ՍԵՆԵԿԱԿԻՑՔ

Ան­ցեալ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ ե­կե­ղե­ցին բա­նա­լու ա­տեն տե­սանք պա­տին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կար­դա­ցող մարդ մը, որ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին ծա­նօ­թա­նալ կ՚ու­զէր։ Յայտ­նի էր որ հայ մը չէր ան։

Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետն ու ես հար­ցու­ցինք, թէ ինչ­պէ՞ս կրնանք ի­րեն օգ­նել։

- Կ՚ու­զեմ գիտ­նալ թէ պա­տա­րա­գը ե՞րբ կը սկսի։

- Ո՞ր պա­տա­րա­գը։

- Հայ­կա­կան։

- Հայ­կա­կա՞ն, հի­մա, քիչ ետ­քը կը սկսի։

- Հայ բա­րե­կամս տես­նել կ՚ու­զեմ, հի­ւան­դա­նո­ցը ծա­նօ­թա­ցայ եւ սե­նե­կա­կից ե­ղայ ի­րեն։

- Ա­նու­նը գի­տէ՞ք։

- Ան այս ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագն է։

Մեր նուի­րեալ Դիւ­ցազ­նին մա­սին էր խօս­քը. գոր­ծո­ղու­թեան մը հա­մար հի­ւան­դա­նոց գա­ցեր էր ան եւ սե­նե­կա­կից ե­ղած այս մար­դուն, որ այն­քան գոհ մնա­ցած, Կի­րա­կի օ­րով ե­կած էր զինք տես­նե­լու, ունկնդ­րե­լու ղե­կա­վա­րած երգ­չա­խում­բը, լսե­լու եւ տես­նե­լու մեր պա­տա­րա­գը։

Տա­րի­ներ ա­ռաջ օր մը Նիւ Ճըր­զիի Սրբոց Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ դրան առջեւ կե­ցած էի, երբ ա­մէն օր ան­կէ անց­նող մարդ մը հար­ցուց․

- Այս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թիւն (Holy Sacrament) կը պա­հուի՞։

- Ա­յո, ան­շուշտ,- պա­տաս­խա­նե­ցի, եւ իս­կոյն մար­դուն դէմ­քը զուար­թա­ցաւ ու խաչ հա­նեց։

Սե­նե­կա­կի­ցը երգ­չա­խում­բին մօ­տիկ նստա­րա­նին տե­ղա­ւո­րուե­ցաւ։ Նկա­տե­ցի որ Դիւ­ցազ­նը իր քով գնաց եւ ի­րա­րու բա­ներ ը­սին։

Մեր ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եւ ես վա­յե­լե­ցի երգ­չա­խում­բին շատ ներ­դաշ­նակ ու գե­ղե­ցիկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը, սար­կա­ւագ­նե­րունն ալ։

Քա­րո­զի ա­տեն Դիւ­ցազ­նը գնաց նստաւ մար­դուն քով, ը­սե­լիք­նե՞րս թարգ­մա­նե­լու։ Քա­րո­զիս մէջ ակ­նար­կե­ցի մարդ­կա­յին համերաշխ յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կե­լու կար­եւո­րու­թեան, եւ ը­սի, թէ մենք բո­լորս ա­մէն օր ու ա­մէն պահ կա­րիքն ու­նինք Աս­տու­ծոյ խօս­քին մխի­թա­րիչ եւ ս­նու­ցիչ ներ­կա­յու­թեան։ Գոհ ենք Տի­րոջ մեզի հա­մար յանձն ա­ռած ան­սահ­ման սի­րոյն, զո­հա­բեր­ման պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լով ու ճա­շա­կե­լով աշ­խար­հի փրկու­թեան հա­մար բաշխուած մարմինն ու ա­րիւ­նը Տի­րոջ, եւ ը­սե­լով, թէ Ան քաղցր է, որ մեր հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցը կու տայ, կը սնու­ցա­նէ մեր ա­լե­կոծ հո­գի­նե­րը։ Մեր մէջ ու­նինք մէ­կը, որ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ հան­դի­պած եւ սե­նե­կա­կից ե­ղած է մեր Դիւ­ցազ­նին, ու­րախ ենք որ ի­րենց հետ այ­սօր կ՚ա­ղօ­թենք Աս­տու­ծոյ, խնդրե­լով որ բա­րի ա­պա­քի­նում պարգ­եւէ ի­րենց եւ մեզմէ ա­մէն մէ­կուն, ո­րով­հետեւ մեծ թէ պզտիկ ա­մէնքս ալ ցաւ մը ու­նինք յայտ­նի, ան­յայտ։

Դիւ­ցազ­նին սե­նե­կա­կի­ցին ներ­կա­յու­թիւ­նը սքան­չե­լի ա­ռիթ ե­ղաւ գնա­հա­տե­լու իր եր­կար տա­րի­նե­րու աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը իբրեւ դպրա­պետ մեր սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյն, հաս­տա­տե­լու թէ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մէն մէկ ան­դա­մը թան­կա­գին է։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ Կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր ա­ռա­ջին նա­մա­կին 12րդ գլ­խուն 26-27րդ հա­մար­նե­րուն մէջ կ՚ը­սէ․ «Ե­թէ մարմնին մէկ ան­դա­մը ցա­ւի՝ բո­լոր ան­դամներն ալ միա­սին կը ցա­ւին, իսկ ե­թէ մէկ ան­դա­մը պատ­ւուի՝ բո­լոր ան­դամներն ալ միա­սին կ՚ու­րա­խա­նան։ Արդ, դուք ալ որ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին ան­դամներ էք, միաս­նա­բար կը կազ­մէք Քրիս­տո­սի մարմինը»։

­Բա­րի ա­պա­քի­նում մաղ­թե­ցի Դիւ­ցազ­նին, իր սե­նե­կա­կից բա­րե­կամին եւ բո­լո­րին։

Ա­ւար­տին, Դիւ­ցազ­նին սե­նե­կա­կի­ցը յայտ­նեց թէ շատ զգա­ցուած է եւ հանգս­տա­ցած։ Դիւ­ցազնն ալ հո­գե­պէս թեթեւ­ցած էր։ Ան ալ ը­սաւ, թէ Աս­տուծ­մէ միշտ կը խնդրէ որ այս տա­րի­քին ի­րեն ա­ռող­ջու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն պարգ­եւէ, որ­պէս­զի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եր­գէ եւ իր ե­րաժշ­տա­կան շնորհ­քը ի սպաս դնէ Աս­տու­ծոյ եւ ե­կե­ղեց­ւոյն։

ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕ­ՂՈ­ՍԵԱՆ

Նիս, 12 Դեկ­տեմ­բեր 2016

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016