ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ

Դեկ­տեմ­բե­րի վեր­ջին օրն է. տաս­ներ­կու օ­րե­րու ճկու­նու­թեամբ սա­հող ա­րա­գագ­լոր եր­կո­տա­սան ա­միս­ներ ա­ւար­տի հա­սած են։ Տա­րի մըն ալ պի­տի թա­ղենք ու հո­ղով ծած­կենք՝ պի­տի ը­սէի, սա­կայն օ­րա­ցոյ­ցի մը տաս­ներ­կու թեր­թե­րը, ա­մէն մէկ թեր­թին մէջ տեղ գտած ե­րեք­տա­սան օ­րե­րը ոչ գետ­նին տակ կը դրուին, ոչ ալ կ՚այ­րուին: Ի՞նչ կ՚ըլ­լան։ Յու­շա­գիրք կը դառ­նան, ստեղծ­ման պատ­մու­թեան մէջ թի­ւով 2016րդ հա­տո­րը կը կազ­մեն, իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար ծնուն­դէն մին­չեւ մեր ապ­րած օ­րե­րը կը հա­շուեն, կեն­սագ­րա­կան փաս­տա­ցի տուեալ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն, ձե­ւով մը ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն կը սե­պուին, ուս­տի որ­պէս ար­խիւ գրա... չէ,՜ մ­տա­պա­հոց կը մտնեն։

Մէկ կող­մէն ար­հես­տա­կան ե­ղե­ւի­նը կը զար­դա­րեմ. ա­մէն ան­գամ որ գնդակ մը կը կա­խեմ կամ նոր խա­ղա­լիք մը կ՚ա­ւելց­նեմ՝ միտքս նոր բան մը կու գայ․ եւ ծառ կը շտկեմ, եւ մտա­բա­նու­թիւն կ՚ը­նեմ։

Հի­մա ալ ճա­շա­տե­սակ­նե­րու ցան­կին մա­սին կը խոր­հիմ. ման­կու­թե­նէս ի վեր գոց սոր­ված եմ՝ սար­մա, քիւֆ­թէ, ղու­զու ի­չի եւ իւր յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րը, կ՚ը­սեմ։

Ա­մէն տա­րուայ պէս, այս օ­րե­րուն նո­րէն ի­րար ան­ցած վի­ճակ մը ու­նիմ. ա­նընդ­հատ մտքիս մէջ տա­րու­բեր կ՚ը­նեմ, կար­ծես թէ տաս­ներ­կու ա­միս­նե­րու հա­շուե­տուու­թիւ­նը «օր­հա­սա­կան» այս պա­հուն կ՚ու­զեմ ը­նել։ Քննու­թեան եւ ստուգ­ման կ՚են­թար­կեմ անձս՝ այս տա­րի ալ պա­կաս­ներն ու թե­րու­թիւն­նե­րը շատ են, սխալ­ներ ալ թոյլ տուած եմ, բայց ոչ միայն․ ձեռք­բե­րում­ներ ալ ու­նիմ...։

Ա­ման մը մրգե­ղէն, չիր, պիս­տակ, եւ դար­ձեալ նոյն բա­նե­րը՝ կաթ­նա­պուր, քրէմ-քա­րա­մէլ, ժէ­լօ ու կա­թօ, կ՚ը­սեմ եւ յան­կարծ մտա­պա­հոց կը մտնեմ, նա­խորդ տա­րի­նե­րու մա­տեան­նե­րը կը բա­նամ, ներ­կան ան­ցեա­լին հետ կը հա­մե­մա­տեմ, կո­րուստ­նե­րուս մա­սին կը յի­շեմ՝ բա­ցա­կա­նե­րը շատ են, ան­դե­նա­կան գա­ցող­ներ եւ գաղ­թող­ներ. ես ալ ար­դէն ծնած տեղս չեմ...։

ԳԱ­ՅԻԱ­ՆԷ ՆԱԼ­ՊԱՆ­ՏԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016