ՀԱՐՑ-ՊԱՏԱՍԽԱՆ
Հարցում. Նոր տարի տօնելը քրիստոնէակա՞ն է:
Պատասխան. Կ՚ապրինք մեծ ընկերութեան մը մէջ, ուր բազմազան եւ բազմաթիւ օրէնքներ ու սովորութիւններ կան, որոնց այսպէս կամ այնպէս, որպէս քրիստոնեաներ, անպայման կ՚առընչուինք: Այդ սովորութիւններէն մէկն է, օրինակի համար, Նոր տարին: Նոր տարին իր էութեամբ ո՛չ մէկ հակաստուածաշնչական կամ հակաքրիստոնէական բան ունի, անշուշտ երբ կը տօնակատարուի պարտ ու պատշաճ կերպով: Աւելորդ է խօսիլ այն երեւոյթներուն մասին, որոնք չափազանցութիւններու որպէս հետեւանք կը պարզուին մեր աչքին առջեւ Նոր տարուան տօնակատարութեան ընթացքին, վնաս հասցնելով նախ եւ առաջ խնդրոյ առարկայ անձերուն կամ իրերուն եւ ապա աստիճանաբար անմիջական միջավայրին ու ընկերութեան ընդհանրապէս:
Մեր ժամանակներուն, երբ կեանքը կանոնականացուած եւ կազմակերպուած առաջ կ՚ընթանայ, կը նշմարենք թէ ինչպէս իւրաքանչիւր տարուան աւարտին ընկերութիւններն ու կազմակերպութիւնները եռուզեռի կը մատնուին, իրենց հաշուեփակը կատարելու եւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու համար, եւ այդ արժեւորումներուն համաձայն ծրագիր կը մշակեն իրենց հետագայ նպատակներուն եւ որդեգրելիք ընթացքին համար:
Եթէ ընկերութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն պարագային այդպէս է, հապա որքա՞ն աւելի՝ մարդ անհատին համար, որ բաղկացուցիչ տարրն է այդ ընկերութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:
Սաղմոսաց գիրքին հեղինակը իր աղերսը ուղղելով Աստուծոյ, կ՚աղաղակէ. «Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10): Ի՜նչ ուժեղ կը հնչեն Դաւիթ մարգարէին խօսքերը, որ թագաւորն ըլլալով ամբողջ հրեայ ժողովուրդին, կ՚աղերսէր որ «մաքուր սիրտ եւ նոր ու ուղիղ հոգի հաստատէ ու դնէ» իր ներսիդին ողորմածն Աստուած: Իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքի ընթացքին կարիքն ունի այնպիսի պահերու, երբ ներամփոփուելով գողտրիկ զրոյց կ՚ունենայ իր Արարիչին հետ, խնդրելով Անկէ նորոգութիւն եւ մաքրութիւն, պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն, սրբութիւն եւ նուիրում:
Արդարեւ, Նոր տարին պէտք է իւրաքանչիւր մարդու համար վերանորոգութեան եւ ներքին մաքրութեան առիթ ըլլայ: Առիթ, որուն միջոցաւ ինքնաքննութիւն կատարելով «մերկանանք հին ու կեղտոտ մարդը, եւ անոր փոխարէն հագնինք նորն ու մաքուրը»: Առիթ՝ հաշուետուութիւն կատարելու նախ եւ առաջ մեր Արարիչին, ապա մենք մեզի ու մեր միջավայրին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին:
Եթէ Նոր տարին այս գաղափարներով դիմաւորենք ու այս մօտեցումով տօնակատարենք, ան մեզի համար բնականաբար կը դառնայ օրհնութիւն եւ ոյժի աղբիւր, դիմակայել կարենալու եւ յաղթահարելու համար ամէն տեսակի փորձութիւն, որ կը հանդիպի մեզի: Աւելին, ան մեզի համար կը վերածուի ինքնահաստատման եւ ինքնաճանաչողութեան առիթի, որուն միջոցաւ կանգնելով մենք մեր դիմաց, կարելիութիւն կ՚ունենանք սրբագրելու մենք մեզ եւ «դաշինք» կնքելու, որ մեր հետագայ քայլերը պիտի ըլլան աւելի կայուն եւ սխալներէ հեռու:
Ի վերջոյ, Նոր տարին պէտք է դիմաւորենք մեր Երկնաւոր Հօր տան՝ եկեղեցիին մէջ: Եթէ նորոգութիւնն ու մաքրութիւնը Աստուծմէ է որ կը խնդրենք, հետեւաբար պէտք է դիմենք Անոր: Եթէ կ՚ուզենք իսկապէս սրբանալ ու արդարանալ՝ պիտի նորոգուինք եկեղեցիէն ներս ու եկեղեցիով: Առանց եկեղեցիի նորոգութիւն ու սրբութիւն չկայ, իսկ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է այս աշխարհին վրայ, ուր բազմաթիւ գանձեր ու օրհնութիւններ կան, որոնք մեզի կը սպասեն:
Հ. Ինչո՞ւ համար Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տօնը Յունուար 6ին կը տօնէ:
Պ. Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնը կը կատարէ Յունուար 6ին, ի տարբերութիւն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ շարք մը այլ եկեղեցիներու:
Աստուածաշունչին մէջ մեր Տիրոջ ծննդեան թուականին մասին ո՛չ մէկ արձանագրութիւն կայ: Սակայն, մինչեւ չորրորդ դար բոլոր եկեղեցիներն ալ Քրիստոսի ծննդեան տօնը կը կատարէին Յունուար 6ին: Չորրորդ դարէն սկսեալ Կաթոլիկ եկեղեցին Յիսուսի ծննդեան տօնը սկսած է կատարել Դեկտեմբեր 25ին: Այդ թուականին տօնակատարելու հիմնական պատճառը հետեւեալն էր՝ որպէսզի Կաթոլիկ եկեղեցին կարենար խափանել հեթանոսական տօները, յատկապէս արեւ չաստուծոյն նուիրուած տօն-պաշտամունքը, որ մեծ շուքով կը կատարուէր Դեկտեմբեր 25ին:
Կաթոլիկ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ բոլոր միւս եկեղեցիները, որոնք հետեւեցան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ որդեգրած նոր թուականին, Յիսուսի Քրիստոսի ծնունդը սկսան տօնակատարել Դեկտեմբեր 25ին, իսկ Աստ-ւածայայտնութիւնը՝ Յունուար 6ին:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հաւատարիմ մնալով առաքեալներուն եւ առաջին դարերու եկեղեցւոյ թողած սրբազան աւանդութեան, մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնն ու Աստուածայայտնութիւնը տօնակատարել Յունուար 6ին:
Այստեղ շարք մը վկայութիւններ կը ներկայացնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդին մասին, որոնք քաղած ենք Վարդան Այգեկցիի «Գիրք Հաստատութեան եւ Արմատ Հաւատոյ» հատորէն (կազմեց՝ Շահէ քհնյ․ Հայրապետեան, Երեւան, 1998)։
ԿՂԵՄԷՍԻ ԱՌԱՔԵԼԱՍԱՀՄԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԷՆ. Առաքեալները Տիրոջ ծնունդը Յունուար վեցին տնօրինեցին (սահմանեցին)։
ՊՕՂԻԿԱՐՊՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ, ՈՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ԱՌԱՔԵԱԼԷՆ) ԼՍԱԾ Է. Փրկիչին ծնունդը Կիրակի պատահեցաւ եւ մկրտութիւնը՝ երեսուն տարի ետք նոյն ամսուն (նոյն օրը պատահեցաւ), Չորեքշաբթի։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ. Եկեղեցւոյ կանոններն ու օրէնքները ութ օր ծերերն ու երիտասարդները պահեցին, որոնց մէջ Շաբաթն ու Կիրակին, եւ եօթներորդ օրը, որ օրուան որ հանդիպէր, կը կատարէին ծննդեան եւ մկրտութեան խորհուրդը, որովհետեւ աստուածային եւ փրկագործ է։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ. Եպիսկոպոսը իր եկեղեցւոյ (վիճակին) համար Տիրոջ ծնունդն ու յայտնութիւնը Յունուար վեցին թող սահմանէ, որովհետեւ աստուածային եւ տէրունական է եւ որ օրուան ալ հանդիպի՝ կը տօնուի։ Տէրը Փետրուար տասնչորսին տաճար եկաւ։
ԴԱՐՁԵԱԼ. Բանը մեզ իբրեւ երեք ծնունդ կը ճանչնայ. մէկը փչումով՝ Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի (Ղկ 1.35). երկրորդը՝ աւետումով, Բանը մարմինը միացուց իրեն, որպէս քառասնօրեայ մանուկ. միւսը՝ մարմնանալով եւ մկրտութեամբ։
Կը տեսնե՞ս, ծնունդն ու մկրտութիւնը անբաժանելի են, կ՚ըսէ, եւ ճառը Տիրոջ յայտնութեան կը վերագրէ, թէ Քրիստոս ծնաւ եւ երեւցաւ՝ Աստ-ւած եւ մարդ, նոյն մկրտութեան օրն է, եւ կը ցուցնէ թէ ծնունդը երեկոյեան էր եւ մկրտութիւնը՝ առաւօտուն։ Այս կարեւոր, առաջնակարգ հարց է, ծնունդը իրիկունը տօնել, իսկ մկրտութիւնը՝ առաւօտուն։
ՀԻՊՊՈՂԻՏՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ. Ըստ Ղուկասի, (մեր) Տէրը ինն ամիսէն ծնաւ եւ երեսուն տարեկանին մկրտուեցաւ, նոյն օրը. «Եւ շուրջ երեսուն տարեկան էր» (Ղկ 3.23). քիչ մը անդին մկրտութեան մասին կը խօսի, որովհետեւ անկարելի էր տարբեր օր մը ծնիլ եւ տարբեր օր մը մկրտուիլ ու մեր մէջ թերահաւատութիւն յառաջացնել, որովհետեւ (ոմանք այդ պատճառով) կ՚ըսեն, թէ ուրիշ է ծնածը եւ ուրիշ՝ մկրտուածը, որովհետեւ երկու բնութիւններ եւ երկու որդիներ խոստովանեցան եւ այդ (պատճառով) անոնք որոնք անհնազանդ էին, տօնը բաժնեցին։ Իսկ հաւատացեալներու եկեղեցին նոյն օրը կը տօնէ մեր Տիրոջ ծննդեան եւ մկրտութեան տօնը։
ԿԱՐՆՈՅ (ԺՈՂՈՎԻ) ԿԱՆՈՆՆԵՐԷՆ, ՈՐ ԳՐՈՒԵՑԱՆ ՅՈՒՍՏԻԱՆՈՍԻ ՀՐԱՄԱՆՈՎ. Յայտնութեան տօնը առաքեալները Յունուար վեցին սահմանեցին Աստուծոյ փառքին (եւ) ուրախութեամբ տօնելու համար. եւ (ան) որ (ասկէ) տարբեր կը խորհի եւ Արտեմոնին հետեւելով Դեկտեմբեր քսանհինգին կը տօնէ ծնունդը, Աստուծմէ եւ (այս) Սուրբ ժողովէն նզովուա՛ծ թող ըլլայ։
ՀԱՅՈՑ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. Ան որ ծնունդը յայտնութենէն առաջ կը կատարէ, ստախօս է. որովհետեւ ծնունդն ու յայտնութիւնը մէկ են. Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնի է, որ կ՚ըսէ. «Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը» (Մտ 1.18)։
ՀԱՅՈՑ ՆԵՐՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԱՆԻԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ. Այս է հայոց աւանդութիւնը նախնիքներէն սկսեալ՝ ծննդեան եւ մկրտութեան տօնը մէկ օրուան մէջ տօնել. այս մէկը պատահական չէ, որովհետեւ նախապէս ամէն եկեղեցիները նոյնը կը կատարէին, որ ձեր իմաստութեամբ հասկնալի (կը դառնայ ձեզի), թէեւ յետոյ տօնը երկուքի բաժնեցին։ Իսկ մենք Սուրբ Գրիգորէն մեզի աւանդուածը անփոփոխ պահեցինք, որ ըստ Ղուկասի ըսածին՝ «Այդ օրերէն ետք իր տունը գնաց եւ իր կինը՝ Եղիսաբէթը յղացաւ» (Հմմտ Ղկ 1.23-24), իսկ տեսիլն ու պապանձումը քաւութեան տօնին առաջին օրը պատահեցան։
Հ. Մարդ ի՞նչ պէտք է փափաքի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնին ժամանակ:
Պ. Այս հարցումին պատասխանը պիտի թողունք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին, որ այնքա՜ն հարազատ կը ներկայացնէ իր փափաքները, որոնք կը պատշաճին իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, որուն համար մանկացեալ Յիսուս մանուկը լոկ մանուկ մը չէ, այլ՝ Աստուած է: Կարդա՛նք Ազնաւորեան Սրբազանին գրած տողերը.
«Ես պիտի ուզէի որ հոգիս ծանրաբեռնուած չըլլար առօրեայ հազարումէկ հոգերով, գրաւուած ու խճողուած չըլլար աշխարհին վերաբերող մտահոգութիւններով, որպէսզի հոգիիս խորը կարենայի ունենալ ազատ անկիւն մը, ուր մանկացեալ ու մարդացեալ իմ Փրկիչ Աստուածս ունենար մսուրանման իր գահը, եւ դառնար կեանքիս ամբողջական տէրը, առաջնորդը եւ հովիւը, եւ ես այլեւս որեւէ բանի կարօտ պիտի չմնայի։
«Ես պիտի ուզէի որ միտքս ծանրաբեռնուած չըլլար աշխարհի գիտութիւնը ամբարելու մոլուցքով, բայց կարենայի զԱստուա՛ծ ճանչնալ, իմ մանկացեալ ու մարդացեալ Փրկիչ Աստուածս ճանչնալ մարդկային իմ խեղճ միտքիս ամբողջ զօրութեամբը, այնպէս՝ որ այդ ճանաչողութիւնը ըլլար մտածողութիւնս լուսաւորող եւ առաջնորդող միակ ջահը եւ զայն արբուցանող կենդանարար աղբիւրը, եւ ես այլեւս միտքով պիտի չթափառէի աշխարհի անապատներուն մէջ, պապակս յագեցնելու համար։
«Ես պիտի ուզէի որ սիրտս ծանրաբեռնուած չըլլար խառնափնթոր ու դառնացուցիչ զգացումներով, այլ կարենայի մանուկ սիրտի մը ամբողջ պարզութեամբն ու ամբողջական անկեղծութեամբը՝ իմ խեղճ, բայց մուրացեալ սիրտիս խորը ընկալել, գրկել ու համբուրել եւ երախտագէտ ու երկիւղած սիրտով խոնարհիլ ու պաշտել մանկացեալ ու մարդացեալ իմ Փրկիչ Աստուածս, որ ինծի համար օր մը եկաւ աշխարհ, որպէսզի իմ սիրտս չմնայ առանց սիրոյ եւ կրակի, եւ ես Իր ներկայութեամբը հրացած՝ կարենամ Իր սէրը ճառագայթել աշխարհին» («Լոյս եւ Հաղորդութիւն», Նիկոսիա, 2005, էջ 47):
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ