ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպիսի՞ն է ամբարիշտներուն վարք ու բարքը:

Պատասխան. Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր: Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր: Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի: Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ՚ուտեն ու անիրաւութեան գինին կը խմեն (Առ 4.14-17). Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է ու չեն գիտեր, թէ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ (Առ 4.19):

Աստուծմէ հեռու կեանքով ապրողէն ամէն ինչ կարելի է սպասել, չարութիւն, նենգութիւն, ամբարշտութիւն, անիրաւութիւն, եւ նման այլանդակութիւններ, որովհետեւ երբ մարդ ինքզինք կը դատարկէ իր բուն էութենէն, ինքզինք իր բուն պատկերէն՝ Աստուծոյ նմանութենէն կ՚օտարացնէ, ինքզինք բարիէն՝ ինչի մէջ եւ ինչով ստեղծուած է կը դատարկէ, ապա այդ պարապութիւնը հակառակով կը լեցուի,այսինքն՝ չարութեամբ: Ինչպէս երբ արեւը մար մտնէ, աշխարհը խաւար կը պատէ, այդպէս ալ երբ մարդու կեանքէն Աստուած բացակայի, այլ խօսքով՝ երբ մարդ օտարանայ Աստուծմէ, ապա չարը՝ սատանան, իր արբանեակներով կու գայ եւ իր իշխանութիւնը կը պարտադրէ տուեալ մարդուն, որով ամբարշտութեան բոյնի կը վերածուի եւ ամէն տեսակի մեղք եւ այլանդակութիւն կը գործէ: Ամբարշտութիւնը, արդարեւ, խաւարի գերակայութիւնն է, իսկ այն հոգիին մէջ ուր խաւար կայ, արեւը ինչքա՜ն ալ պայծառ ըլլայ, ազդեցութիւն չի՛ գործեր խաւարած հոգիին վրայ, մինչեւ որ ինք կամովին եւ գիտակցաբար լոյսին՝ Արեւին չուզէ երթալ:

«Սուրբ Հիպպողիտոսը Առակագիրին այս արտայայտութիւնը՝ ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր, կ՚ընկալէ որպէս թէ Սողոմոն Իմաստունը կը խրատէ ու կը թելադրէ մեզի հեռու մնալ հերետիկոսներու ճանապարհէն, որոնք իրենց չարութեամբ կը փճացնեն վարդապետութիւնները, ինչպէս որ իրենց վարք ու բարքով չարացածները մեղաւորներ կը կոչէ» (Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթի): «Հերետիկոսները “ամբարիշտներն” են, իսկ Օրէնքը չգործադրողները՝ չարերը. կը հրամայէ մեզի հեռանալ անոնց ճամբաներէն՝ որ իրենց գործերն են» (Սուրբ Հիպպողիտոս):

Հ. Մարդ ինչպէ՞ս պէտք է ապրի իր կեանքը:

Պ. Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր: Քու աչքերդ ուղիղ թող նային ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան: Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին: Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր (Առ 4.24-27):

Առակացի այս համարներուն այնքա՜ն խօսուն կերպով կը համեմատին Դրոշմի Սրբազան Խորհուրդի ընթացքին արտասանուած խօսքերը՝ մարմինի իւրաքանչիւր մասին համար, որ այստեղ կը զետեղենք: Այսպէս, մկրտող հոգեւորականը երբ սկսի դրոշմել մկրտուած երեխան, հերթականութեամբ այս աղօթքները կը կատարէ.

- Ճակատը. այս անուշ իւղը, որ Յիսուս Քրիստոսի անունով ճակատիդ կը դրոշմուի, երկնաւոր աննիւթական պարգեւներու կնիքը թող ըլլայ:

Աչքերը. այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով թող աչքերդ լուսաւորէ, որպէսզի երբեք մահ չտեսնեն:

Ականջները. այս սուրբ օծումը թող բանայ ականջներդ, որպէսզի Աստուծոյ պատուէրները լսես:

Քիթը. այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով թող յաւիտենական կեանքի անոյշ բոյր տայ ռունգերուդ:

Բերանը. այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով բերանիդ եւ շրթունքներուդ վրայ դրուած ամուր դուռ եւ պահապան թող ըլլայ:

Ձեռքերը. այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով թող բարեգործութեան պատճառ ըլլայ, ամէն տեսակի առաքինի գործերու եւ առաքինի կեանքի:

Սիրտը. այս աստուածային կնիքը թող մաքրէ սիրտդ եւ ուղիղ հոգի դնէ քու ներսիդիդ:

Կռնակը. այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով թող ամուր վահան ըլլայ քեզի, որով կարենաս չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը մարես:

Ոտքերը. աստուածային այս կնիքը դէպի յաւիտենական թող ուղղէ քայլերդ, որպէսզի երբեք չսասանիս:

Յետոյ կ՚ըսէ. Խաղաղութիւ՜ն քեզի, ո՛վ Աստուծոյ կողմէ փրկուած: Խաղաղութի՜ւն քեզի, ո՛վ Աստուծոյ կողմէ օծուած («Մաշտոց կամ Ծիսարան», Թեհրան 2001, էջ 62-64 [արեւմտահայերէնի փոխադրութիւնը մերն է]): 

Իսկ Դրոշմի Սրբազան Խորհուրդի վերջին աղօթքին վերջին հատուածը այսպէս է.

«Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, Սուրբ Հոգիիդ պարգեւած սրբութեամբ պահէ այս երեխան, որպէսզի անարատ մնալով՝ Քու կամքդ կատարէ եւ անմեղութեամբ յաւիտենական կեանքիդ հասնի: Ուղղէ՛ եւ Քու երկիւղիդ մէջ հաստատէ իր քայլերը. Քու լուսաւոր պատուիրաններուդ հնազանդութեան մէջ պահէ զինք, եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խաղաղ եւ առանց մեղքի պահէ, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը. Որուն հետ կ՚օրհնենք Քեզ՝ Հայր ամենակալ, կենդանարար Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն» («Մաշտոց կամ Ծիսարան», Թեհրան 2001, էջ 62-64 [արեւմտահայերէնի փոխադրութիւնը մերն է]): 

Եթէ Դրոշմի Սուրբ Խորհուրդի ժամանակ ըսուած այս աղօթքները ծնողները իրենց մկրտուած երեխաներուն (երբ արդէն սկսին հասկնալ ու գիտակցիլ) բացատրեն, ապա Առակագիրի նշած սխալ ճանապարհներէն զերծ կը մնան, իսկ եթէ պատահի որ սայթաքին ալ, դուրս գալու եւ վերստին ճիշդ ճանապարհին մէջ յայտնուելու կերպերը կը գիտնան, որով իյնալէ եւ կանգնելէ ետք ա՛լ աւելի կը խորանան եւ կը զօրանան իրենց հաւատքին մէջ, իրենց յարաբերութիւնը ա՛լ աւելի ամրացնելով Աստուծոյ հետ:

Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր.

Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին կը գրէ. «Կը վայելէ մեզի թագաւորական ճամբայէն քալել, եւ չշեղինք անկէ՝ ըլլայ աջ կամ ձախ, Առակացի ըսածին համաձայն»:

Սուրբ Հիպպողիտոսը կը գրէ. «Սողոմոնը՝ ամենէն իմաստուն մարդը կը զգուշացնէ մեզի, որպէսզի դէպի աջ կամ ձախ չշեղինք. մի՛ գոռոզանար առաքինութիւններուդ համար, ո՛չ ալ փքուիր հասածդ հոգեւոր աստիճաններուն համար՝ դէպի աջ շեղելով: Մի՛ խոտորիր դէպի մեղքերու ճամբան՝ դէպի ձախ, հպարտանալով անով՝ ինչ որ ամօթ է»:

Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ. «Դէպի աջ շեղիլը, մարդուն ինքզինք խաբելն է, ըսելով թէ ինք առանց մեղքի է: Իսկ դէպի ձախ շեղիլը այն է, որ մարդ ինքզինք իր մեղքերով շրջապատէ, կարծելով թէ պիտի չվնասուի կամ պիտի չպատժուի»:

Հ. Առակաց 5.3-6 համարներուն մէջ Սողոմոն Իմաստունը «օտար կնոջ» մը մասին կը խօսի, ըսելով. «Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է. բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն ու երկսայրի թուրի պէս հատու է: Անոր ոտքերը մահուան կը տանին ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին: Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չ՚երթար, իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ՚երթայ, որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես»: Ո՞վ է այս օտար կինը, զո՞վ կը մատնանշէ Առակագիրը:

Պ. Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը.

«Այս գիրքին մէջ նախապէս դարձեալ խօսեցան օտար կնոջ մասին: Օտար կին կը նշանակէ հեթանոս, պոռնկացող կին, որովհետեւ ըստ Օրէնքին հրեայ կինը՝ ով պոռնկութեան մէջ կը բռնուէր՝ կը քարկոծուէր: Այդ պատճառով կարգ մը չար կիներ եկան ու իսրայէլացիներուն մէջ բնակեցան: Թերեւս կը նշանակէ նաեւ գաղտնի կերպով պոռնկութեան մեղքին մէջ ինկած հրեայ կինը, որով ինք եւ օտար եւ անծանօթ կը համարուի, քանի որ ինքզինք աստուածային ուխտէն զատեց ու կորսնցուց Սուրբ Ազգին մաս ըլլալու հանգամանքը:

Անոր խօսքերը դուրսէն՝ մեղրի նման են, իսկ ներսէն՝ օշինդրի նման դառն: Դուրսէն՝ ձէթի նման լպրծուն են, իսկ ներսէն՝ երկսայրի սուրի նման մահացնող: Ոմանք կը տեսնեն, թէ դառն վախճանը օշինդրի եւ երկասայրի սուրի նման է՝ վեներական հիւանդութիւններն են, ինչ բանով պոռնկութեան մէջ ինկողները կը տառապին: Թերեւս Աստուած արտօնած է այդ մէկը, որպէսզի տեսնելով թէ ի՛նչ կը կատարուի իր մարմինին, գիտակցի վտանգը՝ հոգիին հետ կատարուելիքին: Եթէ տարիներ առաջ աշխարհը ցնցուեցաւ ՁԻԱՀ (AIDS) հիւանդութիւնը յայտնաբերելուն պատճառով, որ ընդհանրապէս կը տարածուի մարմնական ապօրինի յարաբերութիւններու պատճառով, ապա մարդկութիւնը պիտի ցնցուի երբ մարմնական պիղծ ցանկութիւնները պաշտելուն պատճառով՝ շատեր կորսնցնեն իրենց յաւիտենականութիւնը, երկնային փառքը եւ միութիւնը՝ երկնայիններուն հետ:

Իմաստուն մարդը չար կնոջ՝ իր նուրբ շրթունքներով, կը նայի որպէս վտանգաւոր թշնամի մը, ով կանգնած է՝ ձեռքին երկսայրի սուր մը: Իւրաքանչիւր շրթունք սրածայր սուրի նման է, ո՛ր կողմ ալ որ դառնայ՝ կը կտրէ ու կը կործանէ…: Այսպէս է չար կնոջ բերանը»:

Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան կը գրէ. «Մէկը հետեւեալ խրատը կու տայ. “Մի՛ նկատեր օտար կնոջ գեղեցկութիւնը, ո՛չ ալ հանդիպիր պոռնկութեան մոլին դարձած կնոջ: Որովհետեւ, շնացողին շրթունքները մեղր կը կաթին, որ որոշ ժամանակ մը փափուկ կը թուի քեզի, սակայն որոշ ժամանակ մը ետք կը նկատես որ օշինդրէն աւելի դառն է եւ աւելի սուր՝ քան երկսայրի սուրը: Շնացող կինը չի՛ գիտեր սիրել, այլ՝ կ՚որսայ: Անոր համբոյրները թոյնով լեցուն են, իսկ բերանը՝ վնասակար թմրեցուցիչ է: Եթէ այս բոլորը անմիջապէս չեն երեւիր, ապա պէտք է զգուշանալ անկէ, քանի որ այդ կործանումը գաղտնի կը պահէ եւ աւարտը մահը կ՚ըլլայ, որով սկիզբը թոյլ չի՛ տար անոր որ երեւայ”»:

Անոր ոտքերը մահուան կը տանին ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին. անգամ մը որ պոռնիկ կնոջ գիրկը, աւելի ճիշդ՝ պոռնկութեան ախտով բռնուի մարդ, այլեւս չի՛ կրնար իր մէջքը ուղղել, եւ օր օրի կը խորանայ այդ ախտին մէջ, կեղտոտելով իր ամբողջ էութիւնը: Մեզմէ շատեր կարդացած են Տասը Պատուիրաններէն, հետեւեալ պատուիրանը, թէ՝ մի՛ շնար, եւ՝ ձեզի համար կուռքեր մի՛ շինէք, որոշակի կերպով այս երկու պատուիրանները իրարու հետ առընչութիւն ունին, քանի որ երբ մարդ շնութեան մեղքով բռնուի, այդ մեղքը իրեն համար կուռքի կը վերածուի, պաշտամունքի առարկայ կը դառնայ, առանց որուն՝ չի՛ կրնար պատկերացնել իր կեանքը եւ կը կարծէ, թէ անոր բացակայութեամբ ինք պիտի կործանի:

Այս առումով, պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, որ շնութիւնն ու զայն կռապաշտութեան վերածելը միայն մարմնական-սեռական յարաբերութեան չի՛ վերաբերիր, այլ՝ Աստուած-մարդ յարաբերութեան: Այս մասին գեղեցիկ բացատրութիւն մը կու տայ մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը. «Ինչպէս երբ կինը կը հեռանայ իր ամուսինէն եւ ուրիշ տղամարդու կը միանայ, Տիրոջ օրէնքին համաձայն՝ այս մէկը շնութիւն կը համարուի եւ ոչ թէ ամուսնութիւն. այդպէս ալ երբ հոգին Աստուծոյ սէրէն հեռանալով, կը յառի այս աշխարհին նկատմամբ սիրուն, այս մէկը նոյնպէս շնութիւն կը համարուի, որովհետեւ ժողովուրդին կռապաշտութիւնն ալ շնութիւն սեպուեցաւ, ինչպէս ցոյց կու տան մարգարէներուն խօսքերը։ Օրինակ, Երեմիան բացայայտ կերպով կ՚ամբաստանէ, թէ իր ժողովուրդը գնաց իր բազմաթիւ հոմանուհիներուն ետեւէն, որովհետեւ փայտի ու քարի հետ կը շնանար (տե՛ս Եր 3.6-9), իսկ մարդոցմէ ոչ ոք այնքան վաւաշոտ ու պիղծ չէ, որ մտածէ փայտի ու քարի հետ շնանալ, եւ բնութիւնն ալ այս մէկը չ՚ընդունիր»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

27 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022