ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Գոյութիւն ունի՞ն մեր պահապան հրեշտակները։

Պատասխան. Այո՛, գոյութիւն ունին անոնք, եւ կարգուած են մեզ պահպանելու համար։ Այս մասին մեր Տէրը կը վկայէ, երբ կ՚ըսէ. «Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս» (Մտ 18.10)։ Այս մէկը հաւաստի փաստ մըն է, թէ գոյութիւն ունին մեր պահապան հրեշտակները, որոնք ամէն օր Հայր Աստուածը կը տեսնեն, եւ որոնք կարգըւած են մեզ պահպանելու համար, չարի-ամէն տեսակի խաբկանքներէն ու առթած դժուարութիւններէն։

Հարցում. Կատարուած մէջբերումը՝ «զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս» (Մտ 18.10), ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ: Աւելի՛ն, մեր Տէրը ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս արտայայտութեամբ:

Պատասխան. Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան իր Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութեան աշխատասիրութեան մէջ, հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ մեր Տիրոջ վերոնշեալ արտայայտութիւնը:

«Քրիստոնեան բոլորին պէտք է նայի Աստուծոյ աչքով, մանաւանդ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքի իր եղբայրներն ու քոյրերն են: Որովհետեւ անոնցմէ ամէն մէկը թանկագին է Աստուծոյ աչքին առջեւ:

Արհամարհանքը ամենէն աւելի կապուած է այն երեւոյթին, որ մարդկութեան անկման պատճառներէն մէկն է:

Գիտէք, Եկեղեցին մահացու մեղքերու ցանկ մը ունի, եւ այն ցանկին մէջ կայ հպարտութիւնը: Արհամարհանք եւ հպարտութիւն իրարու կապուած են: Մէկը ուրիշ մը չի կրնար արհամարհել՝ եթէ հպարտութեամբ լեցուն չէ իր հոգին: Այն մարդը, որ միայն ինքզինք բարձր կը տեսնէ՝ ան ուրիշները իրմէ վար կը տեսնէ, զանոնք կ՚արհամարհէ: Բոլորիս մէջ ալ հպարտութիւն կայ, թէեւ տարբեր կշիռով. հետեւաբար, բոլորիս ալ մէջ ուրիշներուն նկատմամբ արհամարհանք կայ՝ ըստ մեր ունեցած հպարտութեան:

Այն մարդը, որ կ՚արհամարհէ՝ հոգեւոր սկզբունքով չ՚ապրիր: Հոգեւոր մարդը հեզ կ՚ըլլայ, ինքզինք չի գերադասեր իր եղբօրմէն:

Արդ, Յիսուսի կոչն է՝ ոեւէ մէկը չարհամարհել:

  “...Գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն Իմ Երկնաւոր Հայրս”: Այս խօսքով երկու բան ըսել կ՚ուզէ Յիսուս:

Առաջին հերթին՝ մարդկային որեւէ արարք, նոյնիսկ առանձնութեան մէջ կատարուածը, երբեք Աստուծոյ անծանօթ չի մնար: Աստուած ամէն մէկ անհատ հաւատացեալով կը հետաքրքրուի, եւ անոր պահպանութիւնը կը կատարէ: Չկայ արարք՝ որ իրմէ աննկատ մնայ: Հետեւաբար, հաւատացեալներւ ուղղուած որեւէ արհամարհանք՝ Աստուծոյ դէմ ըլլալ է: Այդ պատճառով ալ Աստուած հաւատացեալներուն դատը Ինք կը ստանձնէ:

Յիսուս այս առիթով մեզի պատուհան մը կը բանայ, որ հրեշտակներուն մասին ճշմարտութիւն մը սորվինք:

Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակներու մասին շատ կը խօսուի, բայց քիչ բաներ ունինք իբր ծանօթութիւն անոնց մասին:

Յիսուս մեզի կը յայտնէ, որ իւրաքանչիւր անձ՝ իր հրեշտակը ունի:

Անհատներու հրեշտակներուն առընչութեամբ՝ Եբրայեցիներու նամակին մէջ կը կարդանք. “Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ Իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն” (Եբր 1.14):

Ուրեմն, հրեշտակներուն պահպանութիւնը՝ անոնց ունեցած օգնութիւնն է: Հրեշտակները կ՚օգնեն հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք փրկութենէն չզրկուին, այլ՝ անվտանգ անոր հասնին» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», էջ 341-342, «Բան եւ գիր» մատենաշար, թիւ 8, խմբագիր՝ Գառնիկ Աւ. Ք. Գ., Մոնթրէալ, 2016):

Հարցում. Եկեղեցւոյ հայրերը խօսա՞ծ են հրեշտակներու մասին:

Պատասխան. Անշուշտ: Ներկայացնենք երկու կարծիք.

- Սուրբ Բարսեղ Մաշկեւորցին կ՚ըսէ. «Լանք մեր մեղքերուն համար, որպէսզի հրեշտակները ուրախացնենք, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրի ետին հրեշտակներ կը շրջին, եւ կը թուեն մեր գործերը: Երբ իրենց խորհուրդները լսենք կ՚ուրախանան, իսկ երբ դեւերու կամքին հետեւինք՝ կը տրտմին: Այս մասին մեր հայրերու վարքաբանութեան մէջ ալ կարդացած ենք, թէ՝ չարագործ մարդ մը երբ եկեղեցի մտնէր, հեռուն իր հրեշտակը տխուր կը տեսնէր եւ ան կը գարշէր զինք տեսնելէ. երբ մարդը կ՚անդրադառնայ իր սխալներուն եւ կը զղջայ ու կ՚ապաշխարէ, հրեշտակը իր մօտ կը տեսնէ պայծառացած, իսկ հեռուն՝ սատանան ամօթահար եղած»։

- Թէոփիլիս Ճգնաւոր կ՚ըսէ. «Ան որ կ՚ըսէ թէ իր մօտ միշտ հրեշտակ կայ, թող փորձէ այդ հրեշտակին հարցնել, թէ կը հաւատա՞յ ու կը դաւանի՞ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, եւ թող խաչին նշանը իր վրայ պատկերէ։ “Հարանց Վարք”ին մէջ գրուած է, թէ այն հրեշտակները՝ որոնց այս ձեւով փորձած են, գոված են փորձողներուն։ Թշնամին չի՛ կրնար խաչին նշանին դիմանալ»։

Հարցում. Ինչո՞ւ «ազգային եկեղեցի» կը կոչուի Հայ Եկեղեցին։

Պատասխան. Սկսելով 301 թուականէն, երբ Քրիստոնէութիւնը պետականօրէն կրօնք հռչակուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ առաջանալով Եկեղեցականաց Դասն ու Աշխարհականաց Դասը միասնաբար գործած են իրարու թեւ ու թիկունք կանգնելով, ինչպէս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ արքան, ինչպէս նաեւ Վարդանանաց ճակատամարտը, որուն ընթացքին եկեղեցականներն ու աշխարհականները միասնաբար կռուի դաշտ իջած, պաշտպանեցին իրենց հաւատքը, եկեղեցին ու Հայրենիքը։ Աւելի առաջանալով, պատմութեան ընթացքին յաճախ երբ պատերազմներու, նեղութիւններու մատնուած ենք, ըլլա՛յ բիւզանդական, ըլլա՛յ պարսկական եւ ըլլա՛յ արաբական տիրապետութիւններու ժամանակ, հասնելով մինչեւ օսմանեան տիրապետութիւնը, որ ձեռնարկեց Ատանայի կոտորածներուն եւ 1915-ին, կը տեսնենք թէ Եկեղեցին ու ազգը միասնաբար դիմադրած են եւ յատկապէս եկեղեցականութիւնը մեծ դեր խաղցած է ժողովուրդի բարօրութեան, ապահովութեան եւ վերածնունդին մէջ։ Եկեղեցին այս իմաստով, ազգէն անբաժան մասնիկ մը դարձած է:

Հարցում. Ինչո՞ւ Առաքելական կը կոչուինք եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ մենք մեզ Լուսաւորչական անուանենք։

Պատասխան. Առաքելական կը կոչուինք, որովհետեւ առաջին անգամ Քրիստոնէութեան լոյսը ստացանք ուղղակիօրէն Քրիստոսի անմիջական առաքեալներէն։ Դարեր ամբողջ՝ այս իրականութիւնը անտեսուեցաւ ու մարդիկ Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին վերագրեցին ու Հայ Եկեղեցին “լուսաւորչական” կոչեցին, մինչեւ որ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսը, 1744-ին, իր հրատարակած “Տօնացոյցին” մէջ՝ ճշդումը պաշտօնականացուց եւ Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալները “առաջին լուսաւորիչներ” անուանեց։

Հարցում. Որո՞նք են Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական կարգերը եւ ե՞րբ սահմանուցեան։

Պատասխան. “Եկեղեցւոյ նուիրապտական կարգեր”ով կը հասկնանք Եկեղեցւոյ սպասարկութեան ծառայող հոգեւորականները։ Անոնք սահմանուեցան յետ Նիկիական շրջանին, Սուրբ Տէրտուղիանոսի, Սուրբ Կիպրիանոսի եւ ուրիշներու եռանդուն ջանքերով. այս նուիրապետական կարգերը մեր եկեղեցւոյ կողմէ ալ ընդունուած են, որոնք թիւով ինն են, բաժնուած երկու խումբերու.

1. Բարձրաստիճան հոգեւորականութիւն.

2. Ստորին կամ խոնարհ պաշտօնէութիւն.

ատոնք են՝

1. Բարձրաստիճան հոգեւորականութիւն.

ա. Կաթողիկոսութիւն.
բ. Եպիսկոպոսութիւն.
գ. Քահանայութիւն.

2. Խոնարհ պաշտօնէութիւն.

դ. Սարկաւագութիւն.
ե. Կիսասարկաւագութիւն.
զ. Ջահնկալութիւն.
է. Երդմնեցուցչութիւն.
ը. Ընթերցողութիւն եւ՝
թ. Դռնապանութիւն։

Հարցում. Ի՞նչ է Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն յատկութիւնը, որ զայն կը տարբերէ այլ կրօնքներէ, եւ ովքե՞ր պէտք է սիրենք։

Պատասխան. Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն նշանը, որ զինք կը տարբերէ այլ կրօնքներէ՝ եղբայրասիրութիւնն է, այսինքն՝ մեր նմանը մեր անձին պէս սիրել, որովհետեւ քրիստոնեայ կրօնին համար՝ ամէն մարդ քու ընկերդ է եւ պէտք է զինք սիրես։ Ասիկա մեր Կրօնքին Հիմնադիր՝ Յիսուս Քրիստոսի յատուկ պատուիրանն է.- Իրար սիրեցէ՛ք, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի։

Հարցում. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը հետաքրքրական բացատրութիւն մը ունի քրիստոնէութեան մասին, ուր կ՚ըսէ թէ Քրիստոնէութիւնը գտնուած կրօնք մը չէ...: Ճի՞շդ կը յիշեմ:

Պատասխան. Այո՛, ճիշդ կը յիշես: Երջանկայիշատակ Հայրապետին այդ բացատրութիւնը սեղմ է՝ մի քանի տող, բայց իր մէջ կը պարունակէ քրիստոնէութեան յստակ տարբերութիւնն ու վսեմութիւնը այլ կրօնքներէ: Եւ այսպէս. «Քրիստոնէութիւնը ո՛չ թէ գտեալ կամ յօրինեալ կրօնք մըն է ի մարդկանէ, այլ յայտնեալ եւ տուեալ կրօնք մըն է յԱստուծոյ: Եւ ճիշդ այս իրողութեան մէջ պէտք է ըմբռնել իր վեհութիւնը եւ բարձրութիւնը ուրիշ կրօնքներէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019