոր ինքնուրոյնութիւնները կ՚անգիտանայ՝ անշեղ կերպով հետեւելով մեծ քահանայապետի քննադատած «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» բանաձեւին, որ իր արժէքներու տախտակին վրայ տեղ չունի ժողովուրդներ դժբախտացուցած պատմական չարիքներու սրբագրութեան համար: Պարզ բառով՝ բարոյականի: Այդ հասկնալու համար նայեցէ՛ք Ափրիկէի երկիրները իրարմէ բաժնող քանակով եւ ուղիղ գիծերով քարտէսին, որ նկատի չէ առած այդ հողերու վրայ ապրած մարդոց եւ հաւաքականութիւններու ընկերամշակութային տարածքները: Ազգերու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը որոշել հեռու տեղ մը՝ քարտէսներու վրայ գիծեր քաշելով, յոռեգոյն եղանակն է խաղաղութիւն հաստատելու առաջադրանքներու: Կացինով քարտէս գծել՝ քաղաքական չարիք է:

Այս է հայկական աշխարհի քարտէսի պատմութիւնը, որուն անօրինական օրինականութիւն տրուած է դաշնագրերով: Ո՞վ, ո՞ր քաղաքագէտ իմաստունը, բարոյականութեան հպատակող ղեկավարը կրնայ արդարացնել, որ Արցախը յանձնուի ուրիշ պետութեան մը, որուն հետ բնիկ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ոչինչ ունեցած է, այսօր ալ չունի հասարակաց. անցեալ, լեզու, մշակոյթ, կրօն, տուեալ տարածքի վրայ պատմութիւն: (…)

Միջազգային հաւասարակշռութիւններու քարտէսները իրաւունք չեն սահմաներ: Հայրենիքի մը տիրութեան սահմանումը տնտեսական ազդակներու չի հպատակիր: Ասիկա քաղաքական ռոմանթիզմ չէ: Ազգի միութիւնը, միասնականութիւնը, տոկալու եւ տեւելու հրամայականը, եւ ինչո՞ւ խուսափիլ ռէալ փոլիթիք չհամարուող նաեւ հայրենիքի սէրը չեն ստորադասուիր մասնաւոր շահերու, անոնք ըլլան սեփական թէ դրացիներու, եւ կողմնապաշտութիւններու: Վերջինները այնքա՜ն մաշեցուցած են մեզ մեր դժուար պատմութեան ընթացքին:

Մեծ ժողովներու մէջ շատ կը խօսուի քաղաքացիներու հաւասարութեան, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին: «Ղարաբաղ»ը՝ անուանափոխութեան ենթարկուած հայկական Արցախը, ինչո՞ւ չի դիտուիր ազգերու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ծիրէն ներս, ինչո՞ւ Արցախը պիտի դիմաւորուի որպէս Հայաստանի ոտքին ամրացուած երկաթեայ գունդ, երբ ան Հայաստան է:

Հզօրներու գերղեկավարման դէմ պէտք է մնայուն կերպով պայքարին գիտակից ժողովուրդները, որպէսզի չկորսուի իրաւահաւասարութեան յոյսը:

Երբ յարգելի դասախօսը քաղաքագէտի իր միտքը յայտնեց Հայաստանի ոտքին ամրաց-ւած թիապարտի երկաթեայ գունդի մասին, որ կը նշանակէ, թէ Արցախը կ՚արգելակէ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը, յիշեցի նաեւ Հայաստանի կարգ մը քաղաքական դէմքերու նոյնիմաստ արտայայտութիւնները, մտածեցի սահմանին վրայ հայրենիքի պահակ կանգնողներու մասին:

Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ այդ պահակ կանգնող եւ զոհ ըլլալու թիրախ տղոց ըսուին այդ իմաստութիւնները, սահմանները կ՚ըլլան բաց եւ Հայաստան ալ չի մնար: Իսկ հեռու աշխարհներ նստած, ինչպէս ըսած եմ ասկէ առաջ, Արարատի գագաթը մոմ կը վառենք, հեռաստաններէն այդ մոմի բոցով կը ջերմանանք, հայրենասիրական երգեր եւ ճառեր կը հնչեցնենք շաբաթավերջերուն:

Le Kharapagh est un boulet pour l’Arménie. «Ղարաբաղը բեռ է Հայաստանի համար»:

Երեւանի մէջ յարգելի դասախօս մը այս ըսաւ: Կարեւոր թիւով երիտասարդներ ներկայ էին, հաւանօրէն՝ ֆրանսական համալսարանի ուսանողներ:

Ինչպէ՞ս կարելի է չլսել միջազգային համբաւ ունեցող յարգելի քաղաքական մեծ մեկնաբանի խօսքը: Սահմանին վրայ գտնուող զինուորները հոն չէին, բայց ուսանող երիտասարդներ կային, որոնցմէ ոմանք օր մը կրնան կոչուիլ երկիր առաջնորդողի դիրքին:

Հայաստան եւ սփիւռքներ պէտք է գիտնալ հակազդել ժողովուրդներու իրաւունքը տնտեսական հաշիւի վերածող մեծապետական վարդապետական խօսքերու:

Ղարաբաղը Հայաստանի համար բեռ չէ: Ան Հայաստան է:

Հայաստանը բե՞ռ է հայուն համար:

Հայը, հայութիւնը եւ հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ խեղճացնել:

Ո՛չ ներսը, ո՛չ դուրսը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

18 մայիս 2019, Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019