ՕՏԱՐ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ
Կիրակի երեկոյ տանս դիմացէն ձայներ լսեցի՝ խըշ-խըշ-խըշ... ականջս տնկած՝ արդեօ՞ք կատու է... յանկարծ դրան զանգին ձայնէն տեղէս ցատկեցի, շտապեցի՝ ո՞վ է այս ժամուն... դրան բռնիչին վրայ կախուած տոպրակ մը կար, աջ-ձախ նայեցայ՝ ոչ մէկը... տոպրակը արի, ձեռքերս նուէրներով լեցուած էին, ու անոնց վրայ զետեղուած նամակ մը կար.
«Սիրելի բարեկամներ,
«Մէկ տարիէ ի վեր Հոլանտա կ՚ապրիք ու ես հեռուէն ձեզ կը դիտեմ, ընդունեցէք այս նուէրները որպէս «բարի գալուստ»:
Կաղանդ Պապա
Տարիներ առաջ, տասնեօթը տարեկան էի, օր մը, երբ մօրս եւ մեծ մօրս հետ Ամանորի ընթրիքի պատրաստութիններ կը տեսնէի խոհանոցը, տան հեռաձայնը հնչեց եւ երիտասարդ տղայ մը ըսաւ. «Դուռը բաց, քեզի համար անակնկալ կայ»։
Երիտասարդը ինծի հանդէպ համակրանք ունէր, ես ալ հետաքրքրուած էի, երբեմն կը հանդիպէինք թաղին մէջ ու աչքերով կը խօսէինք...
Դուռը բացի, դրան ետին նստած էր արջուկ մը՝ ձեռքը կարմիր սրտիկով, շաաատ ուրախացայ...
Դեռ անցեալ տարի, սառած աչքերով օտարութեան մէջ տօնածառս կը փնտռէի, այս տարի խանդավառ եմ, ունիմ ծառ մը ու չորս կողմը՝ հոլանտացի ազնիւ դրացիէս ստացած նուէրներ:
Ամենէն իմաստալից նուէրը չսպասուած նուէրն է:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ