ՄԱՄԻԿԸ
-Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ՝ մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ 100 դրամի:
Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ: Աստուած իմ, այս ինչ պատկեր է, անհնար է մոռնալ, ջնջել, բայց ինչպէ՞ս մոռնալ անոր դողահար մատները, արեւէն մգացած մաշկը, քրտինքի կաթիլները ճակտին, ճաթռտած շրթները, դէմքին խոր կնճիռները, յուզումնալից հայեացքը: Որո՞նք են այդ չ«թողնող»ները, ո՞վ տուած է իրենց այդ իրաւունքը...: Հարցումներ՝ անպատասխան, հարցումներ, որոնց շարանը շատ կարելի է երկարել, հարցումներ, որոնց պատասխանի որոնումէն յոգնած լքումներ տեղի կ՚ունենան: Վերցուցինք իր բեռը կազմող մի քանի տասնեակ քիլօ լոլիկը, կոպեկներով ուրախացաւ ան ու վստահ ունեցաւ այդ օրուան հասոյթը ընտանիքը գոհացնելու:
Շատ են նման երեւոյթներ, մանաւանդ գիւղերու մէջ: Այս է պատկերը դժբախտաբար, որուն չկարողացայ ընտելանալ երեք տարիներու կեցութեանս ընթացքին: Բարեկամի մը հրաժեշտը կը յիշեմ, որ հայրենիքը կը պաշտէր ու տակաւին, ինքնաշարժի մը վարորդը եղաւ չորս տարիներ, սակայն ահա հիմա որոշած է մեկնիլ Եւրոպաներ, զաւակներուն եւ ինչու չէ նաեւ իրեն համար բարւոք ապագայի մը հեռանկարով, մամիկին նման ապագայ մը չունենալու հեռանկարով:
Աշնանային թեթեւ զովութիւն մը կայ դուրսը, ակամայ դուրս նետուիլ կ՚ուզես, վայելել այս կլիմայի քաղցրութիւնը, գուցէ եւ սփսփուիլ ու նոր պատկերներով փոխարինել դաջուածը: Օգոստոսի աւարտին ամրան հրաժեշտ տալու, մանաւանդ այս ամրան տօթէն ազատելու հաճոյքը վայելել նաեւ:
Ազատութեան երկար պողոտան կանաչապատ լայն մայթերով լի է: Կանաչ է ամէն կողմ: Յոգնեցա՞ր, նստէ՛, նստարաններ ամէնուրեք: Չէ, հոս նստող զոյգին գիրկընդխառնումը խանգարել կարելի չէ, անոնք մայթին երկու կողմերու հասակաւոր համբուրուող բարտիներուն նման կը համբուրուին, հա կը համբուրուին, միայն վարպետ գծագրիչի մը վրձնահարուածները կարող են մեկնաբանել այս շքեղ տեսարանը:
Կասկատի վրայ եմ ահա, ձայներ կը լսուին, մեղեդիներ հայկական նուագարաններու, վարը բազմութիւնը սկսաւ յստականալ, համե՞րգ է արդեօք, չէ կ՚երեւի ամէն ամսու վերջաւորութան կազմակերպուած բացօթեայ պարի ուսուցումն է, մենք ուրախ, երգ ու պարը սիրող ժողովուրդ ենք, չէ՞:
Կասկատի առաջին բարձրութենէն կը հետեւիմ, բեմէն վար դիտողի տպաւորութեամբ: Հեռուէն կ՚երեւին օղակները շուրջպարերու, երիտասարդները ինչ աղուոր կը պարեն ու կը ցատկեն, գլխաւոր պարախումբը տարազաւորուած կը սորվեցնէ, կը կապկեն, կը սխալին, բայց կը սորվին ու հաճոյքը կը զգան պարերուն:
Երիտասարդները կը պարեն, կը զարնեն ոտքերը գետին, կը կապկեն պարուսոյցին խրոխտ կեցուածքը, ուսեր կը ցնցուին, մարմիններ կը պրկուին, կը գոռան «Հէ՜յ»..., ահա տղամարդիկ առանձնացան, եարխուշտան է, դէմքերը մռայլ ու կեցուածքները խրոխտ մարտի դաշտին պարող զինուորներուն նման, ու զոյգ ձեռքերը իրարու կը միանան ու կը հեռանան, հայոց ձեռքերը ե՞րբ միացած են որ..., չէ, բայց ահա շուրջպարերուն վերջինն է կարծես, օղակները խտացան ձեռքերու խաչաձեւ միացումով մը ու ներդաշնակ շարժումներով աւարտին հասաւ վերջին, միաձայն բարձր կոչով մը՝ «Հ՜էյ», որ իսկապէս միութեան կոչ մըն էր կարծես, երիտասարդ բազուկներու, ազգի զաւակներու, միութիւն այո՛ ի դէմ բոլոր դժուարութեանց, բոլոր խոչընդոտներուն, կոչեր միշտ ալ կան ու կ՚ըլլան, սակայն կը լսուի՞ն անոնք, այդ չ«թողնող»ներուն լսողութեան կը հասնի՞ն:
Քոչարին, Փափուռին, Իշխանապարը, Թամզարան, Եարխուշտան հնչեցին լեցնելով ամբողջ մթնոլորտը, զբօսաշրջիկներ՝ հայ, օտար հիացած հետեւեցան: Կողքս կանգնաց լիբանանցի զոյգ մը խանդավառութեամբ կը փորձէր կապկել պարերուն քայլերը ու կը հաստատէր, որ գալ տարի եւս ամրան արձակուրդը այս հիասքանչ երկրին մէջ պիտի անցընեն, անդին անգլիախօս մը տեսախցիկը ձեռքին՝ «This is amazing» ըսելով, ժպիտը դէմքին արձանագրեց պարերը, լրագրողի տեսք ունէր, այո լրագրող, որ մեր ուրախութիւնը, խանդավառութիւնն ու ճոխութիւնը պիտի մեկնաբանէ յօդուածով մը ու աշխարհը պիտի իմանայ մեր երջանկութեան մասին, եւ ամենակարեւորը այդ չ«թողնող»ները պիտի հասնին իրենց նպատակին, իրենք է որ թոյլտուութիւն տուած են այս ձեռնարկներու իրականացման, չէ՞...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ