ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՈՐՈ՞Ւ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ՔՈՒԷՆԵՐԸ

Այ­սօր պի­տի կա­յա­նայ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը դրած են ե­րես­փո­խան­ներ՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եւ Սլէյ­ման Ֆրան­ժի­է: Վեր­ջին օ­րե­րուն ե­ղած խմո­րում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս երկ­րի սիւ­ննի հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ եւ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լէն ետք՝ բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­տա­նա­տա­րին նա­խա­գահ դառ­նա­լու յոյ­սե­րը կը դառ­նան գե­րակ­շիռ: Ճիշդ է, որ խորհր­դա­րա­նին մէջ կան ու­ժեր, ո­րոնք կտրա­կա­նա­պէս դէմ են Աու­նին, բայց եւ այն­պէս ա­րագ հա­շիւ մը ը­նե­լով յստակ կը դառ­նայ, որ Աուն պի­տի ստա­նայ առ­նուազն 65 քուէ, ինչ որ կրնայ ա­պա­հո­վել իր Պաա­պտա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ հաս­նի­լը:

Աու­նի ա­նու­նին հան­դէպ ստեղ­ծուած այս դրա­կան մթնո­լոր­տը պայ­մա­նա­ւո­րուած է մի քա­նի հան­գա­մանք­նե­րով, ո­րոնց ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յի­նը շրջա­նա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան մը ու­րուա­գիծն է: Ու­րուա­գիծ կ՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան եր­կու հիմ­նա­կան կող­մե­րը՝ Թեհ­րան եւ Ռիատ այս մա­սին ոչ մէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն կը կա­տա­րեն:

Ին­ք, նա­խա­գա­հա­կան գլխա­ւոր թեկ­նա­ծուն՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եր­բեք ալ պատ­րաստ պի­տի չըլ­լար ընտ­րու­թեան նիս­տի մը ներ­կա­յա­նալ, այն­քան ա­տեն, որ այդ եր­կու հո­վա­նա­ւոր կող­մե­րուն յստա­կօ­րէն ե­րե­ւե­լի «կա­նաչ լոյ­ս­»ը չըլ­լար:

Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշել, որ այ­սօ­րուան նիս­տը պի­տի ըլ­լայ 46-րդը եւ այնց­նող բո­լոր նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին Աուն եւ իր գլխա­ւո­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սան­ք» խմբա­կի ան­դամ ե­րես­փո­խան­նե­րը «լրջու­թեամ­բ» չմօ­տե­ցան ընտ­րա­կան ո­րե­ւէ նիս­տի:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, պէտք է ը­սել նաեւ, այ­սօ­րուան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ռանձ­նացուին եւ կը տար­բե­րուին վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը «դուր­սէ­ն» պար­տադ­րուած չէ, այլ ինչ­պէս լի­բա­նան­ցի­նե­րը կ՚ը­սեն՝ Made In Lebanon թեկ­նա­ծու­թիւն է:

Խօ­սե­լով խորհր­դա­րա­նին մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մա­սին՝ պէտք է նշել, որ Աու­նին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նեն. «Ալ Մուս­թաք­պա­լ» հո­սան­քի, «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի, «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր­»ու «Դե­մոկ­րա­տա­կան հան­դի­պու­մ» եւ Աու­նի ա­ռաջ­նոր­դած «Ա­զատ ազ­գա­յին հո­սան­ք» խմբա­ւո­րում­նե­րու ե­րես­փո­խան­նե­րը: Ե­թէ հա­շուի առ­նուի այս խմբա­ւո­րում­նե­րու ան­դամ ե­րես­փո­խան­նե­րուն թի­ւը, ար­դէն յստակ կը դառ­նայ, որ Աուն պի­տի ստա­նայ ընտ­րուե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ 65 քուէ­նե­րը:

Շա­բաթ օր շրջա­նա­ռու­թեան մէջ ե­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, չի բա­ցառուիր նաեւ, որ երկ­րորդ թեկ­նա­ծուն՝ ե­րես­փո­խան Սլէյ­ման Ֆրան­ժի­է յետս կո­չէ իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը եւ լքէ ընտ­րա­կան մրցա­վազ­քը:

Այս մա­սին մաս­նա­ւո­րապ­րէս գրած է «Ալ Ախ­պա­ր» պար­բե­րա­կա­նը՝ յայտ­նե­լով, որ Ֆրան­ժի­էի մօ­տիկ աղ­բիւր­ներ ի­րենց թեկ­նա­ծուին ընտ­րա­վազ­քէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին խօ­սե­լով՝ ը­սած են, թէ ե­րես­փո­խա­նը մտա­հոգ է, որ իր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով չս­­տա­նայ նոյ­նիսկ իր ա­մե­նէն «ո­խե­րիմ հա­կա­ռա­կոր­դ» Սա­միր Ժաա­ժա­յի ստա­ցած քուէ­նե­րը ու այդ ձե­ւով մատ­նուի «վատ վի­ճա­կ­»ի: Մինչ այդ ը­սեմ, որ «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Սա­միր Ժաա­ժա 2014 թուա­կա­նին, երբ Աու­նի գլխա­ւոր թեկ­նա­ծուն էր, ստա­ցաւ քուէ­ներ:

Կայ նաեւ ընտ­րա­կան նիս­տը «թռցնե­լու» վտան­գը, ո­րուն հիմ­նա­կան ջա­տա­գո­վը կրնայ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ըլ­լալ: Նե­պիհ Պըր­րի, որ ա­ռա­ջին օ­րէն ընդ­դի­մա­ցած է Աու­նի թեկ­նա­ծու­թեան եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ յայ­տա­րա­րած է, թէ պի­տի ա­պա­հո­վէ նիս­տին օ­րիա­կա­նու­թիւ­նը, դժգոհ է Աու­նի ա­նուան շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն մեծ թափ ստա­ցած դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րէն:

Այս ա­ռու­մով եւ ըստ վեր­լու­ծա­բան Շարլ Ար­պի­տին, ընտ­րա­կան նիս­տը կրնայ ձա­խո­ղիլ տար­բեր գոր­ծօն­նե­րու ի մի բե­րու­մով: Ար­պիտ ը­սած է նաեւ, որ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւս մե­ծա­պէս դժգոհ են Աու­նի թեկ­նա­ծու­թե­նէն ու մին­չեւ այս պա­հը ա­նոնք «անվս­տա­հու­թիւ­ն» ու­նին ա­նոր հան­դէպ։ Ո­րով­հե­տեւ քսան­վեց տա­րի ա­ռաջ Սու­րիոյ նա­խա­գահ Հա­ֆըզ Է­սա­տի հաս­ցէին ա­նա­րա­գա­լից բա­ռեր ար­տա­սա­նած եւ Լի­բա­նան տե­ղա­կա­յուած սու­րիա­կան զօր­քե­րուն դէմ պա­տե­րազմ հռչա­կած էր Աու­ն: Սու­րիա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն սրտնե­ղու­մը միայն այդ պատ­մա­կան փաս­տով չի պայ­մա­նա­ւո­րուիր, այլ Աու­նի Թաէ­ֆի հա­մա­ձայ­նագ­րին դէմ ըլ­լա­լուն: Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն «սի­րե­լի» թեկ­նա­ծուն Սլէյ­ման Ֆրա­նժի­էն է, որ կը հա­մա­րուի Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի թիւ մէկ քրիս­տո­նեայ դաշ­նա­կի­ցը:

Ու­րեմն այ­սօր կա­յա­ցուե­լիք ընտ­րա­կան նիս­տին ա­ռըն­թեր կան նաեւ «ա­նե­րե­ւոյթ» գոր­ծօն­ներ, ո­րոնք կրնան ձա­խո­ղու­թեան տա­նիլ եւ «փա­րա­տել» երկ­րին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­սա­նե­լի դար­ձած դրա­կան մթնո­լոր­տը:

Խօ­սե­լով Ա­րեւ­մուտ­քի Լի­բա­նա­նի ընտ­րա­կան ար­շա­ւին վե­րա­բե­րեալ ու­նե­ցած դե­րին մա­սին՝ պէտք է ը­սել, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Փա­րի­զի հա­մար ե­թէ ընտ­րու­թիւն­ներ կա­յաց­նե­լը այդ­քան ալ անհ­րա­ժեշտ չէ, ա­պա կա­րե­ւոր է ա­մէն գնով պահ­պա­նել Լի­բա­նա­նի ա­պա­հո­վու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը:

Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով այս մա­սին ար­տա­յայ­տուած եմ, ու հզօր վեր­լու­ծա­կան միտք ու­նե­նա­լու կա­րիք չկայ տես­նե­լու հա­մար, թէ ինչ­պի­սի լա­րուած մթնո­լորտ մը կը տի­րէ Լի­բա­նա­նի մէջ:

Այդ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի սիւն­նի-շիի խոր ան­ցեա­լէն ե­կող հա­կակ­րան­քով եւ «սնուն­դ» կը ստա­նայ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Լի­բա­նան ա­պաս­տա­նած ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն (մեծ մա­սամբ սիւն­նի­ներ) գաղ­թա­կան­նե­րով: Այդ փախս­տա­կան­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ տո­կո­սը Սու­րիոյ գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ են ու տա­կա­ւին ա­նոնց կա­րե­ւոր մէկ մա­սը զի­նուած են եւ այս կամ այն ձե­ւով ա­ռըն­չու­թիւն­ներ ու­նին Սու­րիա-Լի­բա­նան սահ­մա­նա­յին լեռ­նա­յին շրջան­նե­րու մէջ տե­ղա­կա­յուած ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն հետ:

Իսկ անդ­րա­դառ­նա­լով հայ ե­րես­փո­խան­նե­րուն նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ ու­նե­նա­լիք ընդ­հա­նուր կե­ցուած­քին մա­սին՝ պէտք է նշել, որ շատ հա­ւա­նա­կան է, թէ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ վեց հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներն ալ շատ հա­ւա­նա­բար ի­րենց քուէն տան զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նին:

Այս կար­ծի­քին է Պէյ­րու­թի հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան եւ ՍԴՀԿ­-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Սե­պուհ Գալ­փա­քեան: Ան այս նիւ­թին շուրջ հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին ու ը­սած. «Ի հար­կէ, այն հայ գոր­ծըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք «Մուս­թաք­պա­լ­»ի խմբա­կին ան­դամ են, ինչ­պէս՝ Սերժ Թուր­սար­գի­սեա­ն, որ նաեւ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան երկ­րորդ ե­րես­փո­խանն է, ինչ­պէս նաեւ՝ Ժան Օ­ղա­սա­բեա­ն, պի­տի քուար­կեն զօ­րա­վար Աու­նին: Մնա­ցեալ հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րէն եր­կու­քը ար­դէն Աու­նի խմբա­կին մաս կը կազ­մեն, իսկ եր­րոր­դը՝ Շանթ Չին­չի­նեանն է, որ «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր­»ու խմբակ­ցու­թեան ան­դամ է եւ ի­րենք եւս կը զօ­րակ­ցին Աու­նին: Հե­տե­ւա­բար վեց հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­նե­րը շատ մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ի նպաստ Աու­նին պի­տի քուէար­կե­ն»: Հնչա­կեան ե­րես­փո­խա­նը չէ թաք­ցու­ցած, որ ի­րենք եւս մեծ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նէին Աու­նի ա­նուան հան­դէպ, բայց ի­րենց գլխա­ւոր գոր­ծըն­կեր եւ դաշ­նա­կից՝ Սաատ Հա­րի­րիի ա­ռած ո­րո­շու­մէն ետք յար­մար նկա­տած են «քա­լել Հա­րի­րիի ո­րո­շու­մո­վ»:

Բնա­կա­նա­բար այդ վե­րա­պա­հում­նե­րը կապ ու­նին մօ­տիկ ան­ցեա­լին Աու­նի ու­նե­ցած կե­ցուածք­նե­րուն հետ: Խօս­քը ան­շուշտ Թաէ­ֆի հա­մա­ձայ­նագ­րի հան­դէպ Աու­նի ու­նե­ցած հա­կա­սա­կան կե­ցուած­քին մա­սին է, որ ըստ Գալ­փա­քեա­նի, այ­սօր ար­դէն փա­րա­տած է:

Գալ­փա­քեա­նի նշած ա­նուն­նե­րէն Ժան Օ­ղա­սա­բեա­ն, որ ըլ­լա­լով «Ալ Մուս­թաք­պա­լ» խմբա­ւոր­ման «հա­ւա­տա­րի­մ» ան­դա­մը, նոյն­պէս պի­տի քուար­կէ յօ­գուտ Աու­նին: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել Պէյ­րու­թի Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­թո­ռի ե­րես­փո­խան Սերժ Թուր­սար­գի­սեա­նի մա­սին։ Ան եւս հա­մա­րուե­լով ՍԴՀԿ­-ի երկ­րորդ եւ Հա­րի­րիի «մօ­տի­կ» ե­րես­փո­խան, կ՚ակն­կա­լուի նաեւ, որ նոյ­նը ը­նէ եւ քուէար­կէ ի նպաստ զօ­րա­վար Աու­նին: «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­րու» խմբա­ւոր­ման եւ Զահ­լէ շրջա­նի ե­րես­փո­խան Շանթ Չին­չի­նեան ըլ­լա­լով ան­դա­մը քրիս­տո­նեայ խմբակ­ցու­թեան, իր դիր­քին հա­մա­հունչ՝ պի­տի քուէար­կէ Աու­նին: Կը մնան ՀՅԴ­-ի եր­կու ե­րես­փո­խան­նե­րը՝ Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նին եւ Ար­թիւր Նա­զա­րեա­նը, ո­րոնք ան­դամ են Աու­նի գլխա­ւո­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սան­ք» խմբա­կին։ Զօ­րա­վա­րին կազ­մած եւ քա­ղա­քա­կան մեծ կշիռ հան­դի­սա­ցող խմբա­կին կազ­մու­թե­նէն ի վեր ա­նոնք կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին Աու­նին հետ եւ կը հա­մա­րուին քրիս­տո­նեայ ա­ռաջ­նոր­դին հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կից­նե­րը:

Մինչ այդ, պէտք է նշել, որ հա­կա­ռակ ան­ցեալ հանգ­րուան­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թեան Հա­րի­րիի հետ ու­նե­ցած «բա­խում»ին, շնոր­հիւ կու­սակ­ցու­թեան եւ յատ­կա­պէս Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նիի տա­րած ճի­գե­րուն, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ «լե­զու գտնե­լ» Հա­րի­րիի հետ եւ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել:

Ճիշդ է, որ խորհր­դա­րա­նին մէջ ե­ղած հայ­կա­կան քուէ­նե­րը ո­րո­շիչ չեն: Բայց եւ այն­պէս, դրա­կան ար­ժէք պի­տի հան­դի­սա­նայ հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­նե­րուն ու­նե­նա­լիք կե­ցուած­քը:

Լի­բա­նա­նի ար­դի պատ­մու­թեան ա­մե­նէն թէժ փու­լե­րուն հա­յու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս, միշտ ալ որ­դեգ­րած են երկ­րի նա­խա­գա­հին «կող­քի­ն» ըլ­լա­լու գոր­ծե­լաո­ճը: Ճիշդ է, որ նա­հա­տակ վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ յատ­նուի­լը նոր ձե­ւա­չա­փե­րու եւ ըն­կա­լում­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, բայց եւ այն­պէս, հա­յու­թեան ճնշիչ տո­կո­սը մնաց «հա­ւա­տա­րի­մ» իր վա­ղե­մի սկզբունք­նե­րուն:

Հե­ռու մնալ խնդրա­յա­րոյց կե­ցուածք­նե­րէ, հա­շուի առ­նել սու­րիա­հա­յու­թեան պա­րա­գան եւ ներ­քին սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ կողմ չբռնել: Այս «ոս­կի կա­նոն­նե­րու­ն» շնոր­հիւ է, որ հա­յու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ա­մե­նէն ծանր օ­րե­րուն պահ­պա­նեց գա­ղու­թի գո­յու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը: Իսկ այ­սօր, երբ հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող գլխա­ւոր ու­ժե­րուն մօ­տիկ հա­մա­րուող եր­կու հիմ­նա­կան կող­մե­րը (իս­լամ-սիւն­նի եւ քրիս­տո­նեայ-մա­րո­նի) ո­րո­շած եւ վճռած են երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քը դուրս հա­նել լճա­ցած վի­ճա­կէն:

«Մենք այս ո­րո­շու­մին յան­գե­ցանք, ո­րով­հե­տեւ երկ­րին վի­ճա­կը կա­յուն չէ, նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռը կա­րե­լի չէ թա­փուր պա­հել այս­քան եր­կար: Երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը փլուզ­ման եզ­րին հա­սած են, եւ այ­լեւս կա­րե­լի չէր սպա­սել: Այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով է, որ հա­սանք այս եզ­րա­կա­ցու­թեան: Հոս կը բաժ­նենք Սաատ Հա­րի­րիի խի­զախ ո­րո­շու­մը, որ ան­գամ մը եւս, ե­կաւ ա­պա­ցու­ցե­լու, թէ իր մտա­հո­գու­թիւ­նը Լի­բա­նանն է: Ե­թէ իր անձ­նա­կան շա­հե­րուն մա­սին մտա­ծէր, այս ո­րո­շու­մը իր ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը նուա­զեց­նող քայլ մը կը նկա­տուէր։ Բայց ան ան­տե­սե­լով այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խընտ­րեց երկ­րի ան­դոր­րու­թիւ­նը», ը­սաւ Գալ­փաք­ճեան։ Ան այս խօս­քե­րով բա­ցատ­րեց ի­րենց Աու­նը ընտ­րե­լու ո­րո­շու­մը։ Իսկ խի­զախ քայլ մը հա­մա­րեց Սաատ Հա­րի­րիի Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լը:

Ի­րո­ղու­թիւ­նը այդ­պէս է, ու այս ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մէջ ոչ միայն հա­յու­թեան, այլ ամ­բողջ Լի­բա­նա­նի կե­ցուած­քը նոյն ուղ­ղու­թեամբ պի­տի յա­ռա­ջա­նայ:

Ներ­կայ հանգ­րուա­նը կա­րե­ւոր է, ու բա­ւա­կան եր­կար տե­ւած ա­ռանց նա­խա­գա­հի շրջա­նէն ետք եր­կի­րը կը մտնէ նոր փուլ, որ յոյ­սով, ակն­կա­լիք­նե­րով լե­ցուն եւ կա­յու­նու­թեամբ զար­գա­նա­լու բո­լոր հե­ռան­կար­նե­րը ու­նի:

Սպա­սենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016