ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ ԱՅԴ ՕՐ ՓՈՒՉԻԿ ԷՐ
Մեր հարուստ ազգականը իր մնացորդացէն քանի մը լիբանանեան ոսկիով իր բարի կամեցողութիւնը եւ խղճահարութիւնը կ՚արտայայտէր, կը փափաքէր բարեգործութեան դափնեպսակ մը շահիլ եւ տօնական օրերու նախօրեակին ուրախացնել եղբայրս, որ անհոգութեամբ եւ դժկամութեամբ մէկդի շպրտեց փուչիկէ այդ խեղճուկ Կաղանդ Պապուկը...։
Երկա՜ր տարիներու մշուշը կը մաքրեմ հիմա աչքերէս, ծխախոտով մտովի կը պայթեցնեմ այդ խեղճուկ նուէրը։ Կարմիր էր այդ փուչիկը, օդով լեցուած, յայտ-նըւած էր մեր տան մէջ եւ զիս կը դիտէր խոշոր աչքերով, բայց հիմա արդէն սովորական իր էր եւ աղբաման պիտի երթար, հմայքը կորսնցուցած էր այլեւս։
Մեր ազգականուհին, որ փըք-ւած էր իր մուշտակով, իր հաշ-ւով բարիք գործած էր եղբօրս։ Անկիւն մը ծուարած, կը դիտէի իր դէմքին արտայայտութիւնը, գոհարեղէնները եւ արդուզարդը։
Ինք արդէն չքացած է հիմա այս աշխարհէն, անդենականի բնակիչ է, ու ահա հետը տարած եղաւ նաեւ իր փուչիկէ, պայթած Կաղանդ Պապուկը։
Յիշողութիւնս կը թերթատեմ, երբ կը քալեմ շքեղօրէն զարդարուած փողոցներէն, աչքերս եւ մտածումներս կը պեղեն մանկութեանս յուշերուն պատառիկները։
Երկա՜ր տարիներ այդ նուէրը խրտչեցուց մտահորիզոնս, հակակրանք ազդելու չափ...։
Եղբայրս ունեցաւ զանազան նուէրներ, ինք չի յիշեր այդ ողորմութիւնը. կը զգուշանամ անոր մասին իրեն խօսելէ, չեմ ուզեր իր վիրաւորուած մանկութեան այդ դրուագը յիշեցնել, հոգ չէ որ ամէն Կաղանդի ոտնաձայներուն հետ կ՚ուրուագծուի այդ մեծահոգի անձին ողորմութիւնը եւ գիտակցութեան չափանիշը, հարց կու տամ ինքզինքիս, ինչո՞ւ մարդիկ անողոք են, ինչո՞ւ կը թերագնահատեն իրենց նմանները, միթէ՞ մարդ որակումը դրամներու եւ ոսկեղէններու փայլքով կը չափուի միայն, է՜հ, ի՞նչ օգուտ։
Այդպէս ալ Կաղանդ Պապուկին հետ չկրցայ հաշտուիլ, կեանքի թաւալգլոր վերիվայրումներուն առընթեր տեսակաւոր անակընկալներ մատուցեց ան ինծի, անհեթեթ ճակատագրով զիս օտար ափեր շպրտեց, հայրս ալ տարաւ իր ծալքերուն հետ։
Ու չկրցայ հաշտութիւն կնքել փուչիկէ Կաղանդ Պապուկին հետ, որ յառաջիկայ տարիներուն ողողեց զիս շռայլօրէն, բայց իր մեղքը չկրցաւ քաւել մինչեւ այսօր։
- Մա՛մ, տօնածառը զարդարեցինք, աստղը դուն տեղաւորէ անոր գագաթը։
Մանուկի տաքուկ եւ անմեղ աչքերով կը զննեմ պսպղուն եւ լուսաւոր մանկութեանս գեղեցկագոյն տօնածառը, որ հպարտ կանգնած էր մեր տան մէկ անկիւնը եւ կը ջերմացնէր էութիւնս։
Փարեցայ անոր զոյգ թաթիկներովս, զննեցի գունաւոր զարդերը, կարմիր գնդակները, զրուցեցի անոր հետ, առաջին անգամն էր որ այցի կու գար մեզի, ուրախութեամբ կը զարդարէր մեր երկնակամարը։ Առաջին տօնածառը նուէր էր մեր ազգականէն, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու նպատակով, մեզմէ գաղտնի զայն տեղադրած էր մեր տան անկիւնը եւ արցունքոտ աչքերով կը հետեւէր մեր հակազդեցութեան։ Մայրս շնորհակալութեան բառեր կմկմաց, ինքն ալ շշմած էր, մեր ազգականը իր ուրախութիւնը կը չափէր մեր հակազդեցութեամբ։
- Մա՛մ, դի՛ր աստղը ծառին գագաթը, ո՞ւր գացիր նորէն...։
Ո՞ւր գացի․ փուչիկէ Կաղանդ Պապուկին այցելութեան, որ խոշոր աչքերով եւ զարմացած հայեացքով կը հետեւի ինծի ամէն տարի, առանց բացակայութեան։
ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ