ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

ԺԱ.

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Ֆիզիքական կրթութիւնը: Երեխան գրկելու, պառկած տեղէն վերցնելու կերպը: Խնամք լսողութեան ու տեսողութեան վերաբերեալ: Մտաւոր եւ բարոյական կրթութիւն: Ճիչի իմաստը: Նմանողական բնազդը: Վերջին խօսք:

Նստիլը. երեխան կրնայ նստիլ միայն 4-5 ամսականին, կանգնիլ՝ 9-12 ամսականին. իսկ քայլել՝ մէկ տարեկանէն մինչեւ մէկուկէս տարեկան հասակը, եւ պէտք չկայ ժամանակէն առաջ պարտադրաբար նստեցնել զինք կամ քալել սորվեցնել: Հետեւաբար, պէտք է խուսափիլ այն բոլոր բռնի միջոցներէն, որոնք կը գործածուին երեխային կանգնիլ կամ քալել սորվեցնելու համար, ինչպէս են՝ թեւերէն բարձրացնելը, ձեռքերէն քաշելը, եւ այլն: Անհրաժեշտ է մանուկին թոյլ տալ ազատ սողալ, զանազան միջոցներով քաջալերելով: Մենք հակառակ չենք այն վանդակներուն կամ օղերուն գործադրութեան, որոնց մէջ երեխան կրնայ կանգնիլ, փայտէն բռնելով: Լաւ է նաեւ այսպէս անուանուած դռնակը (վանդակ անիւներու վրայ), որու մէջ երեխան ապահով է վար իյնալէ եւ միեւնոյն ատեն, կամաց մը հրելով, կը սորվի քալել: Այսպիսով ոտքերուն եւ ողնաշարին մկանները կ՚ամրանան: Այս միջոցը, սակայն, պէտք է սկսիլ գործադրել միայն մէկուկէս տարեկան երեխայի վրայ, այսինքն՝ այն ատեն միայն, եթէ քալելը կ՚ուշանայ, բայց ոչ աւելի շուտ, այլապէս՝ կը վնասենք զինք:

Թեւիկները եւ տոտիկները ազատ պիտի մնան, որպէսզի երեխան շարժելով ամրացնէ զանոնք: Ասոր համար մայրը պէտք է երեխային փոփոխաբար աջ եւ ձախ թեւի վրայ դնէ, որպէսզի մանուկին երկու թեւիկներն ալ փոփախաբար ազատ ըլլան: Եթէ մայրը սովորութիւն ըրած է իր զաւակին միշտ մէկ թեւի վրայ նստեցնել, մանուկին մէկ թեւը, մասամբ ալ մէկ ոտքը, անընդհատ սեղմուած կը մնան մօր կուրծքին եւ անշուշտ աւելի թոյլ կը զարգանան, քան միւս կողմինը, որոնք դուրս կը մնան եւ ազատ կը շարժուին: Լաւ են այն «զիզիները», որոնք մահճակալէն կամ օրօրոցէն կը կախեն երեխային գլուխին վրայ, եւ որոնց հետ երեխան արթնցած ատեն կը սիրէ խաղալ:

Պակաս խնամքի կարօտ չեն նաեւ նորածինին զգայարանները, գլխաւորաբար անոր ականջն ու աչքերը, որոնք այդ հասակին վերին աստիճանի նուրբ եւ դիւրագրգիռ են: Չափազանց լոյսը, կամ սաստիկ դղրդիւնը, աղմուկը, ճիչը, կրնան մանուկին վնասակար ըլլալ: Այս պատճառով երբեք անկողինը պէտք չէ դնել արեւին տակ կամ վառարանին առջեւ կամ դուրսը՝ պարզ լուսնեակ գիշերները. ընդհակառակը, լաւ է, ինչպէս ըսած ենք վերը, երեխային մահճակալը, գոնէ առաջին ամիսներուն, արեւէն պաշտպանել: Մանուկին սենեակին մէջ պէտք չէ աղմկել, դափ (պարողներուն ձեռքը փոքր թմբուկ) զարնել, եւ այլն: Ընդհակառակը, մանուկին համար շատ հաճելի է մեղմ երաժշտութիւնը, որու ներդաշնակութեան տակ, անոնք թէ՛ դէմքի արտայայտութիւնով եւ թէ՛ զանազան շարժումներով՝ իրենց հրճուանքը կը յայտնեն:

Սողացող կամ նոր քալող երեխային սենեակին կարասիները այնպէս պէտք է շարուած ըլլան, որ երեխան անոնց չդպնայ ու վար չիյնայ: Մանաւանդ պէտք է զգուշանալ, որ ան բուխարիի (պատին մէջ շինուած՝ առջեւ բաց վառարան) կամ թոնիրի մէջ, եւ այլն չիյնայ: Աւելի բարձր տարիքին, երբ երեխան արդէն պինդ կը կանգնի, անոր պէտք է պտտցնել, վազեցնել, եւ այլն:

Մտաւոր եւ բարոյական կրթութիւն. շատ երկար կ՚ըլլար եւ այս գիրքի նպատակէն հեռու՝ մանրամասն խօսիլ այստեղ երեխայի հոգեբանութեան մասին, որուն գիտելիքը անոր դաստիարակութեան մասին որոշ կանոններ կը թելադրէ:

Այստեղ մենք կը փափաքինք ծնողներուն միայն հասկցնել, որ մանր երեխաներուն մէջ արդէն կը գտնուին այն բոլոր տարրերուն սաղմերը, որոնք քիչ մը ետք պէտք է կազմեն անոր բնաւորութիւնը: Մանուկը եթէ դեռ բանականութիւն, հասկացողութիւն չունի, եթէ ան դեռ ընդունակ չէ դատելու, լաւն ու վատը զանազանելու, իր գործողութիւնները կշռելու եւ շրջապատողներուն դէպի իրեն ունեցած յարաբերութիւնները քննելու եւ գնահատելու, ան այնուամենայնիւ ունի բնազդը, որ ամենէն մատղաշ հասակէն կ՚ուղեկցի անոր իր փոքրիկ կեանքին մէջ: Օրինակ, ան աւելի կը սիրէ եւ աւելի կը գգուէ իրեն կերակրող կնոջը, քան իր մօրը (եթէ մայրը չի կերակրեր), աւելի կը սիրէ լոյսը քան խաւարը, տաքը քան ցուրտը, եւ այլն: Բնազդով ան ուղղակի առաջին ամիսներուն պահանջներ, բողոքներ, նոյնիսկ բարկութիւն կ՚արտայայտէ: Ամենէն մատղաշ հասակին փոքրիկ էակը կը ճչայ եւ ատով իր պահանջներն ու դժգոհութիւնը կ՚արտայայտէ: Այսպիսով, ճիչը զանազան պատճառներ ունի եւ միայն անօթութեան արտայայտութիւն չէ, ինչպէս վերը ըսած ենք: Բազմաթիւ երեխաներ ճիչը սովորութիւն կը դարձնեն եւ ժխտական կերպով կը գործածեն ատոր ազդեցութիւնը իրենց ծնողներուն վրայ: Նկատուած է, որ քանի շատ ուշադրութիւն կը դարձնեն ճչացող երեխային վրայ, այնքան աւելի ան կը ճչայ, եւ ընդհակառակը:

Ռուսսոն փոքր երեխաներուն այս բռնակալ հակումները արդէն նկատած էր, երբ կը զգար, թէ անոնք շատ շուտ ուղղակի կ՚ուսումնասիրեն իրենց վարմունքներուն ազդեցութիւնը շրջապատողներուն վրայ:

Ծնողները պէտք է միշտ մեղմ վերաբերուին երեխաներուն նկատմամբ, հանգստացնեն զանոնք, աշխատելով հասկնալ ճիչին շարժառիթը. բայց այս ընելով պէտք չէ մոռնան, որ արդէն մէկ տարեկան երեխաներն ալ կրնան քմահաճոյքներ ունենալ, եւ ուղղակի այս ժամանակէն շրջապատողները պարտաւոր են մեղմ կերպով, առանց սակայն գրգռելու եւ յուսահատեցնելու զանոնք, սահմանափակել անոնց պահանջները:

Ուրիշ բան մը եւս, որ երբեք պէտք չէ մոռնալ, հետեւեալն է.

Երեխան ըստ ինքեան նմանողական երեխայ մըն է. ան կապիկի նման կը վերցնէ իր ամէն տեսածն ու լսածը: Ան բնազդով կը կրկնէ (անշուշտ իր ձեւով) շրջապատողներուն ըսածները: Երեխային լեզուն, շարժումները եւ -աւելի մեծ տարիքին- անոր ամբողջ հոգեկան եւ բարոյական աշխարհը նմանողութեան արդիւնք են, եւ հասկնալի է, որ տան մէջ կատարուող ախորժելի թէ անախորժ դէպքերը առանց հետքի չեն մնար փոքր էակի հոգիին վրայ: Կռիւներու, բարկութեան, ծեծի տեսարանները կամաց-կամաց աննշմարելի կերպով կոշտութիւն մը կը լեցնեն երեխայի սիրտին մէջ, որը դժուար կը կոտրէ մօր քնքշութիւնը: Երբեք յոյս պէտք չէ դնել այն բանին վրայ, թէ «երեխայ է, չի՛ հասկնար»: Նոյն կերպով ծեծն ու պատիժը կը կոշտացնեն եւ չար կը դարձնեն երեխային սիրտը: Ծեծը աննպատակ անգթութիւն է, իսկ փոքր երեխաները ծեծելը վնասակար բարբարոսութիւն մըն է, որ միայն ծեծողին բարկութիւնը կրնայ իջեցնել: Փոքր երեխաներուն ցաւ պատճառելը (եթէ այդ մէկը պարբերաբար կը կրկնուի), բացի զինք բարոյապէս վնասելէ, կրնայ նաեւ ֆիզիքապէս վնասել, այսինքն՝ հիւանդացնել: Վնասակար են նաեւ երեխաները վախցնելը, թէ «գայլը կը տանի, պահակը կու գայ, եւ այլն»: Խղճալի է նայիլ այն երեխային, որ պառաւի կամ պահակի վախէն ճիգ կը թափէ լացը կտրելու եւ հեկեկանքի մէջ կ՚իյնայ: Նոյնպէս սաստիկ կը վնասեն երեխաներուն կախարդներու, չար պառաւներու, մարդակեր գազաններու անմիտ հեքիաթները, որոնք սարսափ կը պատճառեն անոնց, եւ չափազանց ջղային կը դարձնեն:

Ինչ կը վերաբերի վարձատրութեան խոստումներու սկզբունքին, այդ ալ պէտք է վնասակար համարել, որովհետեւ այդ միջոցով մենք երեխային կը սորվեցնենք իր իւրաքանչիւր լաւ վարմունքի գինը պահանջել, եւ յետոյ երբ չի՛ ստանար, հակառակը կ՚ընէ: Մանկիկին բարոյական կրթութեան մէջ պէտք է տիրապետէ զգոյշ՝ բայց սառնասիրտ վերաբերմունքը դէպի մանուկին քմահաճութիւնը եւ չարութիւնը: Դատապարտելի է ծնողներուն չափազանց փափկասրտութիւնը: Մանուկին իւրաքանչիւր ճիչին, իւրաքանչիւր պահանջին անմիջապէս բաւարարութիւն տալով, ինչպէս կ՚ըսեն, անոր վրայ վշվշալով, ծնողները պարզապէս կը փճացնեն զինք: «Դիտումները, կ՚ըսէ փրոֆ. Հուֆելանկ, ցոյց կու տան, թէ երեխաները, որոնք աւելի խիստ եւ աւելի ազատ պահուած են, աւելի լաւ կը զարգանան, աւելի առողջ եւ աւելի դիմացկուն կ՚ըլլան, աւելի դիւրին կը դիմադրեն զանազան վնասակար ազդեցութիւններու եւ աւելի ինքնուրոյն կ՚ըլլան, քան անոնք, որոնք փճացուցած եւ փափկասուն դարձուցած են մօր չափազանց հոգատարութիւնը»: Որոշ չափով պէտք է նոյնիսկ ազատ ձգել ամենէն փոքրիկ երեխաներն ալ: Փոքրիկ էակը ամէն վայրկեան պէտք չէ իր գլուխին զգայ մօր անխոնջ հսկողութիւնը: Այդ անդադար հսկողութիւնը միշտ ճնշուած դրութեան մէջ կը պահեն զինք. ան չի՛ սորվիր ինքնուրոյն կերպով շարժուիլ, խօսիլ, գործել, եւ ամէն մէկ չնչին բանի համար ծնողներուն կը դիմէ: Այսպիսով, երեխան անդադար տեսակ մը բարոյական շղթաներով կաշկանդուած կ՚ըլլայ եւ ապագային միտքով ու կամքով թոյլ կը դառնայ, զուրկ՝ ինքնուրոյնութենէ, դիւրաթեք, ուրիշներու ազդեցութեան դիւրին ենթարկուող:

Սակայն, այս ձեւի զգուշութիւնները եւ այս մանրակրկիտ հսկողութիւնը երեխայի ֆիզիքական եւ բարոյական կրթութեան վրայ, կրնայ միայն սրտացաւ եւ հասկցող մայրը ունենալ: Հասկնալի է, որ եթէ մայրը չի՛ զբաղիր իր մանկիկով, այլ՝ զայն կը յանձնէ ամբողջովին ծծմօր կամ դայեակին, այսպիսին ուղղակի կը մատնէ զինք կամ տգէտներու անհասկացողութեան, կամ անգութներու բարբարոսութեան: Այսպիսի մայրը պատասխանատու է իր որդիին եւ հասարակութեան առջեւ, եթէ անոր սերունդը բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս աղաւաղուած դուրս գայ:

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

Ազգի մը յոյսն ու ապագան անոր սերունդն է:

Սողունի նման փակած սեւ երկրին, տաղտկութեան եւ թշուառութեան մէջ, մարդ կը ճգնի ուտելու համար եւ հալ ու մաշ կ՚ըլլայ եւ կը ծածկուի նոյն սեւ հողով: Սեւ հողը կը լափէ անոր մարմինը, կը սնուի անով, որ նոր կեանքեր դուրս նետէ իր արգանդէն, որպէսզի չպակսին անոր վրայէն անմխիթարներու եւ թշուառներու լեգէոնները: Տարիները կ՚անցնին՝ դարեր կ՚ամբողջացնեն, մարդկութիւնը իր կերպարանքը կը փոփոխէ. գլորող տարիները նորանոր յոյզեր եւ իղձեր կը լեցնեն իր սիրտը, կեանքի իրականութիւնը նորանոր պահանջներ կ՚ընէ սերունդներէ, հորիզոնը փոփոխակի կը մթնի եւ կը լուսափայլի ու մարդոց սիրտերը յոյսով կամ տաղտկութեամբ կը լեցնէ: Մարդկային ցեղը տակաւին այն շրջանին մէջ է, որ անոր սիրտին ու ուղեղին թռիչքները իրականութենէն շատ հեռու են: Այո, մենք դեռ անցողական շրջանի մէջ ենք, դեռ իսկական կեանք չկայ, բախտաւորութիւն չկայ, բայց իսկական կեանքի, բախտաւորութեան իտէալ կայ, որ մեր ուղեղը կը ստեղծէ: Թերեւս տակաւին բազմաթիւ դարեր կ՚անցնին, մինչեւ որ այս արիւնաշաղախ բանտը կը դառնայ այն աւետեաց երկիրը, ուր մարդկային էակը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ազատ շնչելու եւ երջանիկ ապրելու:

Բայց մինչեւ այդ, սեւը պատած է աշխարհը, մարդուն սիրտը սգաւոր ու անմխիթար է, հողի խորքերէն արիւնի գարշահոտ գոլորշին կը բարձրանայ, բոյսերը մարդուն արցունքը կը ծծեն: Իր ծննդեան առաջին վայրկեանէն մարդկային էակները ֆիզիքական ու հոգեկան տանջանքներէ կը ճչան եւ իրենց գոյութիւնը կը վերջացնեն օրհասական հառաչով եւ մարդիկ իրարու ետեւէ կը գլորին յաւիտենական ոչնչութեան անդունդը, մի՜շտ անմխիթար եւ մի՜շտ յուսաբեկ: Սակայն, անհետանալով, մենք մեզի հետ կը տանինք սփոփիչ միտք մը, մխիթարութեան եւ յոյսի ճառագայթ մը, այն որ հետք մը կը ձգենք այս ցաւալի երկրի վրայ,- մեր զաւակը, մեր արեան ու հոգիի մէկ մասնիկը: Արեան հետ մենք մանուկին սիրտին մէջ կը լեցնենք մեր իտէալները, մեր յոյսերը, եւ եթէ մենք չկարողացանք մօտենալ իսկ այդ իտէալին, եթէ յոյսերը տապալեցան մեր մէջ, թերեւս անոնք մեր զաւակի սիրտին մէջ կ՚իրականանան…

Իւրաքանչիւր ծնող ինզքինք այսպէս կը մխիթարէ եւ իւրաքանչիւր ազգ այսպէս կը նայի նոր սերունդին վրայ:

Մենք կը ծնինք ու կը գուրգուրանք այդ փոքրիկ էակին, մենք մեք կեանքը կը զոհենք անոր բարօրութեան համար, մեր շարժումները, մեր հնչիւններն ու յոյսերը կը ներշնչենք անոր, եւ այսպիսով ան մեր շարունակութիւնը կը դառնայ:

Ասիկա ինքնապաշտպանութեան զգացում մըն է, մենք չենք ուզեր ամբողջովին մեռնիլ, ամբողջովին անհետանալ: Աւելին, անտանելի կ՚ըլլար մեր կեանքը, եթէ համոզուած ըլլայինք, թէ մահը մէկ վայրկեանի մէջ մեր գոյութեան հետքն իսկ կը ջնջէ:

Խնամե՛նք ու լաւ աճեցնենք մեր սերունդը, թող ան առոյգ մարմինով եւ լաւ հոգիով աճի՛,- ո՜վ գիտէ, թերեւս դարերու սրընթաց հոսանքը իր ահաւոր ցնցումներով օր մը կը մօտեցնէ մեր խեղճ սեւ հողը այն բոցավառ արեւին, որ երջանկութիւն կը կոչուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 22 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023