ԿԱՂԱՆԴ

Երբ փոքր էինք, ան­համ­բեր կը սպա­սէինք որ ման­կա­պար­տէ­զը կամ դպրոց­նե­րը վեր­ջա­նան ու ձմե­ռուան ար­ձա­կուր­դը սկսի: Դուռ-դրա­ցի տե­ղա­ցի էին եւ ի­րենց Ծնուն­դը հա­յե­րուս Ծնուն­դէն ա­ռաջ կը տօ­նուէր, ու­րեմն ի­րենք ար­դէն ի­րենց նուէր­նե­րը ստա­ցած կ՚ըլ­լա­յին: Մենք ալ կը նա­խան­ձէինք՝ ա­նոնց եւ ա­նոնց նուէր­նե­րուն նա­յե­լով:

Նոր հա­գուստ կամ խա­ղա­լիք չէր բե­րեր Կա­ղան­դը մե­զի: Մայրս հա­մով ճա­շեր կը պատ­րաս­տէր, բայց ատ­կէ զատ ու­րիշ բա­նի չէինք սպա­սեր:

Մեր ու­րա­խու­թեան չա­փը չկար, ո­րով այդ մէկ տա­րին, չեմ յի­շեր՝ ո՞ր, ը­սուե­ցաւ մե­զի, որ Կա­ղանդ Պա­պան պի­տի այ­ցե­լէր մե­զի: Ու մենք ան­համ­բեր ա­նոր գա­լուս­տին կը սպա­սէինք ու օ­րե­րը կը համ­րէինք:

Մայրս պզտիկ ծառ մը գտաւ, ուր­կէ՞՝ չեմ գի­տեր: Կա­րե­ւո­րը այդ էր, որ մենք ալ այդ տա­րի Կա­ղան­դի ծառ մը ու­նե­ցանք: Եւ սկսանք ծա­ռը զար­դա­րել գոյնզ­գոյն՝ շո­քո­լա­յի թուղ­թե­րու մէջ զե­տե­ղուած ըն­կոյզ­ներ, չա­միչ­ներ, ման­տա­րին­ներ, չոր թու­զեր եւ այլն տե­ղադ­րե­լով: Կար­միր, կա­նաչ, դե­ղին, կա­պոյտ, փայ­լուն թուղ­թեր...

Ե­ղաւ Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուան ե­րե­սու­նը: Մայրս կէ­սօ­րէ ետք խունկ վա­ռեց եւ ամ­բողջ տան մէջ խուն­կի հո­տէն կը մա­րէինք: Ե­ղաւ ժա­մը ութ, ի­նը, տա­սը, ու մենք տա­կա­ւին կը սպա­սէինք: Քու­նը մեր աչ­քե­րը կ­՚ու­զէր գո­ցել, բայց մենք կը պայ­քա­րէինք ա­նոր դէմ: Ծնող­ներս մե­զի հետ տար­բեր-տար­բեր խա­ղեր կը խա­ղա­յին ու մէ­կը կամ միւ­սը խնձոր մը կամ նա­րինջ մը կը կե­ղուէր, ու մենք ալ ա­ռանց եր­կար մտա­ծե­լու բե­րան­նիս կը դնէինք զա­նոնք, ար­թուն մնա­լու հա­մար:

Կէս գի­շեր ե­ղաւ: Սո­վո­րա­կա­նին հա­մե­մատ, Լի­բա­նա­նի մէջ Նոր տա­րուան գի­շե­րը ոչ միայն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն զան­գակ­նե­րը կը լսէիր, այ­լեւ մար­դիկ զէն­քեր կը պար­պէին, ու­րիշ­ներ հին կամ կոտր­տուած պնակ­ներ, գա­ւաթ­ներ վե­րէն վար կը թա­փէին: Աստ-ւած օգ­նէր ա­նոր, որ այդ վայր­կեա­նին այդ շէն­քին տա­կէն կ­՚անց­նէր...:

Յան­կարծ մեր դու­ռը զար­նուե­ցաւ: Բո­լորս վա­զե­ցինք դուրս եւ ի՜նչ տես­նենք: Դրան առ­ջեւ կե­ցած էր Կա­ղանդ Պա­պան, հա­գած կար­միր զգես­տը, ճեփ-ճեր­մակ, կէս մեթր եր­կա­րու­թեամբ մօ­րու­քը ամ­բողջ դէմ­քը գո­ցած էր, շա­լա­կը ա­ռած էր խո­շոր տոպ­րակ մը: Ու­րա­խու­թեան ճի­չե­րով զգես­տին փէ­շե­րէն սկսանք քաշք­շել զինք, որ այ­լեւս ներս մտնէր եւ մեր նուէր­նե­րը տար:

Բայց ինք կ­՚ու­զէր գիտ­նալ, թէ հնա­զա՞նդ ու աշ­խա­տա­սէ՞ր էինք: Նախ մե­զի կը հարց­նէր եւ վեր­ջը՝ մեր ծնող­քին: Երբ գո­հա­ցաւ պա­տաս­խան­նե­րէն, բա­ցաւ տոպ­րա­կը ու բաժ­նեց մեր նուէր­նե­րը ու խնդրեց, որ ի­րեն հա­մար Կա­ղան­դի եր­գեր եր­գենք:

Գո­հա­ցած եւ անք­նու­թե­նէ գի­նով­ցած՝ ա­մէնքս ան­կո­ղին գա­ցինք:

Յա­ջորդ առ­տու կա­նուխ արթն­ցանք եւ ո՞վ տե­սանք, որ նստած նա­խա­ճաշ կ­՚ը­նէր ծնող­քիս հետ… մեծ հայրս էր, որ Հա­լէ­պէն ե­կած էր: Ու մենք բո­լորս վի­զը փաթ­թուե­ցանք:

ՍԻԼ­ՎԻ ՊԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016