ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՃՈՐՃ ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՐԳԵԼՔ Է ՈՐԵՒԷ ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»
Եթէ որեւէ լիբանանցիի հարց տաք, թէ ի՞նչ է երկրին առջեւ ծառացած, նաեւ անոր յառաջընթացին արգելք հանդիսացող գլխաւոր խնդիրը, եթէ ձեր խօսակիցը անկեղծ է, վստահօրէն պիտի ըսէ, որ Լիբանանի մեծագոյն խնդիրը անոր կառավարման դրութիւնն է, որ հիմնուած է համայնքային բաժանումներու վրայ։
1943 թուականէն ի վեր անկախութիւն ստացած երկիրը, այսօր եւս կը շարունակէ դիմագրաւել բաւականին լուրջ հարցեր, որոնց խորքերուն մէջ կայ համայնքներու շահադիտական մօտեցումներն ու ներքին եւ յաճախ տարողունակ պայքարները։
Հիմա ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ ի՞նչ գործ ունի Պոլիս, կամ Նիւ Եորք հաստատուած հայը Լիբանանի այսքան խճճուած նիւթին հետ, իսկ պատասխանն ալ աւելի քան պարզ է, որովհետեւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ Լիբանան կը շարունակէ համարուիլ Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքի գլխաւոր երկիրներէն մին։
Լիբանանի մասին խօսած պահուն տակաւին շատեր այն կարծիքը կը յայտնեն, թէ երկրի համայնքային դրութիւնը յաճախ վահան կը դառնայ բոլոր այն հատուածներուն, որոնք կը համարուին Լիբանանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններ, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ։
Այդպէս չէ, որովհետեւ նոյն այդ փոքրամասնութիւններու անդամ քաղաքացիները, շնորհիւ Լիբանանի համայնքային դրութեան պայմաններուն, յաճախ կը զրկուին կարեւորագոյն պաշտօններ գրաւելու իրաւասութիւններէն։ Չմոռնամ նաեւ նշել, թէ այդ դրութեան հիմքով Լիբանանի նախագահները, պաշտպանութեան նախարարները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչներն ու բանակի ընդհանուր հրամանատարները պէտք է պատկանին Լիբանանի Մարոնիթ համայնքին, այլապէս անոնք իրաւունք չեն ունենար այդ պաշտօնը գրաւելու։
Ի դէպ, իմ համայնքային դրութեան մասին խօսելու գլխաւոր պատճառը Լիբանանի այսօրուան ծանր վիճակին մասին ընդհանուր պատկերացում մը տալ փորձելն է, որովհետեւ այդ երկրին մէջ առկայ հիմնահարցերուն անլոյծ մնալն ու քաղաքացիներու ուսերուն բեռ դառնալու իրականութիւնը անմիջական կապ մ՚ունի համայնքային դրութեան հետ։
Օրինակ մը տալու համար յիշատակեմ Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապի պարագան, որ ինչ-ինչ պատճառներով կը շարունակէ մնալ երկրի գլխաւոր հիմնահարցերէն մին։
Լիբանանցիք, որ ստիպուած են իրենց բնական պահանջներուն համար կառչիլ՝ անհատական նախաձեռնութիւններով քաղաքացիին վաճառուող ելեկտրական հոսանքէն, շատ լաւ գիտեն, որ այդ հարցին լուծում մը տրուելու համար պէտք է գոհացում տալ երկրի գլխաւոր համայնքներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը որեւէ խնդրի, կամ այս առթիւ ելեկտրականութեան պարագային ունի իր յատուկ բաժինը։
Նոյնը կարելի է ըսել աղբի հարցին առընթեր, որու պարագային հաշիւները, դրամական կախեալութիւնները, բաժնեմասերու հարցերը դրուած են աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ։ Այսինքն իւրաքանչիւր շրջան ունի իր «տէր»ը, որմէ բացի անհնար եւ «անընդունելի» է, որ որեւէ կողմ միջամտէ, կամ փորձէ միւս կողմի «բաժիններէն» խլել։
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս երկրի բաղկացուցիչ միւս տարրերը, սկսած են «զզուիլ» երկիրը պաշարած բազմաթիւ խնդիրներէն ու այդ պատճառով ալ այդ փոքրամասնութիւններու յատկապէս երիտասարդ խաւերը, մտադիր են ամէն ինչ ընել հեռանալու համար Լիբանանէն, ի մասնաւորի երկրին մայրաքաղաքը՝ Պէյրութէն։
Այս բոլորին մասին աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու համար տեսակապի միջոցաւ հեռախօսազրոյց մ՚ունեցայ պէյրութահայ հասարակական գործիչ՝ Տքթ. Ճորճ Կիւլէսէրեանին հետ։
*
-Յաճախ կը լսենք, որ Լիբանանի մէջ ընկերային պայմանները ծանր դրութեան մատնած են երկիրը եւ տեղի կ՚ունենան ցոյցեր: Արդեօք այս ցոյցերը կրնա՞ն համատարած տագնապի տանիլ երկիրը:
-Լիբանանի իրավիճակը, դժբախտաբար, վատ է: Նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք ընդհանրապէս նոր յոյսերով կը փորձեն ներշնչել հանրութիւնը, բայց ես անձնապէս, նկատի ունենալով անցեալի փորձը, մեծ յոյսեր չեմ կապեր, այդ յոյսերուն չեմ հաւատար: Քսան-քսանհինգ տարիէ ի վեր ամէն նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք մեզ կ՚ողողեն յոյսերով, որոնցմէ ոչինչ կ՚իրագործուի: Ես այս առումով յուսահատ եմ, սակայն արդար ըլլալու համար մէկ տարի ժամանակ պիտի տամ եւ ըստ այդմ դատեմ, բայց ինչպէս ըսի՝ շատ լաւատես չեմ:
Ինչ կը վերաբերի փոքր հատուածներու մէջ երեւելի դարձած ընկերային պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերուն, չեմ կարծեր, որ անոնք համատարած կը դառնան, նկատի ունենալով երկրի համայնքային դրութիւնը: Համայնքային բաժանումները մեծ արգելքներ են, ձեւով մը պարիսպ, որ թոյլ չի տար, որպէսզի բոլոր լիբանանցիները միանան, որոշ հարց մը լուծելու, որոշ նպատակ մը իրագործելու համար: Ամէն առթիւ երբ հարցի մը լուծման շուրջ ժողովուրդի միասնութեան կոչեր կ՚ըլլան, համայնքային այդ օձը, թոյնը կը նետուի մէջտեղ եւ ամէն մէկը իր համայնքին ետեւէն կ՚երթայ, սկսեալ մեզմէ՝ հայերէս, եւ ասանկով ոչ մէկ հարց կրնանք լուծել, դժբախտաբար:
-Շատ կը խօսուի աղբի խնդրին մասին: Ի՞նչ տուեալներ ունիք, արդեօք գարնան Լիբանանը դարձեալ ականատե՞ս պիտի ըլլայ աղբի խնդրին:
-Աղբի հարցի շուրջ, այո՛, ունեցած տուեալներս դրական չեն եւ շատ հաւանական է, որ մօտ օրէն դարձեալ աղբահանութեան մեծ խնդրի ականատեսը դառնանք, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, հարցին հիմքային լուծում չտրուեցաւ: Լիբանանի մէջ սովորութիւն դարձած է հարցերուն առժամեայ լուծումներ գտնելը, երկարատեւ լուծումներ չունինք։ Հարցերուն կը վերաբերուինք պատռած շապիկի մը նման. այսօր այստեղէն կը կարենք, վաղը միւս կողմէն կը կարճեցնենք, փոխանակ շապիկը նետելու եւ նոր մը գնելու… կարկտան ձեւով կը մօտենանք հարցերուն: Աղբի հարցի պարագային ալ, առաջարկուած լուծումները երկու-երեք ամսուան համար էին եւ հիմա ժամանակը վերջացաւ ու նորէն նոյն խնդիրը պիտի ծառանայ մեր առջեւ: Դժբախտաբար, հարցերուն վերջնական բուժում չի տրուիր:
-Ի՞նչ կրնաք ըսել լիբանանահայութեան մասին: Որո՞նք են լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրները եւ որո՞նք՝ յառաջնայի մարտահրաւէրները:
-Գալով լիբանանահայութեան, դարձեալ լաւատես չեմ: Միայն թուային պատկերը եթէ առնենք, այս վերջին տասն տարիներուն, լիբանանահայ ընտանիքներու գաղթի քանակը շատ սոսկալի թիւ կը կազմէ: Ես կրնամ իմ ապրած շրջանին օրինակով խօսիլ, ես էշրէֆիյէբնակ եմ (Պէյրութի կեդրոնական շրջաններէն մին՝ քրիստոնէաբնակ) եւ կրնամ ըսել, որ այս շրջանին մէջ՝ Էշրէֆիյէ, Ժըմմայզէ, Ժըհթաուի, Մար Մըխայէլ, գրեթէ հայութիւն չէ մնացած, մնացողները 100-150 ընտանիք են, որոնց 75 առ հարիւրը տարեցներ: Դատելով մեր շրջանի ակումբներէն, եկեղեցիներէն, մշակութային, ազգային, մարզական կեդրոններէն, ցաւով կ՚ուզեմ յայտնել, որ մեր ունեցած չորս դպրոցներէն մնաց միայն մէկը, երկու դարմանատուն ունէինք՝ գոցուեցան, մարզական կեդրոններ ունէինք՝ փակուեցան, կիրակի օրերը ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս եկեղեցիները կը կաղան, միայն տարեցներով կը լեցուին, եթէ ճիշդ է լեցուիլ ըսելը, յաճախ չորս-հինգ հոգիով պատարագ կ՚ընեն: Այս է լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը, դժբախտաբար, շատ ցաւալի է:
-Շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ խաւը մտադիր է Հայաստան հաստատուիլ: Որքանո՞վ ճիշդ են այդ խօսակցութիւննները:
-Այո՛, կայ նման բան, կարելի է ըսել, որ Հայաստան հաստատուելու մասին խօսակցութիւնները մեր գաղութի վերջին քննարկուող օրակարգերէն մին է: Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը հայրենիք երթալու եւ հոն հաստատուելու փափաքն ու կարօտը ունի: Ձեւով մը լաւ է, որովհետեւ հայրենիք կ՚երթան, հոն կը հաստատուին, ընտանիք կը հիմնեն, չեն ձուլուիր: Մեր՝ արտասահմանի հայերուն դժբախտութիւնը այն է, որ ձուլման առարկայ անձեր ենք, որովհետեւ հայրենիքիդ մէջ չես, հողիդ վրայ չես, իր օդը չես շնչեր, ջուրը չես խմեր, հետեւաբար պիտի ձուլուիս. դժբախտաբար այս է իրականութիւնը: Կրնանք օրինակ առնել ֆրանսահայութեան կամ ամերիկահայութեան վիճակը, ճիշդ է, ձեւով մը կը պաշտպանեն իրենց ինքնութիւնը, բայց ձուլուողներու թիւն ալ շատ է:
Հայաստան երթալը լաւ քայլ կը նկատեմ, բայց այն պէտք է հիմնուած ըլլայ որոշ տուելաներու վրայ: Պէտք է լաւ ուսումնասիրուած քայլ ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանն ալ իր տնտեսական, ընկերային խնդիրները ունի, զանոնք պէտք է նկատի առնել, յետոյ երթալ, հաստատուելէ ետք յուսախաբ ըլլալով ետ Լիբանան չստիպուին վերադառնալ: Պէտք է լաւ սերտել եւ ետքը երթալ Հայաստան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան