ԿՐՕՆՔԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԸ (Բ .)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔ
Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը կը կազմեն բարդ ու տարաբնոյթ համակարգ, զոր հայ էթնոսի ձեւաւորման եւ պատմական զարգացման տարբեր փուլերու արգասիքն է: Ան կազմուած է հնդեւրոպական վաղ ցեղակցական ընդհանրութենէն սերող նախնական հաւատալիքներէն, կրօնաառասպելաբանական պատկերացումներէն, ծիսապաշտամունքային ըմբռնումներէն եւ արարողութիւններէն, յետագային հայ էթնոսի մէջ համաձուլուած արիւնակից եւ օտար ցեղերու ու ցեղախումբերու, ինչպէս նաեւ պատմական ժամանակաշրջանի հայ ազգի հետ քաղաքական ու մշակութային սերտ շփումներ ունեցող քաղաքակրթութիւններու կրօնապաշտամունքային համակարգերու թողած ազդեցութիւններէն:
Ըստ պատմաժամանակագրական հերթականութեան՝ հայոց հին հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը կարելի է բաժանել երեք հիմնական փուլերու.
1.- Նախնադարեան տոհմացեղային ժամանակներու բնորոշ հաւատալիքներ, առասպելական պատկերացումներ եւ հմայական արարողութիւններ,
2.- Տոհմացեղային հասարակութեան քայքայման, ցեղային մեծ միութիւններու եւ պետական վաղ կազմաւորումներու ժամանակներէն սերող կրօնաառասպելական ըմբռնումներ, հաւատալիք եւ պաշտամունք,
3.- Զարգացած պետական կազմակերպութիւններու բնորոշ կրօն եւ դիցարան:
Թէպէտ աւանդականութեան յարակցումներու եւ յարակայ այլափոխութիւններու պատճառով յաճախ դժուար է ժամանակագրօրէն իրարմէ տարբերել ու սահմանազատել հին կրօնական ըմբռնումներն ու պատկերացումները, այդուհանդերձ այսօր առկայ են պատմամշակութային որոշակի դարաշրջաններ բնորոշ իրողութիւններ:
Հայասայի ժամանակաշրջանէն մեզի կցկտուր տեղեկութիւններ հասած են այդ ժամանակաշրջանի հայերու դիցամշակութային աշխարհընկալումներուն մասին, այդ իսկ պատճառով Հայասայի ժամանակաշրջանը ներկայացուած է մակերեսայնօրէն, հիմնականին մէջ համեմատական դիցաբանութեան մակարդակով: Հայասայի ժամանակներէն մեզի հասած է վնասուած սեպագիր արձանագրութիւն մը, ուր նշուած են մօտ մէկ տասնեակ հայասայական աստուածներու անուններ:
Հայկական պետական կրօնի եւ դիցարանի կազմաւորման վրայ զգալի ներգործութիւն ունեցած են իրանական, սեմական եւ յունական աստուածութիւններն ու պաշտամունքը:
Հայկական հեթանոսական հաւատքը որոշ չափով ներկայացուած է նաեւ ուրարտական դիցարանէն ներս: Բաւական է նշել, որ պատմական տարբեր աղբիւրներու մէջ (մասնաւորապէս Մհերի դրան դիցացանկին մէջ) յիշատակուած ուրարտական դիցարանի 79 աստուածներէն մօտաւորապէս կէսի անունները հայկական ծագում ունին:
Հայերու դիցաբանական աշխարհընկալման վրայ մեծ է նաեւ հելլէնիզմի ազդեցութիւնը, զոր հայերու դիցամշակութային վերջին փուլն է՝ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելէն առաջ: Մինչ պատմական կարեւորութիւն ունեցող այդ շրջանը՝ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած էր իւրօրինակ եւ մեր ազգային մտածողութեանը յարիր պանթէոն, չնայած այնտեղ առկայ էին իրանական, սեմական եւ այլ ազգերու դիցամտածողութեան բազմաթիւ տարրեր:
ՀԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԵՒ ԿՐՕՆԸ
Հին հայկական աշխարհաճանաչողութեան, պատկերացումներու եւ հաւատալիքներու մէջ զգալի տեղ կը գրաւէին բնապաշտական, կոսմոգոնիական ըմբռնումները։
Մարդը մշտապէս ձգտած է ճանչնալ բնութեան զանազան երեւոյթները եւ բացատրութիւն տալ այդ բոլորին: Արեւն ու լուսինը, անոնց խաւարումները, երկնային լուսատուները, կայծակն ու որոտը, մթնոլորտային տեղումները, հրաբուխն ու երկրաշարժը, քամին ու փոթորիկը, ջուրն ու կրակը, ցուրտն ու երաշտը, պտղաբերութիւնն ու բերքի կորուստը, ծնունդն ու մահը եւ բնութեան շատ այլ երեւոյթներ միշտ իրենց ազդեցութիւնը գործած են մարդու մտածողութեան վրայ: Եւ բնութեան գիտական ճանաչումէն տակաւին շատ հեռու մարդը հազար ու մէկ առասպելական, անիրական մեկնութիւն կու տար այդ երեւոյթներուն։
Երկնային լուսատուները եւ համաստեղութիւնները մարդիկ վաղուց կը դիտէին իբրեւ կենդանի էակներու եւ կենդանակերպերու եւ անոնց իշխանութիւն կը վերագրէին մարդ արարածին ծնունդի ու մահուան, ուժի ու զօրութեան, բախտի եւ դժբախտութեան նկատմամբ: Եզնիկ Կողբացին, Անանիա Շիրակացին եւ 5-7-րդ դարերու այլ հեղինակներ պահպանած են որոշ տեղեկութիւններ հին հայկական հաւատալիքներու եւ սնոտիապաշտական ըմբռնումներու մասին:
Եզնիկ Կողբացին, արտայայտելով տակաւին իր ժամանակ պահպանուած հաւատալիքները, կը խօսի այն պատկերացումներուն մասին, թէ վիշապները երկինք կը բարձրանային եզերու միջոցով: Ինչպէս կը տեսնենք, եզերու եւ վիշապներու շուրջ հիւսուած առասպելները, որոնք կու գային հնագոյն ժամանակներէն, տակաւին կը յամենային մեր ժողովուրդի լեզուամտածողութեան մէջ։ Պատկերացում կար նաեւ նհանգներու՝ չար հրեշտակներու մասին, որոնք կրնային յափշտակել կալի բերքը կամ երեխաները: Նման առասպելական զրոյցներու ու հաւատալիքներու թիւը մեծ էր:
Արդարեւ, հին հայկական կրօնը ձեւակերպուած էր հայկական ցեղերու կրօնական ըմբռնումներու հիման վրայ եւ մերձաւորարեւելեան միջավայրի մէջ՝ կրելով վերջինիս զգալի ազդեցութիւնը: Եթէ նախորդ շրջանին մէջ (6-4-րդ դարեր) հայկական կրօնին մէջ տակաւին կը գերակշռէին բնապաշտական եւ կոսմոգոնիական պատկերացումներն ու անոր մէջ որոշակի կ՚երեւէին հայ ժողովուրդի կազմին մէջ մտած առաջին ցեղախումբերու տեղական աստուածութիւններու հետքերը, ապա այժմ վերջնականապէս ձեւաւորուած էր ամբողջ հայ ժողովուրդի պատկանող մարդակերպ աստուածներու համակարգ մը, որ միաւորուած էր ո՛չ միայն ազգակցական ընդհանուր կապերով, հայ աստուծոյ գլխաւորութեամբ, այլեւ նուիրապետական (հիերարխիկ) սկզբունքներով, երբ իւրաքանչիւր աստուած կամ աստուածուհի ունէր իր որոշակի տեղն ու դերը: Անոնք աւելի ընդհանրացուած, շատ յաճախ վերացական բնոյթ ունէին եւ կ՚ընդգրկէին ոչ միայն բնութեան երեւոյթներու, այլեւ հասարակական յարաբերութիւններու ոլորտները:
Օգտագործուած աղբիւրներ
- Ագաթանգեղոս, «Պատմութիւն հայոց», Երեւան, 1983։
- «Անանիա Շիրակացու մատենագրութիւնը»։
- Յովհան Մամիկոնեան, «Տարօնի պատմութիւն», Երեւան, 1989։
- Մովսէս Խորենացի, «Հայոց պատմութիւն», Երեւան, 1983։
- Գագիկ Արծրունի, «Դիցարան Հայոց», Երեւան, 2003։
- Ղեւոնդ Ալիշան, «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց», Վենետիկ, 1895։
- Սարգիս Յարութիւնեան, «Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը», Երեւան, 2001։
- Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, (ակադեմական հրատարակութիւն), հ. 1, Երեւան, 1971։
- Բիւզանդ Եղիայեան, «Կրօնքներու պատմութիւն», Անթիլիաս, 2005
- Տ. Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոս, «Յովհաննու Իմաստասիրի Աւձնեցւոյ մատենագրութիւն», Վենետիկ, 1953։
- Մեսրոպ Քահանայ Արամեան, Գանձասար, Բ. 1992, Հայ Առաքելական Եկեղեցու Արցախի Թեմի Աստուածաբանկան Հանդէս, «Հայ Եկեղեցու քրիստոսաբանական մտքի ուրուագծեր» (Դ-Ը դդ)։
- «Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան», պատրաստած է Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, Երեւան, 2002։
- Ժիրայր Պզտիկեան, «Ներածութիւն Նոր Կտակարանի», Նիու Ճըրզի, 1997։
- «The Encyclopaedia Britannica A Dictionary Of Arts, Sciences, Literature And General Information Constantine Palovich To Demidov», New York, Eleventh Edition. 1910-1911, Vol. 7- 8.
- The Coptic Encyclopedia, Aziz S. Atiya EDITOR IN CHIEFf, 1991, Vol. 3, Macmillan Publishing Company New York, Collier Macmillan Canada, Toronto.
(Վերջ)
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ