ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՏԱԿ

Դեկ­տեմ­բեր 31ի ե­րե­կո­յեան, շու­կա­յէն վեր­ջին գնում­նե­րը ը­րած, կա­մուր­ջին տա­կէն յոգ­նած քայ­լե­րով տուն կու գա­յի, երբ դի­մացս յայտ­նուե­ցաւ մեր թա­ղի Գուր­գէ­նը, տխուր եւ փլած հո­գե­կա­նով, կար­ծես այդ օր վերջ­նա­կա­նա­պէս իր բա­րի ժպի­տը ջնջած էր դէմ­քէն։

Բա­րեւ կու տամ թա­ղե­ցիիս եւ կան­խաւ կը շնոր­հա­ւո­րեմ Կա­ղան­դը: Գուր­գէ­նը չի փո­խա­դար­ձեր, կե­ցած է եւ սա­ռած աչ­քե­րով կը նա­յի աչ­քե­րուս:

-Ի՞նչ նոր տա­րի, ին­չի՞ մա­սին կը խօ­սիս,- կ՚ը­սէ ին­ծի հան­դարտ ո­ճով,- հին տա­րի, նոր տա­րի ին­ծի բան չեն նշա­նա­կեր: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ այս օ­րը ին­ծի հա­մար ա­մե­նէն տխուր օրն է։

Լրջա­ցայ ես ալ, են­թադ­րե­լով թէ տա­րի մը, ճիշդ այս թուա­կա­նին, գէշ բան մը կա­տա­րուած է Գուր­գէ­նին․ սկսայ մտա­ծել, ար­դեօ՞ք հա­րա­զատ մը կորսն­ցու­ցած էր։ Չու­զե­ցի են­թադ­րու­թիւնս Գուր­գէ­նին յայտ­նել, ան­յար­մար էր այդ օր այս նիւ­թը ար­ծար­ծել հե­տը, միայն բա­ւա­րա­րուե­ցայ հե­տե­ւեալ հար­ցու­մով.

-Գուր­գէն, ո՞ւր պի­տի տօ­նես Կա­ղան­դի գի­շե­րը։

-Հոս, կա­մուր­ջին տակ,- կ՚ըլ­լայ պա­տաս­խա­նը Գուր­գէ­նին:

-Կա­մուր­ջին տակ․ կա­տակ կ՚ը­նես,- կ՚ը­սեմ ժպի­տով,- քա­լէ՛ մե­զի, միա­սին ու­րա­խա­նանք եւ դի­մա­ւո­րենք նոր տա­րին: Իսկ հինն ալ ճամ­բենք ու նե­տենք պատ­մու­թեան գիր­կը:․․․ Ի՞նչ ո­րո­շե­ցիր կու գա՞ս մե­զի։

- Ոչ,- կ­՚ըլ­լայ պա­տաս­խա­նը Գուր­գէ­նին,- բա­րե­կամ­նե­րուս հետ կա­մուր­ջին տա­կը ժա­մադ­րուած ենք։ Պի­տի գան, միա­սին ճա­շա­րան պի­տի եր­թանք, շնոր­հա­կալ եմ հրա­ւէ­րիդ հա­մար, քե­զի եւ ըն­տա­նի­քիդ կը մաղ­թեմ ա­մե­նա­բա­րին․ շնոր­հա­ւոր նոր տա­րի։

Գուր­գէ­նը կը մօ­տե­նայ եւ կը համ­բու­րէ զիս, ես ալ ան­շուշտ կը փո­խա­դար­ձեմ եւ բա­րի Կա­ղանդ կը մաղ­թեմ ի­րեն ու ա­ռանց հա­ւա­տա­լու Գուր­գէ­նին շին­ծու խօս­քե­րուն՝ ըն­կեր­նե­րուն հետ ժա­մադ­րու­թեան ու ճա­շա­րան եր­թա­լուն, նե­ղուած կը շա­րու­նա­կեմ ճամ­բաս դէ­պի տուն, ա­ռանց մտքէս ջնջե­լու Գուր­գէ­նը:

Անտ­րա­մա­դիր, կեղծ ու­րա­խու­թիւն ձե­ւաց­նե­լով կը դի­մա­ւո­րենք նոր տա­րին, ի­րա­րու մաղ­թանք­ներ ձօ­նե­լով կը համ­բու­րուինք եւ կը նստինք սե­ղան, մեր ընդ­հա­տած կե­րու­խու­մը շա­րու­նա­կե­լու:

Ես այդ գի­շեր միայն կը խմէի եւ Գուր­գէ­նին մա­սին կը մտա­ծէի: Հա­րա­զատ­նե­րուս «գի­շեր բա­րի» մաղ­թե­լով մտայ ննջա­րան, իբ­րեւ թէ քնա­նա­լու:

-Դուք շա­րու­նա­կե­ցէք, ես չեմ կրնար աս­կէ ա­ւե­լի ար­թուն մնալ,- կ՚ը­սեմ ու կը բաժ­նուիմ ըն­տա­նի­քիս ան­դամ­նե­րէն:

Մուտ­քի դու­ռը մեր ննջա­րա­նին փա­կած ըլ­լա­լուն հա­մար մարդ չի­մա­ցաւ, թէ ես ար­դէն մեկ­նած էի, Գուր­գէ­նը փնտռե­լու։ Ան ան­պայ­ման կա­մուր­ջին տա­կը ըլ­լա­լու էր:

Կը հաս­նիմ այն տե­ղը, ուր համ­բու­րուած էինք եւ բաժ­նուած էի Գուր­գէ­նէն:

Աջ ու ձախ կը նա­յիմ՝ չեմ գտներ Գուր­գէ­նը։ Քիչ մը կը յա­ռա­ջա­նամ, կը գտնեմ զինք մայ­թի մը վրայ, խա­ւա­քարտ փրած, կը քնա­նայ։ Կը մօ­տե­նամ արթնց­նե­լու.

-Գուր­գէ՛ն, Գուր­գէ՛ն, ե՛լ, հոս քնա­նա­լով կը հի­ւան­դա­նաս, քա­լէ մեր տուն:

Մի քա­նի ան­գամ կը ձայ­նեմ, սա­կայն պա­տաս­խան չեմ ստա­նար:

Գուր­գէ­նը նոր տա­րուայ ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն բաց աչ­քե­րով մեկ­նած էր աշ­խար­հէն, սա­ռած մար­մի­նը ձգե­լով կա­մուր­ջին տակ, թաց մայ­թին վրայ:

Այդ օ­րուը­նէ ին­ծի հա­մար Կա­ղան­դը իր ի­մաս­տը կորսն­ցու­ցած է:

Այդ օ­րուը­նէ Գուր­գէ­նին ող­բեր­գու­թիւ­նը քան­դակուած մնաց յի­շո­ղու­թեանս մէջ:

Այդ օ­րուը­նէ Կա­ղան­դի գի­շե­րը իր հմայ­քը կորսնցուց ին­ծի հա­մար:

Ի՛նչ ան­հե­թեթ է կեան­քը:

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016