ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԷՆ ԱՌԱՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ ՎՐԱՅ (Գ.)

Առկայ բացը կրնար լրացնել միայն քանակը, որ, կամայ թէ ակամայ, ինչքան ալ քաոսային իրավիճակներ ստեղծէ Միջին Արեւելքի եւ զանազան աշխարհագրական վայրերու մէջ եւ որ կը տանի շատ յաճախ աղքատութեան հետ զուգահեռաբար, Եւրոպա հասած ահռելի զանգուածներու մահմետական հակումներու որդեգրման եւ հիմնականապէս անոնց հետ բախումներու կամ ամէն տեղ խնդիրներու ծագման, տեղ մը քանակը քաղաքական խաղաքարտի վերածուելու առաւելութիւններ ունի՝ մանաւանդ հակակշռումով Միջին Արեւելքի մեծ տագնապներու արտահանման համայնապատկերին վրայ:

Ակներեւ է, որ հայութիւնը Միջին Արեւելքի քանակային դրսեւորման եւ ինքնորոշման հաշուարկներուն մէջ ապագային շատ տեղ պիտի չունենայ՝ նկատի ունենալով անոր հետզհետէ նօսրացող իրականութիւնը: Իսկ աւելի մահմետականութեան ուղղուած Միջին Արեւելքի տարածքաշրջանը չի կրնար հաւասարակշռուիլ տեղածին քրիստոնէական կամ ուրիշ մշակոյթի պատկանող թիւերու աճին հետ, նոյնիսկ գերզարգացած կամ զօրաւոր տարրերու, պետութիւններու միջոցաւ: Այս իրողութեան վառ օրինակն է Իսրայէլը, որ իր բոլոր կարողութիւններով միշտ ալ գոյութենական պայքայի մէջ է եւ երբեք մշակութա-քաղաքակրթական արժէք չէ կրցած դրսեւորել տարածքաշրջանային մակարդակով եւ իր բոլոր այսպէս ըսած՝ մարդկութեան պատմութեան աննախադէպ վերաբնակեցման ու քանակային աճի ծրագիրներու փայլուն գործադրմամբ պարտուած կը մնայ եւ մեր համեստ կարծիքով՝ միշտ ալ պիտի մնայ: Եւ ճիշդ այստեղ է, որ ներհայկական հակասութիւնները պէտք չէ վերածուին տկարացման յաւելեալ ազդակի, այսինքն՝ վտիտ քանակին եթէ գումարենք հակասութիւններու յառնում Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, հաւանաբար ունենանք շատ բարդ իրավիճակ մը: Եւ հոս է, որ հայկական խնդիրները, հակառակ քիչ քանակին, մեծ տարողութիւն կը ստանան եւ առաւելագոյն վնասաբերութիւն կու տան շատ մը համազգային գործերուն:

Կեդրոնանալով յատկապէս սուիրահայութեան (թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ իբրեւ կառոյց ու կազմակերպչական մարմիններ) խնդրին վրայ՝ նկատելի է, որ կարճ պատմական ակնթարթով տակաւին անհասկնալի էր Հայաստանը անոր (թէպէտեւ պէտք է միշտ շեշտել, որ յարաբերաբար անոնք ամենաշատ մերուած են Հայաստանի հետ, բաղդատմամբ միւս սփիւռքի գաղթօճախներուն) եւ այսպէս ըսած՝ թէ՛ մշակութային եւ թէ քաղաքական յանձնումը Հայաստանին տեղի չ՚ունենար ոչ մէկ կերպով: Այո՛, առանց ի զուր իմաստաւորելու կամ մարմնաւորեցնելու Հայաստանի պատրաստ ու գերկայացած ռազմավարութիւն մը այս հարցին հանդէպ, բայց նոյնինքն այս տագնապալի օրերուն Հայաստան-սուրիահայութիւն կապն ու դրուածքը իր դասական Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու եղանակներով ներկայացաւ: Այսինքն՝ առաջարկներ ներկայացնել, համատեղ ծրագիրներ մշակել եւ իրականացնել աւելի երկար աշխատանքներ ու քննարկումներ, միայն այսքան:

Մեծ համայնապատկերին վրայ, կարծեմ, հարկ է նշել, որ ընդհանուր Հայաստանի արտաքին մերժուածութիւնը մանաւանդ սփիւռքին, պէտք է առաջին օրէն ներքինէն անդին կատարուէր։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023