ԱԿՆԱՐԿ - 30 - ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Համացանցային հարթակները ահաւոր աւերներ գործեցին մեր իրականութեան եւ ո՛չ միայն մեր իրականութեան, այլ բոլորին իրականութեան մէջ: Այդ հարթակներուն միջոցով սպիտակը սեւ, սեւը սպիտակ, մեծը փոքր, փոքրը մեծ, արժէքաւորը անարժէք, անարժէքը արժէքաւոր սկսան երեւիլ, եւ ո՛չ միայն երեւիլ, այլ՝ սկսաւ այդ ուղղութեամբ համոզում կազմուիլ:
Մէկ խօսքով, կ՚ապրինք այլափոխուած ու այլասերուած ժամանակաշրջան մը, բառիս բուն եւ ամբողջական իմաստով:
Յատկապէս գրողներու պարագային, ըլլան՝ հրապակագիրներ, լրագրողներ, քրոնիկագիրներ, բանաստեղծներ, պատմաբաններ, կրօնաբարոյական ու հոգեւոր գրութիւններ գրողներ, օր օրի վիճակը կը ծանրանայ ու կը դժուարանայ, այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծելով, ուր այլեւս մարդիկ կը զգուշանան գրիչ շարժելէ, կը վախնան որեւէ մէկ բան գրելէ, որովհետեւ մէկ տող չգրած՝ հարիւր տողնոց քննադատութիւնը պատրաստ է, եւ այն ալ հայհոյախառն, անարգալից ու նուաստացուցիչ քննադատութիւն:
Դժբախտաբար, մեր ներկայ իրականութեան մէջ կը բացակայի կառուցողական եւ շինիչ քննադատութիւնը: Մարդիկ միշտ պատրաստ են քննադատելու այն ամէնը՝ ինչ իրենց մօտեցումներուն եւ ընկալումներուն չի՛ համապատասխաներ: Բնականաբար, նման վերաբերմունք մը անառողջ ու վնասակար է, որովհետեւ եթէ ես ոեւէ մէկ գրողի ըսածին հետ համակարծիք չեմ, չի՛ նշանակեր, որ իրաւունք ունիմ նուաստացնելու եւ անարգելու այդ գրողը, կրնամ կարծիքս յայտնել, բայց յարգելով ու առաջնորդուելով քաղաքավարութեան կանոններով, այլապէս մեր իրականութիւնը, այս պարագային գրական ոլորտը ո՛չ մէկ տարբերութիւն պիտի ունենայ կենդանաբանական պարտէզներէ. միակ տարբերութիւնը այն է, որ այնտեղ կենդանիները վանդակներու մէջ են, եւ զիրար չեն կրնար վնասել, իսկ մեր պարագային, վանդակներ գոյութիւն չունին ո՛չ ֆիզիքական եւ ո՛չ առաւել եւս մտաւոր ու բարոյական-հոգեւոր, որով անտրամաբանական եւ անբնական երեւոյթներու դէմ յանդիման կը կանգնինք:
Բնականաբար, իւրաքանչիւր ոք կրնայ քննադատել, բայց ինչպէս վերը նշեցի, պէտք չէ չափն ու սահմանը անցնի:
Ինտրայի (Տիրան Չրաքեանի) պատկերացումով քննադատութիւնը հետեւեալն է.
«Քննադատութիւն.
Գրական սեռ մը որ գրական երկերու բացատրութիւնն ու դատաստանն է: Կը պահանջէ հմտութիւն մատենագրութեանց պատմութեան, գրական եւ գեղարուեստական ճաշակ, ծանօթութիւն այլեւայլ ուսմանց, եւ պարկեշտ, արդար, բարեկիրթ բնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ ողջմտութիւն, դատողութիւն, եւ այլն»:
Առանձնենք Ինտրայի պատկերացումով քննադատի մը ունենալիք յատկութիւնները.
- Մատենագրութեանց պատմութեան հմտութիւն:
- Գրական եւ գեղարուեստական ճաշակ:
- Այլեւայլ ուսմանց ծանօթութիւն:
- Պարկեշտ, արդար, բարեկիրթ բնաւորութիւն:
- Ողջմտութիւն, դատողութիւն:
Տեղափոխուինք մեր իրականութիւն: Երբեւէ հանդիպա՞ծ էք նման յատկութիւններ ունեցող քննադատի մը: Մեր օրերուն դժուար թէ գնտուի նման յատկութիւններ ունեցող քննադատ մը, որովհետեւ համացանցի ներկայ գործադրութիւնը, բոլորին հնարաւորութիւն ընձեռած է ո՛չ միայն քննադատ, այլեւ՝ բժիշկ, հոգեւորական, գրող, փիլիսոփայ, հոգեբան, փաստաբան, քաղաքագէտ, պատմաբան, բարոյախօս, մանկավարժ, եւ այլն, եւ այլն դառնալու եւ իրենք զիրենք այդպիսին կարծելու:
Մեր օրերուն կան կարգ մը քննադատներ, սակայն, անոնց մէջ Ինտրայի նշած յատկութիւններէն մէկը կամ երկուքը, երբեմն չորս-հինգը կը բացակային: Ասոնց կողքին պէտք չէ մոռնանք, որ դժբախտաբար մեր օրերուն չկա՛ն հեղինակութիւններ, ինչպիսիքն էին անցեալին՝ Օշականը, Աղբալեանը, եւ ուրիշներ: Այսօր, մեր իրականութիւնը ծարաւն ունի իրա՛ւ հեղինակութիւններու, որոնք իրենց խօսքով եւ միաժամանակ իրենց գրիչով իրենց ըսածը հասանելի դարձնեն:
Քննադատութիւնը արդարեւ մասնագիտութիւն է, եւ սովորական մասնագիտութիւն մը չէ, այլ՝ այնպիսի մասնագիտութիւն մը, որու թիւ մէկ նպատակը մարդուն միտքն է, իսկ մարդուն միտքին ազդելու համար քննադատը կարիքն ունի ազնուութեան եւ սիրոյ: Ինտրայի նշած յատկութիւնները մէկ կողմ ձգենք, մեր այսօրուան քննադատներուն կը պակսին ճիշդ այդ սէրն ու ազնուութիւնը, այսինքն՝ փոխանակ իրենց ըսելիքը ազնուութեամբ ու սիրով ըսեն, բացատրեն, կը սկսին անարգել, անպատուել, ատելութեամբ արտայայտուիլ, որով իրենց ըսածը ինքնաբերաբար անիմաստ կը դառնայ, եւ նոյնիսկ եթէ իրենց ըսածներուն մէջ իրականութիւն ու ճշմարտութիւն ըլլայ, քննադատուող անձը իր անձին նկատմամբ ուղղուած ատելութեան ու անարգանքին ի պատասխան, կը մերժէ որեւէ մէկ կերպով ընդունիլ այդ քննադատութիւնը կամ քննադատութիւնները:
Աւարտեմ, անդրադարձ մը կատարելով յատկապէս թերթերու ընթերցողներուն, որոնք Օտեանի բառերով աւելի քննադատ են, քան ընթերցող: Վերջինս կը գրէ.
«Եթէ աշխարհի մէջ կայ մէկը, որ կարելի չէ երբեք գոհացնել, այն ալ թերթի մը քննադատ ընթերցողն է:
Ամէն թերթ ունի իր այս քննադատ ընթերցողները, որոնք բարեբախտաբար բազմաթիւ չեն, որովհետեւ, հակառակ պարագային անկարելի պիտի ըլլար թերթ հրատարակել:
Քննադատը կը կարդայ, ո՛չ թէ լուր առնելու, բառ մը սորվելու, միտքը մշակելու համար, այլ՝ որպէսզի քննադատէ» (Երուանդ Օտեան):
Մեր օրերուն կարծէք այդ քննադատ ընթերցողներուն թիւը ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ բազմացած է, հակառակ ատոր սակայն, թերթերը կը շարունակուին հրատարակուիլ եւ լոյս աշխարհ գալ: Յուսանք եւ հաւատանք, որ տակաւին երկա՜ր պիտի շարունակեն լոյս աշխարհ գալ:
Միւս կողմէ, սիրելի՛ եւ յարգելի քննադատներ, ինչքա՜ն ուզէք քննադատեցէք, կարաւանը իր ճամբան կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ: Եթէ կառուցողական ու շինիչ է ձեր կատարած քննադատութիւնները, գլխու վրայ, միշտ քննադատեցէք, որպէսզի ձեր քննադատութեամբ գրողները օր օրի իրենք զիրենք կատարելագործեն, կառուցողական ու շինիչ չեն ձեր քննադատութիւնները, ձեր ջիղերուն մեղքացէք, որովհետեւ ձեր թարախով ու ատելութեամբ լեցուն քննադատութիւնները ձեր սահմաններէն անդին չեն անցնիր, ու մնալով ձեր սահմաններուն մէջ կը նեխեցնեն ու կը փտեցնեն ձեզ, այնպէս որ դուք ձեր մասին մտածելով փա՛կ պահեցէք ձեր թարախալից բերաննները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ